Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Խաչի ու կիսալուսնի միութիւն
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու անցեալ շաբթուան հանդիպումը տարաբնոյթ արձագանգի արժանացած է թերթերու, լրատու կայքերու եւ, անխուսափելիօրէն, ընկերային ցանցերու մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու տեսակէտներէն եւ երգիծանկարիչներու ստեղծագործութիւններէն աւելի, համացանցին մէջ կը վխտան այս մասին եղած հեգնական արտայայտութիւնները: Նախ կը ներկայացնենք արեւմտեան եւ թրքական թերթերէ, լրատու կայքերէ քաղուածքներ, ապա` անհատներու տողերէն… նմուշներ:
Ն.
Թերթերէ եւ լրատու կայքերէ քաղուածքներ
«ՏԷՈՉԷ ՎԵԼ». Օգտագործելով Մոսկուայի եւ Անգարայի մերձեցումը` Փութին կ՛ուզէ «բնական ճամբով» տկարացնել Եւրոպական Միութիւնն ու ՕԹԱՆ-ը:
«ՖԱՅՆԵՆՇԸԼ ԹԱՅՄԶ». Էրտողան կ՛ուզէ «Արեւմուտքին դաս տալ» Ռուսիոյ միջոցով: Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք Էրտողան իր առաջին այցելութիւնը կու տայ ո՛չ թէ ՕԹԱՆ-ի գծով դաշնակից երկիրներէն մէկը, այլ Ռուսիա, որուն հետ յարաբերութիւնները տակաւին վերջերս շատ հեռու էին բարեկամական ըլլալէ: Մոսկուա եւ Անգարա, այլ բաներու շարքին, կը միացնէ ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութիւն ապահովելու ընդհանուր շահը, այլ նաեւ «Արեւմուտքին դաս տալու» ընդհանուր ցանկութիւնը:
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» կը մէջբերէ եւրոպացի դիւանագէտի մը խօսքը. «Էրտողան կրնայ կատղիլ, որքան կ՛ուզէ, բայց ան մեր կարիքը ունի: Ան գիտէ, որ չի կրնար վստահիլ Փութինին: Ռուս-թրքական քանի՞ պատերազմ եղած է վերջին 300 տարուան մէջ, եւ ատոնցմէ քանի՞ հատին թուրքերը յաղթած են»:
«ԼԸ ՄՈՆՏ». Թուրքիա եւ Ռուսիա կը շտապեն մերձենալ: Երկու երկիրներու հաշտեցումէն միայն ամիս մը ետք Էրտողան յայտարարեց. «Այս այցելութիւնը նոր փուլ կը դառնայ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ»: Իսկ տեսակցութենէն ետք յայտարարեց. «Մեր երկիրները առանցքային դերակատարներ են շրջանին մէջ: Մենք միասին ընելու բան ունինք»: Վլատիմիր Փութին առաջին առաջնորդներէն էր, որ հեռաձայնեց Էրտողանին: Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ տակաւին տարակարծութիւններ կան, յատկապէս` սուրիական հարցին մէջ: Էրտողան կը պնդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռանայ պաշտօնէն, սակայն Մոսկուան կտրականապէս դէմ է ասոր: Ամէն պարագայի, Էրտողան ընդունած է հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ առանցքային դերը:
«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» թերթը նշած է անունները միջնորդներուն, որոնք զբաղած են գաղտնի դիւանագիտութեամբ` Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ տագնապը լուծելու համար: Միջնորդներու շարքին եղած են Տաղստանի մէջ մեծ կապեր ունեցող գործարար Ճաւիթ Չաղլար եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ: Իրադարձութիւնները հետեւեալ ձեւով զարգացած են. ապրիլի վերջաւորութեան թրքական սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար Թուրքիոյ նախագահին յայտնած է, որ գոյութիւն ունի ուղի մը, զոր կարելի է օգտագործել ճգնաժամը լուծելու համար: Ան նկատի ունեցած է Ճաւիթ Չաղլարը, որ ծանօթ է Տաղստանի ղեկավար Ռամազան Ապտուլատիպովի հետ, որ իր կարգին կապեր ունի Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքովի հետ: Ուշաքովի հետ բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ անունով բանակցող նշանակուած է Քալըն: 22 յունիսին Անգարայի մէջ Ղազախստանի դեսպանը, հեռաձայնելով Քալընի, պատմած է, որ Նազարպայեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպած է Փութինի հետ, եւ եթէ Էրտողան պատրաստ է նամակ գրելու, Փութին կ՛ընդունի զայն: Քալըն ռուս թարգմանիչներու եւ Անգարայի մէջ Ղազախստանի դեսպանութեան դիւանագէտներու հետ կազմած է նամակին նախագիծը, որուն մէջ ան յաջողած է օգտագործել ռուսերէն «ներողութիւն» բառը: Էրտողան ստորագրած է նամակը:
«ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՐՆԸԼ». Թուրքիոյ Էրտողանը կը կարկտէ յարաբերութիւնները Փութինի հետ: Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ ինք եւ Էրտողան համաձայնած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան առնչութեամբ, բայց տարակարծութիւնները կը մնան շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ, մանաւանդ հակամարտութիւնը Սուրիոյ մէջ, ուր երկու ղեկավարները կը զօրակցին հակամարտող կողմերու:
«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ». Փութին եւ Էրտողան, երկուքն ալ մեկուսացած, իրարու կը մերձենան: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները երկուքն ալ կը ձգտին հանրութեան ներկայանալ իբրեւ բարեկամներ, արեւմուտքին ցոյց տալու համար, որ լարուած յարաբերութիւնները զիրենք չեն մեկուսացուցած: Երկու նախագահներն ալ ցաւերը կը կլլեն, հաստատելու համար, որ իրենք այլ բարեկամներ ունին: Երկուքն ալ այլ գործընկերներու կ՛ուզեն հաւաստել, որ իրենք մեկուսացած չեն, իրենք այլընտրանքներ ունին, եւ ոչ-արեւմտեան գործընկերներ: Փութին եւ Էրտողան յաճախ իրարու կը նմանցուին` բռնատէր, կռուազան, անկաշկանդ եւ ազգայնական, որոնք քիչ ժամանակ ունին հաճելի բաներու, օրինակ` խօսքի ազատութեան: Երկուքն ալ արագ զայրացող են, բայց կրնան ատիկա անմիջապէս ձգձգել, երբ ռազմավարական շահերը վտանգուած են:
«ԿԱՐՏԻԸՆ». Արեւմտեան ղեկավարները Թուրքիան քննադատած են յեղաշրջման փորձէն ետք ձերբակալութիւններու եւ ճնշումներու, ինչպէս նաեւ մահապատիժը վերահաստատելու Էրտողանի պատրաստակամութեան համար: Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին խստիւ քննադատած է Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները` յեղաշրջման փորձին անոնց արձագանգին համար, եւ կայ այն զգացումը, որ Փութին կրնայ նկատել կարելիութիւն մը զօրակցելու թուրք առաջնորդին, հակառակ վերջին ամիսներու թշնամանքին:
«ԷՔՍՓՐԵՍ». Թուրքիա եւ Ռուսիա դաշնակից: Միացեալ Նահանգներուն հետ վատթարացող յարաբերութիւնները Էրտողանը հասցուցին Փութինի դուռը: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դէմ թշնամութիւնը կը սրի եւ ատիկա կարելի է մեղմացնել միայն Ֆեթուլլա Կիւլենի արտայանձնումով: «Ասիկա հակաամերիկեան լուրջ զգացողութիւն մըն է, որ հետզհետէ ատելութեան սկսած է վերածուիլ», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան դադրեցնել այս ատելութիւնը:
«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ». Կեանքը արագօրէն կը փոխուի. Էրտողան եւ Փութին հաշտուեցան: Հակառակ Ռուսիա այցելութեան «թայմինկ»-ին, Անգարա կը պնդէ, որ Փութինի հետ Էրտողանի տեսակցութիւնը չի նշանակեր, որ Թուրքիա արմատական փոփոխութիւն կը կատարէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
«ՍՓԵՔԹԷՅԹԸՐ». Էրտողան-Փութին հանդիպումը ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին դրական քայլն է: Արդարեւ, այնքան դրական է, եւ հանդիպումը այնքան սիրալիր, որ շատեր «Թուիթըր»-ի մէջ Էրտողանն ու Փութինը սկսան պատկերել իբրեւ երկու այրերու միջեւ մաքուր (ոչ սեռական) սիրոյ բարեկամութիւն, որ սահմաններ չի ճանչնար»:
Անհատներու տողեր
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Մարդիկ
Անանուն. «Վլատիմիր Փութին ջերմ ժպիտով ընդունեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, իսկ Էրտողանն ալ իր կարգին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Փութինը անուանեց «թանկագին ընկեր», իսկակա՜ն հաշտութիւն…»:
Մ. Լովեն. «Քանի մը ամիս առաջ Քրեմլին Էրտողանը ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի մաքսանենգութենէն անձնապէս օգտուելուն համար: Այժմ Փութին «թանկագին ընկեր» է, ի՜նչ շրջադարձ:
Ահիտա Տերսիմ. «Թրամփէն պատգամ Փութինի եւ Էրտողանի. «Դուք կրնաք սկսիլ, ես աւելի ուշ կու գամ»:
Անանուն. «Փութին կ՛ըսէ, թէ չի յիշեր վերջին ութ ամիսներուն որքան ստած է Թուրքիոյ եւ Էրտողանի մասին: Հիմա՞…»:
Մաքսիմ Սուչով. «Պարզապէս զուգադիպութիւն. Փութին-Էրտողան հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ Ռուսիոյ մէջ քրտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը փակուեցաւ, իբր թէ` դրամի չգոյութեան պատճառով:
Ճուլիա Տէյվիս. «Եւ պարզապէս այդպէս. Փութին կը ձեռնուի Էրտողանին հետ. այն մարդուն, զոր ամբաստանած էր ՏԱՀԵՇ-ի հետ առեւտուր ընելու համար»:
Օքսանա Պոքիօ. «Եթէ Էրտողան իսկապէս կը նկատուի կրօնական աշխարհահայեացք ունեցող մը, ուրեմն իր աչքին Փութին պէտք է ըլլայ աւելի վտանգաւոր, քան իր հռչակած թշնամիներէն ոեւէ մէկը»:
Թոմ Ճենսըն. «Կը կարծեմ, թէ ասիկա սկիզբն է շատ գեղեցիկ յարաբերութեան մը. Քազապլանքա, 1948, Փութին-Էրտողան (կ՛ակնարկէ շարժապատկերի պատմութեան մէջ լաւագոյն սիրային շարժապատկերին Ն.):
Միքք Մելին. «Էրտողանի օրագիր».
1.- Ըլլալ ամենակարող:
2.- Ըլլալ Աստուած:
3.- Ըլլալ Փութին:
4.- Իսլամները աղքատ, ես` հարուստ:
5.- Տուրքեր վճարող թուրքերը զիս աւելի հարստացուցին:
6.- Ես կրնա՞մ ամէնէն մեծը ըլլալ:
Ճեն Մէյսըն. «Երկու նախագահներն ալ բռնապետ ըլլալու ճամբուն վրան են արդէն»:
Ֆիլիփ տը Լիտ. «Նշանակութիւն չունի Փութինի հետ տեսակցութիւնը, Էրտողան պատերազմական յանցագործ է եւ ՏԱՀԵՇ-ի աջակցող, կեղծաւոր Հիլըրիին նման»:
Մուրաք Եըլմազեր. «Կրնա՞յ ճիշդ ըլլալ, որ Փութին Էրտողանի կեանքը փրկած է»:
Քեն Ռոթհ. «Գիտեմ, որ կրնայ զուտ հռետորաբանութիւն ըլլալ, բայց այնպէս կը թուի, թէ մենք հիմա ունինք 4 վտանգաւոր ռազմամոլներ` Քիմ, Ասատ, Փութին, Էրտողան»:
Տիէկօ Զուլուակա. «Շուէտ ինչպէ՞ս կը յաջողի հետապնդել իգական սեռի իրաւունքներու իր արտաքին քաղաքականութիւնը, այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, երբ կան Էրտողան, Փութին եւ Թրամփ»:
Ռոպ Տամիւս. «Փոքր մարդ Էրտողա՛ն, խօսեցա՞ր Փութինին հետ: Հիմա դուն քեզ կարեւոր կը զգա՞ս»:
Օլէ Քրիսթիան. «Դասական Էրտողան իր կեղծ յեղաշրջումով: Խե՜ղճ մարդ, շտապելով ըրաւ ամէն բան, փոխանակ Փութինին նման գձուձ, ստոր ըլլալու»:
Տ. Սչէյնվորթ. «Ուրեմն այսպէս. կասկածելի «Կիւլենական-ամերիկեան» յեղաշրջման փորձը Էրտողանը կը մղէ մերձենալու Փութինի: Արդեօք «Թրեքսի՞թ» կու գայ: («Պրեքսիթ»ի` Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալու հետ բառախաղ. Ն.)
Օվեն Մաթիւս. «Էրտողան եւ Փութին. հզօր մարդիկ` սիրահարած»:
Էրիք Սուերտլին. «Էրտողան որոշած է. քանի չի կրնար յաղթել Փութինի, պիտի մտերմանայ անոր հետ: Բարի եկաք ՕԹԱՆ-ի զարգացող տագնապներ:
Անանուն. «Փութին երջանիկ է հանդիպելով կռնակէն հարուածող Էրտողանին: «Մենք կը կատակէինք, երբ կ՛ըսէինք անոր դուստրը իբրեւ հիւանդապահուհի կը խնամէ ՏԱՀԵՇ-ի վիրաւոր զինեալները»:
Փոլիթիքս. «Պարզապէս կրկնել. Թուրքիա ի վերջոյ հասկցաւ խառնածին պատերազմը. ձեռնուէ մէկու մը հետ եւ միաժամանակ անոր կռնակէն հարուածէ»:
Ալ. «Յաջորդիւ Էրտողան որո՞ւ հետ պիտի հաշտուի: Հաւանաբար ոչ Ֆեթուլլա Կիւլենին»:
Պալթազար. «Իսկապէս տխուր է. լուրերը այդպէս սատանայ եւ անխելքութիւն կ՛անուանեն: Էրտողան եւ Փութին ձեզի գաղափարնե՞ր կու տան»:
Ճաքսի. «Ռուսիա եւ Թուրքիա պէտք է միասին ըլլան, որովհետեւ երկու երկիրներն ալ նախկին կայսրութիւններ են® եւրոպական եւ միաժամանակ` բացառիկ»:
Մ. Խունտօ. «Ռուսիա եւ Թուրքիա կրկին «ձեռք ձեռքի» տուած են»:
Անանուն. «Այն բանէն ետք, երբ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ քանի մը հազար մարդ բանտարկեց եւ որոշեց վերադարձնել մահապատիժը, Ռուսիոյ մէջ վերջնականապէս հասկցան, որ ան վատ մարդ չէ»: