Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 18, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

aleppo_73016

30 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Քրիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկներու միաւորներուն:

Յայտագիրը կը բովանդակէր Լիզպոնի գործունէութեան մասին դասախօսութիւն, հերոսները անմահացնող երգի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ մարզանք:

Առտու տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր գայլիկ-արծուիկները մոմավառութիւն կատարեցին ի յիշատակ Լիզպոնի հինգ հերոսներու հոգիներուն, ապա անոնք իրենց պատրաստած պատի թերթը զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Իսկ Հալէպի մասնաճիւղի արի-արենուշ եւ երէց-պարման միաւորները 31 յուլիսին «Ճորճ Սալեմ» վանքին մէջ կիսօրեայ գործունէութեամբ նշեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը: Լիզպոնի գործունէութեան նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն անոնք ստացան դասախօսութիւն, կատարեցին երգի ուսուցում եւ հարց-պատասխանի մրցում: Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան Ս.  Աստուածածին եկեղեցի, ուր մոմավառութեամբ յարգեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը:

 

Պոլիս

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Համշէնահայերու «Կոր» Ամսագիրին 4-րդ Թիւը

Gor_81816«Ակունք» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է համշէնահայերու «Կոր» ամսագիրին 4-րդ թիւը:

Ըստ աղբիւրին, ինչպէս հանդէսի նախորդ, այնպէս ալ սոյն թիւին մէջ թրքերէնով եւ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով հրատարակուած են համշէնահայերու պատմութեան, լեզուին եւ մշակոյթին մասին նիւթեր:

Յայտնենք, որ 2014-ի սեպտեմբերէն տպագրուող «Կոր» ամսագիրը լոյս կը տեսնէ տարին 2 անգամ` վեցամսեայ պարբերականութեամբ: Անիկա կը բաղկանայ երեք հիմնական բաժիններէ.

1.- Գիտական բաժին, որուն մէջ կը ներկայացուի Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութիւնը:

2.- Լեզուի բաժին, որուն նպատակն է Համշէնի բարբառին չտիրապետող համշէնցիներուն սորվեցնել մայրենի բարբառը:

3.- Բանահիւսական բաժին, ուր հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով կը ներկայացուի Համշէնի բանահիւսութիւնը:

 

Յունաստան

Լիզպոնի Անձնազոհներուն Յիշատակի Ոգեկոչում

ARF-Greece_72416

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 24 յուլիսին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Լիզպոնի գործողութեան 33-րդ տարելիցին առիթով:

Օրուան պատարագիչ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Լիզպոնի տղոց անձնազոհութեան գաղափարական օրինակին եւ անկէ ոգեղէն դասեր քաղելու կարեւորութեան:

Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաք: ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ուղերձը արտասանեց Ալեքսան Հելվաճեան, որ կարեւորութեամբ շեշտեց հաւատարիմ մնալ Լիզպոնի տղոց պատգամին` կոչ ուղղելով մնալու քաջ, գիտակից, պահանջատէր եւ սկզբունքային, առանց զիջելու ճնշումներու կամ պայմաններու դիմաց:

 

Նոր Ջուղա

Գրիգոր Զօհրապի Ծննդեան 155-Ամեակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ

nor-chougha_81816

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի գրական խումբին եւ համագործակցութեամբ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին, վերջերս նոյն միութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած Գրիգոր Զօհրապի ծննդեան 155-ամեակին:

Կազմակերպիչ միութեան անունով Ռիմա Սիմոնեան-Օհանեան ամփոփ կէտերու մէջ տեղեկութիւններ տուաւ գրական խումբին, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին եւ երեկոյի կազմակերպման մասին:

Օրուան բանախօս Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ներկայացուց Գ. Զօհրապի կենսագրութիւնը եւ իր ուսումնասիրութիւնը, որ կը վերաբերէր ազգային-հասարակական եւ քաղաքական դաշտին մէջ Զօհրապի ունեցած մեծ ներդրումին եւ յատկապէս` որպէս փաստաբանի, դիւանագէտի, լրագրողի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորի ազգային շահերէն մղուած կարեւոր ներդրումին մասին:

Աւարտին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կոչ ուղղեց գրականութեամբ հետաքրքրուելու եւ կարդալու մեր մեծերուն ու նախնիներուն պատմութիւնն ու գրականութիւնը եւ անոնց կտակը փոխանցելու նոր սերունդին:

 

Եգիպտոս

«Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

egypt_81816

Վերջերս Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ հեղինակներուն` լրագրող Մարիամ Զաքիի եւ բեմադրիչ Մուհամետ Հանաֆիի:

Ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու` Նիւ Եորքի ժապաւէնի փառատօնին, ինչպէս նաեւ, Լիբանանի փառատօնին: Ժապաւէնի բեմադրիչներ Մ. Հանաֆի եւ լրագրող Մ. Զաքի վերջերս պարգեւատրուած են Հայաստանի նախագահին կողմէ:

Մ. Զաքի խօսելով ժապաւէնին մասին` ըսաւ, որ մարդկութեան հանդէպ պարտաւորութիւն զգալով` մասնակցած է բեմադրիչ Հանաֆի աշխատանքին, աւելցնելով, որ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած խնդիրը այսօր կը կրկնուի արաբական երկիրներուն մէջ:

Ժապաւէնի բեմադրիչը նշեց, որ ժապաւէնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ միջազգային մակարդակով, աւելցնելով, որ աւելի այլանդակ բաներ տեղի ունեցած են, սակայն չէին կրնար զանոնք ներառել ժապաւէնին մէջ, որովհետեւ անհաւատալի պիտի թուէին` հակառակ անոր որ անոնք պատահած են:

 

Յորդանան

Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի Հարսը» Քերթուածի Ներկայացում

AMMAN_72816

Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25 եւ Արաբական յեղափոխութեան 100-ամեակներուն առիթով, կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային յանձնախումբին, 28 յուլիսին Ամմանի մէջ Աւստրալիայէն արուեստագէտ Վարուժ Սանճեան ներկայացուց Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը»:

Երեկոյին բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենապետ Յակոբ Սերփեքեան, իսկ մշակութային յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Յակոբեան ներկայացուց Վարուժ Սանճեանի կենսագրականը եւ վերոնշեալ բանաստեղծութեան թեման:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Spirit-of-Artsakh_81816Նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանին, 2 սեպտեմբերէն 16 դեկտեմբերի միջեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը` «Արցախի ոգին» խորագիրով:

Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 2 սեպտեմբերին, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ պիտի առնուի դարերու ընթացքին Արցախի ժողովուրդին մղած ազատագրական պայքարը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Մօտաւորապէս 20 ցուցատախտակներու վրայ, քարտէսներու եւ լուսանկարներու օգտագործումով, պիտի ներկայացուի Արցախի մօտ 2500 տարուան պատմութիւնը:

Յատուկ տեղ պիտի տրամադրուի Մեսրոպ Մաշտոցի հաստատած Ամարաս վանքի վարժարանին, Արցախի գորգագործութեան եւ գինեգործութեան, ինչպէս նաեւ` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին համար տարուած պայքարին:

Ցուցահանդէսը պատրաստող գլխաւոր արուեստագէտներն են Ռուբիկ Քոչարեան եւ Արեւ Պետրոսեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան Վկայութիւններու Ցանկագրումը Կ՛ամբողջանայ

Armenian-indexing_81816

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող «Շոա» հիմնարկի տրամադրութեան տակ գտնուող Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու բոլոր վկայութիւններուն ցանկագրումը աւարտած է, եւ յառաջիկայ ամիսներուն աշխատանք պիտի տարուի զանոնք դարձնելու հիմնարկի «Տեսողական պատմութեան արխիւ»-ին մէկ մասնիկը:

Ցուցակագրող Մանուկ Աւետիքեանի 333 վկայութիւններուն վերջին 88-ի ցանկագրումը աւարտած է օգոստոսի սկիզբը:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 24 ապրիլ 2015-ին «Տեսողական պատմութեան արխիւ»-ին մաս կազմած էին ցանկագրուած 60 վկայութիւններ, իսկ անկէ տարի մը ետք 185 ուրիշներ:

Սոյն աշխատանքը հիմնուած է հանգուցեալ դոկտ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի կողմէ վերապրածներուն հետ 1972-2005 կատարուած հարցազրոյցներու թուայնացած տարբերակներուն վրայ: «Շոա» հիմնարկը այս վկայութիւնները պահպանելու եւ տարածելու համաձայնութիւն մը կնքած էր ապրիլ 2010-ին, դոկտ. Յակոբեանի հաստատած Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին հետ:

Ցանկագրումին ընթացքին կը փնտռուին յատուկ եզրեր, որպէսզի Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները դիւրութեամբ որոնելի ըլլան ուսումնասիրողներու համար: Հայկական վկայութեանց համար մօտաւորապէս 300 եզրեր աւելցուեցան արխիւին մէջ արդէն իսկ օգտագործուող շուրջ 62 հազար եզրերուն վրայ:

Ցանկագրուած վերջին վկայութիւնները տարատեսակ դժուարութիւններ պատճառած են, որովհետեւ անոնք եղած են` արաբերէնով, յունարէնով, քրտերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով եւ սպաներէնով: Անոնց մէջ եղած են նաեւ Զմիւռնիայի հրդեհին մասին եւ իսլամացուած հայերու վկայութիւներ:

Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Ընդհանուր Պատասխանատու Կը Նշանակուի Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճեքեան

SCHOOL_81816

Քանի մը տարի առաջ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ կազմուեցաւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու յանձնախումբը` ատենապետութեամբ դոկտ. Էլլի Անդրէասեանի, որ կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ տարբեր ծուխերու շաբաթօրեայ դպրոցներ, հանդիպում կ՛ունենայ աշակերտներու հետ եւ համապատասխան ուղղութիւն կու տայ ուսուցչուհիներուն, մեծ նուիրումով հայ պատանիներուն կը փոխանցեն մայրենի լեզուն եւ մեր հազարամեայ մշակոյթի ազգային գիտակցութիւնը` օգտագործելով դասաւանդութեան արդիական մօտեցումները եւ հայ մանկավարժութեան աւանդական մեթոտները:

Ծրագիրի աղբիւրներն են հայոց լեզուի ու գրականութեան տեղական եւ հայրենական դասագիրքեր, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի, հայրենագիտութեան եւ արդիական հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող նիւթեր, դասախօսութիւններ, յօդուածներ, զանազան լսատեսողական եւ կայքէջային նիւթեր:

Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութեան առաւել յաջողութեան համար առաջնորդ սրբազան հայրը Կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր պատասխանատու նշանակեց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Բագրատ ծ. վրդ. Պերճեքեանը, որ մօտէն պիտի հետեւի բոլոր ծրագիրներուն եւ անհրաժեշտ ուղղութիւնները պիտի տայ:

«Կեթի» Հիմնարկը 130 Հազար Ամերիկեան Տոլար Պիտի Յատկացնէ Գրողներու Միութեան Հանգստեան Տան Պահպանման

Sevan-guesthouse_81816

28 յուլիսին «Կեթի» հիմնարկը հաղորդեց, թէ ընտրուած են աշխարհի տարածքին գտնուող եւ արդի ճարտարապետութեան նմուշներ նկատուող այն 9 կառոյցները, որոնց պահպանման համար հաստատուած «Արդի պահենք» ծրագիրը այս տարի 1,3 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ` 2014-ին հաստատուած սոյն ծրագիրէն օգտուող կառոյցներու թիւը հասցնելով 33-ի:

Ծրագիրէն օժանդակութիւն ստացողներու շարքին է Սեւանի մէջ գտնուող Հայաստանի Գրողներու միութեան հանգստեան տունը, որուն համար նախատեսուած է 130 հազար ամերիկեան տոլար:

Սեւանայ լիճի ափին գտնուող նշեալ կառոյցը կառուցուած է երկու գլխաւոր փուլերով` 1932-1965-ի միջեւ, իսկ անոր ճարտարապետները եղած են Գէորգ Քոչար եւ Միքայէլ Մազմանեան, որոնք զոհ գացած են ստալինեան հալածանքին եւ մօտաւորապէս 15 տարի Սիպերիա աքսորուած են:

 

Աւստրալիա

«Ցեղասպանութեան Երեխաները» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

Australia_81816

31 յուլիսին Սիտնիի «Ռայտ» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հետ համատեղ պատրաստուած Շահանէ Պեքարեանի «Ցեղասպանութեան երեխաները» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը:

62 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական այս ժապաւէնը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաներու կրած դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն մասին, որոնք ներկայացուած են 40 վերապրողներու պատմութիւններուն ընդմէջէն, որոնք 1980-ական թուականներուն ձայնագրած են իրենց վկայութիւնները Աւստրալիոյ մէջ:

Ոգեշնչուելով իր մեծ հօր պատմութիւններէն` Պեքարեան ժապաւէնին մէջ ներառած է Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հարցազրոյցները եւ անդրադառնալով անոնց փորձառութիւններուն, որոնք պահպանելով հայկական մշակոյթը` ներմուծուած են Աւստրալիոյ հասարակութեան մէջ:

Նախորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Լոլիկը

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

RelatedPosts

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Յունուար 26, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 26, 2023
Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Յունուար 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In