Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Մինչ ապահովական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ երկրին կայունութիւնը հակակշիռի տակ է, անոնք միաժամանակ կը գիտակցին, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական անհամաձայնութիւնն ու Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը կրնան հարուածել ապահովութիւնը:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ իրենք մտահոգ չեն լիբանանեան սահմաններուն դէմ գործուելիք յարձակումներէն, որովհետեւ բանակը իր ստացած գերարդիական սպառազինութեամբ ի վիճակի է հակակշիռի տակ առնելու որեւէ յարձակում:
Ապահովական աղբիւրներուն հայթայթած այդ տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը հաստատուեցաւ անցեալ հինգշաբթի ուշ գիշերին, երբ Արսալի բարձունքներուն վրայ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ահաբեկիչները ուղղուին դէպի Ռաս Պաալպեք:
Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակը Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն միջեւ ռմբակոծեց ահաբեկիչներուն պատկանող զրահապատ մը, որ հրկիզուեցաւ եւ անոր մէջ գտնուող բոլոր ահաբեկիչները սպաննուեցան:
Ղարզաուիի Վտանգաւոր Խոստովանութիւնները
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ամիսներ առաջ ձերբակալած էր Մ. Ղարզաուին` ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը, որուն խոստովանութիւններուն հիման վրայ լիբանանեան ապահովական կառոյցները յայտարարած էին արտակարգ վիճակ եւ դիմած` ապահովական խիստ միջոցառումներու:
Ղարզաուի յայտնած էր, որ ռամատանի ընթացքին պիտի գործադրուին ահաբեկչական գործողութիւններ, յատկապէս` Հարաւային արուարձաններու մէջ, ինչպէս նաեւ` Պէյրութի մէջ գտնուող դեսպանատուներուն շուրջ: Ըստ Ղարզաուիի, ահաբեկչական արարքներու թիրախ պիտի դառնային նաեւ լիբանանեան բանակի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու որոշ կեդրոններ:
Ղարզաուի լիբանանցի մըն է. ան մեկնած է Սուրիա, ուր մասնակցած է պատերազմին` ՏԱՀԵՇ-ի կողքին: Ռաքքայի մէջ ան հետեւած է մարզումներու եւ ստանձնած` Լիբանանի մէջ գործադրուելիք ահաբեկչութիւններուն հսկելու պատասխանատուութիւնը:
Ղարզաուիի ստանձնած` պարտականութիւնը ուղղակիօրէն կապ ունեցած է Ապու Ուալիտի հետ, որ Լիբանանի յատուկ ՏԱՀԵՇ-ի ապահովական գործողութիւններու պատասխանատուն էր, սակայն ան սպաննուած էր Ռաքքայի իր կեդրոնին մէջ, ամերիկեան ռմբակոծումի մը ընթացքին:
Ապու Ուալիտ ծրագրած է եւ գործադրած Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած շարք մը գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ` անցեալ նոյեմբերին Պըրժ Պարաժնէն ցնցած զոյգ պայթումները:
Նախքան Ապու Ուալիտի սպանութիւնը Ղարզաուիի պարտականութիւն տրուած էր մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձուելու կարգ մը վայրեր ճշդել` կեդրոնանալով յատկապէս դեսպանատուներուն վրայ:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ղարզաուին կրցած էր ձերբակալել այդ պարտականութեան գործադրութեան ընթացքին եւ շնորհիւ անոր խոստովանութիւններուն` կրցած էր ձերբակալել նաեւ այն անձը, որմէ Ղարզաուի պայթուցիկ նիւթեր պիտի ստանար ահաբեկչական արարքները գործադրելու նպատակով:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս հարցաքննութեան ընթացքին բացայայտուած տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցուած էին նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Զգուշացումը` Բանակին Զարթուցիչը
Զինուորական հեղինակութեան մը տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը դրական է, որովհետեւ ապահովական կայունութիւնը բանակին հակակշիռին տակ է, եւ այդ մէկը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է:
Նոյն հեղինակութիւնը հաստատեց, որ զգուշանալը անհրաժեշտ պարտականութիւն մըն է, եւ անիկա բանակին համար զարթուցիչ մըն է, որ կը հնչէ զգուշացնելու համար ահաբեկչական հաւանական գործողութիւններէ եւ յարձակումներէ, որոնք կրնան պատահիլ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային կողմէ:
«Ապահովական կացութեան հետ կարելի չէ վարուիլ 1 + 1 = 2 տարազով, որովհետեւ երբեմն անոնց գումարումը կրնայ հաւասարիլ 10-ի եւ երբեմն 100-ի: Թէեւ բանակը կանխարգիլած է շատ մը յարձակումներ եւ ահաբեկչական հաւանական գործողութիւններ, սակայն ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ան բացարձակ յաջողութիւն արձանագրած է. անիկա ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ աշխարհի որեւէ անկիւնի կը վերաբերի, սկսեալ` Լիբանանէն, անցնելով Եւրոպայէն, եւ հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ», ըսաւ ան:
Զինուորականը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մարդիկ մնայուն վախի մէջ են, որովհետեւ կը գիտակցին բացարձակ ապահովութիւն կամ կայունութիւն գոյութիւն չունենալու ճշմարտութեան:
«Ահաբեկչութեան նկատմամբ բանակին կեցուածքը բնաւ չէ փոխուած, յատկապէս Արսալի եւ Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխան» Ապու Ֆաուզիի դէմ գործուած յարձակումէն եւ անոր սպանութենէն, ինչպէս նաեւ անոր խմբակին ապահովական պատասխանատու Ապու Մուլհեմի ձերբակալութենէն ետք: Այս յարձակումը ցնցեց անոնց իրականութիւնը այն աստիճան, որ անոնք չկրցան վերստին կազմաւորել իրենց խմբաւորումը եւ դարձեալ յարձակիլ բանակին վրայ, ինչպէս նախապէս կը կատարէին», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ այս ճշմարտութիւնը զիրենք չի մղեր մետաքսի վրայ քնանալու:
Ան հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի բոլոր զինեալները մնայուն ենթակայ են ռմբակոծումի` բոլոր ուղղութիւններով եւ իրենց բոլոր դիրքերուն պարագային:
Զինուորական այս հեղինակութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան օգոստոս 2014-ի պայմաններուն տակ չի գտնուիր, երբ ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձուց Արսալը: «Մենք հարիւր առ հարիւր ապահովութեան մասին երազներ չենք հիւսեր, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը որեւէ ձեւով կրնայ հարուածել բանակը եւ թիրախ դարձնել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», նշեց ան:
Նոյն զինուորականը միաժամանակ հաստատեց, որ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն կողմէ իրենց քաղաքացիներուն զգուշանալու կոչեր ուղղող հաղորդագրութիւնները չափազանցուած են: «Հաւանաբար անոնք ստացած են որոշ տեղեկութիւններ, սակայն դեսպանատուներն ու ՄԱԿ-ի պատկանող գրասենեակները յարձակումի ենթարկելն ու անոնց դէմ յարձակումներ գործելը նախատեսուած վտանգներ չեն», յայտնեց ան:
Հեղինակութիւն ունեցող զինուորականին համաձայն, Լիբանան կղզի մը չէ` մեկուսացած իր շրջապատէն, նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները: «Սուրիոյ պարագային մտահոգիչը այսօրուան արիւնալի բախումները չեն, այլ` ապագային պատահելիք զարգացումները: Ամբողջ պատկերը մութ է: Կան հակասական տեղեկութիւններ, իսկ մենք չենք կրնար անմասն մնալ այդ իրադարձութիւններէն, նկատի ունենալով, որ աշխարհագրական դիրքով մենք ուղղակի մաս կը կազմենք այդ շրջանին: Սուրիոյ մէջ պատահածը ես կրնամ Գ. համաշխարհային պատերազմի համազօր նկատել, հետեւաբար համոզուած եմ, որ հոն տիրող պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ բախումները աւելի մեղմ թափով շարունակուին, ես համոզուած եմ, որ անիկա նուազագոյնը քսան տարուան պատերազմ է», եզրափակեց նոյն զինուորականը: