Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անշէջ Հուրը
Եթէ կը սպասես դուն տենդագին` Բախտաւոր ես, առանձնաշնորհեալ. Անշէջ հուրը կողքիդ է արդէն Ան հպումով գողտրիկ Կը պարուրէ քեզ սիրակէզ: *** Աչքերուդ մէջ կը գծուին Սիրալիր հորիզոններ գորովի` Կարծես գինովցած ըլլային Իրենց հայեացքէն ընդմիշտ: Ձեռքերը կը միանան մեղմօրէն Զօրակցելու սիրակէզ հպումին շրթներուն Դանդաղօրէն կը միանան առյաւէտ Ըլլալու մէկ միութիւն, մէկ զօրութեան: Աչքերը գոց կ՛երազեն աշխարհներ սիրալիր Ուր սէրը կ՛իշխէ ամէնուրեք...

















