Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

634 Հայ Աշակերտներ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի Հոգատար Երդիքին Տակ

Նոյեմբեր 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան  Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնը 2015-2016 տարեշրջանին մանկավարժական մասնագիտական ծառայութիւն մատուցեց ընդհանուր 634 հայ աշակերտներու:

img_3483

Մեկնելով այս տուեալէն եւ հայ վարժարաններուն մէջ մանկավարժական մասնագիտական եւ ներառական կրթութիւնը քաջալերելու նպատակով  կեդրոնը կազմակերպեց հայկական վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատուներու ժողով-հաւաք, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին: Հրաւիրուեցան Լիբանանի տարածքին գործող 22 հայկական վարժարաններու տնօրէններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուները:

Մանկավարժական կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ աշխատակազմին կողքին, ներկայ գտնուեցան նաեւ Նիւ Եորքի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական մարմինի անդամ Զաւէն Թաշճեանը, գործադիր տնօրէնուհի Իրինա Լազարեանը, Լիբանանի տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, Լիբանանի խորհրդատու մարմինի անդամ Ազատուհի Սիմոնեանը, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի, Ազգային Աբգարեան վարժարանի, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Այնճարի Հայ կաթողիկէ վարժարանի, Այնճարի Հայ կաթողիկէ Աղաճանեան սանուց տան, ՀԲԸՄ-ի Նազարեան վարժարանի, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի, քաղաքի Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանի, Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի, Զուարթնոց կեդրոնի, ուսումնական խորհուրդի եւ մանկախնամ կազմակերպութիւններու ու բարեսիրական քոյր միութիւններու տնօրէնները, պատասխանատուներն ու ընկերային ծառայողները: Այսպիսով, հաւաք-ժողովին մասնակցողներուն թիւը հասաւ 49-ի:

Այս ժողովին հիմնական նպատակն էր ներկաներուն զեկուցել  2015-2016 տարեշրջանի կեդրոնին կատարած աշխատանքները առաւօտեան ժամերուն հայկական վարժարաններէն ներս, իսկ յետմիջօրէին` կեդրոնէն ներս,  ինչպէս նաեւ` ներկայացնել յառաջիկայ տարուան` 2016-2017 տարեշրջանի կատարուելիք աշխատանքները:

Ժողովին բացման խօսքը կատարեց հաստատութեան տնօրէնը` Սերոբ Օհանեանը: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր  աշխատանքներու կեդրոնացումի հիմնական առարկան դարձուցած է մանուկը` իր մարմնական, մտային եւ հոգեկան երեսներով: Ս. Օհանեան ըսաւ. «Մենք մեր կարելին կ՛ընենք հարկ եղած ներդրումները կատարելու ի նպաստ հայ մանուկի հոգեմտաւոր եւ մարմնական առողջ աճին. մեր մասնագէտները մանուկները խնամելու կողքին, նաեւ պէտք եղած բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները կու տան նաեւ ծնողներուն` կազմակերպելով դասախօսական շարքեր: Մենք կ՛ուզենք, որ հայ մանուկը ծաղկի, մեծնայ եւ փայլուն տարր մը հանդիսանայ հայկական շրջանակին մէջ. չենք ուզեր տեսնել հայ մանուկը դպրոցէ զուրկ, չենք ուզեր տեսնել հայ մանուկը հիւանդ` իր հոգեկան, ֆիզիքական եւ մտային երեսներով. անցնող երեք տարիներուն ընթացքին մանկավարժական կեդրոնի մեր ծառայութիւնները կեդրոնացուցինք հայ վարժարաններուն մէջ, որպէսզի զօրավիգ կանգնինք հայ վարժարանի վերելքին: Այս աշխատանքը կրցանք իրագործել գործակցաբար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին ունեցած մեծ ներդրումին. ծրագիրի յաջողութեան իրագործման մէջ իրենց որոշակի մասնակցութիւնը ունեցան նաեւ` «Կոկիկեան» հիմնադրամը, «Փոնթիֆիշըլ միշըն» կազմակերպութիւնը  եւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը»: Ան նաեւ շեշտեց ներառական կրթութեան կարեւորութիւնը հայկական վարժարաններուն մէջ:

img_3487

Խօսք առաւ Մանկավարժական կեդրոնի տնօրէն Յասմիկ Նալպանտեանը, որ ըսաւ. «Հաուըրտ Գարակէօզեան» մանկավարժական կեդրոնը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ եւ կ՛աշխատի պատրաստել ապագայի հայ քրիստոնեայ քաղաքակիրթ մարդը` լիացած հայեցի դաստիարակութեամբ, հաւասարակշռուած հոգեկան եւ զգացական աշխարհներով, որպէսզի կարենայ օգտաշատ ներդրումը ունենալ իր ազգի բարգաւաճման կեանքին մէջ: Այս առաքելութեան մեծագոյն բեռը կ՛իյնայ դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն վրայ, որովհետեւ իրենք են, որ կը կերտեն մեր ազգի դիմագիծը` դաստիարակելով ամբողջ ազգ մը:

Ապա փաուըրփոյնթի միջոցով մանկավարժական կեդրոնի նպատակն ու ձգտումը բացատրելէ ետք, ներկայացուց 2015-2016 տարեշրջանի աշխատանքի վիճակագրութիւնն ու միջամտութեան յաջորդ փուլը:

Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ կեդրոնը կը տրամադրէ գնահատման եւ միջամտութեան զանազան ծառայութիւններ, ինչպէս նաեւ կը գործակցի հետեւեալ մասնագիտութիւնները ունեցող մասնագէտներուն հետ.- ուղղախօս, ուղղավարժ, հոգեշարժ, հոգեբան եւ Behavioral Therapist (ABA). ասոնց կողքին կը կատարէ նաեւ խորհրդատւութիւններ, ծնողական ցուցմունքներ եւ իրազեկումներ: Կեդրոնի աշխատակազմը կը բաղկանայ 26 մասնագէտներէ. 17 մասնագէտներ կը գործեն կեդրոնին մէջ, իսկ 9 մասնագէտներ` անձնական դարմանատուներուն մէջ:

2015-2016 տարեշրջանի աշխատանքի վիճակագրութիւնն ու միջամտութեան յաջորդ փուլը

Ա.- Յետմիջօրէի ծրագիր` կեդրոնին մէջ

Սեպտեմբեր 2015-էն օգոստոս 2016 կեդրոնը ընդունած է 216 աշակերտ, իսկ պահերու ընդհանուր թիւը հասած է 4.553-ի:

stastics_110716

216 աշակերտներուն բաժանումը, ըստ մասնագիտութեան, ընթացած է հետեւեալ ձեւով. հոգեբանները տեսած են 84 աշակերտ, ուղղախօսութեան մասնագէտները` 92 աշակերտ, ուղղավարժ մասնագէտները` 65 աշակերտ, հոգեշարժ մասնագէտները` 41 աշակերտ, իսկ մտային կարողութեան եւ հոգեկան իրավիճակի գնահատանք ստացած են 12 աշակերտներ:

Բ.- Առաւօտեան ծրագիր` հայկական վարժարաններուն մէջ

employees_110716

Մանկավարժական կեդրոնը, գործակցաբար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին հետ, 2015-2016 դպրոցական տարեշրջանին հայկական վարժարաններուն մէջ ապահովեց դպրոցական յատուկ մասնագիտական ծառայութիւններ: Այսպէս, կեդրոնին կողմէ երկու մասնագէտներ` մէկ ուղղախօս եւ մէկ հոգեբան, այցելեցին վարժարանները եւ աշակերտներուն տրամադրեցին հարկ եղած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարեցին ուսուցչաց մարզումներ եւ ծնողական դասախօսական պահեր: Տուեալ կազմին առաքելութիւնը եղաւ հայկական վարժարաններէն ներս յայտնաբերել, կանխել եւ հարկ եղած թելադրանքները կատարել տնօրէնութեան, որպէսզի դպրոցներուն մէջ «ուսումնական յատուկ կարիքներ» հասկացողութիւնը ստանայ մասնագիտական լուսաբանութիւն, եւ դպրոցներ իրենց կարգին կարենան լաւագոյնս աջակցիլ իրենց աշակերտներուն:

Դպրոցական այս ծրագիրը սկիզբ առաւ հոկտեմբեր 2015-ին: Հոկտեմբեր 2015-էն մինչեւ յունիս 2016 մասնագէտներու խնամքին յանձնուած աշակերտներուն թիւը հասաւ 418-ի:

total-pm-shift_110716

418 աշակերտներուն բաժանումը, ըստ մասնագիտութեան, ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. հոգեբանները տեսան 216 աշակերտ, իսկ ուղղախօսութեան մասնագէտը` 253 աշակերտ:

Հոկտեմբեր 2016-էն մինչեւ յունիս 2016 մեր մասնագէտները այցելեցին 19 հայկական դպրոցներ եւ կատարեցին 1229 միջամտութիւն:

Հիմնուելով հոգեբաններու միջամտութեան եւ դպրոցներէն մեր ստացած գնահատումներուն վրայ, 2016-2017 տարեշրջանին մեր թիրախը կ՛ուզենք դարձնել հետեւեալ կարիքներն ու միջամտութիւնները.

ա.- Կազմակերպել ուսուցիչներու վարժանիստեր,

բ.- Հետեւիլ եւ աջակցիլ ուսուցիչներուն, որպէսզի լաւապէս գործադրեն իրենց տրուած գիտարուեստական միջոցները:

Մեր նպատակը յաջողցնելու միտումով իւրաքանչիւր հայկական վարժարանի մէջ պիտի կատարենք երկու վարժանիստեր, որոնցմէ ետք հոգեբանը երկու շաբաթ  պիտի մնայ դպրոցին մէջ, որպէսզի օգնէ ուսուցիչներուն` կիրարկելու իրենց տրուածը:

Ուղղավարժը իր կարգին եւս պիտի օգնէ ուսուցիչներուն` բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս կրնան դասերու փոփոխութիւն եւ յարմարեցում կատարել` հիմնուելով աշակերտին կարիքին եւ կարողականութեան վրայ: Տուեալ աշխատանքը պիտի ընթանայ դպրոց առ դպրոց:

Ապա հոգեբան եւ ներառական կրթութեան խորհրդատու Փոլին Նաճարեան-Ապու Ժաուտէ ներկաներուն խօսեցաւ «Ներառական կրթութիւն եւ վարքագիծի կառավարման քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ անոնց առիթը տրուեցաւ  արտայայտելու իրենց փորձառութիւնները եւ փոխանակելու իրենց կարծիքներն ու կատարելու առաջարկները:

Նախորդը

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի 6-րդ Վերամուտ

Յաջորդը

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Անցուցին 41 Մանուկներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?