Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Էրտողան Պիտի Ստիպուի Հրաժարական Տալ, Եթէ Պարզուի, Որ Իր Վկայականը Կեղծ Է

Յունիս 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Կարծէք թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի գլխացաւերը քիչ էին, հիմա ալ ան կանգնած է նոր մեղադրանքի մը առջեւ. հնարաւոր է, որ ան կեղծած է իր բարձրագոյն կրթութեան վկայականը: Եթէ սա ճիշդ ըլլայ, ապա ան ստիպուած պիտի ըլլայ հրաժարիլ իր նախագահական պաշտօնէն եւ կրնայ ըլլալ, որ բանտարկուի կամ աքսորուի:

Որոշ ժամանակ առաջ լուրեր կը շրջէին, որ Էրտողան բարձրագոյն կրթութիւն չունի, ինչ որ կրնայ զայն զրկել նախագահի պաշտօնէն, քանի որ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածին համաձայն, կը պահանջուի, որ նախագահի թեկնածուները «աւարտած ըլլան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն»:

Լրագրող Ճենկիզ Չանտար Al-Monitor.com կայքի մէջ յունիս 15-ին տեղադրուած` «Արդեօք Էրտողանի համալսարանական վկայականը կեղծուա՞ծ է» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ լուրջ կասկածներ կը յարուցէ` Թուրքիոյ նախագահի բարձրագոյն կրթութեան վկայականի իսկութեան վերաբերեալ:

Ինչպէս կը բացատրէ Չանտար, «Էրտողան յաճախած է Իմամ Հաթիփ դպրոցը` միջնակարգ դպրոցի մակարդակի հաստատութիւն մը, որ կը պատրաստէ կրօնական քարոզիչներ: 1970-80-ական թուականներու շրջանաւարտները կրնային շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը միայն աստուածաբանութեան բնագաւառէն ներս»: Այսուհանդերձ, երբ օգոստոս 2014-ին Էրտողան թեկնածու էր նախագահի պաշտօնին, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցած է իր վկայականի լուսապատճէնը` պնդելով, որ ինք պսակաւոր արուեստից աստիճան ստացած է 1981 թուականին, Մարմարայի համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ կառավարման  բաժանմունքէն:

Խնդիրը այն է, որ Մարմարայի համալսարանը հիմնադրուած է միայն 1982 թուականին, ուստի անկարելի էր, որ Էրտողան համալսարանը աւարտած ըլլար անոր հիմնադրութենէն մէկ տարի առաջ: Քանի որ տնտեսագիտութեան բաժանմունքը  հիմնադրուած է միայն 1983 թուականին,  ապա Էրտողան չէր կրնար զայն աւարտել 1981-ին, ինչպէս որ ան կը պնդէ: Ցաւօք, այս կասկածելի մեղադրանքներէն ոչ մէկը Թուրքիոյ մէջ կրնայ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուիլ լրատուական միջոցներու կամ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ` Էրտողանի վարչակարգի բռնատիրական բնոյթին պատճառով, որ սովորաբար կը փակէ թերթերը եւ կը հետապնդէ բոլոր ընդդիմախօսները:

Նախագահի օգնականները անդրդուելի են. անոնք Էրտողանի դէմ մեղադրանքները կը համարեն անհիմն, քանի որ զանոնք կը տարածեն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Առաջին բողոքը արձանագրեց նախկին դատաւոր Օմեր Ֆարուք Էմինաղաօղլու, որ իր կասկածները ներկայացուց Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին` Էրտողանի բարձրագոյն կրթութիւն չունենալուն կապուած անոր վկայականի լուսապատճէնին մէջ առկայ անճշդութիւններու պատճառով: Ընտրական խորհուրդը կտրականապէս մերժեց դատաւորին դիմումը:

Երկրորդ մարտահրաւէրը նետեց թուրք ծայրայեղ ազգայնական Կէօքչէ Ֆիրաթ, որ մանրամասն փաստարկներ  ներկայացուց` պաշտպանելով այն պնդումը, որ Էրտողանի վկայականը կեղծ է: Ֆիրաթ պահանջեց նայիլ Էրտողանի վկայականի բնօրինակին, այլ ոչ թէ` պատճէնին, զոր ան ներկայացուցած էր Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին: Թուրք ազգայնականը մեղադրեց Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարն ու փոխտնօրէնը` Էրտողանի վկայականը կեղծելու յանցագործութեան սատարելու մեղադրանքով: Ան պնդեց, որ Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարի եւ փոխտնօրէնի ստորագրութիւնները չեն համապատասխաներ նոյն համալսարանէն իր ստացած վկայականին մէջ առկայ ստորագրութիւններուն: Ան նաեւ կասկածի տակ առաւ Էրտողանի վկայականին մէջ յայտնաբերուած յաջորդական թիւի վաւերականութիւնը: Վերջապէս, Ֆիրաթ պնդեց, որ Թուրքիոյ նախագահի վկայականին  տեսքը կը տարբերի միւս շրջանաւարտներու ստացածներէն:

Այս ամսուան սկիզբը քրտամէտ ԺԺԿ կուսակցութիւնը խորհրդարանական պաշտօնական հարցով ներկայացուց կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազը` պահանջելով «յստակացնել Էրտողանի համալսարանական վկայականին շուրջ ստեղծուած առեղծուածը»: Ի պատասխան Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդ ուղարկուած համանման հարցի մը` ԺԺԿ-ն ստացաւ Թուրքիոյ նախագահի նօտարական կարգով հաստատուած վկայականին պատճէնը: Սակայն ԺԺԿ-ն յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ վիճարկել այդ վկայականին վաւերականութիւնը:

Ճենկիզ Չանտար իր յօդուածով լուրջ մտահոգութիւններ կը յարուցէ Էրտողանի` իբրեւ Թուրքիոյ նախագահի օրինականութեան մասին, եթէ հաստատուի, որ անոր վկայականը կեղծուած է. «Եթէ հարցին լրջօրէն մօտենանք, ապա Թուրքիոյ մէջ այս հակասութեան կը հետեւին հսկայական իրաւական հարցեր: Եթէ պարզուի, որ Էրտողան երբեք նախագահ ընտրուելու իրաւունք չէ ունեցած, ապա այն ամէնը, ինչ որ ան ստորագրած կամ իրականացուցած է, կը համարուի անվաւեր` զուտ իրաւական տեսանկիւնէ: Քաղաքական տեսանկիւնէ,  այդ մէկը ամբողջ զինանոց մը կ՛ապահովէ անոր քննադատներուն համար, որոնց թիւը արտերկրի մէջ արագօրէն կ՛աճի: Եւ եթէ Էրտողանի վկայականին կեղծ ըլլալը ապացուցուի, ապա ատիկա բնականաբար հնարաւորութիւն կու տայ Էրտողանի միջազգային հակառակորդներուն` յարուցելու անոր տիտղոսի օրինական ըլլալու հարցը»:

Մինչ նախագահ Էրտողան Տի.Էն.Էյ.-ի հետազօտութիւն կը պահանջէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ քուէարկած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք պատգամաւորներու ազգային ծագումը ստուգելու համար, շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար քիմիական ստուգման ենթարկել իր վկայականը: Պէտք է նաեւ հոգեբանական հետազօտութեան ենթարկել Էրտողանը` անոր մշտապէս անհաւասարակշիռ հոգեվիճակը գնահատելու համար…

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Լիբանանը Ապահովական Ցնցումներու Թիրախ Դարձնող Գործողութիւններու Հաւանականութիւնը Առկայ Ըլլալով Հանդերձ, Երկրին Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Է

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Ազրպէյճանը Մերժեց Քազանի Փաստաթուղթը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?