Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Շեղո՞ւմ, Թէ՞ Ազդանշան

June 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_62816

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Շարլ տը Կոլ 27 նոյեմբեր 1967-ին, շուրջ հազար ֆրանսացի դիւանագէտներու եւ պետական այրերու դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան «նախահայրը» եղող Եւրոպական հասարակաց շուկային անդամակցութիւնը պատճառ պիտի դառնայ վերջինիս քանդման: Այդ վտանգը Բրիտանիոյ անդամակցութեան մէջ չէ, այլ անդամակցութենէն հրաժարումին մէջ: Աւելի՛ն, այդ վտանգը միայն Եւրոպական Միութեան համար չէ, այլ նաեւ` Բրիտանիոյ համար:

23 յունիսին տեղի ունեցած Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէն ցոյց տուաւ, որ Բրիտանիան այլեւս Միացեալ Թագաւորութիւն չէ, այլ` պառակտուած թագաւորութիւն մը: Մինչ Կալեսն ու Անգլիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ին թեր քուէարկեցին` Սկովտիան քուէարկեց անդամակցութեան շարունակութեան օգտին: Վերջինս այժմ կը մերժէ հանրաքուէին արդիւնքը եւ, ինչպէս նախապէս զգուշացուցած էր, յառաջ կը մղէ Բրիտանիայէն իր անկախութեան վերաբերեալ 2-րդ հանրաքուէ մը կատարելու հաւանականութիւնը: Հանրաքուէն նաեւ Հիւսիսային Իրլանտայի  մէջ ԻՐԱ-ի (Իրլանտական յեղափոխական բանակ) քաղաքական թեւը եղող «Շին Ֆէյն»-ը մղեց շրջանառութեան մէջ դնելու երկու Իրլանտաներու վերամիացման վերաբերեալ հանրաքուէի գաղափարը:

Անգլիոյ մէջ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը մերժած միակ քաղաքին` Լոնտոնի մէջ այժմ կը հնչեն Բրիտանիայէն անկախութիւն հռչակելու անհեթեթ կոչեր: Աւելի՛ն, գոյութիւն ունի սերունդներու միջեւ պառակտում մը. 18-24 տարեկան քուէարկողներուն միայն 19 առ հարիւրը եւ Եւրոպական Միութեան կազմութենէն առաջ չափահաս դարձած եւ այժմ հանգստեան կոչուածներուն 59 առ հարիւրը աջակցեցան «Պրեքզիթ»-ին: Այլ խօսքով` հանրաքուէի արդիւնքին մէջ վճռորոշ դեր ունեցան «գերիշխան» Բրիտանիոյ մը կարօտախտը ունեցող տարեցները, որոնք իրենց տարիքին բերումով նուազագոյն ժամանակ պիտի վայելեն արդիւնքը կամ կրեն հետեւանքը «Պրեքզիթ»-ին: Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած պատմական հանրաքուէի արդիւնքը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Եւրոպայի տարածքին տարբեր ազգայնական կամ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու մօտ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ եւս նոյնպիսի հանրաքուէի մը կայացումը պահանջեցին:

Բրիտանիա այժմ կանգնած է իր օրէնսդրութեան ազգայնացման` Եւրոպական Միութեան կողմէ թելադրուած օրէնքներէն ձերբազատելու հսկայ աշխատանքին դիմաց, ինչպէս նաեւ «Պրեքզիթ»-էն ետք ինքզինք դրսեւորող այլատեացութեան երեւոյթը սանձելու հրամայականին առջեւ: Արդարեւ, հանրաքուէէն անմիջապէս ետք, Բրիտանիոյ մէջ աշխատող օտարահպատակներ եւ մասնաւորաբար լեհական ծագումով բրիտանացիներ սկսան ստանալ երկրէն հեռանալու պատգամներ: Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին կը կանգնի իր հիմնադիր անդամներէն Բրիտանիոյ հեռացումով ստեղծուած բացին յարմարելու եւ յաւելեալ «անջատողական» քայլերու առաջքը առնելու հրամայականին առջեւ:

Եւրոպական Միութեան, անոր դիւանակալութեան ու գործելաոճին նկատմամբ խոր դժգոհութիւններու գոյութեան եւ միութիւնը ընդհանրապէս մերժող աջակողմեան շարժումներու վերելքին լոյսին տակ, կը մնայ տեսնել, թէ «Պրեքզիթ»-ը միջազգային քաղաքականութեան ներկայ ուղղուածութենէն` համարկումի «կանոնէն» պատահական շեղո՞ւմ մըն է, թէ՞ համարկումի քաղաքականութենէն դէպի ազգային գերիշխանութեան ամրապնդման ժամանակաշրջան փոխանցման փուլի մը ազդանշանը:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Յաջորդը

Մինչ Կը Պահանջուի Սիմէոնէի Մարզիչ Նշանակումը. Մեսսի Եւ Ուրիշներ Կը Հեռանան Արժանթինի Ազգային Խումբէն

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.