Սփիւռքներ. Վախճանականութիւն Եւ… Վախճանը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Սփիւռքներու վախճանականութիւնը (finalité) երբեք չենք ուզած բացորոշ կերպով քննել: Ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ: Ո՞ւր հասնիլ` ոչ միայն անհատական բաւարարութեան համար, այլ որպէս ազգ եւ ազգի անդամ: Սփիւռքը ապահովութեան եւ բաւարարութեան երաշխի՞ք է միայն, թէ՞ ազգովին անոր տուած ենք, կամ պէտք է տուած ըլլայինք կամ պէտք է տալ այլ հեռանկար մը, քանի որ սփիւռքը ցարդ ինքզինք դաւանած է ազգի հատուած:...



















