Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարդէ մարդու եւ քաղաքական փուչիկի միջեւ

Օգոստոս 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated-26

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Գոնէ խօսքի մակարդակի վրայ ամէն մարդ կ՛ուզէ իր լուման ներդնել Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգ ապագայի կերտման հարցի մէջ բոլոր հայերուն ձայնը կենսական է: Ի վերջոյ հարցը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի հաւաքական ապահովութեան եւ զարգացման:

Այս հիմնախնդրին մէջ պէտք է լսել ձայնը բազմաց: Սակայն, բազմաց ձայնը պէտք չէ վերածուի բազում աղմկարարութեան վասն քաղաքական սին հաշիւներու: Քանի մը օրեր առաջ, Արթուր Եղիազարեան շատ ճիշդ բնորոշումը կը կատարէր այս ժխոր կացութեան, երբ ան կը գրէր, «Հող տալ-չտալու թեման յոգնեցրեց: Յոգնեցրեց, քանի որ տեղից ելնող ամէն մէկը վայնասուն է բարձրացնում: Հողի վրայ ապրելով ու այն ապրեցնելով` չեն տալիս, հողը պաշտպանելով, անգամ անհրաժեշտութեան պահին` կեանքի գնով է, որ չեն տալիս»:

«Հողը չեն տալիս»: Այո՛, հողը չենք տալիս: Այս պարզ բանաձեւումին մէջ խտացուած է համայն հայութեան կեցուածքը: Ասկէ աւելի վճիտ ու հնչեղ չի կրնար ըլլալ հայութեան բազմաց ձայնը:

Բոլորս կը գիտակցինք, թէ բանակցային դրութիւն մը ընթացքի մէջ է հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ: Այս դրութիւնը նորութիւն չէ: Ան կը կիրարկուի 1994-էն ի վեր եւ տակաւին եզրայանգումի մը չէ հասած: Հարցի խաղաղ հանգուցալուծման վերաբերող բազմաթիւ տարբերակներ առաջադրուած են: Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները դրական խայծերու թէ` ժխտական ճնշումներու կը դիմեն, որպէսզի կողմերը յանգին ընդունելի եզրերու: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ հանգուցալուծման վերաբերող «թղթածրար» մը յայտնաբերուի, որոշ շրջանակներ գիւտարարի պատմուճան կը հագնին եւ վայնասուն կը փրցնեն, թէ «հողերը տալիս ենք»: Իրողութիւնը այն է, որ հանգուցալուծման այդ եզրերը տակաւին հասանելի չեն: Թերեւս երկար ատեն չըլլան:

Այսուհանդերձ, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ: Ինչո՞ւ այս ժխորային աղմկարարութիւնը` որոշ շրջանակներու կողմէ: Պատասխանը կարելի է որոնել ժխորային մթնոլորտի ստեղծման հակամէտ երկու մակարդակներու վրայ:

Առաջին, գոյութիւն ունի յարդէ մարդ ստեղծողներու փաղանգ մը, որուն կլանումի միակ սեւեռակէտը կեդրոնացած է իշխանութեան դէմ: Քաղաքական մրցապայքարի մէջ հակառակորդին կեցուածքը խեղաթիւրելով կամ անհիմն դիրքորոշումներ վերագրելով «յարդէ մարդ» մը ստեղծելու խաղը վաղուց պայքարի սովորական միջոց հանդիսացած է: Չգոյ հարց մը ստեղծելով կամ անհիմն վերագրումներ կատարելով կը շինուի յարդէ մարդ մը, որուն փայտէ սուրով քանդելու գործը պարզապէս հեշտութեան խնդիր կը դառնայ:

Մոսկուայի մէջ յայտարարութեան մը կամ մամլոյ լրագրողին տրուած պատասխանէ մը «զիջում» կամ «փոխզիջում» բառը առանձնացնելով յարդէ մարդ շինողներու փաղանգը անմիջապէս կ՛աղաղակէ. «Տեսա՞ք, հողերը տալիս են»: Ասոր լաւագոյն օրինակը պատահեցաւ վերջին օրերուն, երբ, խեղաթիւրելով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի մէկ հարցազրոյցը, իրեն վերագրուեցաւ «ողջմիտ զիջում» կատարելու շինծու կեցուածքը:

Պէտք է անդրադառնանք, որ խաղաղութեան գործընթացին մասնակից պետութեան մը ներկայացուցիչէն կարելի չէ ակնկալել հրապարակաւ արմատական եւ լոզունգային յայտարարութիւններ: Դիւանագիտական ճկունութիւնը եւ քաղաքական նրբութիւնը կը պահանջեն որոշ զսպուածութիւն: Այլապէս, շատ դիւրին է Իլհամ Ալիեւին հետեւելով մարտակոչի թմբկահարման դիմել:

Հողեր զիջելու յարդէ մարդը շինելով մենք պարզապէս կը հարուածենք մեր բանակցային սակարկութեան կարողականութիւնը: Աւելի՛ն, հող զիջելու անհիմն մեղադրանքը իշխանութեան դէմ պայքարի միջոցի վերածելը ո՛չ միայն քաղաքական տհասութիւն է, այլ նաեւ վտանգաւոր է մեր ազգային շահերուն համար:

Երկրորդ, գոյութիւն ունի նաեւ քաղաքական փուչիկ տրամադրողներու խմբակը, որ այլանդակ հիմնաւորումներով խորհուրդներ կը փոխանցէ հող զիջելու իրատեսութեան մասին: Այս խմբակին մաս կը կազմեն իրենք զիրենք քաղաքական վերլուծաբան կամ քաղաքագէտ ներկայացնող յարգելի մարդիկ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը չափազանցեն մեր ազգային տկարութիւնները եւ շրջանային ուժերու ազդեցութեան կարողականութիւնները, յանգելու համար այն եզրակացութեան, թէ պէտք է ընդունինք իրենց պատկերացուցած քաղաքական իրատեսութիւնը:

Այս խմբակի ներկայացուցիչներէն մին, ակնարկելով ազատագրուած տարածքներուն, կը պնդէր, որ անոնք «չեն կարող մնալ Ղարաբաղի կազմում. դա չի ընդունի ոչ միայն Ազրպէյճանը, այլ` ոչ մէկ»: Անշուշտ նկատելի է այս քաղաքագէտին մօտ հայկական կողմի դիրքորոշումը անտեսելու փութկոտութիւնը:

Ապա ան կը շարունակէ պնդել, թէ «Միջազգային հանրութիւնն այսօր Արցախը համարում է Ազրպէյճանի անքակտելի մաս»: Ուստի, իբրեւ իրատես լուծում, ան կը թելադրէ. «Այս պարագայում նոյնիսկ Ղարաբաղին տրուող «միջանկեալ կարգավիճակը» կը լինի փայլուն, ֆանթասթիք յաղթանակ, որը դուրս կը բերի այդ տարածքն Ազրպէյճանից` միջազգային իրաւունքի կտրուածքով»:

Մեզի հրամցուած այս քաղաքական փուչիկը այլ բան չէ, քան քաղաքական համակերպում` ի վնաս ազգային շահերու: Երեւակայածին «յաղթանակի» շպարով պարտուողականութեան լաւագոյն շեփորումն է այս մէկը, որ կրնայ միայն ցնծութիւն պատճառել Ազրպէյճանին եւ բաւարարութիւն` տարածաշրջանով զբաղող օտար ուժերուն:

Յարդէ մարդ շինողներու եւ քաղաքական փուչիկ փչողներու միջեւ, մեր ժողովուրդը կրնայ միայն հետամուտ ըլլալ իր անկատար տենչերու իրագործման, ուր առաջնահերթը մեր ազգային հողատարածքներու պահպանումն է:

Աղմկարարութեան վայնասունը կրնայ շարունակուիլ, սակայն մեր պապենական հողերու մասին խօսելու եւ լռելու իրաւունքը վերապահուած է հայրենի հողին համար իր արիւնն ու քրտինքը զոհաբերող մեր ժողովուրդին ու անոր պաշտպանական արի ուժերուն: Միայն անոնք կրնան վճռել հաշուետուութեան պահը: Եւ անոնք պիտի վճռեն այդ պահը` առանց աղմկարարութեան, առանց պատեհապաշտութեան եւ առանց փուչիկութեան:

 

 

 

Նախորդը

Ազատիլ Ոչնչապաշտութենէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի
Անդրադարձ

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

Փետրուար 4, 2023
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Փետրուար 4, 2023
Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը
Անդրադարձ

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In