ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Թուրքիոյ արդի հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ 1923-ին, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ, որ եղաւ նաեւ առաջին նախագահը եւ աշխարհիկ վարչակարգ սահմանեց երկրին մէջ: Այն ժամանակէն ի վեր փորձեր եղան Աթաթիւրքի սկզբունքներէն շեղելու դէպի արմատական իսլամութիւն, սակայն անոնց վերջ դրուեցաւ բանակին կողմէ. անոնցմէ վերջինն էր Նեճմէտտին Էրպաքանի իսլամական վարչակարգի փորձը (1996-1997):
Այսուհանդերձ, Ապտիւլլա Կիւլ (2002-2003), Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան (2003-2014) եւ Ահմեթ Տաւութօղլու (2014-2016), որոնք իսլամ-արմատական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ են, յաջորդաբար երկրի վարչապետները եղան. Կիւլ նաեւ նախկին նախագահն էր (2007-2014), իսկ Էրտողան` ներկայիս գործող նախագահը: Պինալի Եըլտըրըմ, որ նոյն կուսակցութեան անդամ է, նաեւ ներկայիս գործող վարչապետն է: Հետեւաբար իսլամ կրօնական խաղաթուղթը կրկին սեղանի վրայ է եւ այս անգամ կը խաղցուի երկու հզօր կողմերու միջեւ` Էրտողան եւ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն:
Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Եւ «Հիզմեթ»-ը
Ֆեթհուլլահ Կիւլեն ծայրայեղ կրօնամոլ եւ իսլամութիւն քարոզող մտաւորական մըն է. ան եղած է մոլլա` իսլամութեան քարոզիչ: Զմիւռնիոյ «Քասթանէ պազար» մզկիթէն դուրս ելլելով` ան պտտած է Թուրքիոյ զանազան վայրերը` իբրեւ քարոզիչ եւ իր դրոշմը ձգած է ամէն տեղ: Իր հետեւորդները իրենց նուիրատուութիւններով բազմաթիւ դպրոցներ եւ մզկիթներ կառուցած են, նոյնպէս` թերթեր եւ գիրքեր հրատարակած ու ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններ հիմնած: Նախկին խորհրդային իսլամ երկիրներու եւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ իր դպրոցները ընդարձակելով, ի միջի այլոց նաեւ Ամերիկայի մէջ (շուրջ 100 դպրոց), «Հիզմեթ» (արաբերէնով` ծառայութիւն) կոչուած Կիւլենի ծրագիրը հսկայ ուժ մը դարձաւ, մասնաւորապէս երբ ան իր առեւտրական եւ գործառնական ներդրումները ու կապերը ունեցաւ երկրէն ներս թէ դուրս. Կիւլեն դարձաւ քաղաքական գործիչ եւ մեծ ազդեցութեան տէր անձ: Արեւմտեան մամուլը Կիւլենը թշնամի չնկատեց, սակայն իր թուրք հակառակորդները զայն իսկակա՛ն վտանգ համարեցին Թուրքիոյ աշխարհիկութեան:
1999-ին, պետութեան ճնշումին տակ, Կիւլեն երկիրը լքեց եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցաւ: Ան իր հետեւորդներուն յայտնած էր, թէ ինք դանդաղօրէն պիտի աշխատի Թուրքիոյ աշխարհիկ համակարգը փոխելու եւ փոխարէնը` իսլամական համակարգ հաստատելու. բան մը, որ իրականացնել կ՛աշխատի նաեւ Էրտողա՛նը:
Էրտողան Եւ Օսմանեան Նոր Կայսրութիւնը
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կրցաւ իր երկրին տնտեսութիւնը զարգացնել, բաւական ուժեղ բանակ պատրաստել եւ իսլամներու աջակցութիւնը ապահովել: Ան նոր-օսմանեան կայսրութիւն մը հիմնելու ծրագիր պատրաստած է. իր յաջորդ ծրագիրն է` երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգը նախագահական համակարգով փոխարինել, նոր սահմանադրութիւն որդեգրել եւ երկիրը աւելի ազատ կերպով ղեկավարել: Այսպիսով, ան մենատիրութեան կը ձգտի եւ կը ջանայ իր արդի օսմանեան կայսրութեան տնտեսական, կրօնական ու ռազմական ազդեցութիւնը ընդարձակել դէպի արեւելք, Ասիոյ թրքախօս երկիրները, եւ հարաւ` դէպի արաբական երկիրներ: Էրտողան շատ կողմնակիցներ ունի իր երկրէն ներս, սակայն, միաժամանակ նաեւ` ընդդիմադիրներ… Կիւլենի հետեւորդները ութոտնուկի նման տարածուած են պետութեան բոլոր օղակներէն ներս, ինչպէս նաեւ` բանակին մէջ. քիւրտերը զինեալ պայքար կը մղեն Էրտողանի դէմ. Պահչելիի քեմալական կուսակցութիւնն ալ համակիր չէ անոր: Իսկ երկրէն դուրս Էրտողան մի՛շտ մեղադրուած է զինք քննադատողները լռեցնելուն համար, նմանապէս` քիւրտերու հանդէպ իր վարած բիրտ քաղաքականութեան համար:
Եւրոմիութեան դռները արդէն իսկ փակ են անոր դիմաց:
Թուրքիոյ Ներկայ Իրադարձութիւնները
Ուրբաթ, 15 յուլիս 2016-ին պետական հարուած մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ վաղահաս լուրերուն, բանակի մաս մը անդամներ փորձեցին Էրտողանի կառավարութիւնը զէնքով տապալել: Քանի մը ժամ ետք պետութիւնը յայտարարեց, որ փորձը ձախողած է, եւ կացութիւնը պետութեան հսկողութեան տակ է: Բայց եւ այնպէս, պետութիւնը կոչ ըրաւ ժողովուրդին փողոցները եւ հրապարակները իջնելու` օրինականութիւնը եւ ժողովրդավարութեամբ ընտրուած Էրտողանի կառավարութիւնը պաշտպանելու համար: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները տասնեակ հազարներով իջան փողոց, մաս մը` իրենց կառքերով, եւ փակեցին ճամբաները. անոնցմէ շատեր պատրաստուած էին զէնքերով… յեղաշրջումը երկար չտեւեց:
Հարուածը կազմակերպուած էր բանակի մաս մը դժգոհ սպաներու կողմէ, սակայն Էրտողան առիթէն օգտուելով` Կիւլենի հետեւորդները ձերբակալեց եւ զանոնք անուանեց «զուգահեռ պետութիւն», որուն անդամները պետութեան բոլոր լծակներէն ներս կը գործեն եւ ենթարկուած են Կիւլենին: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ձերբակալուեցան, «Հիզմեթ»-ի պատկանող հարիւրաւոր դպրոցներ փակուեցան, եւ հազարաւոր ուսուցիչներ պաշտօնազուրկ եղան: Անոր պատկանող թերթերուն եւ տպարաններուն վրայ ձեռք դրուեցաւ, իսկ անոր ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները փակուեցան… հարիւրաւոր զինուորականներ, դատաւորներ, լրագրողներ (միայն «Զաման» թերթէն` 43 լրագրող), դեսպաններ եւ պետական պաշտօնեաներ ձերբակալուեցան. պետական համալսարաններու եւ քոլեճներու 145 նախագահներ եւ տնօրէններ ակամայ իրենց պաշտօններէն հրաժարեցան եւ անոնց արգիլուեցաւ արտասահման ճամբորդել:
Յայտնի բան է, որ այդ ցանկերը նախօրօք պատրաստուած էին…
Իբրեւ հետեւութիւն` Թուրքիան Ամերիկայէն պահանջեց իրեն յանձնել Ֆեթհուլլահ Կիւլենը:
Էրտողան Եւ Կիւլեն` Իրարու Դէմ
Էրտողան եւ Կիւլեն… երկուքն ալ կը փառաբանեն Թուրքիոյ ազգային ինքնութիւնը եւ օսմանեան պանծալի անցեալը, սակայն կը տարբերին քիւրտերու խնդիրին, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն առումով: Երբ Էրտողանի կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ 2001-ին, Կիւլենի օրհնութիւնները ստացաւ, իսկ 2003-2013 Կիւլեն թիկունք կանգնեցաւ Էրտողանին. անոնք գործակցեցան տկարացնելու համար աշխարհիկ դասակարգը` կառավարութեան եւ բանակին մէջ. բաւակա՛ն ալ յաջողեցան… իսկ երբ ժառանգը կիսելու հասան, ՀԻՆ բարեկամները ՆՈՐ թշնամիներ եղան: Կիւլենի շարժումը իր բաժինը ուզեց երկրի շահաբեր գործերէն եւ արտաքին առեւտուրի նախաձեռնութիւններէն. Կիւլեն ուզեց իր ղեկավարի հանգամանքը հաստատել եւ երկրի իշխանութիւնը Էրտողանի հետ կիսել, ինչ որ Էրտողանի մենատիրութեան ծրագիրներուն յարիր չէր:
Վերջապէս, 2013-ին անոնց յարաբերութիւնները խզուեցան, եւ 10 տարուան բարեկամութիւնը թշնամութեան վերածուեցաւ: Կիւլեն մնայուն կերպով աշխատեցաւ իր ազդեցութիւնը ընդարձակել պետութեան մէջ եւ նոյն ժամանակ` Էրտողանի կառավարութեան տկար կողմերն ու վարչակարգի փտութիւնը լուսարձակի տակ առնել: Այսպիսով, Կիւլեն եղաւ Էրտողանի թիւ մէկ թշնամին:
Թուրքիոյ Ապագայի Կարելիութիւնները
Թուրքիոյ ապագային համար շատ կարելիութիւններ ու տարբերակներ գոյութիւն ունին.
– Առաջին. երկիրը անկայուն պիտի մնայ: Այս մէկը կարելի է, թէեւ Էրտողան Կիւլենի հետեւորդները կը չէզոքացնէ եւ քիւրտերուն ուժեղ հարուած կը հասցնէ անընդհատ. ան հզօր ոստիկանութեան կազմ մը կը պատրաստէ` իր չափանիշներուն համաձայն, եւ կրնայ ըլլալ, որ պատրաստուի նոր բռնակալ մը դառնալու, իսկ երկիրը բռնակալութեամբ կայուն չի պահուիր:
– Երկրորդ. Էրտողան պիտի կարենայ շարունակել իր ծրագիրները օսմանեան կայսրութիւն մը հիմնելու համար, տնտեսական եւ կրօնական հզօր հիմքերու վրայ, սակայն արեւմտեան երկիրները պիտի չհանդուրժեն Թուրքիոյ` տնտեսութեամբ մրցիլը իրենց հետ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. նոյն կեցուածքը պիտի ունենայ նաեւ Ռուսիան` նախկին խորհրդային թրքախօս երկիրներուն մէջ: Էրտողանի օգտագործած կրօնի խաղաքարտը ազդեցիկ պիտի չըլլայ այդ ժամանակ: Իրաք եւ Սուրիա շիի Իրանի հովանիին տակ կը գտնուին, եւ միւսները` ուահապական Սէուտական Արաբիոյ. Եգիպտոս դէմ է ծայրայեղ իսլամականներուն, իսկ նախկին խորհրդային թրքախօս երկիրները աւելի աշխարհիկ համակարգեր ունին:
– Երրորդ. քիւրտերը անկախութիւն ձեռք կը բերեն, եւ Թուրքիան կը պառակտուի: Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա այդ մէկը տկարութիւն պիտի նկատեն ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակիցին համար, եւ հաւանաբար Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) արմատներ ունեցող քրտական պետութիւն մը Ռուսիոյ հետ գործակցի, այլ ոչ թէ` արեւմտեան երկիրներու հետ:
Իրանի համար այս մէկը վտանգաւոր կ՛ըլլայ, իսկ քիւրտերը տակաւին պատրաստ չեն անկախութեան:
– Չորրորդ. Թուրքիոյ ժողովուրդը ա՛լ պիտի ձանձրանայ երկրի անկայունութենէն եւ պիտի պահանջէ, որ պետութիւնը քրտական հարցին խաղաղ լուծում մը գտնէ եւ դրացի երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ զարգացնէ:
Այս մէկը հնարաւոր չէ ներկայիս: Քիւրտերու հետ միասին նոյն երկիրը կառավարելու գաղափարը անընդունելի է թուրքերուն համար, իսկ դրացի երկիրներուն պարագան եւս շա՛տ բարդ է:
– Հինգերորդ. պետական նոր հարուածի մը կարելիութիւնը, ինչպէս գրած է Ռապըրթ Ֆիսք, «Ինտիփենտընթ, 16 յուլիս 2016», որ պիտի կարենայ սահմանափակել ծայրայեղական իսլամներուն ուժը եւ աշխարհիկ նախագահ մը նշանակել երկրին:
Այս մասին խօսելու համար շա՜տ կանուխ է…
Վստահաբար այլ հնարաւորութիւններու կարելիութիւններ եւս կան, եւ առաւել վստահ` Թուրքիոյ ապագան լի՛ է անակնկալներով:
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա
Յուլիս 2016