Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Ապրիլեան Պատերազմին Պատճառով Վնասուած Շրջաններու Վերակառուցման Աշխատանքները Աւարտական Փուլի Մէջ Են

Նոյեմբեր 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

qandac-tun1

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով եւ անոր յաջորդող զինուորական գործողութիւններէն վնասուած շրջաններու վերակառուցման աշխատանքները աւարտական փուլի մէջ են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Յունան Թադեւոսեան:

«Ապրիլեան զինուորական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած էին` Մարտակերտ քաղաքը, Թալիշը, Մատաղիսը եւ Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտար գիւղը: Զինադադարէն անմիջապէս ետք չափագրումի եւ գոյքագրումի աշխատանքները կատարուած են: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած է վնասուած 38 տուն, որոնցմէ 28-ն արդէն վերանորոգուած է, իսկ մնացեալին վերանորոգումը ընթացքի մէջ է:

Այլ շրջաններու մէջ, ուր հիմնականին մէջ տուներու ապակիներ կոտրուած են, անհրաժեշտ քանակութեամբ ապակիներ տրամադրուած են, ու արդէն անոնց տեղադրումի աշխատանքներուն մէկ մասը աւարտած է, միւս մասին տեղադրումն ալ ընթացքի մէջ է», ըսաւ Յունան Թադեւոսեան:

Մատաղիսի մէջ վնասուած էին տուներ եւ շրջանի դպրոցը: Վերջինիս ապակիները կոտրուած, իսկ տանիքը վնասուած էր: Յունան Թադեւոսեանի համաձայն, պետութեան կողմէ բնակիչներուն անհրաժեշտ քանակութեամբ թիթեղ եւ ապակի տրամադրուած է: Մատաղիսի մէջ վնասուած տուներու վերանորոգումի աշխատանքները հիմնականին մէջ աւարտած են: Իսկ ինչ կը վերաբերի դպրոցին, ապա անոր վերանորոգման աշխատանքները ամբողջութեամբ վերջ գտած են, դասընթացքները բնականոն կերպով կ՛ընթանան: Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտար գիւղի դպրոցը եւս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է: Յունան Թադեւոսեան նկատեց, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներէն վնասուած է նաեւ կազատարը, որ զինադադրէն ետք կրկին շատ արագ վերանորոգուած է: Ան յիշեցուց Արցախի վարչապետին այն խօսքը, որուն հիման վրայ, ռմբակոծումներուն հետքը ամբողջութեամբ պէտք է ջնջուի:

«Ինչ կը վերաբերի Թալիշին, ապա այնտեղ միայն ելեկտրամատակարարման վերականգնումի աշխատանքներ կատարուած են: Թալիշը ներկայիս հակառակորդի նշանառութեան տակ է, հետեւաբար այնտեղ տակաւին վերանորոգման աշխատանքներ չեն կատարուած: Թալիշի բնակելի շէնքերուն 30 առ հարիւրը վնասուած է», աւելցուց ան: Շինարարութեան, շրջաններուն մէջ վերակառուցման աշխատանքները կատարուած են Արցախի կառավարութեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ Շինարարներու միութեան աջակցութեամբ:

Նախորդը

Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?