ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնին մէջ Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան վերարտադրեց իր ապրած դաժան կեանքն ու երիտասարդի հոգեխոցը` իր ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնելով հանրութեան: Ան դարձաւ միջազգային երեւոյթ, գոյատեւման, բարեացակամութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան գործած աւերին խորհրդանիշը:

«Մինչեւ այսօր Արշալոյսը կը մնայ Ցեղասպանութեան ապրող յիշողութեան վկայութիւն եւ հայութեան երախտագիտութիւնը` զինք փրկողներուն նկատմամբ: Արշալոյսը ամբողջ սերունդի մը համար դարձաւ խորհրդանիշը լոյսի եւ յոյսի»:
Տողեր` Արշալոյսին նուիրուած վերջին ժապաւէնէն
Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանին
Նուիրուած Կարճ Ժապաւէն
«100 կեանք» հիմնադրամին կողմէ ստեղծուած «Աւրորա» մրցանակի յանձնումին առաջին տարուան առիթով Էրիկ Նազարեանի վստահուեցաւ 5 վայրկեան տեւողութեան ժապաւէնով մը ներկայացնել Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանը:
Շատ խօսուած է Արշալոյսին մասին, անոր ողբերգութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն եւ դրամահաւաքներուն մասին, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ու դաժան իրականութեան դէմ յանդիման եղող այդ աղջնակին մասին: Նման անձի մը վերաբերող կարճ ժապաւէն պատրաստելու պարտաւորութիւնը ստանձնած Էրիկ Նազարեան հետեւեալ ձեւով կը պատմէ իր փորձառութեան մասին:
«Կեանքիս մէջ եղած են ճակատագրական պահեր, որոնց բացատրութիւնը ես ինքս չեմ կրնար գտնել: «Պոլիս» ժապաւէնի պարագային, օրինակ, 30 տարի առաջ մեծ հայրս այդ բառը կը գործածէր, ես միշտ մտքիս ու ներաշխարհիս մէջ ունէի նման ժապաւէնի պատրաստութեան գաղափարը, սակայն ծրագրած չէի նման նախաձեռնութեան մը, որ ծերունի մարդը իր ծննդավայրը վերադառնայ իր մեծ հօր խանութը գտնէ եւ այդ խանութին մէջ հանդիպի մէկու մը, որ իր նախնիներուն պատմութիւնը պատմէ, եւ այս բոլորին ճամբով ինք կարենայ հասկնալ, թէ ի՛նչ է հայուն ողբը:

«18 տարեկան էի, երբ Արշալոյս Մարտիկանեանը մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ` մեր ապրած շրջանէն ոչ շատ հեռու, անոր մասին ես 1994 թուականէն գիտեմ, այսինքն` 22 տարիէ, սակայն ցաւ ի սիրտ այդ ատեն ինք մեր գաղութին կողմէ մոռցուած էր. շատ ահաւոր ու ցաւալի կեանք ու ողբերգութիւն ապրած այդ կնոջ մեր համայնքը, առանց որեւէ նպատակի մոռնալով, դաւաճանած է: Ասիկա հայութեան բնաւորութիւնն է կարծէք` գնայ մեռիր, եկուր սիրեմ: Պէտք էր անոր գուրգուրային, անով հետաքրքրուէին ու պահպանէին զայն, երբ տակաւին կենդանի էր, այդ ատեն հայկական դպրոցներուն մէջ այս կնոջ հերոսութիւնը պէտք է ցոյց տային, եւ ոչ թէ մեռնելէն 22 տարի ետք անոր անունով մրցանակ ըլլար եւ անոր մասին խօսուէր: Հաստատեմ, որ ճիշդ եւ լաւ աշխատանք կը տանին այսօր, սակայն ցաւս այն է, որ իր կենդանութեան չկատարուեցաւ այս բոլորը:
«Այս ժապաւէնի պատրաստութեան առաջարկով ինծի դիմեց մրցանակի հիմնադիր, մոսկուաբնակ յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեանը, սակայն բաւական ուշ: Այդ ատեն ես սկսած էի Քրիս Պոհճալեանին վէպին հիման վրայ պատրաստուելիք ժապաւէնին վրայ աշխատիլ, սակայն նկատի ունենալով, որ Արշալոյս Մարտիկանեանին տեղը շատ մեծ էր սրտիս մէջ, ընդառաջեցի: Պէտք է հոս այլ իրականութիւն մըն ալ լուսարձակի տակ բերել, Արշալոյսին վերաբերող լուսանկարները, տեղեկութիւնները եւ գերեզմանուելու մօտեցած այս պատմութիւնը լոյս աշխարհ բերելու իմաստով մեծ ու յառաջատար աշխատանք տարած է Անթոնի Սլայտը, որ մոռցուած այս կարեւոր պատմութեան մասին գիրքեր հրատարակեց, «Յօշոտուած Հայաստան»-ը ինք գտաւ, նկարներու փնտռտուք կատարեց եւ անմահացուց Արշալոյսին պատմութիւնը: Շատեր Անթոնի Սլայտի անունն իսկ չեն գիտեր, ինչ որ մեծ ցաւ ու ընդվզում կը պատճառէ ինծի, որովհետեւ մենք այդ մարդը պէտք է յարգենք, ի՛նք պատմութիւնը ամբողջացուց եւ ներկայացուց հանրութեան»:
Նկատի ունենալով Արշալոյս Մարտիկանեանի ապրած կեանքի տարբեր փուլերը, Էրիկ Նազարեան Ռուբէն Վարդանեանին ուշադրութեան յանձնած է այն, որ 5 վայրկեանը շատ կարճ ժամանակ է անոր նման անձի մը կեանքը ներկայացնելու, սակայն մրցումի ծիրին մէջ ներկայացուող ժապաւէնին նպատակը Արշալոյսը իբրեւ երեւոյթը լուսարձակի տակ բերելն էր, եւ ոչ թէ անոր ապրած ողբերգութիւնը:
«Գծանկարի (էնիմէյշըն) ճամբով պատրաստուեցաւ ժապաւէնը, այս առումով մասնագէտ եղող Չինաստանի իմ գործընկերներուս հետ ուղղակի կապ հաստատեցի, շուրջ 7 շաբթուան ընթացքին աշխատանքը գլուխ հանեցինք, դիմեցի ամերիկահայ նշանաւոր ռոք երգիչ, երգահան, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանին, որ մօտիկ բարեկամս է, եւ միշտ կը գործակցինք իրարու հետ, որպէսզի երաժշտութիւնը պատրաստէ, ինք ալ մեծ սիրով ընդառաջեց: Կարողացայ գծապատկերի ճամբով այս 5 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը պատրաստել այնպէս, որ թէ՛ ծառայէ «100 կեանք»-ի ընդհանուր նպատակին եւ փափաքին, ինչպէս նաեւ, կը կարծեմ, թէ՛ փոխանցեցի այն պատգամը, որ միշտ օտարը չէ մեզ փրկողը, ինչպէս որ յաճախ կը ներկայացուի, այլ իսկութեան մէջ հայ ժողովուրդը ինքզինք փրկած է, կան նաեւ այս առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցած հայ հերոսներ: Ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է անտեսենք օտար օժանդակողները, Մորկընթաուին, Մարիա Ճեքըպսընին եւ միւսներուն նկատմամբ եղած յարգանքին արժանի են անոնք, մենք կը համբուրենք անոնց ձեռքերը, Աստուած անոնց հոգին լուսաւորէ, սակայն կայ նաեւ միւս իրականութիւնը, որ այս քանի մը հոգին չեն կրնար ամբողջ ազգ մը փրկել: Պէտք է նաեւ մեր ժողովուրդի հերոսներուն արձագանգենք: Այս պատճառով ալ ուզեցի, որ Արշալոյս Մարտիկանեանի այս պատմութիւնը ոգեւորող ըլլայ մէկ կողմէ, սակայն միւս կողմէ կոյր չփորձենք ձեւանալ», յայտնեց Է. Նազարեան:
Բեմադրիչը նաեւ անդրադարձաւ Արշալոյս Մարտիկանեանի վերաբերող «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնին` նշելով, որ անիկա լաւ ժապաւէն չէ, այլ պատրաստուած է քարոզչութեան համար, որպէսզի դրամ հաւաքուի, եւ «Նիր Իսթ ռիլիֆ» հիմնադրամը օգնէ որբերուն` աւելցնելով, որ այս առումով ալ ժապաւէնը իր նպատակին ծառայած է: Էրիկ Նազարեան այս իրականութեան գիտակցելով` վճռած է օր մը Ա. Մարտիկանեանին նուիրուած համապարփակ ժապաւէն մը պատրաստել:

«Սակայն կարելի չէ նաեւ ծածկել այն իրականութիւնը, որ իր երիտասարդութեան Հոլիվուտի մէջ «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնի պատրաստութեան ատեն Արշալոյս որքան չարչարուեցաւ, փաստօրէն, ինք երկրորդ ցեղասպանութիւն ապրեցաւ: Տարիներէ ի վեր ես կը խօսիմ այն մասին եւ իմ ծրագիրներուս մէջ ունիմ այն, որ եթէ Աստուած ուզէ, 10 ժամնոց կարճ ֆիլմաշար մը պիտի պատրաստեմ Արշալոյս Մարտիկանեանին մասին` ներկայացնելով անոր կեանքին ու չարչարանքին վերաբերող ամէն ինչ անխտիր, մինչեւ իր մահը: 10 ժամուան կարիք ունիմ, որպէսզի այս կնոջ վերաբերող ամէն ինչ ըսուի, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ երեւակայել, թէ այս կինը որքան տառապած է. ան Յիսուսի չարչարանքը ապրած է, այդ ալ` կրկնակի, առաջինը երբ ապրեցաւ այդ բոլորը, իսկ երկրորդը, երբ ժապաւէնի պատրաստութեան ատեն մարմնաւորեց զանոնք: Ասիկա կրնայ վերածուիլ մեծ վէպի մը, որ ցոյց կու տայ Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ անկէ վերապրած աղջկայ մը պատմութիւնը, միեւնոյն ատեն այն, որ ինք ինչպէ՛ս կը դառնայ համաշխարհային ողբ, ինչպէ՛ս լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու երեւոյթը, սակայն ասիկա ընելու համար ինք Ցեղասպանութիւնը կը վերապրի: Ճիշդ է, որ 60 հազար որբի համար 30 միլիոն տոլար հաւաքուած է, սակայն, այս կնոջ կեանքը երկրորդ անգամ տապալած է, իսկ ո՞ւր է հաւասարակշռութիւնը, ի՞նչը ճիշդ է եւ ի՞նչը սխալ: Այս բոլորը պէտք է լաւապէս սերտուին, մարսուին եւ ներկայացուին: «Հաւանաբար շուրջ 10 տարուան աշխատանքի կարիք կայ նման բան մը լաւապէս ներկայացնելու համար, սակայն խորքին մէջ ուրախ եմ, որ այս կարճ ժապաւէնը սկիզբ մը եղաւ, անոր ճամբով պատգամ փոխանցուեցաւ, եւ թերեւս անիկա խթան հանդիսանայ Արշալոյսի մասին յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու», նշեց Էրիկ Նազարեան: Արշալոյս Մարտիկանեանին նուիրուած ժապաւէնը կարելի է դիտել այցելելով https://auroraprize.com/en/aurora/article/multimedia/9965/aurora-a-film-by-eric-nazarian կայքը:
«Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները»
Վէպը` Դէպի Մեծ Պաստառ
Ներկայիս Էրիկ Նազարեան լծուած է աշխատանքի Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը 2 ժամ 15 վայրկեան տեւող ժապաւէնի վերածելու. նման գիրք մը ժապաւէնի վերածելու ընտրութիւնը կատարած բեմադրիչը պատմեց. «Նախ ըսեմ, որ շնորհիւ Խաչիկ Մուրատեանին ծանօթացայ Քրիս Պոհճալեանին: Տարիներ առաջ, երբ «Շինտլըրզ լիսթ» ժապաւէնը դիտելու գացի, տակաւին 17 տարեկանիս, եւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս երեխաները կը բաժնեն մայրերէն, ներքին անբացատրելի բան մը արթնցաւ մէջս, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին որբերու պատմութիւնը, որբ հաւաքողներուն կատարածը անպայման պէտք է ժապաւէնի վերածեմ մինչեւ մահանալս: 1993 թուականէն մինչեւ 2012 թուական, երբ «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» լոյս տեսաւ, այս ներքին ձայնիս անսալու առումով մնայուն փնտռտուքի մէջ էի, համալսարանին մէջ իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ կը գրէի Ցեղասպանութեան մասին` Կոմիտասի, Արշիլ Կորքիի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլոց: Այդ բոլորը հոյակապ էին, սակայն շարժապատկեր չէին, որովհետեւ ատիկա տարբեր բան է: Պատմելը բոլորովին կը տարբերի ժապաւէնի վերածելէն: Այդ էր իմ ամէնօրեայ պատերազմս ինքս ինծի հետ, թէ լաւ գաղափարը ի՛նչ է, լաւ ժապաւէնը ի՛նչ է, այդ երկուքին հանդիպակաց կէտը ո՛ւր է:
«Երբ կարդացի Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը, ուղղակի հեռաձայնեցի Խաչիկ Մուրատեանին եւ ըսի, թէ օրակարգիս վրայ եղած ամէն աշխատանք մէկդի պիտի դնեմ եւ պիտի սկսիմ այս գիրքը ժապաւէնի վերածելու աշխատանքին, որովհետեւ անիկա իւրայատուկ կառոյցով գրուած է: Առաջին գլուխը Լորա Պետրոսեանին մասին է, 1914 թուականին, երկրորդ գլուխը 1915 թուականն է: Ըլլալով նաեւ պաշտօնակիցներուս համար բեմագրութիւններ գրող, կը սիրեմ այդ մէկը կատարել, կը սիրեմ բոլոր կերպարները կեանքի կոչել եւ զանոնք ձեւով մը իրարու միացնել: Երբ սկսիմ գրել, օրական 16 ժամէն նուազ չեմ գրեր, սակայն ատիկա ընելու համար նախ պէտք է պատրաստուիլ. նման է մարաթոնին, որովհետեւ անգամ մը, որ լաւապէս պատրաստուած ես, անկէ ետք միանգամայն պիտի յառաջանաս: Ուստի լիովին պատրաստ էի վէպը բեմագրութեան վերածելու:
«Ինծի համար Քրիս Պոհճալեանը աշխարհի ամէնէն լաւ գրողն է, որուն հետ կարելի է աշխատիլ. իսկապէս բախտաւոր եմ, որ իր գիրքը ժապաւէնի վերածելու բախտը տրուեցաւ ինծի: Համեստ, բարի, հասկցող եղբայր է ինծի համար, ասիկա իր ամէնէն կարեւոր գիրքն էր, իւրաքանչիւր էջի վրայ բաւական վախով, բծախնդրութեամբ եւ զգուշութեամբ աշխատեցայ, բայց ինք ինծի իրաւունք տուաւ, որ իր գիրքը ըլլայ իմ ժապաւէնս, ուր որ պէտք է կոտրեմ, նորը ստեղծեմ, իսկ ինչ որ կարելի է պահել, պահեմ: Գիրքին 30 տոկոսը փոխեցի, որպէսզի կարելի ըլլայ գիրքը բեմագրութեան վերածել: 2,5-3 ամիսէն արդէն գիրքը բեմագրութեան վերածելու աշխատանքները կատարած էի, սկսայ նիւթականի ապահովման»:
Առիթով մը Էրիկ Նազարեան ըսած էր, որ Ցեղասպանութիւնը անպայման պէտք չէ սպանդի տեսարաններով, ահաբեկչութեամբ ներկայացուի, այլ կարելի է նաեւ վերապրումը մարմնաւորել: Այս մասին ան ըսաւ. «Շատ կարեւոր է ժապաւէնին մէջ իրականութենէն չվախնալը, զայն չանտեսելը, սակայն եթէ միայն իրականութեան ծառայեմ, այս ժապաւէնին երեք ժամը պէտք է ըլլայ մահ, բռնաբարութիւն, սպանութիւն, գլխատում, որովհետեւ այդ է ցեղասպանութիւնը, բայց, կը կարծեմ, թէ ինծի համար կարեւորագոյնը այն է, որ ժապաւէնը ըլլայ ցեղասպանութեան անդրադարձող ամբողջութիւն մը… Բեմագրութեան պատրաստութեան ատեն հասայ փուլի մը, որ շատ զօրաւոր եւ ցնցիչ պատկերներու մասին կը գրէի, երբ Տէր Զօրի մէջ կարաւանները կը քալեն, ձիաւորները կոտորելով կը յառաջանան, կիներ եւ մանուկներ աւազներուն մէջ մահացած են, մայրը իր մեռած զաւակին կուրծք կու տայ եւ այլն: Այդ բոլորը գրեցի այնպիսի ձեւով, որ այդ պատկերները ներկայ ըլլան, սակայն միեւնոյն ատեն դիտողին ստամոքսը չխառնուի, որովհետեւ նպատակս վախազդու ժապաւէն պատրաստել չէ, թէեւ խորքին մէջ ցեղասպանութիւնը աւելի քան վախազդու է. մարդուն համար ամէնէն ահաւորը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ տեսնել իր մայրը, երեխան, հարազատները կը գլխատուին, իսկ ինք կենդանի կը մնայ ու ականատես կը դառնայ այս բոլորին…

«Բեմագրութիւնը կարդաց ու զիս մեծապէս ոգեւորեց քաւորս` Աթոմ Էկոյեանը. այս բոլորը յաւելեալ պարտաւորութեան ու պատասխանատուութեան տակ դրին զիս, այդ պատճառով ալ որոշեցի երբեք չաճապարել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին զայն ցուցադրելու, այլ առնել անհրաժեշտ ժամանակը, կատարել ամէն ինչի ճիշդ ընտրութիւն` վայր, դերասաններ եւ այլն: Ի միջի այլոց ըսեմ, թէ, իմ կարծիքովս, սխալ էր հապճեպով ժապաւէններ պատրաստելու երեւոյթը, որպէսզի անոնք 100-ամեակին ցուցադրուէին, ի՞նչ է պայմանը 100 տարուան առնչելու ամէն ինչ: Ճիշդ է, լաւ աշխատանք տարինք, սակայն ամէն ինչ այդ ծիրին մէջ կարելի չէ դնել:
«Ես կ՛ուզեմ, որ այս ժապաւէնը ապտակ հասցնէ, սակայն փետուրով, այդ ահաբեկչութիւնները պէտք է ցուցադրուին, սակայն տարբեր ձեւով. ժապաւէնը կը սկսի 24 ապրիլով, երբ Բերայի մէջ տարբեր տուներ մտան թուրքերը եւ մէկ-մէկ տարին Ռուբէն Սեւակը, Կոմիտասը եւ այլն: Պատմական դաս պէտք է ըլլայ ասիկա, սակայն շարժապատկերի միջոցով, բայց եւ այնպէս ինծի համար նաեւ պայման է, որ մեր խրամատէն մէկ միլլիմեթր անգամ չշեղիմ: Չեմ կրնար երեւակայել, որ Ողջակիզումի ժապաւէն մը պատրաստուի առանց Աուշվիցին, նոյնպէս չեմ կրնար երեւակայել Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը, առանց Տէր Զօրին, ատիկա անկարելի բան է: Սակայն պէտք է որակով, ճաշակով նկարահանես եղած իրականութիւնները: Ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ ինչպէ՛ս ողջ մնացին վերապրողները եւ կրցան շարունակել: Եթէ ես այդ բոլորը տեսած ըլլայի, հաւանաբար անձնասպան ըլլայի, կը պատերազմէի մինչեւ մահանայի, չէի կրնար շարունակել երթը, տարբեր առիթներով այս մասին ես իմ անձիս հետ զրուցած եմ: Բայց կ՛ապշիմ, կը զարմանամ եւ կը համբուրեմ ոտքերը այն մարդուն, որ կին, երեխայ, մայր ու հայր կորսնցուցած է, սակայն կրցած է շարունակել երթը, նոր կեանք ու ընտանիք ստեղծել, այդ մարդը իսկապէս հերոս է: Ամէնէն լաւ վրէժը խորքին մէջ ապրիլն է, այդ է ժապաւէնին թեման, թէ ինչպէ՛ս այս մարդը կրնայ ամէնէն ուժեղ վրէժը լուծել եւ իր ժողովուրդին ժառանգութիւնը շարունակել, իսկ 100 տարի ետք ինչպէ՛ս իր թոռնիկը իր մեծ հօր պահած գաղտնիքը կը վերարտադրէ եւ հանրութեան կը ներկայացնէ: Վստահ Աստուած ուժը եւ կարողութիւնը տուած է այդ տառապած մարդուն, որ կարենայ շարունակել. երբ իր ամբողջ կեանքը, աշխարհը ոչնչացած են ուրիշ մարդու մը կողմէ, սակայն ինք ապրած ու կրցած է գոյատեւել», ըսաւ Է. Նազարեան:
Ան յայտնեց, որ ներկայիս դերասաններու ընտրութիւն եւ պիւտճէի հարցերու լուծում կատարելու փուլի մէջ են` ափսոսանք յայտնելով այն մասին, որ անկարելի է նկարահանումները Տէր Զօրի մէջ կատարել, մանաւանդ որ ապահովագրական բոլոր ընկերութիւններն ալ շեշտած են, որ ուր կ՛ուզեն նկարահանում թող կատարեն, բացի Միջին Արեւելքէն: Տարբեր ընտրանքներու մէջ հաւանաբար լաւագոյնը պիտի ըլլայ Հարաւային Սպանիան, որ շատ լաւ անապատներ ունի:

Անդրադարձանք նաեւ ժապաւէններու գրաքննութեան. ըստ անոր, աւելի լաւ է պետութիւններ քու ժապաւէնդ գրաքննութեան ենթարկեն, քան դուն քեզ: «Ասիկա շատ յստակ կերպով ըսի թուրքերուն, որովհետեւ օրուան աւարտին ես իմ անձիս հետ անկողին պիտի մտնեմ, բարձն է իմ ամէնէն մեծ դատաւորս, երբ գլուխս կը դնեմ բարձին, պէտք է հաշտ ըլլամ իմ անձիս հետ, որ ես գրաքննութիւն չըրի իմ գործերուս»:
Ընդհանուր հարցերու մասին խօսելով` անդրադարձանք ընդհանրապէս իր ներշնչման աղբիւրին: «Հայրս եղած է ներշնչումս, ծնած օրէս հօրս քաջալերանքով ամբողջ կեանքս հին ժապաւէններ դիտելով ապրած եմ, թեմաները միշտ եղած են այն, որ մարդ ինչպէ՛ս ազդեցութիւն կ՛ունենայ ուրիշի վրայ, թէ երբեմն ինչպէ՛ս մարդիկ չեն գիտեր, թէ իրենց արարքները որքա՛ն կ՛ազդեն ուրիշներուն վրայ, որոնց մասին յաճախ տեղեակ իսկ չեն ըլլար: Արշալոյս Մարտիկանեանի պարագային, օրինակ, ան իր ժապաւէնը մարմնաւորեց, ինչ որ տասենեակ հազարաւոր որբերու վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ անոնց նիւթական ապահովուեցաւ, Քրիս Պոհճալեանի պարագային, մեծ հօր յուշերուն ազդեցութիւնն է հարիւր տարի ետք եւ այլն: «Նաեւ ինծի համար կարեւոր է, որ ժապաւէնը յոյսի նշոյլ տայ, նոր ոգեշնչում հանդիսանայ, զարթնում պատճառէ, առանց ծեծի կամ քարոզչութեան, մարդկութեան երեւոյթները լուսարձակի տակ առնէ, անոնց ընդմէջէն պատգամ հասցնէ առանց աղմուկ աղաղակի», ըսաւ Էրիկ Նազարեան:
Հարցազրոյցի վերջին բաժինը կը վերաբերէր ներկայիս հայկական ֆիլմարուեստի վիճակին: Բեմադրիչը դրուատեց «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայկական ֆիլմարուեստին մէջ, սակայն Հայաստանը իբրեւ հանրապետութիւն ներկայիս ժապաւէն արտադրելու կարելիութիւն ունի թերեւս, սակայն այդ իմաստով աշխատանք չի տարուիր, հաւանաբար այն պատճառով, որ ընդհանուր զարգացում, թեքնիք միջոցներ, կազմակերպուածութիւն չունի: «Մենք ունեցած ենք ֆիլմարուեստի ոսկեդար Համօ Բեկնազարեանի, Փարաճանովի, Ֆրունզէ Դովլաթեանի, Հենրիկ Մալեանի ժամանակաշրջանին, երբ 60-70-ական թուականներուն ասոնց ժապաւէնները Քաննի եւ Վենետիկի փառատօներուն կը ներկայացուէին: Այն ատեն այս ժապաւէններուն բեմադրիչները ուսումը ունէին եւ կազմակերպուածութիւնը: Համօ Բեկնազարեանով շարժապատկերի լեզուն մուտք գործեց Հայաստան:
Հաւանաբար ասիկա սերունդի հարց է, սակայն նոյն ծարաւը չկայ, սէրը կայ, յարգանքը կայ, հոյակապ պատկերները կան, սակայն շնորհն ու սովորութիւնը չկան, հայկական ժապաւէնները շուրջ 20 տարի ետ են իրենց արհեստավարժութեամբ, ոգեշնչումով, զուտ հայկական ժապաւէններ են, այդ պատճառով ալ անոնց մեծամասնութիւնը արտաքին իմաստով ոչ ոքի կը հետաքրքրէ: Հիմա շատ գեղեցիկ վաւերագրական ժապաւէններ կան, սակայն ոչ գեղարուեստական բարձր մակարդակի գործեր, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ ներկայացուին: Մենք պէտք է համամարդկային նիւթերու վրայ հիմնուած ժապաւէններու պատրաստութեան հետամուտ ըլլանք եւ մեր ըրած աշխատանքը կատարենք արհեստավարժութեամբ», եզրափակեց Էրիկ Նազարեան:
(Շար. 2 եւ վերջ)


