Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակը եւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 26 սեպտեմբերին հրապարակած են Հայաստանի մէջ առաջին ամբողջական ազգային վերլուծութիւնը` մանկական բազմաչափ աղքատութեան վերաբերեալ: Իր տեսակին մէջ այս ուսումնասիրութիւնը առաջինն է մեր շրջանին մէջ եւ հիմնուած է ազգային բազմակի համընկնող խոցելիութեան վերլուծութեան մեթոտաբանութեան վրայ, որ մշակուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ինոչենթի հետաքննութիւններու գրասենեակին կողմէ (Ֆլորանս): Զեկուցումը մանկական աղքատութեան վերաբերեալ ամբողջական պատկեր կու տայ ազգային պարունակին մէջ` ներառելով թէ՛ բազմաչափ, թէ՛ դրամական աղքատութիւնը, ինչպէս նաեւ` տուեալներ կը տրամադրէ չափումներու համընկնումի աստիճանին վերաբերեալ:
«Մանկական աղքատութիւնը աւելին է, քան` պարզապէս դրամական կարիքը. անիկա բազմաչափ է: Փոքրիկներու համար աղքատ ըլլալ` կրնայ նշանակել զրկուած ըլլալ կեանքի համար վճռորոշ պայմաններէն, ինչպիսիք են` սնուցումը, կրթութիւնը, ժամանցն ու կացարանային պայմանները: Այս զրկանքները աւելին են, քան` պարզապէս դրամական կարիքները, որոնք կ՛ազդեն երեխայի ոչ միայն ներկայ կեանքին, այլեւ հետագային իր ամբողջական ներուժը զարգացնելու կարողութեան վրայ», նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայ:
Ուսումնասիրութիւնը կը չափէ կարիքաւորութիւնը շարք մը չափանիշներով, որոնք ընտրուած են շահագրգիռ կողմերուն հետ խորհրդատուական լայնածաւալ հոլովոյթի հիման վրայ` խարսխուելով նաեւ երեխայի իրաւունքներուն մասին ուխտին վրայ: Այդ չափանիշները հետեւեալներն են` սնուցումը, կանուխ մանկական կրթութիւնը եւ խնամքը, կրթութիւնը, ժամանցը, հասարակական փոխադարձ յարաբերութիւնները, հագուստի առկայութիւնը, տեղեկատուութիւնը, տնային պայմանները եւ այլն: Զեկուցումի մեթոտաբանութեան հիմնական առանձնայատկութիւններէն մէկը կենսափուլային մօտեցումն է. տարբեր տարիքի փոքրիկներ ունին տարբեր կարիքներ: Ուստի վերլուծութեան հիմքին մէջ ինկած են երեք հիմնական` 0-5, 6-14 եւ 15-17 տարիքային խումբերը:
Գիւղաբնակ փոքրիկներու 82 առ հարիւրը խոցելի է, մինչդեռ քաղաքաբնակներուն միայն 53 առ հարիւրը խոցելի է: Գիւղ-քաղաք այս կտրուկ տարբերութիւններու հիմքը կը կազմէ համայնական պայմաններու (87 առ հարիւրը) եւ տեղեկատուութեան հասանելիութեան սահմանափակ ըլլալը (57 առ հարիւր), մինչդեռ ասիկա ճիշդ է քաղաքաբնակ փոքրիկներու միայն մէկ երրորդին համար: Սակայն զրկանքներու բաշխման կամ աղքատութեան յստակ չափանիշներու առումով չկան նշանակալից սեռային տարբերութիւններ:
Երբ բազմաչափ աղքատութիւնը կը համադրուի դրամական աղքատութեան հետ, իւրաքանչիւր 3 փոքրերէն մէկը թէ՛ աղքատ է եւ թէ՛ խոցելի: Երեխաներուն 28 առ հարիւրը խոցելի է 2 եւ աւելի շեմերու վրայ եւ աղքատ է: Այս երեխաները հասարակութեան ամէնէն խոցելի հատուածն են, եւ անոնց պէտք է առաջնահերթութիւն տրուի ընկերային քաղաքականութեան տեսանկիւնէն: Երեխաներուն 36 առ հարիւրը կարիքաւոր է, բայց` ոչ աղքատ: Այս երեխաներուն անհրաժեշտ է անմիջական միջամտութիւն` խոցելիութիւնը վերացնելու համար, քանի որ անոնք կրնան դուրս մնալ այն քաղաքականութիւններէն, որոնք ուղղուած են միայն նիւթական աղքատութեան յաղթահարման:
Ուսումնասիրութիւնը կարեւոր տուեալներ կը հաղորդէ ոչ միայն ընկերային քաղաքականութեան մշակման համար` երաշխաւորելու, որ երեխաները պաշտպանուած ըլլան վտանգներէ, այլեւ` ընդլայնելու հասանելիութիւնը այն ծառայութիւններուն, որոնց կարիքը ունին այդ երեխաները: Անկախ օգտագործուող մեթոտաբանութենէն, վիճակագրութիւնը մեզի կը յուշէ, որ երեխաները, աւելի քան որեւէ տարիքային խումբ, ենթակայ են աղքատութեան վտանգին: Մանկական աղքատութիւնը վերացնելը մարտահրաւէր է բազմաթիւ երկիրներու համար եւ` առանցքային խնդրիրներէն մէկը: