ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«… Բայց մենք բոլորս հոս ենք, սիրելի՛ Վարդան, փաղանգ մը
ամբողջ մայրերու, քեզ հիւրընկալելու եւ փայփայելու»:
ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ
(Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի
Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ)
Ճիշդ է, որ կեանքի իրականութիւնները ո՛չ ոք կրնայ չակերտել, ո՛չ ոք կը համարձակի զանոնք լուսանցքայնացնել, իմաստազրկել եւ կամ իրենց էութենէն պարպել, պարզապէս շրջանցելու համար դառնութեամբ թէ տառապանքով յագեցած անհատական կեանք մը, մոռացութեան մատնելու համար ցաւով թէ ուրախութեամբ ապրուած հաւաքական յիշողութիւն մը:
Նկատի ունենալով, որ ճշմարտութիւնները անթաղ են, անխառն ու կը կրեն տիեզերահունչ արժէքներու ցոլքեր, ուրեմն անոնք պիտի մնան ճառագայթող եւ կողմնորոշող` ըստ ամենայնի:
Սակայն, եթէ երբեք մեր մտքի պաստառին վրայ պահ մը չակերտել ուզեցինք մայր ու որդի գոյականները, ինքնին կը շեշտուի, որ նման մեծութիւններու կեանքն ու փորձառութիւնը խորապէս ակօսուած իրականութիւններ են, առանձնապէս եզակի, խորհուրդով իւրայատուկ եւ էութեամբ պատգամաբեր:
Իրօք, երկու հրաշալի եւ աստղազարդ հոգեկան աշխարհով պարուրուած անկրկնելի անհատականութիւններ են անոնք: Մէկը ննջեցեալ եւ անմահութեան գիրկին յանձնուած, միւսը` կենդանի, բարձրորակ արուեստի ու տաղանդի հզօրութեամբ կը շարունակէ սուզուիլ ովկիանոսներու անդնդախոր լռութեան մէջ, առաւել պեղելու մարդկային կեանքի ու ճակատագիրի անբացատրելի երեւոյթները:
Մէկը` ազնուասիրտ, մարդասէր, բիւրեղ հոգեկանութեամբ հրաշափառ, հայասէր եւ մայրութեամբ յատկանշեալ Մարիա Ճէյքըպսըն, միւսը` իր ցեղային առանձնայատկութեամբ եւ Կոմիտասաշունչ ոգեկանութեամբ սպառազինուած հայորդի մը` աշխարհահռչակ խմբավար Վարդան Մելքոնեան:
Սովորական անուն մը, որ շնորհիւ իր հզօր կամքին ու երազին կրցած է փշրել կեանքին պարտադրած կապանքները եւ արծիւներու նման ճախրիլ արուեստի ու երաժշտութեան բարձրաբերձ ոլորտները, այլապէս ալ իր դրոշմը հաստատագրել իբրեւ ինքնուրոյն խմբավար մը, որուն կեանքը խորքին մէջ ոդիսական մըն է ինքնին` հրաշքի համազօր:
Կարելի է ու պէտք է սեպել մարդկային կեանքի հրաշագործութիւն մը, որ պարփակուած է ուժեղ կամքի, տիրական մտքի, առասպելատիպ հոգիի, աստուածահաճոյ լինելութեան մաքառումներու եւ արուեստի գագաթներ նուաճելու վաւերական արտայայտչականութեամբ:
Այո՛, գերազանցապէս ուսմունք մըն է աշխարհահռչակ հայ խմբավարին կեանքն ու գործունէութիւնը, աւելի՛ն. դաստիարակչական խորհուրդ եւ ազգակերտի պատգամ մը, որով պէտք է հպարտանան իրերայաջորդ սերունդներ միանգամայն:
19 նոյեմբեր 2015:
Լիբանանահայութեան տարեգրութեան թէ ամբողջ պատմութեան լուսաւոր էջերէն եւ հաւաքական կեանքի ամէնէն վաւերական արտայայտութիւններէն մէկը պիտի մնայ այս թուականը, բազմաթիւ առումներով: Որովհետեւ անիկա սոսկ թուանշան մը չէ, ոչ ալ պարզ ու անցողակի դիպուած, այլ հայ կեանքի ու ոգիի խորապէս առնչակից գոյութենական մաքառումներու պատկառելի դիպաշար:
Հաստատեցինք պատկառելի դիպաշար ըլլալու իրողութիւնը, պարզապէս ընդգծելու համար, թէ Վարդան Մելքոնեանի ներկայութիւնն ու անոր բացառիկ ստեղծագործութեան` «Տրէյք Փասսէյճ»-ի մատուցումը արտացոլացումն է Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ու անկէ ճողոպրած սերունդի մը ամէնօրեայ տառապանքին, տոկունութեան եւ յաղթանակին:
Ճիշդ է նաեւ այն, թէ Վարդան Մելքոնեան ծնունդն իսկ է սեւ ու խաւար սփիւռքի ճակատագիրի մը, ուր եւ դառնութեամբ հալածուած ծնողներ լոյս աշխարհ կը բերէին ձագուկներ, անյոյս եւ աննպատակ:
Եւ նման ահաւոր սեւ ճակատագիրի մը զաւակը եղած է փոքրիկն Վարդան Մելքոնեան, որ իր մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուցած է Ժիպէյլի որբանոցին մէջ` ծնողազուրկ ըլլալուն պատճառով:
Այդուհանդերձ, այս անգամ այդ դառն ճակատագիրին կը հակադրուէր սպիտակ ճակատագիրի հրաշագործութիւնը, յանձին Մարիա Ճէյքըպսընի, որուն հրեշտակակերպ գուրգուրանքին ու անկրկնելի մայրութեան խնամքին կ՛արժանանան աւելի քան 3500 հայ որբուկներ, ներառեալ` Վարդան Մելքոնեանը:
Եւ այս հասկացողութենէն մեկնած, հարկ է ընդմիշտ լոյսին բերել այն ճանաչողական արժէքն ու բացառիկ իմաստը կեանքի մը, որուն աշտարակումին եւ բոցավառումին իր հզօր դրոշմն ու ոգեկանութիւնն է ամրագրած մայրերու «մայր» Մարիա Ճէյքըպսընը, որուն գերազանց սիրոյ ու անկրկնելի հոգատարութեան արգասիք է Վարդան Մելքոնեան:
Իրօք, մայրութիւն մը անպարագծելի հոգեկանութեամբ պարուրուած, սիրոյ եւ նուիրուածութեան տիպականութիւն մը աներեւակայելի մեծութեամբ յատկանշեալ, կոչում մը սրբակենցաղ, առաքելութեան գիտակցութիւն` տիտան մարդասէրի, բայց մանաւանդ` դաստիարակչական հպում մը իւրօրինակ եւ անբացատրելի:
Արդ, եթէ երբեք պիտի ուզենք տիտան խմբավարին ողջ էութեան իմաստաւորումը տարբաղադրել, անոր յուզաշխարհին ծալքերը պեղել, իմացականութեան տարածականութիւնը փորձել հասկնալ, արուեստի հանդէպ անոր զգայարանային կապուածութիւնն ու սէրը ըմբռնելի դարձնել, մէկ խօսքով` Վարդան Մելքոնեանի ներաշխարհին խորունկ երաժշտականութիւնը լոյսին բերել, ապա պէտք է անպայման գիտակցիլ այն սքանչելի մեղեդիական ընկալչութեան եւ սերմանումին, որով կը զատորոշուէր որբերու «մաման»` Մարիա Ճէյքըպսըն, իր ծառայութեան ողջ պատմութեան ընթացքին:
Ծառայութիւն մը գերհզօր, անդուլ պայքարի, ուժեղ կամքի եւ եզակի հոգեկանութեան իբրեւ արտայայտութիւն:
Նուիրականութիւն մը անմասնատելի, հազարաւոր որբերու ճակատագիրը տնօրինող, միացնող, ապագայ կերտող, անոնց հետ ու անոնց կողքին տառապող, տագնապող, ցաւող եւ ուրախացնող:
Յայտնապէս, Վարդան Մելքոնեան որբանոցի ձագուկը, փողոցի պատանին, դառնութեամբ մեծցած երիտասարդ տղան պիտի չկարենար դիմանալ, տոկալ ու դիմագրաւէր կեանքի ողբերգութիւնները, եթէ երբեք անոր մտքին ու հոգիին մէջ սերմանուած չըլլային դանիացի այս մեծ մարդասէրին ունակութիւններն ու կարողականութիւնները:
Փաստօրէն, խմբավարին իսկ խոստովանութեամբ, դասական երաժշտութեան հանդէպ «Մամա»-ի անյագ սէրն ու մեղեդիական հոգեկանութիւնն է, որ իմ մէջ ծլարձակեց երաժշտական շնորհը:
Անգլիոյ արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին բազմամեայ խմբավարին սեփական յօրինումը` «Տրէյք Փասսէյճ»-ը, որ նուիրուած է իր «Մօր» յիշատակին, ամէնէն վաւերական ու անգերազանցելի երախտիքն է, որով «զաւակ» մը կրնայ յայտնել եւ ատով իսկ անմահանալ:
Իրօք, երաժշտագէտ Վարդան Մելքոնեանի յօրինած համանուագ բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է Մարիա Ճէյքըպսընի, խորքին մէջ արտացոլացումն է հայ ժողովուրդին անասելի տառապանքին, ազգային պատկանելիութեան, հաւաքական յիշողութեան պահպանման, բայց մանաւանդ` ազգային իղձերու եւ դարաւոր ձգտումներու իրաւացիութեան:
Փաստօրէն, համանուագ բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր «Շարժում»-ը իր տարերայնութեամբ տիտանեան ոստում մըն է դէպի ովկիանոսային խորեր, հզօր ալիքները ճեղքելու երաժշտական մէյ մէկ խազեր են, իսկ անոնց ներդաշնակ եւ սակայն ուժեղագոյն «ձայն»-երու գոյութիւնը աղաղակող կանչեր են մարդկային ողբերգութիւններու շարունակականութեան:
Առանձնապէս, աշխարհահռչակ Վարդան Մելքոնեանի անկրկնելի ու յաւերժալոյս սոյն ստեղծագործութիւն-համանուագը վաւերական արտացոլացումն իսկ է ցեղային առանձնայատկութեան եւ հայոց երախտագիտական զգացումներուն ամէնէն բարձրաթռիչ տիպին` հանդէպ հայասէր ու մարդասէր մեծութիւններու, ի շարս այլոց հայ որբերու «Մամա» Մարիա Ճէյքըպսընի:
Արդարեւ, իբրեւ ընդելուզուած ճակատագիրներ եւ մեծութիւններ, ապրող ու ներշնչող երկու անհատականութիւններ, արդար է անոնց` «մայր» ու «որդիի» ոգեկանութիւնը տեսնել Արարատի գագաթին:
Ոգեկանութիւն մը, որ ծնունդն իսկ է մայրական սիրոյ, խնամքի, գուրգուրանքի, որբանոցի, փողոցի եւ տաղանդի: