Յօդուածներ

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նոյեմբեր 1-ին ծննդեան 146-րդ տարեդարձն էր հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին` Ալեքսանդր Սպենդիարեանի: Հայ ժողովուրդի երաժշտական ժառանգութեան մէջ իր բարձրարժէք ներդրումը ունեցող վարպետն է Հայաստանի հողէն հեռու ծնած ու ապրած, բայց հայ ազգի ու հայրենիքի ամէնէն իրաւ եւ ինքնուրոյն երաժշտականութիւնը լիաթոք շնչաւորած ու աշխարհին հաղորդած տաղանդաշատ արուեստագէտը: Ալեքսանդր Սպենդիարեան հայկական երաժշտութեան արմատներուն խորապէս թափանցած ու լիարժէք տիրապետած երաժիշտն...

Անդրադարձ` «Կանչ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Սպասելով Բարձրագոռ Կանչերու

Եռաբլուրը Մեր Հաշուետուութիւնն Է, Թէ Մենք Ի՛նչ Դրինք Զոհասեղանին Եւ Ի՛նչ Ստացանք: Սամուէլ Թադեւոսեան (Հայրենի Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Բեմագիր) ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երկու յիշարժան երեւոյթներ զիս մղեցին սեւով սպիտակին յանձնելու կարգ մը մտածումներ, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին հայ բեմադրիչին թէ բեմագիրին ցոյց տուած հայաշունչ զգայնութեանն ու խոր ապրումներու խայտանքին, եւ երկրորդ` հայ կեանքին մէջ ֆիլմարուեստի ներկայութեան ու կարեւորութեան: Իրողութիւն է,...

Նորմալ Ա…

ՅԱՍՄԻԿ  Վ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ «Նորմալ ա», ասում է արցախցին անգամ ընտանիքի, կենցաղի հոգսերից, ֆինանսական դժուարութիւններից, աշխատանք լինել-չլինելուց խօսելիս: Քիչ-քիչ սովորում ես, ինչպէս որ սովորում ես արցախցու բերանից յաճախակի հնչող «Շուշուայ ուգլը», «գասծինիցին ռաչին», «քինանք պլոշաձը», «քինամըմ պռադուկտովի մագազին», «կամանդիրը քեցալա պոլկ», «պագորոդու», «քեամըմ շկոլը», կամ «ձիւեատի պառալելնին» արտայայտութիւններին: Եւ «նորմալ ա»-ն ռուսածին այլ բառերի շարքում քիչ-քիչ նորմալ է դառնում քեզ համար:...

Մոնթեվիտէոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածի Մը Անունով Հրապարակ Կոչուած Է

Մոնթեվիտէոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածի Մը Անունով Հրապարակ Կոչուած Է

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Փենեարոլ թաղամասի բնակիչներուն խնդրանքով, հոկտեմբեր 21-ին, թաղամասի գլխաւոր հրապարակներէն մէկը անուանակոչուեցաւ անունովը Մարթին Տէրեանի, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներէն էր: Մարթին Տէրեան ծնած է 1913-ին, Մարաշ, մահացած` 2006-ին, Մոնթեվիտէօ: Ցեղասպանութենէն փրկուելով եւ հաստատուելով Ուրուկուէյ` Փենեարոլ թաղամասին մէջ հիմնեց խանութ մը, որ կը գործէ 40 տարիէ ի վեր: Տէրեան եւ անոր կինը միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

«Մենք Պարտաւոր Ենք Պաշտպանել Մեր Ազգային Տեղեկատուական Հոսքերը, Հարթակները» ԱՐՄԱՆ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Լրագրողների համահայկական 8-րդ համաժողովը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ համահայկական լրատուականն դաշտում համատեղ քննարկման խնդիրներ շատ կան, որոնց լուծումը կարելի է գտնել փոխհամագործակցութեան շրջանակներում, եւ այս համաժողովն այդ առումով լաւագոյն հարթակն է: Այս եւ այլ հարցերի  շուրջ էլ «Հայերն...

Կրկին Ազատագրուած Հարազատ Արցախի Լեռնաշխարհին Մէջ

Կրկին Ազատագրուած Հարազատ Արցախի Լեռնաշխարհին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած մամուլի խորհրդաժողովը երկու օրով փոխադրուեցաւ Արցախ: Լսեցինք հանրապետութեան նախագահը, ծանօթացանք նախարարներու: Անցանք գեղակերտ եւ աչքի խտիղ պատճառող Ստեփանակերտի փողոցներով, քաղաք,  որ կը նմանի լեռներու գագաթին դրուած թանկագին քարի: Գացինք մինչեւ Աղտամ, կանգ առինք Տիգրանակերտ, ուր պատմութիւնը կը խօսի քարերու լեզուով, տեսանք հայկական բանակի զինուորները, երիտասարդներ եւ երէցներ, որոնք մեր փոխարէն հայրենատիրութիւն կ’ընեն, իրենց համար հայրենի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ջաւախք… Երա՞զ, Թէ՞ Մղձաւանջ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջաւախք… Երա՞զ, Թէ՞ Մղձաւանջ

Զարմանալի անակնկալ մը չէր, որ քանի մը շաբաթ առաջ, Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը որոշեց այս ընտրութիւններուն չսատարել որեւէ քաղաքական ուժի: Պատճառը յստակ էր: Արդարեւ 2012-ին, նախագահ Սահակաշվիլին տապալած եւ երկրին ղեկը ստանձնած «Վրացական երազանք» դաշինքը, հակառակ նախընտրական օրերուն տուած իր խոստումներուն, ոչ մէկ շօշափելի յառաջդիմութիւն կրցած է արձանագրել շրջանին մէջ: Միայն ընկերային-տնտեսական, ենթակառոյցներու բարելաւման...

Խմբագրական.  Երրորդ Փորձաքարը

Խմբագրական. Երրորդ Փորձաքարը

Վարչապետի նշանակման իրաւական ընթացակարգը արագօրէն իր լրումին հասաւ եւ Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ: Պարզ էր, որ նախապէս կայացած համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ոչ միայն նախագահի ընտրութեան, այլ նաեւ վարչապետի նշանակման: Շրջանային եւ լիբանանեան քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով բնականաբար նախագահի ընտրութիւնը չէր կայանար, եթէ ընդհանուր համաձայնութիւնը գոյացած չըլլար: Վարչապետի նշանակման  այս ընթացքը, որոշ վերապահ մօտեցումներով եւ այդ մօտեցումներու գործնական դրսեւորումով հանդերձ` անուն...

Լրագրողների Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Լրագրողների Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Արցախի Տպագիր Մամուլը Ներքին Եւ Արտաքին Քարոզչութեան Պարունակում ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Լրագրող, հրապարակախօս Նախ` ողջունում եմ Լրագրողների համահայկական 8-րդ համաժողովը եւ ձեզ` համաժողովի մասնակիցներիդ: Շնորհակալութիւն այս ուշագրաւ միջոցառման բոլոր համակազմակերպիչներին` համաժողովի նիստերից մէկը հերթական անգամ այստեղ` Արցախում գումարելու համար: Տուեալ հանգամանքը մի կողմից վերահաստատում է այն անժխտելի իրողութիւնը, որ Արցախի լրատուական դաշտը, որպէս Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան անքակտելի բաղկացուցիչ, ենթակայի իրաւունքով շարունակում է...

Կիները, Կուրծքի Քաղցկեղը Եւ Արուեստը

Կիները, Կուրծքի Քաղցկեղը Եւ Արուեստը

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի որպէս կուրծքի քաղցկեղի մասին իրազեկման միջազգային ամիս: Իւրաքանչիւր տարի հոկտեմբերին տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ եւ արշաւներ, որոնց թիրախը կ՛ըլլայ կիներուն իրազեկել կուրծքի քաղցկեղին մասին, ինչպէս նաեւ` մղել զանոնք բժշկական քննութիւններ անցընելու, որպէսզի կարենան կանխարգիլել հաւանական բարդութիւններ այս առնչութեամբ: Ըստ լիբանանեան տուեալներուն, 2015 թուականին  Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող կիներուն 41 առ...

Իմաստուններ Եւ Բթամիտներ Նոյն Աթոռին Վրայ…

Իմաստուններ Եւ Բթամիտներ Նոյն Աթոռին Վրայ…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յետհաշուարկը սկսած է: Բազմացած են  տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները, կարծիքները, գուշակութիւնները: Ըստ երեւոյթին, պատմութեան ընթացքին անարժաններն ալ բազմած են այդ աթոռին, եւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ դարձեալ պիտի բազմին: Ինչպէ՞ս: Անշուշտ միշտ` ժողովրդավարական միջոցներով... Ամերիկեան զանազան կայքեր բառացիօրէն կը մրցին` այս նիւթին կապակցաբար ցնցիչ լուրեր, տեղեկութիւններ, բացայայտումներ հրապարակելու: Անշուշտ կան խոր եւ մակերեսային,...

Կիրօ Մանոյեան.  «Խրիմի Եւ Ուքրանիայի Հարցում Ռուսաստանից Դժգոհութեամբ Հանդերձ, Մերձաւոր Արեւելքում Ռուսաստանի Դերի Հետ Հաշուի Չնստել Արեւմուտքը Չի Կարող»

Կիրօ Մանոյեան. «Խրիմի Եւ Ուքրանիայի Հարցում Ռուսաստանից Դժգոհութեամբ Հանդերձ, Մերձաւոր Արեւելքում Ռուսաստանի Դերի Հետ Հաշուի Չնստել Արեւմուտքը Չի Կարող»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմինֆօ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նկարագրած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն պատճառներն ու էութիւնը, թուարկած է հակամարտութեան շահագրգիռ կողմերը եւ վերջիններուն շահերը, լուսարձակի տակ առած է առկայ պայմաններուն մէջ «Պաղ պատերազմի» նոր ալիքի անկարելիութեան, ինչպէս նաեւ մեկնաբանած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերջին իրադարձութիւնները: ԴԱՒԻԹ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ.-...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Առօրեայէն Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու: Յանձնախումբի ատենապետ Թալին Քալեմքեարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց դասախօս Յասմիկ Գույումճեանի հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Օգտակար բոյսերու գործածութիւնը` առանց որեւէ քիմիական նիւթերու օգտագործման»...

Լրագրողների Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Լրագրողների Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Սփիւռքի Ներուժի Ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան Պետականաշինութեան Գործին Մէջ ՏՕՆԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ Սկսինք պետականաշինութեան մտայնութեան մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան սխալ հասկացողութենէն, որ դժբախտաբար տարածուած մտայնութիւն է մեր իրականութեան մէջ: Այս մեկնակէտէն մատնանշենք, որ որեւէ պետութեան ստեղծման եւ անկէ ետք կայացման համար անհրաժեշտ է ժողովուրդի մը գոյութիւնը տուեալ տարածքի մը վրայ, եւ այդ ժողովուրդի կեանքի կազմակերպումը ստեղծուած պետութեան պարտականութիւնն է: Այս պարագային սփիւռքը հայրենիքի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Պատուաստ Եւ Պատուաստում

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Պատուաստը հակածինային (antigenic) նիւթ մըն է, իսկ պատուաստումը այս հակածինային նիւթին ներարկումն է անհատի մը: Պատուաստը կը գրգռէ անհատին վարակամերժութեան (immunity) համակարգը, կը զարգացնէ յատուկ վարակամերժութիւն եւ կը յայտնաբերէ հակամարմիններ անհատին մէջ: Վարակամերժութիւնը եւ հակամարմինները կը յառաջանան մեր մարմնին մէջ  բնականօրէն եւ արհեստականօրէն: Պատուաստումը արհեստականօրէն վարակամերժութիւն ստեղծելու եւ հակամարմիններ արտադրելու միջոց մըն է: Պատուաստի մը գործօն բաղադրիչը...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Բարե՛ւ, Հայրենիք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատերու նման` ես ալ այս տարի Երեւան եկայ, սակայն այս անգամ` երկար շաբաթներու համրանքով մնալու: Պտոյտ, այցելութիւն: Հարց մը չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելի` կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ մեծ վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի Արարատին, արեւուն, ժամանակին, երիտասարդներուն եւ կեանքին: Երջանիկ էի: Հաստատապէս կեցած էի էութեանս շեմին ու`...

Հոգեհանգիստ` Սեբաստիոյ Հայկական Նորոգուած Գերեզմանատան Մէջ

Հոգեհանգիստ` Սեբաստիոյ Հայկական Նորոգուած Գերեզմանատան Մէջ

«ԱԿՈՒՆՔ», «ԷՐՄԵՆԻՀԱՊԵՐ» Պատմական Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Զառա շրջանին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ, երկարատեւ դադարէ մը ետք, հոկտեմբեր 29-ին հոգեհանգիստի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ: Թրքական «Հապերթիւրք» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ արարողութեան մասնակցելու համար Զառա այցելած է պոլսահայերու 38 հոգինոց խումբ մը` յարգանքի տուրք մատուցելով այդ գերեզմաններուն մէջ հանգչող իրենց նախնիներուն: Հոգեհանգիստի կարգը մատուցելէ ետք ելոյթ ունեցած է Զոհրապ վրդ....

Համշէնական Ինքնութիւնը Օսմանեան Փաստաթղթերում

Համշէնական Ինքնութիւնը Օսմանեան Փաստաթղթերում

ՄԱՀԻՐ ՕԶՔԱՆ Համշէնցիների պատմութեան մասին առաջին յայտնի յիշատակութիւնները պատկանում են հայ հոգեւորականներ Ղեւոնդին եւ Յովհան Մամիկոնեանին: Այդ երկու հեղինակների կողմից յիշատակւում է Համամի առաջնորդութեամբ կատարուած մի գաղթի մասին: Սակայն այդ գաղթի ճանապարհի եւ թուականի վերաբերեալ խառնաշփոթ կայ: Ղեւոնդի համաձայն, գաղթը կատարուել է 789-790 թուականների ընթացքում: Այդ տարիներին ապրած Եսայի կաթողիկոսի, արաբ ոստիկան Օպայտուլլահի եւ բիւզանդական կայսր Կոստանդին 4-րդի անունների յիշատակումը...

Մովսէսն Ալ Մեկնեցաւ

Մովսէսն Ալ Մեկնեցաւ

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Ուշ գիշերին ստացանք գոյժը: Մովսէս Պչաքճեան ոչ եւս է: Չհաւատացինք:  Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ հեռաձայնած էր Փարիզէն եւ յայտնած` կրկին Հայաստան այցելելու իր ծրագիրին մասին: Երեւանի մէջ «Հայաստան» հրատարակչութեան խնամքով եւ «ՎիվասէլևԷմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի հովանաւորութեամբ հրատարակուող իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ի ութերորդ հատորը պատրաստ էր տպարան երթալու: Պիտի գար այդ առիթով: Հալէպ ծնած,...

Հայը… Մենք Ենք

Լիբանանահայ Արդի Երաժշտութեան Ծնունդը (1)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Մինչեւ 1960-ական թուականներուն առաջին կէսը Լիբանանի բոլոր գիշերային վայրերն ու ամառնային զբօսավայրերը ճոխացնողները օտար նուագախումբեր եղած են, մեծամասնութեամբ` իտալացիներ: Ինչպէս գիտենք, 1960-ական տարիներուն սկիզբը Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքէն ծնունդ առաւ երաժշտական շարժում մը, որ սկսաւ «Պիթըլզ» եւ «Ռոլինկ սթոնզ» նուագախումբերու գլխաւորութեամբ եւ շուտով տարածուեցաւ համայն աշխարհի մէջ: Այդ շարժումը կոչեցին «Տը պրիթիշ ինվէյժըն»: Կարճ ժամանակ ետք Լիբանանի մէջ սկսաւ...

Page 878 of 1110 1 … 877 878 879 … 1,110

Արխիւներ