ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արթուր Ալեքսանեանը նուաճեց մեր սիրտը իր շահած ողիմպիական ոսկի մետալով, բայց աւելի՛ն` մեր նահատակ հերոսներուն հանդէպ իր ցուցաբերած յարգալիր վերաբերմունքով:
Արթուրը իր ոսկի մետալը ստանալու պահը մեզի համար առանձնապէս նշանաւորեց` նահատակ Ռոպեր Ապաճեանի նկարը կրող շապիկով ներկայանալուն փաստով: Յուզուեցանք ու գնահատեցինք: Այսպիսի երեւոյթներու` հայրենասիրութիւն խթանող հզօր ազդակներ ըլլալու իրողութիւնը կարելի չէ թերագնահատել:
«Իմ յաղթանակս կը նուիրեմ սահմանը պաշտպանող բոլոր զինուորներուն ու պաշտպանութեան ընթացքին ինկած մեր բոլոր զոհերուն», յայտարարեց Արթուր: Պատերազմէն նոր դուրս եկած ժողովուրդի մը զաւակը, բնականաբար, պէտք է այդպէս ընէ` կը մտածենք: Բայց հաւատացէ՛ք, որ եթէ Արթուրը մեզ չյիշեցնէր մեր պարտքն ու պարտաւորութիւնը` մեր իրագործումներու, յաղթանակներու ու ձեռքբերումներու պահերուն հայրենիքի պաշտպաններուն հանդէպ, ապա մենք պիտի բաւարարուէինք ծափահարելով ախոյեանը, իբրեւ մեր հայրենիքին պատիւը բարձր պահող մարզիկի, իսկ հայրենիքին հանդէպ յաւելեալ յանձնառութեան, յաւելեալ պարտքի գիտակցումը կրնար կորսուիլ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:
Արթուրին պատգամին էութիւնը ա՛յդ էր. յիշենք մեր նահատակները, պանծացնենք անոնց յիշատակը ու գնահատենք այսօր սահմանին կանգնած զինուորներուն խիզախութիւնը, անոնց նուիրումը, եւ մեր շահածին, մեր ձեռք բերած յաջողութիւններուն ու մեր փառքին բաժնեկից դարձնենք զանոնք:
Ինչպէ՞ս:
Բոլորիս, անշուշտ, ողիմպիական բարձունքներէն փառքի պսակներ խլելու բախտ չի վիճակուիր, սակայն, իւրաքանչիւրս, մեր առօրեայ կռիւներուն, պայքարներուն ընթացքին, մեծ ու փոքր նուաճումներ կ՛արձանագրէ կամ կը փորձէ արձանագրել: Երբ յաջողինք` չմոռնա՛նք մեր շահէն բաժին հանել ազգային ձգտումներու իրականացման նուիրուած ծրագիրներուն ու կազմակերպութիւններուն:
Շնորհակա՛լ ենք, Արթուր, քու հզօր բազուկով նուաճած ախոյեանութեան եւ հզօր սրտով մեզի փոխանցած պատգամիդ համար: