Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Պապին Հայաստան Այցելութեան Նուիրուած
Յուշամետալ Եւ Դրոշմաթուղթ
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է յուշամետալ` նուիրուած պապին Հայաստան այցելութեան, 24-26 յունիս 2016, որուն կարգախօսն է` «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր»:
Յուշամետալին մէկ կողմը պատկերուած է Խոր Վիրապի վանքը` Արարատ լերան համայնապատկերին վրայ եւ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութեան թուականը, իսկ ետեւի կողմը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ` 2005, քանդակագործ Խաչիկ Ղազանչեան, նաեւ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ զինանշանները: Յուշամետալը հրապարակուած է սահմանափակ քանակութեամբ եւ ունի պատմական-մշակութային արժէք:
Այս առիթով «Հայփոստ» ընկերութիւնը 24 յունիսին շրջանառութեան մէջ դրաւ «Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին այցելութիւնը Հայաստան» նիւթին նուիրուած դրոշմաթուղթ` գեղաթերթիկ եւ չորս բաժինով, որոնք ձեւաւորուած են խաչի ձեւով մէկ մանրաթերթի վրայ:
Դրոշմաթուղթի հրապարակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ` Հայաստանի եւ Վատիկանի բարձրաստիճան պատուիրակներու ներկայութեամբ:
Մէկ գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած է պապը` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարին եւ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարի խորապատկերին, ինչպէս նաեւ պապին հայաստանեան այցելութեան նուիրուած տարբերանշանը եւ Ֆրանչիսկոս պապին զինանշանը: Չորս դրոշմաթուղթով մանրաթերթի խաչի տեսքով ձեւաչափը ընտրուած է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանին պատկանող «Հայփոստ թրասթ մենեճմընթ» ընկերութիւնը եւ կը կրէ խորհրդանշական իմաստ` առաջին քրիստոնէական երկիր Ֆրանչիսկոս պապին տուած այցելութիւնը: Մանրաթերթի չորս դրոշմաթուղթերը կը պատկերեն պապին` Հայաստանի կողմէ Վատիկանին նուիրաբերած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի, Երեւանի «Հայաստանը առաջին քրիստոնէական պետութիւն» անուանումով յուշարձանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի եւ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի գմբէթներու ներսի պատկերները: Գեղաթերթիկին վրայ գրուած է «Ֆրանցիսկոս պապ. Հայաստան. 24-26 յունիս 2016», ինչպէս նաեւ` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» գրութիւնը, որ այցելութեան կարգախօսն է:
Սերժ Թանկեան Իբրեւ Նկարիչ Պիտի Մասնակցի
Հասսֆեսթ Փառատօնին
4-9 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Ժամանակակից արուեստի եւ երաժշտութեան Հասսֆեսթ փառատօնը: Փառատօնի ծիրին մէջ Երեւանի կարգ մը թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ պիտի ներկայացուին ազգութեամբ հայ 12 նկարիչներու եւ արտերկրի 12 յօրինողներու աշխատանքները, անոնց համագործակցութեամբ ստեղծուած լսատեսողական ծրագիրը, տեղի պիտի ունենան համերգներ, ներկայացումներ եւ վարպետութեան դասեր:
Փառատօնի կազմակերպիչ «Փրոկրեսիւ արթ» գործակալութենէն յայտնած են, որ Հասսֆեսթ 2016-ի հիմնական ծրագիրն է ներկայացնել 12 նկարիչներու եւ 12 յօրինողներու համագործակցութեամբ ստեղծուած երաժշտական եւ գեղանկարչական ստեղծագործութիւններ:
Զուգահեռաբար, արտերկրէն հրաւիրուած յատուկ հիւրերը պիտի մասնակցին Հասս կիթառ ֆեսթ կիթառային երաժշտութեան փառատօնին, որուն ծիրին մէջ պիտի կայանան վարպետութեան դասեր, իսկ փառատօնային երեկոներուն պիտի ներկայացուին կիթառի մենահամերգներ: Փառատօնի պատուոյ հիւրերու կարգին է Սերժ Թանկեան` «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» ռոք խումբի մենակատարը, որ փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր նկարչական աշխատանքները. հրաւիրեալներուն կարգին են նաեւ ամերիկահայ նկարիչ Լիւսի Ապտալեան, որ 9 յուլիսին հանդէս պիտի գայ ստեղծագործական ներկայացումով, Լոնտոն բնակող նկարիչ Թալին Թեմիզեանը, որուն գործիքները չեն սահմանափակուիր ներկերով եւ վրձինով, այլ` լոյսի աղբիւրներով, լապտերով, ինչպէս նաեւ` բրիտանական X. Y. համոյթը, որ բացման արարողութեան յատուկ հիւրն է: Փառատօնին ծիրին մէջ Հայաստան պիտի գան նկարիչներ եւ յօրինողներ` Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Զուիցերիայէն եւ Միացեալ Թագաւորութենէն:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Հասսֆեսթ փառատօնին նպատակն է միաւորել արուեստի տարբեր ճիւղեր` ծնունդ տալով հայ եւ այլազգի արուեստագէտներու համագործակցութեան: Արուեստներու համադրութիւն բերող այս փառատօնը նոր հորիզոններ կը բանայ հայաստանեան մշակութային միջավայրի զարգացման եւ ընդլայնման համար, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հայ արուեստագէտներուն` դուրս գալ դէպի միջազգային ասպարէզ եւ իրենց ստեղծագործութիւնները հասանելի դարձնել արուեստասէրներու աւելի լայն շրջանակներու: Փառատօնը ամէնամեայ բնոյթ ունի, իւրաքանչիւր տարի զայն Հայաստան կը բերէ արուեստի տարբեր ճիւղերու ներկայացուցիչներ»:
Ապահով Տանիք` Վակոն-Տնակի Մէջ
20-Ամեայ Կեցութենէ Ետք
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի ղեկավարներն ու աշխատակիցները Արագածոտնի մարզի Կաքաւաձոր շրջանին մէջ մասնակցած են Խաչատրեաններու կիսակառոյց տան շինարարութեան: Կամաւորները օգնած են տարբեր տեսակի աշխատանքներու իրականացման:
Խաչատրեաններու երկու որդիներէն աւագը նոր վերադարձած էր զինուորական ծառայութենէն` հերթը փոխանցելով կրտսեր եղբօրը: 20 տարի մետաղ վակոն-տնակի մէջ ապրած ընտանիքը ինը տարի առաջ նախաձեռնած է տան շինարարութեան` կասկածի տակ չառնելով երազը իրականացնելու կարելիութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնց աշխատանքը կիսատ մնացած է:
«Երբ ամուսնացայ, հօրս տունը կ՛ապրէինք եղբօրս ընտանիքին հետ: Տունը փոքր էր: Տեղափոխուեցանք վակոն-տնակ ու մնացինք այնտեղ: Կրտսեր որդիս հոս ծնած է: Տղոցս հասակ նետելուն հետ մեծացաւ նաեւ ընտանիքիս հոգը ու այդպէս ալ չկարողացայ աւարտել տան շինարարութիւնը: Երախտապարտ եմ այս կարելիութեան համար», յայտնած է ընտանիքին հայրը` Մելքոն Խաչատրեան:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի բնակարանաշինութեան ծրագիրին շնորհիւ` աւելի քան հարիւր ընտանիք արդէն զգացած է բարեկարգուած տուն ունենալու բերկրանքը: Ծրագիրին շնորհիւ` ընտանիքները աւարտած են կիսակառոյց տան շինարարութիւնը եւ վերանորոգած` տանիքը, ինչ որ բնակարանային ֆոնտի պահպանման կարեւորագոյն պայմաններէն է, որ սակայն ընտանիքներուն համար մեծ դժուարութիւն կը ներկայացնէ ծախսին պատճառով: Այս տարուան բնակարանաշինութեան ծրագիրով 41 ընտանիք ապահով տանիք պիտի ունենայ:
«Ամէն անգամ, երբ բնակարանաշինութեան ծրագիրի ծիրին մէջ կը հանդիպիմ աջակցութիւն ստացած հերթական ընտանիքին եւ կը տեսնեմ անոնց ապրումներն ու յուզումը, կը հասկնամ, որ ատիկա յատուկ է ուժեղ մարդոց: Այս մարդիկ տարիներ շարունակ լուռ արժանապատուութեամբ շրջանցած են դժուարութիւններ, սակայն չեն յուսահատած, շարունակած են ելք փնտռել: Այսօր անոնց ջանքերը պսակուած են յաջողութեամբ: Պիտի խոստովանիմ, որ այս ընտանիքներուն նոր յոյսին հետ կ՛ամրանայ նաեւ ծրագիրի իրականացման անհրաժեշտութեան մեր հաւատքը: Երկրին մէջ յաղթահարուած իւրաքանչիւր խնդիր բոլորիս յաղթանակն է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«2007-էն Արագածոտնի մարզին մէջ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեամբ կ՛իրականացուի արդէն 14-րդ տան շինարարութիւնը: Շահառուները տարբեր ընտանիքներ են` տարբեր հոգերով: Ամենածանր բեռը, սակայն, բնակարանային խնդիրն է: Այս ընտանիքներուն համար գէթ մէկ յենարան է հարկաւոր իրենց կենցաղը նորովի կազմակերպելու համար: Եւ այդ յենարանը բնականաբար տունն է` օճախը, որ կը հիւրընկալէ ընտանիքները ու դեռ բազմաթիւ սերունդներու կացարան կը դառնայ», ըսած է «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
2016-ին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը բնակարանաշինութեան ծրագիրին համար յատկացուցած է գրեթէ 105 միլիոն դրամ (2015-ին` 100 միլիոն դրամ):
«Թեւանիկ» Ժապաւէնը Ներառուած Է «Վոյսըզ»
Փառատօնի Մրցութային Ծրագիրին Մէջ
Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը պիտի մասնակցի 7-9 յուլիսին ռուսական Վոլոկթա շրջանին մէջ կայանալիք «Վոյսըզ» եւրոպական երիտասարդական շարժապատկերի 7-րդ փառատօնին:
«Թեւանիկ»-ը կը պատմէ ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն մասին, հոն ներկայացուած են երեք պատկերներ եւ իրականութիւններ, անոնց մէջ հիմնական դեր կը կատարէ 14-ամեայ Թեւանիկը, որ կը դառնայ ռազմական գործողութիւններու մասնակից:
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ժապաւէնը կը ներկայացնէ արցախեան ազատամարտի սկզբնական շրջանը, երբ պատերազմի վտանգը տակաւին նոր էր:
Այս մրցումին կը մասնակցին ժապաւէններ` Հայաստանէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Չեխիայէն եւ Ֆրանսայէն:
Ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ վրացի բեմադրիչ Ռուսուտան Կլուրճիծէի «Օտար տուն» ժապաւէնը, Ֆրանսայի եւ Քոլոմպիոյ միացեալ արտադրութիւն հանդիսացող, Ժագ Տուլմոն Վիթալի «Աննա»-ն, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ միացեալ «Նոր Էվան»` բեմադրիչ Մարքօ Սքոփփա եւ գերմանացի Մարք Պրամմուտի «Ապաստան» ժապաւէնը:
Աւանդաբար փառատօնին ընթացքին ժապաւէններէն մէկը պիտի ներկայացնէ Ռուսիան:
«Ձիթողցոնց Տունը» Պատրաստ Է Սիրով
Հիւրընկալելու Գիւմրի Այցելող Հիւրերը
Գիւմրիի ճարտարապետութեան խորհրդանիշը նկատուող եւ գիւմրեցիին կենցաղը լաւագոյնս ներկայացնող «Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղ»-ի թանգարանը, որ ճանչցուած է «Ձիթողցոնց տուն» անունով, պատրաստ է սիրով հիւրընկալելու Գիւմրի այցելող հազարաւոր հիւրեր:
Մամուլին հետ ասուլիսի ընթացքին այս մասին զրուցած է թանգարանի տնօրէն Սոնա Յարութիւնեան, որ նշած է, թէ թանգարան այցելողները լաւագոյնս կրնան ծանօթանալ քաղաքի պատմութեան` կենցաղով, վարքով եւ բարքով:
«Սեպտեմբերին, երբ պէտք էր օծուէր թանգարանին կից գտնուող Սրբոց Նահատակաց կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին, 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք առաջին անգամ թանգարանի պիւտճէն համալրուեցաւ 500 հազար դրամով: Ան հաստատած է, թէ թանգարանին դռները բաց պիտի ըլլան Գիւմրի այցելող հիւրերուն դիմաց:
«Այն հիւրերը, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուին Գիւմրիի մէջ, կը կարծեմ, որ կը զարմանան, թէ ինչպիսի կենցաղ, վարք ու բարք ու մշակոյթ ունեցած է Ալեքսանդրապոլը 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը: Այս քաղաքին մէջ թէ՛ արհեստաւորը, թէ՛ հարուստը շատ արժանավայել ապրած են այն ժամանակ, երբ շատերը կ՛երազէին այսպիսի կենցաղի մասին: Մեր ուղեկցողները թանգարանի իւրաքանչիւր իր ու առարկայ կամ կենցաղ ներկայացնող որեւէ դրուագ կրնան եռալեզու ներկայացնել: Թանգարանը այս առիթը չփախցուց աւելի հետաքրքրական ներկայացնելու այս քաղաքը` համեմուած հետաքրքրական պատմութիւններով», տեղեկացուցած է տնօրէնը:
Արցախեան Գինիի Փառատօն Տող Գիւղին Մէջ
Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 սեպտեմբերին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեանը` աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Ա. Գրիգորեանի համաձայն, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի փառատօնին օրը հոկտեմբերի երրորդ շաբաթէն յառաջաձգուած է սեպտեմբերի երրորդ շաբթուան: Պատճառը, ըստ անոր, հիմնականօրէն անձրեւային եղանակն է:
Նշենք, որ արցախեան գինիի առաջին եւ երկրորդ փառատօները տեղի ունեցած են 3 հոկտեմբերին: Արցախեան գինեգործութեան եւ մշակոյթին նուիրուած այդ տարեկան տօնակատարութեան ընթացքին կը կազմակերպուին` արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառքներ, աւանդական համերգներ, արուեստի ցուցահանդէսներ:
Գինիի տօնավաճառին պիտի ներկայացուին գինեգործութեան բնագաւառին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նշանաւոր բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ` գինեգործներ Հայաստանէն: Տեղեկացնենք, որ արցախեան գինիի փառատօնը կը կազմակերպուի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ` անձնական ընկերութիւններու համագործակցութեամբ:
Գառնիի Եւ Գեղարդի Մէջ Պիտի Կայանայ
«Վարդավառ» Միջազգային Փառատօնը
3 յուլիսին Գառնի պատմական-մշակութային արգելոց-թանգարանին եւ Գեղարդի վանական համալիրին մէջ, հոգեւորին ու ազգայինին միաձուլմամբ, պիտի կայանայ «Վարդավառ» միջազգային փառատօնը:
«Արմենփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ կայացած ասուլիսին ընթացքին Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ, «Վարդավառ» միջազգային փառատօնի ղեկավար Ատոմ Մխիթարեան նշած է, որ փառատօնին նպատակն է հայ հասարակութիւնը հաղորդակից դարձնել տօնի իրական ծագումնաբանութեան, վեր առնել հայկական մշակոյթը, խթանել ազգային ինքնութիւնն ու ճանաչողութիւնը, հոգեւոր արժէքներու պահպանումը:
«Փառատօնը արդէն աւանդական դարձած է, 3-րդ անգամն է, որ կ՛իրականացուի: Մեր նպատակն է վեր հանել ազգային աւանդականը եւ մատչելի ձեւով մատուցել երիտասարդներուն, լայն հասարակութեանը` զանոնք ներգրաւելով տօնախմբութեան մէջ: Փառատօնը իւրաքանչիւր տարի կ՛ունենայ յատուկ խորագիր, այս տարուան խորագիրն է` «Ազգային աւանդական խաղեր»: Երիտասարդ խաղավարներու միջոցով վեր պիտի հանենք այն խաղերը, որոնք մեր նախնիները խաղացած են նախապէս», ըսած է Ատոմ Մխիթարեան:
«Վարդավառ» միջազգային փառատօնի համակարգող Սոնա Փարսեան տեղեկացուցած է, որ «Վարդավառ» փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գառնի հեթանոսական տաճարին մէջ, զուգահեռաբար նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին Գեղարդավանքին մէջ: Գառնիի մէջ պիտի հնչէ ազգային երգը, ներկաները պար պիտի բռնեն` խաղերով եւ ջուրով զիրար թրջելու արարողութեամբ: «Կէսօրին Գառնիի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆլեշ-մոպ ազգային շուրջպար, այնուհետեւ նախատեսուած է Վարդավառի ծիսակատարութեան բեմականացում: Զուգահեռաբար պիտի կայանան ազգային խաղեր», ըսած է Սոնա Փարսեան:
Ամբողջ օրուան ընթացքին Գառնիի տարածքին պիտի տեղադրուին տաղաւարներ, եւ իւրաքանչիւր մարզ հանդէս պիտի գայ անձնական ծրագիրով` ներկայացնելով տօնին առնչուած անձնական մօտեցումները:
Հայաստանի Կոտայքի փոխմարզպետ Կարէն Մարգարեան նշած է, որ «Վարդավառ» փառատօնը մարզի բնակիչներուն կողմէ սիրուած ու սպասուած է: «Կոտայքի մարզին մէջ մշակութային կեանքը մեծ աշխուժութիւն կ՛ապրի: Յատկապէս պէտք է ընդգծեմ Կոտայքի մարզպետին կողմէ վարուող քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ` մշակութային կեանքին նոր լիցքեր պիտի հաղորդուի, նոր բաղադրիչներ պիտի կիրառուի: Մարզը պատրաստ է իր հիւրընկալ դռները բանալու հիւրերուն դիմաց: Յայտնեմ, որ այս փառատօնը կ՛ընդգրկուի մարզպետարանի մշակութային ծրագիրներու շարքին մէջ, եւ մենք կազմակերպիչներուն հետ միասին փորձած ենք համադրել մարզային մշակութային աւանդոյթները փառատօնի ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ», դիտել տուած է Կարէն Մարգարեան: «Վարդավառ» միջազգային փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Սարգսեան կարեւոր նկատած է մարզպետարանին աջակցութիւնը` նշելով, որ անիկա իր նպաստը կ՛ունենայ մշակոյթի զարգացման առումով: «Փառատօնի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած ներկայացումով փորձած ենք բացայայտել, թէ ինչպէս տեղի կ՛ունենան ազգային ծիսակատարութիւնները` կապուած Վարդավառի տօնին հետ: Այս մէկը իրականացնելու համար մեզի պիտի օգնեն մասնագէտ դերասաններ: Համագործակցած ենք «Ակունք» ազգագրական երգ ու պարի համոյթին եւ շարք մը այլ խումբերու հետ», նշած է Արմէն Սարգսեանը: