Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Նոյեմբեր 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khatch_102816

Հայ ժողովուրդը իր ազգային ու եկեղեցական տօներու շարքին ունի նաեւ իր լեզուին ու մշակոյթին տօնը: Իւրաքանչիւր տարուան հոկտեմբեր ամսուն մենք իւրայատուկ խանդավառութեամբ կը նշենք հայ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան ծնողները հանդիսացող մեր Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու անմոռաց յիշատակելի օրը:

Ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2016-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Թամար Կանիմեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ գիրերու գիւտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն գիւտն է` աստուածաբոյր, աստուածային ճշմարտութեամբ օծուն: Ան աւելցուց, որ Թարգմանչաց սերունդը անոր շնորհիւ կերտեց ազգ ու մշակոյթ, ստեղծեց հայադրոշմ հայրենիք եւ հաստատեց դէպի ապագայ ճախրող երաշխիք: Կանիմեան իր խօսքը փակեց` յորդորելով իր ընկերները հայերէնին մօտենալու իբրեւ մայրենի եւ ոչ թէ երկրորդական լեզու, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մեր դարաւոր անցեալի մաշտոցեան նշխարներուն:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած «Իմ անունը հայ է» խմբերգով, որմէ ետք Ա. դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայաստանի երգը», իսկ 5-րդ կարգի աշակերտները` «Իմ մայր լեզու» երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր վարժարանի առաջին տնօրէններէն եղած, գրական բեղուն գործունէութիւն մշակած, Աստուածամօր նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ ներկայիս Այնճարի Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը: Գերյարգելին առաջին հերթին շնորհաւորեց վարժարանիս ստացած սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» Ա. կարգի մրցանակը: Ապա ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Դուք պաշտպանն էք հայ լեզուին` ոսկեղնիկին, մեծասքանչին: Դուք հպարտանքով պէտք է լեցուիք ձեր հայ ըլլալով, ուրախանաք, երբ հայերէն կը խօսիք, կը գրէք ու կ՛երգէք եւ չամչնաք, որ դուք հայկական վարժարանի կ՛աշակերտէք»: Ան ըսաւ, որ մեր հայոց լեզուն, հայախօսութիւնը մեր ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյատեւման կռուանն են, եւ երբ իւրաքանչիւր հայ հայերէն կը խօսի, կը գրէ ու կ՛աղօթէ, ապա ան աւելիով հայ է:

3-րդ, 4-րդ, 6-րդ եւ 7-րդ կարգի աշակերտները երգով, պարով ու ասմունքով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին, որուն մէջ գովերգեցին հայ լեզուն, անոր գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ հայ լեզուով ստեղծագործած մեր բանաստեղծները:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մենք որպէս հայ` կը գոյատեւենք շնորհիւ մեր այբուբենին, եւ «մայրենիի պաշտպան» մրցանակի արժանանալը ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեր վարժարանին համար,  բայց զայն պահպանելու համար մենք պէտք է պաշտպանն ու տէրը ըլլանք մեր լեզուին, մեր մշակոյթին ու ինքնութեան:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր խորհրդատու Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը, որ փակման աղօթք կատարելէ առաջ ըսաւ. «Յարգանք, պատիւ ու պարծանք մեզի, որ ունեցանք երկրորդ լուսաւորիչ մը` Մեսրոպ Մաշտոցը, որ լուսաւորեց մեր մտքերը»: Փակման աղօթքին աշակերտները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1966)

Յաջորդը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը` Մեսրոպեանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?