Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ժողովրդավարացումով Տագնապողները

Դեկտեմբեր 17, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

referendum-constitution_121615

Սահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի:

Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները  բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով:

Քաղաքական ուղղուածութիւնը ակներեւ է նման եզրակացութիւններու ատեն: Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէի քուէարկութիւններուն ընթացքին խախտումներ, ընտրակաշառքներ կամ ընտրակեղծիքներ չեն արձանագրուած: Ինչպէս այդ բոլորը թերաներկայացնելը առարկայական մօտեցում չէ եւ սուր կերպով քաղաքական շարժառիթներէ կը մեկնի, այդպէս նաեւ զանոնք ուռճացնելն ու գերաներկայացնելը:

Այս հաստատումը անշուշտ ուղղակիօրէն չի վերաբերիր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան: Ընդհանուր մօտեցում է` արձանագրուած միջադէպերը կամ խախտումները իրենց չափին մէջ տեսնելու եւ դատաիրաւական ատեաններու եզրակացութիւններէն ետք միայն խօսելու հանրաքուէի արդիւնքներուն օրինականութեան մասին: Իսկ քննութիւններուն համար հիմք պէտք է ծառայեն ոչ միայն ահազանգները, այլ նաեւ բողոքները եւ մանաւանդ անոնց վաւերականութեան համապատասխանող փաստերը:

Ի հարկէ մեր երկրին ընտրական մշակոյթը յայտնաբար դեռ երկար ճամբայ ունի անցնելիք: Եւ այստեղ հարցումը պարտաւորեցնող է: Ժողովրդավարացում հետապնդող սահմանադրական բարեփոխումը ինքնահակասութեան մէջ կ՛իյնայ, եթէ ժողովրդավարացման հասնելու եղանակները հակաժողովրդավարական ըլլան: Այս պատճառով է նաեւ, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն առընթեր պէտք է բարեփոխել նաեւ ընտրական օրէնսգիրքը` մեր ընտրական մշակոյթը եւս յաւելեալ ժողովրդավարացման առաջնորդելու համար:

Այս բացթողումներուն եւ սրբագրելի կէտերուն ամէնէն առաջ պէտք է գիտակցի հայկական կողմը թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հասարակարգ. եւ տրամաբանական չի հնչեր, որ օտար պետութիւնը մեր երկրին ժողովրդավարացումով եւ յոռի բարքերուն սրբագրութեամբ աւելի նախանձախնդիր ըլլայ, քան մենք: Այս պարզ տրամաբանութիւնը կը յուշէ ուրեմն, որ յայտարարութեան ոճի խստացումը կամ անուղղակիօրէն պատժամիջոցներու մեկնաբանութիւն տեղի տուող յայտարարութիւնները գերազանցապէս քաղաքական նպատակ ունին եւ ոչ թէ ընտրակարգ մը ժողովրդավարացնելու կը միտին:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհով մէկ կը պայքարին փտածութեան դէմ, 6 դեկտեմբերի հանրաքուէի անաչառ կայացման ուղղակիօրէն միջամտած անձերու մասին հրապարակումներու մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները կրնան նաեւ կիրարկուիլ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ` դեսպանութեան ծրագիրներուն եւ միջոցառումներուն մէջ մասնակիցներու ներգրաւումը դիտարկելու ընթացքին»:

Եթէ աւելի խորքային ընթերցում փորձենք կատարել, այս յայտարարութենէն կ՛ընկալուի այն, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մէկ բաժանմունքը հետեւած է ընտրութիւններուն, արձանագրած ընտրախախտումները, գրանցած ընտրախախտողները եւ կը նախապատրաստուի նաեւ անոնց նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրել:

Ասիկա կարելի է նաեւ տուեալ երկրի մէջ դիւանագիտական աշխատանքի լիազօրութիւնները անդրանցնող երեւոյթ նկատել եւ անվստահութեան մօտեցում` երկրի դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ: Դեսպանատուները ընդհանրապէս յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն  կ՛իրականացնեն իրենց երկրին եւ այն երկրի միջեւ, ուր հաւատարմագրուած են:

Նման հրապարակումներ, միջոցառումներ կամ «պատժամիջոցներ»-ու մասին յայտարարութիւններ կանխելու համար, մեր երկրի դատական իշխանութիւնները ընտրակեղծարարները բացայայտելու եւ համապատախան վերաբերում ճշդելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Որովհետեւ, միայն հայկական համապատասխան գերատեսչութիւններն ու հայ հասարակութիւնը ընդհանրապէ՛ս բոլորէն առաջ մտահոգ եւ նախանձախնդիր  պէտք է ըլլան այդ արատները սրբագրելու. մնացեալները` ժողովրդավարացման անունին տակ քաղաքականութիւն կիրարկողներն են:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանն Ու Յունաստանը Կը Դատապարտեն ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելու Թուրքիոյ Քայլերը

Յաջորդը

Լեվանտովսքի` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն…

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?