«Պահելով Հանդերձ Աւանդականը, Հարկ Է Վերանայիլ Մեր Աշխարհահայեացքը», Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութիւնը հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան գաղութին առնչուող զանազան հարցեր` ազգային, կրթական եւ յարակից մարզերէն ներս, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծի վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն...


















