Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք. «Մեսրոպեանը Հայ Կաթողիկէ Մեծագոյն Եւ Ամենակարեւոր Հաստատութիւնն Է»
2016-ի հոկտեմբեր 28-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Թարգմանչաց տօնին նուիրուած աշակերտական հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը:
Հանդիսութեան ընթացքին իր հայրական խօսքը ուղղելով աշակերտութեան եւ Մեսրոպեանի անձնակազմին` Գրիգոր Պետրոս Ի. դիտել տուաւ, որ բախտաւոր ու երջանիկ է այն հայ մանուկը, որ հասակ կը նետէ ու կը դաստիարակուի լիարժէքօրէն հայաշունչ կրթական միջավայրի մը մէջ, ինչպիսին է Մեսրոպեան վարժարանը: Հոգեւոր տէրը յորդորեց աշակերտները` հպարտութեամբ կրելու եւ ապրելու իրենց հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը, քանզի անոնք իրենց մէջ կը կրեն անժամանցելի արժէքներ, որոնք կարեւոր են ոչ միայն հայ ազգին, այլ` ամբողջ մարդկութեան համար: Ան յայտարարեց, որ Մեսրոպեանը հայ կաթողիկէ համայնքին ամենամեծ եւ ամենակարեւոր հաստատութիւնն է, որուն գործունէութեան կը հետեւի ամբողջ համայնքը` աշխարհի չորս ծագերէն, եւ որուն յաջողութիւններով կ՛ոգեւորուի համայնքի իւրաքանչիւր անդամ: Այս առիթով Գրիգոր Պետրոս Ի. հաւաստիացուց, որ կրթական հաստատութիւնները միշտ պիտի մնան իր յատուկ հոգածութեան առարկայ, քանզի անոնց մէջ է, որ կը կազմաւորուին համայնքային եւ ազգային կեանքի ապագայ դերակատարները:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօս Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր հերթին կոչ ուղղեց աշակերտներուն` լաւապէս ճանչնալ Ոսկեդարու գրական, կրօնագիտական, իմաստասիրական եւ պատմաբանական ժառանգութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի արժէքները, որոնք բովանդակութիւն կու տան հայու ինքնութեան եւ անոր կը շնորհեն իւրայատուկ տեղ մը` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչը յորդորեց աշակերտները Սուրբ Թարգմանիչները ընդունիլ որպէս աստուածասիրութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, ուսումնատենչութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան օրինակներ եւ հետեւիլ անոնց վարքին` յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին յառաջընթացին:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Թարգմանչաց տօնին առիթով Մեսրոպեանի ընտանիքը մեծագոյն ուրախութեամբ կ՛ընդունի Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին անդրանիկ այցելութիւնը վարժարան, որուն տնօրէնի պաշտօնը ան վարած է 1961-1969 տարիներուն: Այցելութեան առիթով վարժարանի տեսչական բաժանմունքը կնքուեցաւ հոգեւոր տիրոջ անունով եւ այդ մասին յուշաքար մը զետեղուեցաւ բաժանմունքի մուտքին: Խօսքը ուղղելով հոգեւոր տիրոջ` Կ. Գալուստ ըսաւ. «Այս վարժարանը եղաւ, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ հաւատարիմ այն առաքելութեան, որ դուք եւ ձեր միաբանական եղբայրները սահմանեցիք` համաձայն մեր Լուսաւորչեան հաւատքին, ազգային նկարագին եւ համամարդկային վեհագոյն արժէքներուն» եւ ապա շեշտեց. «Մեսրոպեանը կը դաւանի, որ իրեն դիմող աշակերտներն ու ծնողները արժանի են լաւագոյնին. hետեւաբար անիկա յանձնառու է հետեւողականօրէն զարգացնելու իր ֆիզիքական ենթակառոյցը, մանկավարժական անձնակազմին կարողութիւնները, ակադեմական ծրագիրներն ու կրթութեան հետ կապուած բոլոր ծառայութիւնները»: Կ. Գալուստ Մեսրոպեանի ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին իր օրհնաբեր այցելութեան եւ հայրական սիրոյն համար եւ այս առիթով անոր յանձնեց յուշանուէր մը:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» մեծերու երգչախումբը` երկու երգերով, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին թատերական պատկեր մը, Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներ կատարեցին խմբային ասմունք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Էլի Թորանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածը, աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) եւ Մարիա Եմէնեան (դաշնամուր) ներկայացուցին «Սարդարապատ» երաժշտական կտորը, ցուցադրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Հայկ Թապաքեանի պատրաստած տեսանիւթը` Հայ գիրերու ստեղծման մասին, բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կասիա Ժինեան:
Շրջագայութիւն` Վարժարանին Մէջ
Ձեռնարկէն առաջ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ եւ ծանօթացաւ աշխատանքներուն:
Այցելութեան առիթով Մեսրոպեանի տեսչական բաժանմունքի մուտքին կատարուեցաւ բացումը յուշաքարի մը, որով նոյն բաժանմունքը կը ստանար Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին անունը, առ ի վաւերացումն այն փաստին, որ նշեալ բաժանմունքը կառուցուած էր բացառապէս հոգեւոր տիրոջ ջանքերով, անոր` Մեսրոպեանի տնօրէն եղած ժամանակաշրջանին (1961 – 1969):
Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը այցելեց Մեսրոպեան վարժարանի գրասենեակներն ու բաժանմունքները, ծանօթացաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն, գոհաբանական աղօթք կատարեց Մեսրոպեանի մատուռին մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ տեսչական կազմի անդամներուն հետ, Եսայեան հանդիսասրահին մէջ:
Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը ըսաւ, որ թէ՛ որպէս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ, եւ թէ՛ որպէս նախկին տնօրէն, Մեսրոպեանը մեծ տեղ ունի իր սրտին մէջ, եւ որուն գործունէութեան կը հետեւի մեծագոյն ուշադրութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս այցելութեան առիթով եւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի մանկավարժական եւ վարչական անձնակազմին կատարած աշխատանքը` հայ սերունդներու կրթութեան համար: Ան շեշտեց սիրոյ կարեւորութիւնը ուսուցչական գործունէութեան մէջ, դիտել տալով, որ սէրն է, որ մեծապէս կ՛արդիւնաւորէ ուսուցիչի մը ջանքերը` աշակերտներու դաստիարակութեան մէջ: Ան կարեւորութեամբ նկատել տուաւ, որ ուսուցչութիւնը սովորական մասնագիտութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն մը` սրբազան կոչուելու աստիճանի, առանց որուն գիտակցութեան ուսուցիչ մը չի կրնար իրականացնել իր կոչումը: Գրիգոր Պետրոս Ի. յորդորեց բոլորը` զինուելու մեծագոյն համբերութեամբ, մանուկներու առողջ կազմաւորման առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար:
Այցելութեան առիթով, հոգեւոր տէրը, ընկերակից հոգեւորական հայրերուն եւ ընդունելութեան մասնակիցներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, ծաղիկներ զետեղելով անոր յուշակոթողին առջեւ: Ան յուշանուէրներ ստացաւ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ: Այցելութեան աւարտին, ան վարժարանի յուշամատեանին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Եկայ, տեսայ, հիացայ, սիրեցի. նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ` Տիրոջ օրհնութեամբ եւ պատասխանատուներու նուիրումով: Աղօթարար` Գրիգոր Պետրոս Ի., 28 հոկտեմբեր, 2016»: