ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բ.- Քարոզիչներ, Վիպերգակներ
Եւ … Եբրայականք
Ծանօթ.- Մայիս 25-ին ցուցադրուեցաւ Արսէն Յակոբեանի «Արարատից Եւրոպա» վաւերագրա-խաղարկային ժապաւէնը: Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր տաճարի կեդրոնագմբէթ նախատիպի ծագումին եւ աստուածաբանական մեկնաբանութեան: Ժապաւէնը ունի առնուազն երկու տարբերակ: Ներքեւի ակնարկը կը վերաբերի աւելի երկար տարբերակին:
Հիմնադրական առասպել.– Բացման տեսարանին մէջ Արարատը կը տեսնենք երկինքէն, ապա կ՛իջնենք Արարատեան դաշտ, իմա` «Երկիր Աւետեաց»: Այո՛, ժապաւէնին մօտեցումը հիմնուած է եբրայեցոց Կտակարանին վրայ: Մարդկային մշակոյթը սկսած է Հայաստանէն, որովհետեւ Նոյեան Տապանը խարսխած է Արարատ լերան լանջին: Տեսահոլովակի կողքին վրայ կը տեսնենք «Աւետեաց Երկիր»-ը` ըստ եբրայական առասպելի: Կը կարդանք Հավէլա, Նահարայիմ, Քուշ … ի դէպ, Քուշ Նոյի ծոռն է: Էն գլխէն կը տեսնենք, թէ ո՛ր հասարակութեան ուղղուած է ժապաւէնը: Ի դէպ, եբրայական շրջանները կը գտնուին քարտէսի վերի մասին մէջ, որովհետեւ հիւսիսը քարտէսին վերը սկսաւ դրուիլ 1740 թուականէն ետք միայն:
Այո՛, տեղի ունեցած է «ջրհեղեղ»: Բեւեռներու սառերը սկսած են հալիլ շուրջ 12 հազար տարի առաջ: Շուրջ եօթը հազար տարի առաջ Միջերկրականը բարձրացած եւ հոսած է դէպի Սեւ ծով: Սեւ ծովու հարաւային ափի լայն շրջաններ ողողուած են: Ծովու յատակի պեղումները կը հաստատեն այդ: Լայն շրջաններ, բայց` ոչ համայն աշխարհը(1): Ջրհեղեղի առասպելը հիմնուած է այս հսկայ հոսքի յիշողութեան վրայ: Արեւմուտքի մէջ բոլորը դպրոցականները գիտեն այս: Ժապաւէնը էն գլխէն իր դրոյթը կը հիմնէ բացայայտօրէն ոչ գիտական տուեալներու վրայ:
Ապա կու գայ զբօսաշրջային կարճ պտոյտ մը դէպի Գառնի, Գեղարդ եւ Խոր Վիրապ, որմէ ետք կը լսենք, թէ Ճենովայի թանգարանին մէջ կայ այն դիմանկարը որ Եդեսիոյ հայ թագաւոր Աբգար Ե. ստացած է Յիսուս Քրիստոսէն: Նախ իսկապէս զարմանալի է, որ արամէական հզօր նապաթ (կամ նաբատ) ցեղախումբը ունեցած ըլլայ հայ թագաւոր, որուն հօր անունն է Մա՛անու: Ապա այն, որ ցոյց տրուած դիմանկարը (որ ունի բազմաթիւ տարբերակներ) կը գտնուի Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ մէջ, այլ ոչ` թանգարանի: Մասնագէտներ կը կարծեն, թէ պատրաստուած է շուրջ 14-րդ դարուն: Այդ մօտաւորապէս ժամանակակից է Թուրինի հանրածանօթ Քրիստոսի կեղծ «պատանք»-ին: Դիմանկարի առասպելը յօրինուած է հաւանաբար 3-րդ դարուն, քրիստոնէական կեդրոն դարձած Եդեսիա քաղաքին յաւելեալ վաւերականութիւն տալու համար: Ինչպէս ծանօթ է պետական այր Սուրէն Պարթեւ պարտաւորուեցաւ Եդեսիա երթալ` ստանալու համար քրիստոնէական «հաւատարմագիր»: Արեւմուտքի մէջ բոլորը գիտեն այս:
Ապա որպէս հանրածանօթ գիտնականներ կը յիշուին անուններ, որոնք անծանօթ էին ինծի, եւ մնացին անծանօթ` հակառակ տքնաջան պրպտուքի: Այդ խորհրդաւոր անունները եկած են հիմնաւորելու այն դրոյթը, թէ հայկական ճարտարապետական նախատիպը Եւրոպա մտած է` հետեւելով հայ կրօնական մտքին: Յակոբեանի ժապաւէնը հայկական ծագումով քարոզիչները կը կոչէ «առաջամարտիկներ»: Մինչդեռ միակ ստոյգ իրողութիւնը այն է, որ այդ քարոզիչներէն եւ ոչ մէկը պատկանած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ:
Վարք առաքելոց.– Յակոբեանի ժապաւէնը կը խօսի 4-5 հայ ծագումով քարոզիչներու մասին: Կողքի քարտէսը ցոյց կու տայ Բիւզանդիոնի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէն քրիստոնէացուած շրջանները: Սահմանները մօտաւորապէս կը համընկնին Բիւզանդական կայսրութեան տարածքին: Այսքան ընդարձակ տարածութիւն կրօնափոխ ընելու համար հարկաւոր էր ունենալ տասնեակ հազարաւոր քարոզիչներ: Այդ օրերուն հեղինակաւոր կեդրոններ էին Անտիոքը եւ Աղեքսանդրիան, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալէին իրենց անմիջական թեմէն դուրս:
Յակոբեանի յիշած առաջին անուններէն մէկը կը կրէ Մինաս անունը: Մինաս կամ Մենաս` կը նշանակէ լուսնի նման մութը լուսաւորող: Ս. Մինաս 4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած ղպտի զինուորական մըն էր: Մինաս յունադաւան եկեղեցւոյ ամէնէն տարածուած անուններէն մէկն էր: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ չենք հանդիպիր որեւէ Ս. Մինասի: Հետաքրքրական է, որ Իսրայէլ Օրի յունադաւան (ուղղափառ) ռուս ցարին ներկայացաւ ընկերակցութեամբ Մինաս վարդապետի, որ Էջմիածինի կողմէ որակուած էր որպէս «հանդուրժողական», եւ որ հետագային ընդունեց յունադաւանութիւնը: Յիշուած բոլոր քարոզիչները կը կրեն ոչ հայկական անուններ: Այդ քարոզիչները նաեւ կը կառուցեն եկեղեցիներ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը ունի հայկական ոճ: Եկեղեցի կառուցելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ե՛ւ պատկառելի նիւթական, ե՛ւ վաւերական արտօնագիր: Յիշուած «առաջամարտիկները» կը ծառայէին յունադաւան եկեղեցւոյ, իմա` Բիւզանդիոնի:
Բիւզանդիոն ծանօթ է իր նենգութեամբ: Տրիանոս դաւադրաբար սպաննեց Պապ թագաւորը: Հայաստանեայց եկեղեցին մերժեց մասնակցիլ բիւզանդական կայսեր կազմակերպած տիեզերական ժողովներուն: Բիւզանդիոն քայքայեց Արեւմտեան Հայաստանի նախարարական տուները, կազմակերպեց հայերու զանգուածային տեղահանութիւններ: Կործանեց Բագրատունեան իշխանութիւնը եւ այդպիսով ճամբայ հարթեց սելճուքեան արշաւանքներուն: Պարծենա՞նք բիւզանդական արքունիքի հայ դրանիկներով եւ հայ «զօրահրամանատար»-ներու օրինակելի հաւատարմութեամբ: Հաւատարմութիւն` որո՞ւ հանդէպ:
Ապա կու գան քարոզիչներ, որոնց գործունէութիւնը կը համընկնի խաչակրական տխրահռչակ արշաւանքներու հետ: Ինչպէս ծանօթ է, այդ ասպատակութիւններու առաջին կոչը եկաւ 1095-ին, Ուրպանուս Բ. պապին կողմէ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Քլերմոնթի խորհուրդը, ուր պապը, մեղմ ըսած, կը խանդավառէ ամբոխը եւ խաչակրութեան մասնակցողներուն կը խոստանայ տեղ ապահովել դրախտի մէջ: Հպարտանա՞նք խաչակրութեան շրջանի «հայազգի» լատին քարոզիչներով: Յիշե՞նք, թէ Հայաստանեայց եկեղեցին որքան տուժեց Կիլիկիոյ մէջ:
Եւրոպական զարթօնքէն ետք 15-րդ դարուն կու գան այն քարոզիչները, որոնք ուղեկցեցան ծաւալողապաշտ երկիրներու ընչաքաղց շահատակութիւններուն: Եւրոպա սկսաւ արագօրէն հարստանալ գողօն ոսկիով: 1683-ին օսմանեան բանակը ծանր պարտութիւն կրեց Վիեննայի դռներուն առջեւ եւ սկսաւ նահանջել: 1701-ին Վիեննայի մէջ հիմնուեցաւ Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ կը պատկանի լատին Պենետիկտեան ուխտին: 1717-ին Վենետիկի խորհուրդը ամբողջ կղզի մը` Ս. Ղազարը նուիրեց միաբանութեան: Ի դէպ, Պենետիկտեան ուխտը ծանօթ է իր բրգաձեւ նուիրապետական կառոյցով եւ զինուորական կարգապահութեամբ:
Մխիթարեան գեղարուեստական եւ այլ արտադրութիւնները կը կրեն ակնբախ իտալական դրոշմ: Անոնք ոչ թէ հայկականը արտածած են Եւրոպա, այլ եւրոպականը ներածած են մեր մշակոյթին մէջ եւ նուիրականացուցած զայն: (2) Երուանդ Քոչար, օրինակ, պարտադրուած էր (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող) Վարդան Մամիկոնեանը քանդակել հռոմէական սաղաւարտով եւ հագ ու կապով, որովհետեւ շնորհիւ Մխիթարեաններու պատուիրած պատկերազարդումին` այդ պատկերը դրոշմուած է մեր հաւաքական երեւակայութեան մէջ: Մեր հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ Հայկ Նահապետ կը կրէր 19-րդ դարու ֆրանսական շքերթային սաղաւարտ…
Քարոզչական գործունէութիւնը հովանաւորուած էր յունադաւան եւ լատին հաստատութիւններու կողմէ: Հայաստանեայց եկեղեցին դարեր շարունակ անհաւասար պայքար մղած է այդ ոտնձգութիւններուն դէմ:
Վիպական ուղեւորութիւն.– Ժապաւէնին առաջարկած դրոյթներէն մէկը այն է, որ Լէոնարտօ տա Վինչի (1452-1519) այցելած է Հայաստան եւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիի նախատիպը իրեն հետ տարած է Եւրոպա: Այս կը հիմնուի «նամակ»-ի մը վրայ, որ տա Վինչի ուղղած է «Բաբելոնի սուլթանի Սուրիոյ դիւանապետին» (3): Տե՛ս «նամակ»-ի առաջին էջը: Նախշուն տեսքէն եւ վերնագիրէն իսկ ակնյայտ է, որ այդ գիրը քաղաքական կամ տնտեսական յանձնարարութեամբ ուղարկուած անձի մը տեղեկագիրը չէ: Տա Վինչի իբր թէ կը գրէ «Քալենտրաֆի» քաղաքէն, որ կը գտնուի Տաւրոսեան լեռներէն դէպի արեւմուտք, ծովեզերքին: Այսինքն` Ատանայի շրջանին մէջ: Ենթադրենք, որ «Քալենտրաֆի» ծածկագիր էր: Տա Վինչի կու տայ կցկտուր քարտէս մը, որ կրնայ ընդօրինակուած ըլլալ որեւէ աղբիւրէ: Իբրեւ ցնցող լուր` կը խօսի Երզնկայի մէջ «վերջերս պատահած» երկրաշարժի մը մասին: Նախ, որ Երզնկայ բազմիցս կործանած է, որովհետեւ կը գտնուի երկրաշարժի գործօն գօտիի վրայ: Ապա այն, որ Երզնկա կը գտնուի տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ դէպի հիւսիս-արեւելք, Սեւ ծովէն ոչ շատ հեռու: Ինչպէ՞ս ուրեմն կ՛առնչուէր յանձնարարութեան: Ապա կը խօսի գիսաւորի մը հետեւող գուշակութեան, համատարած յուսալքութեան, աղէտի եւ հաւատոյ խոստովանութեան մասին: Այո՛, այդ թուղթերը վէպի մը նախագիծն էին, այլ` ոչ տեղեկագիր:
Յակոբեանի ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք, որ տա Վինչիի ծառան կը ճամբորդէ հետիոտն: Նման ճամբորդութիւն պիտի տեւէր քանի մը ամիս, եւ ուրեմն չէր կրնար մնալ աննկատ: Մինչդեռ որեւէ այլ աղբիւրի մէջ չէ յիշուած, որ տա Վինչի ճամբորդած է դէպի Հայաստան: Նոյնիսկ եթէ ան գտնուած ըլլար Կիլիկիա, ապա պիտի չհանդիպէր հայկական գմբէթակեդրոն եկեղեցւոյ: Կիլիկիան, ցաւօք, կը գտնուէր լատին գերիշխանութեան տակ: Եկեղեցիները ունէին միանաւ պազիլիքա կառոյց:
Տա Վինչի ճարտարապետ մը չէր, երբեք գործնականապէս չէր առնչուած շինարարական աշխատանքի հետ: Հետաքրքրուած էր շէնքերու գեղագիտական հարցերով: Առաջարկած է, օրինակ, շինել ոլորապտոյտ զոյգ աստիճաններ, որոնք երբեք չեն իրագործուած: Կողքի տաճարի յօրինուածքը, օրինակ, աւելի նման է օսմանական բաղնիքի, քան` Բագարանի կամ Հռիփսիմէի:
Տա Վինչի պարտադրուած էր խաբել իր հովանաւորները (Չեզարէ Պորճա եւ այլք), որպէսզի կարենայ նիւթական ապահովել: Այս յարիր է յատկապէս իր «հնարած» պատերազմական անհեթեթ գործիքներու պարագային(4): Անոնցմէ եւ ոչ մէկը որդեգրուած է որեւէ բանակի կողմէ: Տա Վինչի առաջարկած է, օրինակ, վառօդը փոխարինել շոգիով: Անձնապէս կը կարծեմ, որ ան նոյնիսկ թաքուն հաճոյք կը ստանար խաբելով շրջապատը: Տա Վինչիի նամակը կրնայ մէկը ըլլալ այդ խաբէութիւններէն: Խաբէութիւնը ընթացիկ նկարագրային գիծ էր «գիտնական»-ներու մօտ, երբ կը տիրէր համատարած տգիտութիւն:
Տա Վինչի երբեք չէ փորձած իր «թռչող սարքերը» փորձարկել, առաւել եւս` անձամբ: Ան վստահաբար գիտէր, թէ ի՛նչ պատահած է Հոմերոսի նկարագրած առասպելական հերոսներու հայր Տաէտալուսի եւ որդի Իքարուսի (5), եւ թէ` ինչպէս աւարտած է Անտալուզեան գիտնական Ապպաս իպն Ֆռնասի (810-887) կարճատեւ թռիչքը:
Տա Վինչի առաջին անձը չէր, որ կը փորձէր թռչող սարքեր հնարել: Ինչպէս եւ Յակոբեան առաջին անձը չէ, որ կը փորձէ շահարկել տա Վինչիի հմայքը: Ընթերցողներէն շատեր կրնան յիշել Ռոն Հաուըրտի բեմադրած «Տա Վինչիի ծածկագիրը»: Բայց ովքե՞ր են անոնք, որ կը հաւատան նման վարկածներու, գիտական շրջանակնե՞ր, թէ՞ տգէտ բանսարկուներ: Ո՞ր հանդիսատեսին հարկ է, որ ուղղուին մեր վաւերագրական-քարոզչական ժապաւէնները:
Ժապաւէնը հարուստ է նաեւ կողմնակի վարկածներով: Ինչո՞ւ, օրինակ, տա Վինչիի գործածած երանգները իւրայատուկ էին: Բացատրութիւնը այն է, որ նկարիչը անձամբ կը պատրաստէր զանոնք: Հայաստանէն բերուած «Թերրա Արմէնա» ներկի վարկածը կարելի չէ որեւէ ձեւով հաստատել: Ժապաւէնը հպանցիկ նախադասութեամբ կապ կ՛առաջարկէ նաեւ քառանիստ գմբէթի եւ իտալական զարթօնքի մարդակեդրոն գաղափարներուն հետ (6): Հպանցիկ ակնարկ, որովհետեւ այդքան «համարձակ» թեզ մը հիմնաւորելը ահռելի դժուար պիտի ըլլար: Եւ այլն…
Կատարողական.- Ժապաւէնը կը պարունակէ բաւական լայն խաղարկային մասեր, ուր, օրինակ, կը տեսնենք քարոզիչ Մինասը եւ կամ տա Վինչին: Այս տեսարանները ահաւոր խեղճ ու կրակ եւ անարուեստ են: Ինչո՞ւ, օրինակ, տա Վինչի օր ցերեկով մոմեր վառած էր: Ինչո՞ւ անոր գլխարկին վրայ կային միայն «թերրա արմենա» ներկի արատներ: Ի՞նչ հրաշքով անոր սեղանին վրայ յայտնուած էին ժամանակակից տարրալուծարաններու մէջ գործածուող մեթրական դրութեամբ սրուակներ: Ինչու կը գործածէր այնքան կոշտ եղէգ, որուն ձգած հետքերը աւելի կը նմանէին չինական բառանշաններու, քան լատիներէնի: Ինչո՞ւ անոր հետեւորդը կը կրէր հոլիվուտեան Ալի Պապայի տարազ: Ինչո՞ւ առասանով վիզէն կախած էր խաւաքարտէ կեռ սուր մը եւ այլն: Պարզ է, որ ժապաւէնը ուղղուած է անուշադիր եւ անգէտ մարդոց:
Այս բոլորը` ոչի՛նչ: Կար աններելի տեսարան մը, ուր իբր թէ հայ վարպետներ զարդանախշեր եւ խաչքարեր կը պատրաստէին: Ես պահ մը սարսափեցայ` կարծելով, որ ազերի վանտալներ կը ջարդեն մեր սրբութիւնները: «Վարպետ»-ներէն մէկը, զինուած` ահաւոր հատիչով մը եւ երկաթագործի կռանով, յարձակած էր արդէն իսկ աւարտած քանդակի մը վրայ եւ կը հարուածէր ի աջ ի ձախ: Երկրորդ մը փայտահատի խոշոր կացինով զինուած` շեշտակի հարուածներով կը խոշտանգէր խաչքարի մը կողը: Երրորդ մը…
Կողքի նկարները ցոյց կու տան շինարարներու պատմական գործիքներ: Փայտէ եւ կապարէ պատրաստուած մուրճեր, նուրբ հատիչներ եւ քարակոփի ուրագ: Ասոնք են այս պարագայի յարիր գործիքները: Չխօսինք աշխատանքի շարժուձեւերուն մասին… Պարզ է, որ Յակոբեանի կարդացած «60 գրքեր»-էն եւ ոչ մէկը կը վերաբերէր քանդակագործութեան: Կը թուի, թէ ան երբեւիցէ չէ դիտած քանդակագործներու աշխատանքը, մինչդեռ անձամբ, որպէս պատահական անցորդ, առ նուազն երկու անգամ Երեւանի մէջ հանդիպած եմ հայ քանդակագործ վարպետներու աշխատանքին եւ ի հարկէ` «յիմար ժպիտով քարացած»…
Այսպէ՞ս օտարներուն պիտի ներկայացնենք մեր հմուտ քանդակագործները…
Աւարտական.- Ժապաւէնը կը փակուի այն «համարձակ» դրոյթով, որ «եւրոպական շատ ազգերի էպոսների (7) ծագումը գալիս է Հայկական Լեռնաշխարհից», որ բայց` «մոռացել են իրենց հայրենիքը»: Այդ պատճառով Արսէն Յակոբեանի յաջորդ ժապաւէնը պիտի կոչուի «Նախնեաց մոռացուած հայրենիք»: Պէտք է յուսալ, որ այդ եւս չի հիմնաւորուիր Սթրիկովսքիի եւ նմաններու տեսութիւններուն վրայ, որովհետեւ ծննդեան 150-ամեակին առիթով կայացած համագումարի մը ընթացքին ջրուեցան անոր հայկական վարկածները (8,9):
Բեմադրիչը յայտնեց, որ ժապաւէնը արժանացած է Լեհաստանի «Հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօն»-ի երկրորդ մրցանակին: Լեհաստանի մէջ, գլխաւոր փառատօնի կողքին, կը կայանան շարժապատկերի եօթը փառատօներ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը կը կրէ այդ վերնագիրը: Փառատօներն են.- Etiuda & Anima (գծանկարային), Cycling (հեծանիւի վերաբերող), Independent Cinema PKO Off Camera (Հին ֆիլմեր), Random Film Festival (կարճամեթրաժ), երկու հրէական փառատօներ եւ «Կաթոլիկ ֆիլմերու եւ հաղորդամիջոցներու միջազգային փառատօնը» (International Catholic Film and Multimedia Festival Niepokalanow): Յակոբեանի ժապաւէնը ստացած է երկրորդ մրցանակ ոչ թէ վաւերագրական, այլ դաստիարակչական բաժնին մէջ, հետեւեալ բացատրութեամբ. «Որովհետեւ ցոյց կու տայ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պատմութիւնը, առաջին դարերու հաւատքի վերածնունդը, համայնավարութեան կողմէ կործանումը եւ հոյակապ հին տաճարներու վերակառուցումը» (տե՛ս www.festiwalniepokalanow.pl/2011): Հարց կու տամ` արդեօք դատակազմը դիտա՞ծ է ժապաւէնը:
Նոյն փառատօնի այս տարուան առաջին մրցանակը ստացած է «Խաչակրութիւնը» (Crusades) Սթեֆանօ Մացէօ «Որովհետեւ ցոյց կու տայ խաչակրութեան պատճառներն ու նշանակութիւնը, աշխարհի բոլոր կողմերէն դէպի Սուրբ Երկիր եկող ուխտաւորներու պաշտպանութիւնը: Նաեւ` մեր օրերու կրօնական հակամարտութիւններու շուրջ կատարուած վերջին ուսումնասիրութիւնները»: (Տե՛ս www.festiwalniepokalanow.pl/2015):
Մրցանակակիր ժապաւէնը նոր խաչակրութեան կոչ մըն է: Ահա թէ ո՛ր հանդիսատեսին ուղղուած է «Արարատից Եւրոպա»-ն: Արդեօք պատահակա՞ն է, որ տեսահոլովակը կը կրէ հինկտակարանային շապիկ:
Հայրենիքի մէջ անհանդուրժելի մակարդակի հասած է արիական մոլարութիւնը: Նախ որ ինքնախաբէութիւնը օգտակար չի կրնար ըլլալ, երբ թշնամին յիւր օրհասական սուրն է դրել մեր կրծքին (10): Ապա այն, որ ակնյայտօրէն հակապատմական քարոզչութիւնը կրնայ միայն վարկաբեկել մեզ: Պէտք է չստորագնահատել օտարներու գիտութիւնն ու իմացական կարողութիւնը:
———————————————
- Noah՛s not so big flood, L. Lippset, Oceanus Vol 47 No 2, 2009:
- «Հայոց պատմութեան էջեր իտալացի նկարիչների գրաֆիկական աշխատանքներում», Մխիթարեան միաբանութիւն, Երեւան, 2007:
- Կը կարծուի, որ Բաբելոն կը նշանակէ` Գահիրէ:
- Leonardo the Man and his Machines, Maxine Annabell, 2000:
- Տաէտալուս կը նշանակէ «վարպետ», իսկ Իքարուս` «հետեւորդ»:
- Տա Վինչիի հանրայայտ չափագրութիւնը հիմնուած է հռոմէական բանակի ճարտարապետ Marcus Vitruvius Pollio-ի գիրքին վրայ:
- Էպոս` կը նշանակէ դիւցազներգութիւն: Կը խորհիմ , թէ ըսել կ՛ուզէ` «առասպել»:
- Paul Naredi-Rainer: A historic preservation foreign intervention: Josef Strzygowski and Aachen Cathedral. 2013 ISBN 978-3-7030-0820-7, pp 439-451:
- Josef Strzygowski and Aachen Cathedral – a check in: from Biala to Vienna. Josef Strzygowski and the humanities. Acts of international scientific conference on the 150th birthday of Josef Strzygowski 2012 hgg. Piotr Otto Scholz and Magdalena Dlugosz, Vienna 2015, 530-551
- Ռափայէլ Պատկանեանի ծանօթ «Վարդանի երգը»: