Յօդուածներ

Ըստ Հրաչեայ Թամրազեանի, Մատենադարանի Ձեռագիրներու Հաւաքածոն Նոր Համալրումներէ Ետք Կը Կազմէ 22 Հազար 550 Միաւոր

Ըստ Հրաչեայ Թամրազեանի, Մատենադարանի Ձեռագիրներու Հաւաքածոն Նոր Համալրումներէ Ետք Կը Կազմէ 22 Հազար 550 Միաւոր

Ձեռք բերուած նոր ձեռագիրները Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ 2015-ին կազմած են 116 միաւոր` հիմնականօրէն Թորոս Ազատեանի հաւաքածոյին մնացած մասը Գիտութեան եւ արուեստի թանգարանէն տեղափոխելու շնորհիւ: Եթէ 2007-ին Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոյին մէջ կար 17 հազար 250 ձեռագիր, ապա այդ թիւը այժմ կը կազմէ 22 հազար 550 ձեռագիր: Կ՛իրականացուի նաեւ Մատենադարանին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նպատակային ծրագիր մը` մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային...

Էրտողան Եւ Կիւլեն… Հին Բարեկամներ, Նոր Թշնամիներ

Էրտողան Եւ Կիւլեն… Հին Բարեկամներ, Նոր Թշնամիներ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Թուրքիոյ արդի հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ 1923-ին, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ, որ եղաւ նաեւ առաջին նախագահը եւ աշխարհիկ վարչակարգ սահմանեց երկրին մէջ: Այն ժամանակէն ի վեր փորձեր եղան Աթաթիւրքի սկզբունքներէն շեղելու դէպի արմատական իսլամութիւն, սակայն անոնց վերջ դրուեցաւ բանակին կողմէ. անոնցմէ վերջինն էր Նեճմէտտին Էրպաքանի իսլամական վարչակարգի փորձը (1996-1997): Այսուհանդերձ, Ապտիւլլա Կիւլ (2002-2003), Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան (2003-2014) եւ Ահմեթ Տաւութօղլու...

Թուրքիա – «Տագնապ` Երկրից Ներս, Տագնապ Երկրից Դուրս»

Թուրքիա – «Տագնապ` Երկրից Ներս, Տագնապ Երկրից Դուրս»

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ «Խաղաղութիւն` երկրի ներսում, խաղաղութիւն` աշխարհում»: Սա Թուրքիայի Հանրապետութեան հիմնադիր` Մուսթաֆա Քեմալի (Աթաթուրք) յայտնի խօսքերից է: Այս խօսքը տարիներ հիմք էր ծառայում երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու մէջ: 1931 թ.-ին արտայայտուած այս խօսքից անցնում է 85 տարի. ներկայ օրերիս Թուրքիայում չկայ որեւէ խաղաղութեան նշոյլ, վերջերս կատարուած զինուորական ձախող յեղաշրջումից անցնում է երեք շաբաթ եւ երկիրը դեռ տագնապի մէջ...

Տիրամօր Պատկերաքանդակը Վերադարձաւ Հաղարծին. Հաղարծինի Շաբաթուան Առիթով

Տիրամօր Պատկերաքանդակը Վերադարձաւ Հաղարծին. Հաղարծինի Շաբաթուան Առիթով

Դէպի Հաղարծին տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու այս շաբթուան այցելութիւնը զուգորդուած է «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» եռուզեռով: Շուրջ 100 կամաւորներ` կանաչ վերնաշապիկներով, այցելուներուն կը ներկայացնեն Հաղարծինի պատմութիւնը, կ՛ուղղորդէ վանքի շրջակայքը տեղակայուած հայկական օճառներու տաղաւար, Տաւուշի «Վանքի անուշ»-ի փոքրիկ արտադրամաս ու վարպետութեան դասերու հաւաքատեղիներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, մէկ շաբաթ շարունակ Հաղարծին պիտի ապրի արտակարգ դրութեամբ: Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեանի համաձայն, «Հաղարծինի մշակութային...

Հերոսացած Ախոյեանը

Հերոսացած Ախոյեանը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Արթուր Ալեքսանեանը նուաճեց մեր սիրտը իր շահած ողիմպիական ոսկի մետալով, բայց աւելի՛ն`  մեր նահատակ հերոսներուն հանդէպ իր ցուցաբերած յարգալիր վերաբերմունքով: Արթուրը իր ոսկի մետալը ստանալու պահը մեզի համար առանձնապէս նշանաւորեց` նահատակ Ռոպեր Ապաճեանի նկարը կրող շապիկով ներկայանալուն փաստով: Յուզուեցանք ու գնահատեցինք: Այսպիսի երեւոյթներու` հայրենասիրութիւն խթանող հզօր ազդակներ ըլլալու իրողութիւնը կարելի չէ թերագնահատել: «Իմ յաղթանակս կը նուիրեմ սահմանը պաշտպանող...

Արցախի Սխտորաշէն Գիւղի Միակ Բնակիչին Մասին Ժապաւէնը Ներկայացուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին

Արցախի Սխտորաշէն Գիւղի Միակ Բնակիչին Մասին Ժապաւէնը Ներկայացուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս, ներկայացուեցաւ հայկական արտադրութեան «Սխտորաշէն» ժապաւէնը: Փառատօնի Հայկական համայնապատկեր ազգային մրցումին ներկայացուած ժապաւէնը Արցախի Սխտորաշէն գիւղի մասին է, որուն միակ բնակչուհին 83-ամեայ Լենա տատն էր: Պատահաբար յայտնուելով Մարտունի շրջանի 30 տարիէ ի վեր ամայացած գիւղին մէջ` շարժապատկերի նկարահանող եւ լուսանկարիչ Գարեգին Պապոյեան տեսած էր Լենա տատը եւ որոշած` անոր մասին ժապաւէն նկարել: Լրագրողներու հետ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Յարդէ մարդու եւ քաղաքական փուչիկի միջեւ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Գոնէ խօսքի մակարդակի վրայ ամէն մարդ կ՛ուզէ իր լուման ներդնել Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգ ապագայի կերտման հարցի մէջ բոլոր հայերուն ձայնը կենսական է: Ի վերջոյ հարցը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի հաւաքական ապահովութեան եւ զարգացման: Այս հիմնախնդրին մէջ պէտք է լսել ձայնը բազմաց: Սակայն, բազմաց ձայնը պէտք չէ վերածուի բազում աղմկարարութեան վասն քաղաքական սին...

Ազատիլ Ոչնչապաշտութենէ

Ազատիլ Ոչնչապաշտութենէ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Վերջերս Երեւանի մէջ վերահրատարակուեցաւ «Հանրային հեռուստաընկերութեան» լրագրող, պատկերասփիւռի հաղորդավար, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» աշխատութիւնը, որ մասնագիտական խոր ու հանգամանալից անդրադարձ մըն է Մերձաւոր Արեւելքի յետգաղութային շրջանին` մինչեւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակը: Գիրքի լոյս ընծայման առթիւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը հարցազրոյց մը կատարեց Աբրահամ Գասպարեանի հետ: Հարցազրոյցը համընկնեցաւ Երեւանի մէջ յուլիսի...

Անդրադարձ.  Թուրքիոյ Եւ Թուրք-Ամերիկեան  Յարաբերութեան Մասին

Անդրադարձ. Թուրքիոյ Եւ Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութեան Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15-16 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախող փորձը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին արտօնեց արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ իր լիազօրութիւնները ընդլայնելով ամրապնդել իր իշխանութիւնը` առանց կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման համար սահմանադրական բարեփոխումներու բարդ ու դժուարութեան մատնուած հոլովոյթի տաղտուկին: Յեղաշրջման փորձին եւ լիազօրութեան ընդլայնումին պատճառով մենատիրութեան ուրուականը դարձաւ շօշափելի իրականութիւն մը եւ ժողովրդավարութեան նահանջը ստացաւ այնպիսի գերարագ կշռոյթ...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Կոյր Երաժիշտը, Ով Տեսնում Էր Հոգու Աչքերով

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Հայ ազգային դաշնամուրային երաժշտութեան հիմնադիրներից, ում արուեստը զարդարեց ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ փայլեց միջազգային ասպարէզում: Իսկ մանուկ հասակում երկու աչքերի տեսողութիւնից զրկուելը երբեք արգելք չդարձաւ իր զարգացման ու ձեռքբերումների համար, այլ ընդհակառակը. հէնց նրա հեղինակութեամբ էր, որ Հայաստանում ստեղծուեց կոյրերի համար նախատեսուած յատուկ տեսակի այբուբենը: Շարունակ ստեղծագործելով ու մշտապէս հիացնելով` երգահան, դաշնակահար Նիկողայոս Թադեւոսի Տիգրանեանը երկար, բեղմնաւոր կեանք...

Ռուս-Թրքական Հաշտութի՞ւն

Ռուս-Թրքական Հաշտութի՞ւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Խաչի ու կիսալուսնի միութիւն Մոսկուացի երգիծանկարիչ Սերկէյ Ելքին այսպէս խորգրած է իր երգիծանկարը՝ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու վերականգնման մասին։ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու անցեալ շաբթուան հանդիպումը տարաբնոյթ արձագանգի արժանացած է թերթերու, լրատու կայքերու եւ, անխուսափելիօրէն, ընկերային ցանցերու մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու տեսակէտներէն եւ երգիծանկարիչներու ստեղծագործութիւններէն աւելի, համացանցին մէջ կը վխտան այս մասին եղած հեգնական արտայայտութիւնները: Նախ կը ներկայացնենք արեւմտեան եւ...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Սուրիոյ Տարաայէն Մինչեւ Իշխանաձոր

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Անցեալ շաբաթ հրաւիրուած էինք Արցախի Քաշաթաղ շրջանի (նախկին Լաչին) Իշխանաձոր գիւղը, մասնակցելու նորակերտ բնակարաններու յանձնման հանդիսութեան: Իշխանաձորը Բերձորէն դէպի հարաւ, շուրջ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի. նկատի ունենալով անոր աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն գիւղի բնակեցման համար յատուկ ծրագիրներ մշակած է: Մեր այցելութեան օրը կառավարութիւնը նորակերտ 18 տուներ յանձնեց Իշխանաձոր հաստատուող ընտանիքներու: Քաշաթաղի վարչական շրջանի...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Սրտի Խօսք` Հայ Մամուլի Հաւատարիմ Ընթերցողներուն (Միսաք Գայայեանին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ըստ երեւոյթին տակաւին որոշակի շրջան մըն ալ հայ տպագիր մամուլը պիտի պահէ իր կենսունակութիւնը շնորհիւ հայ հաւատաւոր ընթերցողներու, որոնց յամառ եւ յարատեւողի պահուածքին ի պատասխան, հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացող հովանաւոր միութիւններ եւ կուսակցութիւններ, անհատներ թէ բարերարներ պիտի շարունակեն սատար կանգնիլ անոր տարածումին: Միւս կողմէ նաեւ, կարելի չէ մտահան ընել եզակի նուիրումն ու անգնահատելի ներդրումը հայ գիրի ու մտքի...

Ի՞նչ Պէտք Է Զիջի Ազրպէյճանը

Ի՞նչ Պէտք Է Զիջի Ազրպէյճանը

Հարցազրոյց Արցախի Նախագահի Մամուլի Խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Պաքւում յայտարարել է, թէ Ռուսաստանը ձգտելու է, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան փոխզիջումային եւ երկուստեք ընդունելի լուծում գտնեն: Այս մասին յայտնում է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը: «Դա իսկապէս խնդիր է, որը մեզ է հասել խորհրդային անցեալից: Գիտեմ` որքան սուր է հարցը ե՛ւ Ազրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի համար: Մենք...

Հարցազրոյց Բեմագիր Եւ Բեմադրիչ Էրիկ Նազարեանի Հետ

Հարցազրոյց Բեմագիր Եւ Բեմադրիչ Էրիկ Նազարեանի Հետ. «Ամէնէն Լաւ Վրէժը Ապրիլն Ու Նախնիներուն Երթը Շարունակելն Է»

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնին մէջ Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան վերարտադրեց իր ապրած դաժան կեանքն ու երիտասարդի հոգեխոցը` իր ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնելով հանրութեան: Ան դարձաւ միջազգային երեւոյթ, գոյատեւման, բարեացակամութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան գործած աւերին խորհրդանիշը: «Մինչեւ այսօր Արշալոյսը կը մնայ Ցեղասպանութեան ապրող յիշողութեան վկայութիւն եւ հայութեան երախտագիտութիւնը` զինք փրկողներուն նկատմամբ:  Արշալոյսը ամբողջ սերունդի մը համար դարձաւ խորհրդանիշը լոյսի եւ յոյսի»: Տողեր`...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային մագլցող տագնապը` անգործութիւն, արտագաղթ, մեծահարուստներու աճող դասակարգ, միջակ դասակարգի բացակայութիւն եւ յարատեւ աճող աղքատներու դասակարգ` հետեւանք են ազգային հարստութեան անհեռատես տնտեսումին, թալանումին, անարդարութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութեան: Խորհրդային Միութեան քաղաքացին ունէր երկու տեսակի սեփականութիւն. անհատական` իրերու եւ հաւաքական` հողագործութեան (կոլխոզ), կամ աշխատավայրի (կոլեկտիւ). իր տան կամ գործատեղիին կալուածային սեփականութիւն չունէր, բոլոր հողերը, կալուածները, գործարանները, արհեստանոցները...

Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ «Հնչող Քննադատութիւնը»

Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ «Հնչող Քննադատութիւնը»

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առանց յուլիսեան երկշաբաթեայ իրադարձութիւններուն վերջնական վերլուծման մը յաւակնութեան, օգոստոս մէկի իր ելոյթով նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուամենայնիւ հրամցուց քանի մը եզրակացութիւն: Անոնց կարգին` անընդունելի համարեց հարցերը զէնքով լուծելու «որեւէ միտում իսկ», միեւնոյն ժամանակ չանտեսեց, որ ժողովուրդի «մի հատուածի մօտ» առկայ են «մտահոգութիւններ»: Մինչ նման սկզբունք հազիւ թէ կարելի է հարցականի տակ առնել, նախագահին խօսքին մէջ տարբեր հաստատումներ եւ...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Երէկուան պէս կը յիշեմ, որ 33 տարի առաջ հարիւրաւոր հայրենասէր ազգակիցներ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ անոր Ժան Կուժոն թաղը եկած էին` յարգելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւած հինգ հերոս նահատակներուն յիշատակը: Ներկաներուն բաժնուած թռուցիկին վրայ դրոշմուած էին Լիզպոնի հերոսներուն նկարներն ու անունները` ֆրանսերէն հետեւեալ պատգամով.  «Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեանը մէջ»: Գուցէ շատերը յիշեն,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ 30 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Քրիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկներու միաւորներուն: Յայտագիրը կը բովանդակէր Լիզպոնի գործունէութեան մասին դասախօսութիւն, հերոսները անմահացնող երգի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ մարզանք: Առտու տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր գայլիկ-արծուիկները մոմավառութիւն կատարեցին...

Ակնարկ.   Ֆրանսայի Խորհրդարանի  Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

Ակնարկ. Ֆրանսայի Խորհրդարանի Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքին  Արցախի նախագահին տուած հարցազրոյցը տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Խնդրայարոյց հարցազրոյցի վերածուած այս երեւոյթը հայկական ելեկտրոնային եւ յատկապէս այլընտրանքային լրատուութեան դաշտին մէջ աղմուկ բարձրացուցած է եւ այս ուղղութեամբ գրառումներու եւ հաստատումներու հեղեղի մը առիթ տուած: Նախ, երկու խնդրայարոյց բաժինները մէջբերենք. խորագիրը` «Ազրպէյճանը իր մէջ պէտք է գտնէ կամք` մերժելու ցեղային կարծրատիպերը արցախցիներուն եւ հայերուն նկատմամբ»: Պարզ...

Page 902 of 1110 1 … 901 902 903 … 1,110

Արխիւներ