Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարած կարեւոր բարեսիրութեան համար «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած են «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանն ու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Լեւոն Սարգսեան:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: