Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնաճիւղերու Աշխատանքներ

Դեկտեմբեր 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր աշնանային հանդիպումի ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ներկայացուցիչին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող 180 համակիրներու, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ` վարչութեան կողմէ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի տարեկան յատկացումները, որոնք կը կատարուին ծերերուն, աշակերտներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան վարչութեան եւ իրենց նիւթականով յոյս կը ներշնչեն, որպէսզի վարչութիւնը շարունակէ իր ԼՕԽ-ականի առաքելութիւնը, նորանոր մտայղացումներ ունենայ օգնելու հայ ժողովուրդի կարիքաւոր խաւին:

Վարչականներուն ջերմ ընդունելութիւնը եւ ձեռնարկին մտերմիկ մթնոլորտը ներշնչեց ներկաները` կատարելու նուիրատուութիւններ:

Թրատ շրջանի «ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2015-ին կազմակերպած էր ընկերային ձեռնարկ մը «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետը իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի բազմածաւալ գործունէութեան, ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները:

Ներկաները` խանդավառուած հայկական, ժողովրդական եւ գաւառական երգերով, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին, ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախագահութեամբ Արշալոյս Պարսումեանի, ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչները, շրջանի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ականներ, հիւրեր եւ բարեկամուհիներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար, յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց օրուան նախագահին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր վարչութեան հրաւէրը եւ ստանձնած ձեռնարկին նախագահութիւնը:

Ձեռնարկը ընթացաւ անակնկալներով եւ ճոխ երգերով, որոնք ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ բարձր պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնը:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 14 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Յարութ Քիւրիւմեանները, հայ եւ օտար հիւրեր, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արաբերէն լեզուով արտասանեց Մարօ Պարրաք, որուն բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք, անդրադարձաւ ձեռնարկին նպատակը եւ ըսաւ. «1940 թուականին դժուար պայմաններու մէջ հիմնուած ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղը իր 75 տարուան երթը շարունակեց շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր, աշխուժ եւ ԼՕԽ-ի սուրբ առաքելութեան հաւատացող ընկերուհիներուն»: Ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը փոխանցելու Շրջանային վարչութեան խօսքը: Թ. Գըլպաշեան շնորհաւորեց մասնաճիւղի 75-ամեակը, բարձր գնահատեց միութեան եւ նուիրեալ ու կամաւոր անդամներուն աշխատանքները` հաստատելով, որ անոնք «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին» նշանաբանով գործեցին եւ կը շարունակեն գործել, օժանդակելով կարիքաւորին, հիւանդին ու աշակերտին: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդ եւ նոր ուժերուն խտացնելու միութեան շարքերը: Ատենապետը եզրափակեց իր խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան միութեան վերելքին:

Ներսէս քահանայ Ճերմակեանի աղօթքէն ետք ձեռնարկը ընթացք առաւ կարկանդակի հատումով: Ապա երգիչ Հրաչ Կայծակեան, հայաշունչ, ուրախ եւ ճոխ երգերով խանդավառեց, տեղի ունեցաւ նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաներուն տրամադրուեցան վարչութեան պատրաստած, մասնաճիւղի 75-ամեակը խորհրդանշող յուշանուէրներ:

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը 12 նոյեմբեր 2015-ին աշնանային հանդիպում կազմակերպեց «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, Զալքա` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ականներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետը իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց: Ան ըսաւ. «Հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան կը փորձենք միասին աշխատիլ, ընդլայնել մեր ծառայութիւնը, յանուն հայ անհատին բարօրութեան, լումաները կաթիլ առ կաթիլ հաւաքելով օգտակար դառնալ կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն»:

Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին հայկական ժողովրդային եւ գաւառական երգեր:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, ` երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ «Ոսկի աշուն» խորագիրով ձեռնարկ մը` ԼՕԽ-ի Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ:

Օրուան պատգամախօսը անդրադառնալով աշուն բառին` ըսաւ, թէ այդ բառը յառաջացած է հասուն բառէն` նկատի առնելով, թէ աշունը միրգերու հասունացման եւ բերքի ամբողջացման շրջանն է, որ կ՛արժեւորէ հողի աշխատանքն ու արդիւնքը: Հողին հանդէպ սէրը, խոր հաւատքը բնութեան ուժին եւ Աստուածային բարիքներուն` մղած են մեր պապերը բերքահաւաքը կնքելու իբրեւ տօնախմբութիւն, որ գոհաբանութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւնն է նուիրուած պաշտպան «աստուածներուն»:

Զրոյցը եզրափակուեցաւ աշնան պտուղներով եւ աշնան բերքերով պատրաստուած հիւրասիրութեամբ:

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ներքին ձեռնարկ մը երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչին, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

ԼՕխ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի բազմածաւալ գործունէութեան:

Օրուան դասախօսը, հոգեբան Լուիզա Պապոյեանը շինիչ բացատրութիւններով եւ կենդանի օրինակներով խօսեցաւ կենցաղավարութեան մասին` նոր գիտելիքներով հարստացնելով ներկաները:

Դասախօսը բացատրեց, թէ կենցաղավարութիւնը ո՛չ մէկ խաւի կը պատկանի, անոր հիմնական կէտը մտիկ ընել, լսել եւ քաղաքավար ձեւով պատասխանելն է, իսկ բաղադրութիւնը` բառերը, վարուելակերպը, կեցուածքը եւ արտայայտութիւններն են:

Ձեռնարկի ընթացքին հայկական երաժշտութիւնը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց, կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:

Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015-ին Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր Մոթ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի երեկոյ» ձեռնարկը:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» բնաբանին:

Երեկոն ընթացաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Սիմոն Կոստանդինեան, որ ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց հայկական ու եւրոպական եղանակներ եւ երիտասարդ ու խոստումնալից կիթառահար եւ երգիչ Զատիկ Ունանեան:

Մթնոլորտէն խանդավառուած, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Աճուրդի դրուեցան երկու արժէքաւոր զարդեղէն ապարանջաններ, որոնք գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

Նախորդը

Կամաւորներու Օր

Յաջորդը

Շուշանիկ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?