Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
ԼՕԽ-ը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ լիբանանահայ իրականութեան ամէնէն աշխուժ եւ արդիւնաւէտ, լայնածիր աշխատանք տանող կառոյցներէն մէկը, որուն գործունէութեան մէջ ներառուած են տարբեր բնագաւառներ, տարբեր տարիքի եւ խմբաւորումներու պատկանող անհատներ: Այս բոլորին, տարուող աշխատանքին, առկայ դժուարութիւններուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան` իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ԼՕԽ-ի դերակատարութեան եւ տարուած կամաւոր աշխատանքին մասին խօսելով` Մարալ Մխճեան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի 86-ամեայ աշխատանքներուն հիմքը կը հանդիսանան կամաւորներն ու անոնց տարած նուիրական գործը: Ան նշեց, որ այսօր միջազգային առումով դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել այս տարողութիւնը ունեցող կնոջական միութիւն, ուր բոլորը կամաւորաբար կը գործեն:
«ԼՕԽ-ի պարագային ունինք 4000 հաշուող կամաւորներու հսկայ բանակ մը, տարածուած 26 մասնաճիւղերու վրայ, որոնց նպատակն է հասնիլ բոլորին, ըլլալ նեցուկ եւ ապաւէն, ձեռք երկարել աշակերտին, ծերին, այրիին, կարիքաւորին, հիւանդին, նաեւ տէր կանգնիլ ազգային եւ մշակութային արժէքներու ու աւանդութիւններու պահպանման: Ըստ հետազօտութիւններու, կամաւոր ծառայութիւնը ամէնէն վեհ եւ ազնիւ աշխատանքն է, որուն մէջ անձ մը իր նուիրումով հոգեկան բաւարարութիւն կը ստանայ: ԼՕԽ-ի մէջ տարուած աշխատանքն ալ այդ իրականութեան ամբողջական արտացոլացումն է», հաստատեց ան:
ԼՕԽ-ի աշխատանքային դաշտերուն անդրադառնալով` Մարալ Մխճեան ըսաւ, որ անոնք բաւական ընդարձակ եւ ճիւղաւորուած են` մանուկէն մինչեւ ծերունին թիրախ ունենալով եւ համապատասխան ծառայութիւններ մատուցելով բոլորին: Մանուկներու պարագային ան յիշեց Կազդուրման կայանը, որ ամէն տարի տեղի կ’ունենայ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնին մէջ, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի ծրագիրը, ուր մանուկներն ու պատանիները կը յաճախեն ամրան ու ձմրան` պատասխանատուներու եւ օգնականներու հսկողութեան տակ: Մանուկները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մանուկներու օրուան տօնակատարութիւններուն եւ Նոր տարուան նախաձեռնութիւններուն: Ան դիտել տուաւ, որ այս մանուկները ԼՕԽ-ի հոգատարութեան տակ եղողներն են, որոնք նաեւ յառաջիկային կը կապուին միութեան` իբրեւ ապագայ սերունդ: Ծերերու պարագային, Շրջանային վարչութեան ատենապետը յիշեց, որ կայ խոհանոցի ծրագիրը. շնորհիւ բարերարներ Վարդուհի Տեկերմենճեանի եւ Ճոմպալաքեան-Քերոբեաններու, շաբաթը երկու անգամ տաք ճաշ կը պատրաստուի ու կը բաժնուի 180 ծերերու, որոնք արձանագրուած են ԼՕԽ-ի մօտ. անոնք եւս Նոր տարուան նշումներուն կը մասնակցին, երբեմն անոնց համար կը կազմակերպուին պտոյտներ: Ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի այդ ծերերը առանձին ու անտէր չզգան:
Ազգային-մշակութային արժէքներու պահպանման առումով ԼՕԽ-ը ունի ձեռարուեստի վաճառքի կեդրոնը, որ կը կազմակերպէ տարեկան ցուցահանդէս, ուր կը ցուցադրուին եւ կը վաճառուին հայկական արուեստի եւ մշակոյթի ամէնէն իւրայատուկ, նուրբ եւ գեղեցիկ ստեղծագործութիւնները, որոնք բոլորին ճաշակին յարմար են:
Ըստ ատենապետին, աւանդութիւններու պաշտպանութեան գծով նաեւ քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կը պատրաստուին գրութիւններ, թերթիկներ, ուր մեր տօնական աւանդութիւններուն իմաստը կը բնորոշուի, կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ: «Մեր հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանման, ծանօթացման ու տարածման աչալուրջ ենք միշտ», հաստատեց ան:
Մ. Մխճեան անդրադարձաւ նաեւ կրթական յանձնախումբի գործունէութեան, որուն ընդմէջէն իրենք ԼՕԽ-ին դիմող դպրոցականներուն եւ համալսարանականներուն օգտակար կը դառնան` միշտ կապ հաստատելով հայկական վարժարաններու տնօրէններուն հետ: Յանձնախումբը լաւապէս կը սերտէ իւրաքանչիւր դիմողի պարագան, ապա ցանկը կը փոխանցէ Շրջանային վարչութեան, որ քննարկումներէ ետք կը վաւերացնէ եւ համաձայնութիւն կու տայ դիմողներուն օժանդակելու: Ցանկը կը ղրկուի տուեալ դպրոցներու տնօրէններուն` զանոնք տեղեակ պահելով, որ իրենց դպրոցին այս կամ այն աշակերտին ԼՕԽ-ի կողմէ նիւթական յատկացում պիտի կատարուի:
Մ. Մխճեան տեղեկացուց, որ առողջապահական բնագաւառին մէջ կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն թէ՛ նախազգուշական արշաւ կը տարուի, եւ թէ տարբեր տեսակի գիտելիքներ կը փոխանցուին: Նոյն ծիրին մէջ կը պատրաստուին նաեւ համապատասխան թերթիկներ, կը կատարուին յայտարարութիւններ` յատկապէս նպատակ ունենալով ժողովուրդը իրազեկ դարձնել զանազան հիւանդութիւններէ խուսափելու ձեւերուն մասին, որովհետեւ միութիւնը կը հաւատայ, թէ նախազգուշութիւնը շատ կարեւոր է, մանաւանդ որ բազմաթիւ են անբուժելի ախտերը, ուստի նախընտրելի է առաջքը առնել անոնց, փոխանակ դարմանումի վրայ կեդրոնանալու: Դասախօսական շարք մը կը կազմակերպուի, եւ անոնց հետեւող ու մնայուն ներկայութիւն եղող անձերը կը ստանան արեան ձրի քննութեան կարելիութիւն: Այս աշխատանքները կը կատարուին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնին եւ Նախազգուշական գրասենեակի պատասխանատուին հետ գործակցաբար:
Քարոզչական իմաստով ԼՕԽ-ը ունի իր կայքն ու Դիմատետրի էջը, մամուլին մէջ ունի իր յատուկ էջը, իսկ ձայնասփիւռով` իր յայտագիրը: Ամէն տարի կը հրապարակուի ԼՕԽ-ի օրացոյցը` որոշ նիւթի նուիրուած, որուն անհամբեր կը սպասէ ժողովուրդը:
Կայ հանգանակութեան օրը, որ մեր ամէնէն ծանօթ նախաձեռնութիւններէն է: «ԼՕԽ-ի անպարագիծ եւ անհաշիւ ծառայութիւններուն դիմաց կ՛ակնկալենք, որ այդ օրը մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն եւ իրենց մասնակցութեամբ մեզի օգնեն այդ ծանր պարտականութիւնը կատարելու մէջ: Ասիկա ո՛չ միայն նիւթական օգնութիւն է, այլ նաեւ բարոյական գոհունակութիւն, որովհետեւ կը փաստէ, թէ ժողովուրդը մեր կողքին է, նոյնիսկ իր ամէնէն քիչը տալով շատ բան տուած կ՛ըլլայ մեզի», դիտել տուաւ ան:
Մ. Մխճեան նաեւ անդրադարձաւ այլ` օտար թէ տեղական, բարեսիրական կառոյցներու, դեսպանատուներու եւ այլ կառոյցներու հետ առկայ կապերուն, որոնք շատ կարեւոր են, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն տարբեր տեսակի համագործակցութիւն կը հաստատուի, նաեւ ԼՕԽ-ը տեղեակ կ՛ըլլայ վերջին նորութիւններէն, արդի ծրագիրներէն եւ զարգացումներէն: Նաեւ առիթ է ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու:
«Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի լայնածիր եւ բոլոր լիբանանցիներուն տրամադրուած գործունէութիւնն ու ծառայութիւնները ԼՕԽ-ի հիմնական եւ կարեւորագոյն աշխատանքներէն նկատելով` Մ. Մխճեան անդրադարձաւ անոր աշխատանքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբը մնայուն կերպով կը հսկէ գործունէութեան այդ եռուն կեդրոնին, որուն դիմողներուն թիւը օրէ օր աճ կ՛արձանագրէ` ըլլան հայ թէ օտար, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ գաղթականներուն թիւը բաւական բարձր է: «Կարելի է ըսել, որ կեդրոնը գաղութին ամէնէն գործունեայ հաստատութիւններէն մէկն է, հոն կ՛աշխատին 28 պաշտօնեաներ` տնօրէնուհիին հսկողութեան տակ: Պէտք է լուսարձակի տակ առնել այն երեւոյթը, որ կեդրոնը տարիներէ ի վեր հայորդիներուն եւ տեղացիներու բժշկական կարիքները հոգացած է աննշան գումարներով եւ ոչ ոքի օժանդակելու զլացած է: Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք մեծաթիւ սուրիացիներ հաստատուած են Լիբանան, եւ անոնց կարիքներուն հասնիլը բաւական հսկայական աշխատանք կ՛ենթադրէ, բայց եւ այնպէս մեր կարելին կ՛ընենք առաւելագոյն չափով բաւարարելու բոլորը եւ հոգալու բոլորին կարիքները: Կեդրոնին մէջ ունինք մօտաւորապէս 48 բժիշկներ, որոնք կը գործեն կիսաժամ եւ լիաժամ դրութեամբ` բոլոր տեսակի մասնագիտութիւններով, կայ դեղարանը, շտապ օգնութեան բաժանմունքը, ուր կը գործեն վկայեալ հիւանդապահուհի մը, օգնական մը, երկու մասնագէտ բժիշկներ եւ 4 ոսկորի մասնագէտներ: Կեդրոնին մէջ կը գործեն տարբեր բաժանմունքներ` շողանկարումի, մարձումի, հիւանդատարի, ատամնաբուժարան, տարրալուծարան», ըսաւ ան: Մ. Մխճեան կարեւոր նկատեց նախազգուշական եւ հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի գրասենեակը, որուն հիմնական առաքելութիւնը ծանր հիւանդութեանց առաջքը առնելու մղելն է:
Ան տեղեկացուց, որ ԼՕԽ-ը ունի նաեւ այլ երկու դարմանատուներ. մէկը կը գործէ Այնճարի մէջ, կը կոչուի «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն, իսկ միւսը Էշրեֆիէի մէջ` «Միհրան Տէր Մելքոնեան» անունով: Այս դարմանատուներուն մէջ կան հիւանդապահներ, հիմնականին մէջ դեղեր կը տրամադրուին:
Ըստ Մ. Մխճեանին, կարեւոր աշխատանք կը տանի նաեւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, ուր ընկերային ծառայողը դիմող պարագաներուն, որոնց թիւը բաւական աճ արձանագրած է, ուղղութիւն կու տայ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար կը դառնայ, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային զանոնք կ՛ուղարկէ հայ թէ օտար այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու: Վերջերս ԼՕԽ-ին միացաւ «Հորիզոն» թմրամոլութեան գրասենեակը, որ ունի իր հաթլայնը, որուն միջոցով օժանդակութիւն կը տրամադրուի բոլորին:
«Ըսեմ նաեւ, որ մէկ ամիս առաջ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուցիչներ այցելեցին կեդրոն եւ ստուգեցին, թէ մեր տարած աշխատանքը կը համապատասխանէ՞ միջազգային առողջապահական չափանիշներուն: Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ արժանացանք այդ գնահատանքին` մեր ունեցած մասնագէտ բժիշկներով, սարքերով, ծառայութեամբ, ժողովուրդին օժանդակելու առաքելութեամբ, դեղարանով եւ մաքրութեամբ»:
Մեծ թիւով անդամներուն կողքին նորեր ներգրաւելու եւ միութիւնը երիտասարդացնելու նախաձեռնութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մարալ Մխճեան ըսաւ, որ ՀՕՄ-ի համահայկական ժողովներուն թէ ԼՕԽ-ի պատգամաւորական ժողովներուն ընթացքին գոնէ տասնամեակէ մը ի վեր կը հնչեն շարքերը երիտասարդացնելու վերաբերող մտահոգութիւններ: «Առ այդ, մեր վրայ պարտականութիւն դրուած է` իբրեւ որոշում, շարքերը երիտասարդացնելու. կը հաւատանք, որ ասիկա մէկ օրէն միւսը չի կրնար իրականանալ, այլ փուլ առ փուլ, եւ ասիկա որոշ ճիգ կ՛ենթադրէ: Մենք սկսանք այս աշխատանքին, նորեկներ ընդունեցինք մեր կազմերուն մէջ, որպէսզի իրենց մասնագիտութեան համաձայն իրենց ներդրումը ունենան տարուած աշխատանքներուն մէջ: Գիտէք, որ երիտասարդի մը կողմէ բերուած նորութիւնը աւելի արդիական կը դարձնէ մեր գործունէութիւնը: Ըսեմ, որ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ կը գործեն, եւ ուրախ եմ, որ այս մեծ ընտանիքին մաս կը կազմեն: Մեզ ամէնէն աւելի ուրախացնողը այն է, որ այս առիթով նաեւ անդամարշաւ կատարուեցաւ, նորեկներ եկան եւ շատ խանդավառ են: Մաղթենք, որ այդպէս շարունակուի, որպէսզի այս մեծ ընտանիքը աւելի եւս աշխուժանայ, նոր եռանդ բերէ միութեան: Հոս կայ նաեւ այլ հանգամանք մը, արհեստագիտութիւնը ունի իր լաւ ու վատ կողմերը, երիտասարդները մեր միութեան մէջ ներգրաւելով, մենք զանոնք այդ կլանուած համացանցային աշխարհէն կ՛անջատենք եւ կը բերենք կամաւոր աշխատանքի, ուր կապը մարդկութեան հետ է, ուր տիրապետողը մարդկային սկզբունքներն են: Այդպիսով, այդ երիտասարդները նաեւ պիտի զգան կամաւոր գործունէութեան առթած գոհունակութիւնը: Հաստատեմ նաեւ, որ մեր երէց անդամները իրենց օժանդակութիւնը ամէն օր, ամէն վայրկեան ի սպաս կը դնեն մեր գործունէութեան յաջողութեան»:
Իբրեւ եզրափակիչ խօսք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան իր ջերմ գնահատանքը արտայայտեց մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, անդամներուն, յանձնախումբերուն, պաշտօնեաներուն` հաստատելով, որ հպարտութիւն է տեսնել այն, որ բոլորը միասնաբար ամուր կը պահեն ԼՕԽ-ի հանդէպ իրենց յանձնառութիւնը: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ ԼՕԽ-ի բարերարներուն` մաղթելով, որ Աստուած աւելիով հատուցէ իրենց, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ սիրելի գաղութին, որ միութեան կողքին կը մնայ միշտ, կը հաւատայ տարուած նուիրական աշխատանքին, կը քաջալերէ զայն եւ կ՛որդեգրէ «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» կարգախօսը, նեցուկ կը կանգնի, որպէսզի միասին շարունակենք այս նուիրական աշխատանքը: Վարձքը կատար բոլորին: