Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Դեկտեմբեր 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6d8358f50c2dc64e0fffdfda3d1844bf_XL-420x246

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ չկայ ազգային գաղափարի մը շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւն մը, ինչպիսին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Մէկ դար ու քառորդ ազգային առաքելութիւն մը` լի բազում զոհողութիւններով: 125-ամեայ ճանապարհ մը` աննկարագրելի խոյանքներով ու մահագուպարներով: Ո՞վ է դաշնակցականը: «Ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնովն իսկ ծառայելու հայրենիքին»… պարզ` այս մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփուած ու կերտուած է Դաշնակցականի կերպարն ու ինքնութիւնը:

Այսօր չունինք ընդհանուր թիւը դաշնակցական նուիրեալներու այն հոյլին, որոնք իրենց կեանքը հայ ազատագրական պայքարի բագինին նուիրաբերելով` յաւերժօրէն քանդակեցին իրենց անունները հայոց պատմութեան էջերուն վրայ, գալիք սերունդներուն փոխանցելով հեռակայ սրբազան երազ մը իրագործելու աւանդը:

Իրենց արիւնն ու աւանդն է, որ այսօր կը յամենայ` Մշոյ, Սեմալի, Շէնիկի ծերպերուն, Ծովասարի, Սիփանայ եւ Անտոքի բարձունքներուն, ուր կը յամենայ մարտնչող ֆետայիին կայլակած արիւնը, ուր ամէն մէկ ժայռի տակ անշիրիմ կը մնան դաշնակցական ռազմիկներուն աճիւնները: Ահա, յեղափոխական նահատակներու այս հանգանակով զինուած, կը թեւակոխենք մեր 125-ամեակը:

Հայութեան համար պատմաքաղաքական ամէնէն ծանրակշիռ պահուն ծնունդ առաւ Դաշնակցութիւնը, ճի՛շդ այն ժամանակահատուածին, երբ համայնակուլ անէացման վտանգին սեմին էր հայութեան գոյատեւման պատմական հոլովոյթը: Այդ ճգնաժամուն, շնորհիւ ապառաժեայ իր մարտիկներուն, Դաշնակցութիւնը վերստին խթանեց հայութեան կամքն ու դիմադրողականութեան բնազդը:

Այդ օրէն ի վեր Դաշնակցութիւնը իրաւամբ փաստեց, որ ինք կը մնայ ԳՈՐԾԷՆ ԾՆԱԾ` ԳՈՐԾԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ:

Արցախեան շարժման պոռթկումը նոր էջ մը կը բանար հայ ազատագրական պայքարի պատմագրութեանց մէջ: Եւ Դաշնակցութիւնը անմասն չէր կրնար մնալ այդ շարժումէն:

Շարժման առաջին իսկ օրէն ան զօրակոչի ենթարկեց իր ուժերը, իսկ կռուի մարտահրաւէրին անսացին երդուեալ Դաշնակցականներ, որոնցմէ շատեր այսօր կը հանգչին Եռաբլուրի իրենց յաւիտենական հանգստավայրին մէջ: Այո՛, ռազմադաշտ նետուեցան մեր «լաւագոյն տղերքը»` Պետոն, Թաթուլ Կրպէեանը, Բեկորը, Կարօտը, Դուշման Վարդանը, Գիւլիստանի արծիւ Շահէն Մեղրեանը եւ շատ ուրիշներ: Գալիք ժամանակները պիտի հաստատեն, որ արցախեան ազատամարտի մարտունակութեան ոգեղէն դրօշակիրն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Մուտք գործած ենք նոր դարասկիզբ:

Յառաջիկայ հանգրուանին կուսակցութիւնը իր գործունէութեան կիզակէտը պիտի դարձնէ Հայ դատի լուծման գերխնդիրը: Այդ ճանապարհին վրայ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ներուժով զօրավիգ պիտի կանգնի անկախ հայրենիքին ու անոր պետական կառոյցները ամրացնելու գործընթացին` կազմակերպութեան բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Հայաստանի սահմաններու ապահովութեան ու հայրենի ժողովուրդին տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման ի խնդիր: Պիտի մաքառի Արցախն ու Հայաստանը վերամիացնելու տեսլականին ի խնդիր եւ 125-ամեայ բոլորանուէր յանձնառութեամբ պիտի պայքարի հայկական պահանջատիրութիւնը արդար լուծման մը յանգեցնելու ի խնդիր:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գոյութենաբանական հանգանակը, 125-ամեայ գործունէութեան կիզակեդրոնը, կը հանդիսանայ մէ՛կ եւ միա՛կ նպատակակէտ` Հայ դատը: Ազատութեան իրաւունքի եւ ազգային ինքնորոշման գիտակցութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ անթեղելու յանձնառութիւնը պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի:

Ընկերվարական իր տեսութեան հաւատարիմ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Այս ուղղութեամբ, կուսակցութիւնը կ՛առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան եւ մարդկային ընկերութեան համերաշխութեան ճամբով ապահովել հայ անհատի ու հայ ժողովուրդի անկաշկանդ ու ազատ զարգացումը` զերծ անարդարութիւններէ ու շահագործումներէ:

Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականացնել ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: Այդ պետութիւնը պէտք է ծնունդ առնէ եւ բարձրանայ հայապատկան հողատարածքներու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՛ապրի հայ ժողովուրդը եւ այն տարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ տեղահանուած եւ բռնագաղթի ենթարկուած է հայութիւնը: Դաշնակցութեան ազգային գաղափարի համընդհանուր խորամիտքը կ՛ենթադրէ հայապատկան հողերու վրայ հայկական պետութեան ստեղծում, որուն համար էականօրէն անհրաժեշտ է ազգահաւաք եւ հողահաւաք:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հետեւորդ այսօրուան եւ վաղուան ուխտապահ սերունդներու պարտքը պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի, Արցախի ու Նախիջեւանի միջեւ հաստատուած սահմանները ի սպառ չէզոքացնել ու մէկ դրօշի ներքոյ անոնց վերջնական շաղկապումը իրականացնել: Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հայութեան լինելութեան յառաջիկայ հանգրուանի հրամայականը հայութեան բոլոր հատուածներու հաւաքագրումն է պատնէշներուն դիմաց, որպէսզի մշեցիներու, սասունցիներու, մարաշցիներու եւ կարնեցիներու շառաւիղները, մենք` հայերս, մեր անժամանցելի իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց վերջնականապէս տիրանալու ճանապարհին կանգուն եւ անխորտակ պահենք մեր դիմադրողականութեան եւ գոյատեւելիութեան պատուարները, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը, մինչեւ որ հայութիւնը ազատօրէն շնչէ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մէջ:

 

Նախորդը

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

Յաջորդը

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?