Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու կողմէ հիմնուած Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի 2016-ով սկսող երկրորդ հարիւրամեակի անդրանիկ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցին բակին մէջ, ներկայութեամբ հայ եւ օտար ծնողներու, սկիզբ առաւ հայկական եւ լիբանանեան քայլերգներով: Այս տարուան ամավերջի հանդէսը նուիրուած էր Լիբանանին եւ անոր...




















