ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային մագլցող տագնապը` անգործութիւն, արտագաղթ, մեծահարուստներու աճող դասակարգ, միջակ դասակարգի բացակայութիւն եւ յարատեւ աճող աղքատներու դասակարգ` հետեւանք են ազգային հարստութեան անհեռատես տնտեսումին, թալանումին, անարդարութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութեան:
Խորհրդային Միութեան քաղաքացին ունէր երկու տեսակի սեփականութիւն. անհատական` իրերու եւ հաւաքական` հողագործութեան (կոլխոզ), կամ աշխատավայրի (կոլեկտիւ). իր տան կամ գործատեղիին կալուածային սեփականութիւն չունէր, բոլոր հողերը, կալուածները, գործարանները, արհեստանոցները պետութեան կը պատկանէին` «բոլորինն է, բայց` ոչ մէկինը» կարգախօսով, մինչեւ 13 յունիս 1989, երբ բնակարաններու վաճառքը արտօնուեցաւ (1):
23 օգոստոս 1990-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանը ընդունեց «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին». «Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը` արտայայտելով Հայաստանի ժողովուրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութեան հայ ժողովուրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործին, ելլելով մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի սկզբունքներէն եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ նորմերէն, կենսագործելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիացման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշման վրայ, զարգացնելով 1918 թուականի մայիս 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, խնդիր դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը` կը հռչակէ անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը» (2):
Անկախութեան հռչակագիրի 12 յօդուածներէն եօթներորդը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հարստութիւնը` հողը, ընդերքը, օդային տարածութիւնը, ջրային եւ այլ բնական պաշարները, տնտեսական, մտաւոր, մշակութային կարողութիւնները, անոր ժողովուրդի սեփականութիւնն են: Անոնց տիրապետման, օգտագործման եւ տնօրինման կարգը կ՛որոշուի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի ԽՍՀՄ ազգային հարստութիւն, այդ թուում` ոսկիի պաշարներու, ադամանդի եւ վալեուտային (արժոյթային) ֆոնտերու մասնաբաժնի իրաւունք» (2) (այս եւ բոլոր ընդգծումները իմս` Յ. Չ.):
Ինչպէ՞ս սկսաւ Հայաստանի մէջ բնակարաններու վաճառքը, կամ` սեփականաշնորհումը, եւ ի՞նչ էին այս հոլովոյթին փուլերը, ըստ «Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր անշարժ գոյքի կադաստրի (կալուածագրային) պետական կոմիտէ»-ի լուսաբանութեան (3):
Ա.- Հայաստանի տարածքին քաղաքացիներ սկսան իրենց բնակած տուները գնել (խորհրդանշական գումարով) 13 յունիս 1989-էն սկսեալ, երբ Խորհրդային Միութեան կառավարութիւնը «Պետական ու հանրային բնակարանային ֆոնտի տուներն ու բնակարանները իբրեւ անձնական սեփականութիւն քաղաքացիներուն վաճառելու մասին» թիւ 272 օրէնքը ընդունեց:
Բ.- Վերանկախացումէն ետք, 1 սեպտեմբեր 1993-ին սկսաւ պետական եւ հանրային բնակարանային ֆոնտի բնակարաններուն անվճար սեփականաշնորհումը` Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ 10 յունիս 1993-ին ընդունուած «Հայաստանի պետական, հանրային եւ համայնքային բնակարանային ֆոնտի սեփականաշնորհման մասին» օրէնքին, (փոփոխուած շարք մը օրէնքներով) եւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի 23 յունիս 1993-ի ««ՀՀ պետական եւ հանրային բնակարանային ֆոնտի սեփականաշնորհման մասին» Հայաստանի օրէնքի կիրարկման կարգի մասին», թիւ ՀՆ-0878-I որոշումին թիւ 1 կէտի պահանջներուն համաձայն:
Գ.- 30 մայիս 2000-ին Ազգային ժողովը ընդունեց նոր օրէնք` «Պետական բնակարանային ֆոնտի բնակարաններու անհատոյց սեփականաշնորհման մասին», որ կը գործէ մինչեւ օրս, որով կը կարգաւորուին պետական սեփականութիւն համարուող բնակարանային ֆոնտի բնակելի տարածութիւններու (բնակարաններ) անվճար սեփականաշնորհման հետ կապուած իրաւայարաբերութիւնը` բացառութեամբ «Զինծառայողների եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն ընկերային ապահովութեան մասին» Հայաստանի օրէնքով նախատեսուած պարագաներուն:
Դ.- 4 յունուար 2007-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը վերեւ նշուած (Ա.) եւ (Բ.) օրէնքներուն ուժը դադրած համարեց թիւ ՀՕ-199-Ն օրէնքով (3):
Մինչեւ հոկտեմբեր 2007 398 հազար 46 բնակարաններ սեփականաշնորհուած են, որոնց 222 հազար 138-ն` Երեւանի մէջ, բոլոր անոնց, որոնք դիմում ներկայացուցած էին մինչեւ 31 դեկտեմբեր 1998 (4): Մնացեալ բնակարանները (խորհրդային շրջանին կառուցուած) վարձակալութեամբ կ՛օգտագործուին եւ կը պատկանին համայնքներուն: Համայնքները իրենց պիւտճէին 0,5 տոկոսի համեմատութեամբ կրնան բնակարաններ նուիրել նոր դիմորդներուն: Այսպիսի վերջին նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ 4 օգոստոս 2016-ին, Բիւրեղաւանի ուսուցիչներու տան բնակիչներուն եւ Վանաձորի Ս. Փեթերսպուրկ փողոցի թիւ 3 շէնքի բնակիչներուն (5):
Ե.- Ոչ բնակարանային տեսակի «գոյքերու» սեփականաշնորհումը` մշակելի հողեր, շինարարութեան ու այլ նպատակի յատկացուած հողեր, գործարաններ, վաճառատուներ, անաւարտ շինութիւններ եւ մեծ, միջին ու փոքր ձեռնարկութիւններու պարագային, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան» «Համառօտ պատմական ակնարկ»-էն (6) կը տեղեկանանք, թէ զանազան տեսակի օգտագործումի եւ սեփականաշնորհումի միջոցներ որդեգրուած են` իւրաքանչիւրը յատուկ օրէնսդրութեամբ:
Այսպէս. 1. Անվճար (անհատոյց), 2. Մասնակի անվճար, 3. Վկայագիրներով (վաուչերային), 4. Վճարովի, 5. Վարձակալային, 6. Հաւաքական (կոլեկտիւ), 7. Փակ բաժնետիրական (բաժնետոմսով) ընկերութիւններ, եւ 8. Խառն` պետական-սեփական բաժնետիրական: Այս ձեւով մեծ ու միջին ձեռնարկութիւններու պարագային 320 հազար բաժնետէրեր գոյացած են, իսկ պետական այս ձեռնարկութիւնները վերակազմուած են իբրեւ բաժնետիրական ընկերութիւններ (6):
«Անցնող տարիներուն» (յստակ չէ ժամանակաշրջանը) սեփականաշնորհուած է շուրջ 10 հազար փոքր «պարագայ», 2 հազար միջին եւ խոշոր ձեռնարկութիւն եւ հարիւրէ աւելի անաւարտ շինարարութիւն: Այս եւ հանրապետութեան մէջ իրականացուած միւս բարեփոխումներուն շնորհիւ` ներկայիս Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքի աւելի քան 80 տոկոսը կ՛արտադրուի սեփական եւ խառն (պետական-սեփական) ընկերութիւններու կողմէ (6):
Յատկանշական է, որ մինչեւ 1997, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, առանց նախապայմանի կատարուած են այս սեփականաշնորհումները, այն ալ` շուկայի գիներէն 3-4 անգամ ցած գիներով, եւ ընդհանրապէս մուրհակներով: Այլ խօսքով, «գոյքը» ստացողը պետութեան առանց մեծ գումար վճարելու, կանխավճարով կամ նոյնիսկ առանց կանխավճարի` մուրհակներով տէր կը դառնար, օրինակի համար, հսկայ գործարանի մը, եւ կրնար գործարանը փակել ու մէջի սարքաւորումները ծախել իբրեւ մեքենաներ ու հաստոցներ, կամ մետաղի-թափօն, որոնց կարեւոր բաժինը ծախուեցաւ Թուրքիոյ եւ մաս մըն ալ Իրանի:
Դժբախտաբար նոր «գործարանատէրերուն» մեծամասնութիւնը տնտեսութիւնը քանդող այս ուղիով փճացուց-չքացուց հայրենիքի տնտեսութեան կարողականութիւնը` անգործութեան մատնելով հազարաւոր աշխատաւորներ: Ցայսօր Երեւանի գործարանային շրջանին մէջ եւ երկրի տարածքին կը տեսնենք հրէշային կերպով «թալանուած» ու լքուած հազարաւոր նոյնպիսի գործարաններ, երեւոյթ մը, որ երբե՛ք «աշխատասէր» հայու վայել չէ:
«Հայոց Աշխարհ» թերթը անդրադառնալով Հայաստանի վերանկախացումի առաջին եւ երկրորդ վարչակարգի տարիներուն տեղի ունեցած սեփականաշնորհման հոլովոյթին` կ՛արձանագրէ, որ մինչեւ 1997 սեփականաշնորհուած է 4917 պարագայ, շուրջ 230-ով աւելի, քան` 1997-2007 տարիները: Սեփականաշնորհման այս առաջին փուլին անուանական արժէքէն քանի մը անգամ պակաս շուկայական գին ունեցող վկայագիրներով իւրացուած է պետական ունեցուածքին շուրջ 60 տոկոսը (7) («առիւծի բաժինը, իմա` ամէնէն արագ հարստանալու եւ «օլիկարգ» դառնալու միջոցը»,- Յ. Չ.):
Մինչեւ 1997 սեփականաշնորհումի մուտքերը կազմած են 40,2 միլիառ դրամ, այն ալ վկայագիրներով, որոնց անուանական արժէքը 3-4 անգամ պակաս էր շուկայի գինէն: Մինչդեռ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան երկու շրջաններուն սեփականաշնորհուած է շուրջ 4590 պարագայ, որուն շնորհիւ պետութիւնը ստացած է աւելի քան 122 միլիառ դրամ եւ 108 միլիոն տոլար: Եթէ բաղդատենք տարբերութիւնը` սեփականաշնորհումի առաջին փուլին հետ, պետական ունեցուածքի սեփականաշնորհումէն ստացուած մուտքերը գրեթէ 10-12 անգամ պակաս էին երկրորդէն (7):
Սեփականաշնորհման երկրորդ հանգրուանին ապահոված բարձր եկամուտը կարելի դարձաւ օրէնքներու փոփոխութեամբ: Եթէ մինչ այդ պետական գոյքը կը յանձնուէր սեփականաշնորհման` վկայագիրներով, առանց որեւէ նախապայմանի, ապա երկրորդ նախագահին ուղղակի միջամտութեամբ 1998-ին դադրեցաւ այսպէս կոչուած անհեռանկար վկայագրային սեփականաշնորհումը, երբ քանի մը վկայագիրներով եւ առանց որեւէ պայմանի ու նիւթական ներդրումի կարելի էր պետական հսկայական ունեցուածք ձեռք բերել (7):
Ուստի, պետական գոյքը շարունակուեցաւ սեփականաշնորհուիլ միա՛յն ներդրումային (կանխիկ գումարով) համապարփակ ծրագրով: Այսպիսով սեփականատէրերը կը ստանձնէին նաեւ պարտաւորութիւններ` թէ՛ ընկերութիւնները գործարկելու եւ թէ՛ ալ նոր աշխատատեղեր ապահովելու, ինչպէս նաեւ` յաւելեալ ներդրումներ կատարելու: Այս մօտեցումը հնարաւորութիւն տուաւ տարիներ շարունակ անգործութեան մատնուած բազմաթիւ ձեռնարկութիւններ վերակենդանացնելու (7):
Վերեւ նշուած ազգային հարստութեան վատ կառավարման իբրեւ օրինակ` կը ներկայացնենք նմանատիպ արտադրութեան երկու գործարաններու պարագան` «Երեւանի Արարատ գինու կոմբինատ»-ը, որ սեփականաշնորհուած է 1996-ին, իսկ «Երեւանի կոնեակի գործարան»-ը` 1999-ին. առաջինը վաճառուած է 136,7 միլիոն դրամով, նաեւ, 514,3 միլիոն դրամի յաւելեալ պարտաւորութեամբ, իսկ երկրորդը` աւելի քան 14,4 միլիառ դրամով եւ 1,5 միլիառ դրամի լրացուցիչ մուտքերով: Այս երկու համանման ընկերութիւններուն վաճառքի արժէքները իրարմէ հարիւրապատիկ կը տարբերին: «Երեւանի կոնեակի գործարանի» սեփականաշնորհումէն պետութեան ստացած նիւթական եկամուտը 105 անգամ աւելի եղած է, քան «Երեւանի Արարատ գինու կոմբինատի» պարագային (8):
Յատկանշական ու էական է երկրորդ շրջանէն (1998-էն) ետք սեփականաշնորհուած պարագաներուն հաշուետուութիւնը` ներդրումներ կատարելու եւ նոր աշխատատեղեր ապահովելու ուղղութեամբ: Արդարեւ, ըստ «Կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան» տարեկան տեղեկագիրներուն, շարք մը թերացող ընկերութիւններ դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին սեփականաշնորհումի պայմանները չիրականացնելնուն պատճառով եւ կը լուծարուին («գոյքը» վերադառնալով պետութեան), օրինակ` Մարզահամերգային համալիրը, որ սեփականաշնորհուած էր 2005-ին, ապա երկրորդ անգամին սեփականաշնորհելու փորձերը ձախողեցան 2014-2015:
Տրամաբանական հարցում մը. ինչպէ՞ս կը պատահի, որ վերանկախացումի օրը, երբ Հայաստանի քաղաքացիները գրեթէ հաւասար եկամուտ ունէին, հարիւրէն քանի մը հարիւր ռուբլի, որոշ անձեր շուտով միլիոնատէր դարձան ժողովուրդին հաշուոյն… հրա՞շք պատահեցաւ արդեօք:
Խորհրդային համակարգէն յանկարծ «ազատ տնտեսութիւն» ոստումը իրականութեան մէջ հայրենիքի ազգային հարստութեան թալանին ու իւրացումին վերածուեցաւ, իշխանութեան եւ անոր մօտիկ խումբ մը մարդոց կողմէ, որոնք նաեւ տիրացան «ցկեանս» մենաշնորհներու:
Այժմ կը պահանջուի հաշուետուութեան կանչել բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կամ հեռուէն, անցեալին կամ ներկայիս կապ ունեցած են վերանկախացումի 25 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած ազգային հարստութեան վատնումին, չգործարկելուն կամ իւրացումին` պատճառ դառնալով ընկերային-տնտեսական յարաճուն ճգնաժամին:
10 օգոստոս 2016
(1) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Economy_of_the_Soviet_Union#Individual_property )
(2) ( http://www.gov.am/am/independence/ )
(3) ( http://armlur.am/40622/ )
(4) ( https://armenpress.am/arm/print/442011/ )
(5) ( https://www.armenpress.am/arm/news/856088/lutsvum-en-bnakichneri-bnakaranayin-khndirnery.html )
(6) ( http://spm.am/am/pgkdepatrmennts/mermasin/ )
(7) ( http://news.am/arm/reviews/629.html )
(8) ( http://www.armworld.am/detail.php?paperid=2109&pageid=68965&lang= )
Շնորհաւորելի են Յարութ Չեքիճեանի բոլոր գրութիւնները ուր ան հարցերը կը ներկայացնէ փաստագրուած (աղբիւրը նշուած): Ախտաճանաչումներ կը կատարէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մեր այժմէականութեան առնչուող եւ ամէն սրտցաւ հայու հետաքրքրութիւնը գոհացնող ու մտահոգութիւնները կիսող նիւթերու շուրջ՝ խնամուած արեւմտահայենէնով, երեւանահայերէն բառապաշարէ եւ ասոյթներէ զերծ լեզուով : Նիւթերը հետաքրքրական են եւ վաւերական. ո’չ հռետորական եւ ոչ ալ պահու զգայնութեանց զոհ: Պրպտումի իր անխոնջ աշխատանքը, տեղեկութիւնները համադրելու եւ ներկայացնելու իր գիտական բայց եւ այնպէս պարզ ոճը կը գոհացնէ ընթերցողին սպասումը եւ մեծ առաւելութիւն կը բերէ մեր բոլորիս սիրելի Ազդակին: Մաղթելի պիտի ըլլար որ օրինակը վարակիչ դառնայ: