Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Նոյեմբեր 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

getron-3_110716

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը անցնող ամիսներուն տարբեր բնագաւառներու մէջ գործակցեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` «Catholic Relief Services» (CRS), UNDP, MECC, YMCA, WHO, UNICEF-ի, տեղական եւ պետական կառոյցներու հետ, ինչպէս` Լիբանանի առողջապահութեան եւ ընկերային բարօրութեան նախարարութիւններուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ: Այս գործակցութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց, որ կեդրոնի անձնակազմը մասնակցի վարչական, առողջապահական եւ ընկերային զանազան նիւթերու առնչուած վերաորակաւորման վարժանիստերու դասընթացքներու եւ սեմինարներու:

Կեդրոնը շարունակեց բարեսիրական քոյր հաստատութիւններու հետ սերտ կապերը եւ հանդիպումները:

getron-2_110716

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը ընկերային ծառայողներուն միջոցով ընդունեց լիբանանահայ եւ սուրիահայ կարիքաւոր բազմաթիւ պարագաներ ու ընտանիքներ եւ անոնց տրամադրեց զանազան օժանդակութիւններ, ինչպէս` ընկերային եւ նիւթական յատկացումներ, դեղերու հայթայթում, հիւանդանոցային կամ ծերանոցի ծախսերու օժանդակութիւն, գործ հայթայթելու աշխատանք:

getron-1_110716

Անյայտ բարերարներ ամսական դրութեամբ նիւթական օժանդակութիւններ կատարեցին սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու:

«Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնի գրասենեակը փոխադրուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, եւ անոր գործունէութիւնը պիտի շարունակուի կեդրոնի նախազգուշական եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի բաժանմունքներուն կողմէ:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շարունակեց գործակցիլ Լիբանանի տարբեր համալսարաններու հետ, որոնք իրենց կրթական ծրագիրը ամբողջացնելու նպատակով իրենց ուսանողները գործուղեցին կեդրոն, որպէսզի իրենց փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ վարժութեան աշխատանքները կատարեն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ հանրային կամաւոր ծառայութիւն տանին կեդրոնէն ներս: Ուսանողներու գործակցութեամբ բաժանմունքը կազմակերպեց երկու հանրային դասախօսութիւններ` «Շաքարախտը» եւ «Ինչպէս կանխարգիլել կուրծքի, արգանդի քաղցկեղն ու արեան գերճնշումը» թեմաներով:

Բաժանմունքը նաեւ պիտի կազմակերպէ միօրեայ նախազգուշական արշաւ մը` «Փսորիասիս հիւանդութեան հետ ինչպէս գոյակցիլ» նիւթով:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ գործադրութեան դրուած «Actual Accreditation 5th Phase»-ի իսկական վարկաւորման հանգրուանային ծրագրի ծիրէն ներս, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Accreditation Canada International»-ի ներկայացուցիչներու խմբակը կեդրոն այցելեց եւ շրջեցաւ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները եւ մօտէն ստուգեց տարուած աշխատանքն ու գործունէութիւնը` արժեւորելու համար, թէ որքանո՛վ կը համապատասխանեն միջազգային արդի առողջապահական չափանիշներուն եւ արժեչափերուն:

Ներկայացուցիչներու խմբակը ստուգելէ ետք բոլոր թղթածրարները, գնահատեց եւ քաջալերեց բոլորին տարած աշխատանքը եւ ճիգը:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մնացեալ բոլոր բաժանմունքները, ինչպէս` շտապ օգնութեան, դեղարանի, շողանկարումի, մարձումի եւ բժշկական, ինչպէս նաեւ ատամնաբուժարանի եւ տարրալուծարանի բաժանմունքները շարունակեցին, իրենց գործունէութիւնը` շնորհիւ կեդրոնի անձնակազմին եւ բժշկական կազմին:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Աշխատանքները

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Բազմաճիւղ Գործունէութեան Մասին Հարցազրոյց` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Մարալ Մխճեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?