Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քուէն…Ո՛չ Ոքի

November 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_hairenik_110716

Վճռական ժամը կը մօտենայ, եւ քանի մը օրէն` յառաջիկայ երեքշաբթի, նոյեմբեր 8-ին, Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրեն իրենց 45-րդ նախագահը:

Արդեօք որքանո՞վ մնացած է հետաքրքրութիւն, պայքար եւ ամէնէն կարեւորը` մակարդակ: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ ամէնէն արտառոց կացութիւնը ստեղծուած է, երբ երկու թեկնածուները, փոխանակ յառաջիկայ չորս տարիներու յատուկ փլաթֆորմ, գործընթաց եւ թղթածրար պատրաստելու եւ ներկայացնելու, ընդհանրապէս ցեխարձակումներ կատարեցին իրենց ընտրարշաւին եւ դէմ առ դէմ վիճաբանութեան ընթացքին:

Կարգ մը դէտեր այս ստեղծուած կացութիւնը վերագրեցին հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփին, որ անմակարդակ եւ անվայել ելոյթներով պատճառ դարձած է, որ ստեղծուի նմանօրինակ անսպասելի եւ անել կացութիւն մը: Անխոհեմ, մանկամիտ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ, որոնք քիչ մը աւելի առաջ երթալով` բազմիցս «փողոցային» մակդիրին արժանացան, ստեղծեցին այս տխուր եւ… վտանգաւոր կացութիւնը:

Որդեգրած հակառակորդ թեկնածուն` Հիլըրի Քլինթընը վարկաբեկող Թրամփի  ցեխարձակումներուն ոճը ունեցած է ոլրանետեան  (պումըրանկ) ազդեցութիւն մը, որ լաւապէս օգտագործուեցաւ մրցակիցին կողմէ, եւ այսօր, ընտրութիւններուն քանի մը օր մնացած, հետզհետէ աւելի կը յստականայ, որ արդէն իսկ արդիւնքը յստակ է եւ շօշափելի տարբերութեամբ` ի նպաստ տիկին Քլինթընի:

Մտահոգիչն ու ընդվզեցուցիչը այն է, որ գերակայութեան բարդոյթէ տառապող Թրամփ շարունակ կը շեշտէ, թէ իրեն դէմ դաւադրութիւն մը սարքուած է եւ այդ իսկ պատճառով, ինք ժողովրդականութիւն եւ ինքնաբերաբար քուէներ կորսնցուցած է: Եւ առ այդ, ան մտադրած է, հաւանական պարտութեան պարագային մերժել արդիւնքը եւ երբեք վստահութիւն չունենալ երկրի ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ կառոյցներուն նկատմամբ: Նմանօրինակ կացութիւն մը կրնայ աշխարհի տարածքին ծիծաղելի նկատուիլ` խայտառակելով աւելի քան երկու հարիւր տարուան ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած Նոր Աշխարհը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները:

Ասոր  դիմաց, Հիլըրի Քլինթըն, կառչած իր ամուսնոյն ստեղծած հռչակին եւ անոր շնորհիւ գոյութիւն ունեցող` «Քլինթըն Ֆաունտէյշըն»-ին, արդէն իսկ օգտուած է իր մրցակիցին տարրական եւ մեծ սխալներէն` Մեքսիքայի սահմանային տարածաշրջանէն ներս անծայրածիր պատի կառուցումէն մինչեւ այլ կրօններու (յատկապէս իսլամ) պատկանող տեղացիներու եւ կիներու հանդէպ կոշտ եւ վիրաւորական մօտեցումներէն:

Բացի զգայացունց եւ կացութիւններ շրջանցող անակնկալէ մը, ընտրութեան օրը չհասած, գրեթէ յստակ է արդիւնքը, սակայն հայորդիին համար յատկապէս այս անգամուան ընտրարշաւը ցոյց կու տայ, որ երկու թեկնածուներն ալ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Հայ դատի առնչուող հարցերուն:

Հետեւաբար` ո՛չ Թրամփին, ո՛չ ալ Քլինթընին: Սակայն, հայորդիին համար առաջնահերթ է մասնակցիլ ու գործօն դեր ունենալ դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ կատարուող ընտրութիւններուն` քուէարկելով ի նպաստ հայութեան մօտիկ բարեկամ եւ Հայ դատի սատարող թեկնածուներու:

2 նոյեմբեր  2016

Նախորդը

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Յաջորդը

Շահէն Մեղրեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.