Կեսարիոյ հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս պատարագ մատուցուած է. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը:
Պատարագին մասնակցած են Պոլիսէն, Եոզկաթէն եւ Սեբաստիայէն ժամանած` ծագումով մօտաւորապէս 50 հայեր, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:
Պատարագին մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն Զաքէոս քհնյ. Օհանեանը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատարագի մասնակիցներուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն` անոնց ընձեռած հնարաւորութեան համար:
Տեղեկացնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է 1191-ին եւ Թուրքիոյ մէջ ցարդ կանգուն մնացած հազուագիւտ եկեղեցիներէն է, իսկ Կեսարիոյ` ամենահին հայկական եկեղեցին: Անիկա 1885-ին վերակառուցուած է, իսկ վերջին անգամ վերանորոգուած է 1996-ին: