ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Արդեօք իրականութի՞ւն է, թէ՞ ցնորք: Հաւանաբար լիբանանցի քաղաքացին, որ իր տեսակին մէջ լուրերու եւ հեռատեսիլէն սփռուող քաղաքական զրոյցներու հետեւող է, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին օրական քանի մը անգամ այս հարցը կու տայ ինքզինքին` մերթ միտքէն, մերթ ներքուստ, մերթ բարձրաձայն մտածելով:
Հաւանաբար առաջին օրերուն, այսինքն երբ նախագահական ընտրութեան կարելիութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, ան աւելի կասկածամիտ էր, այդ բոլորը իրեն համար անհաւատալի կը թուէին, սակայն վերջին օրերուն ան սկսաւ աւելի համոզուիլ, որ զարգացում մը արձանագրուելու սեմին կը գտնուի:
Իսկ անցնող շաբթուան ընթացքին օրուան հոգերու հեւքին տակ կքած քաղաքացին անցաւ քայլ մը առաջ: Ուրեմն ան չբաւարարուեցաւ միայն հարց տալով, այլեւ սկսաւ մերթ ընդ մերթ իր աչքերը շփել եւ երեսը լուալ` իմանալու համար, որ տեսածը, լսածն ու վկայածը իսկական են եւ ոչ թէ անսանձ երեւակայութեան վրայ հիմնուած ամերիկեան ժապաւէն:
Այո՛, մէկ շաբթուան մէջ ամէն ինչ փոխուեցաւ. երկուշաբթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, երեքշաբթի Լիբանանը, լիբանանցիներն ու անոնց նոր նախագահը շնորհաւորող նամակներու, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու, հեռագիրներու եւ յայտարարութիւններու տարափ մը` տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ: Այդ բոլորին կողքին, վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրին: Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի նախագահական պալատին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն հետ տեղի ունեցան վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ, որոնց արդիւնքով ունեցանք վարչապետ:
Մեծ աշխուժութեամբ, աշխատանքի արտասովոր թափով եւ արտայայտուելու բարելաւուած կարողութիւններով Լիբանան վերադարձած վարչապետը` Սաատ Հարիրի, իր նշանակման յաջորդող երկու օրերուն, այսինքն` ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն, խորհրդարանին մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ` խոստանալով կազմել ազգային միասնականութեան դահլիճ մը, որուն մասնակից պիտի դառնան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Իսկ կիրակի նախագահական պալատը իր դռները բացաւ ժողովուրդին դիմաց` շնորհաւորութիւններ ընդունելու համար եւ հաստատելու նախագահական պալատը «Ժողովուրդի տուն»-ը ըլլալու իրականութիւնը:
Ահաւասիկ` Լիբանանի համար արտակարգ շաբաթ մը, որ արդիւնք էր «հրաշքներու»:
«Հրաշքներ», որոնց մասին Լիբանանի հանրային եւ քաղաքական կեանքին մաս կազմող գուշակներն իսկ չկրցան գուշակել` վարկաբեկելով իրենք զիրենք եւ իրենց ունեցած «կարողութիւնները»:
Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ բեմահարթակի արժանացած եւ տարբեր կայաններուն ընդմէջէն լիբանանցիներուն տուները մուտք գործած գուշակները Լիբանանի մէջ վերջին քանի մը տարիներուն յուսալքուած ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւող, իրենց գուշակութիւններով անոնց կեանքերը լեցնող մէկական արժէքներու վերածուած էին:
Սակայն երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները, պետական կառոյցները եւ իշխանութեան պետերը մէկ շաբթուան մէջ վերագտան իրենց գրաւչութիւնը: Այդ մէկը գուշակութեան կարիք չունէր, այլ` դրական ըլլալու եւ համաձայնելու պատրաստակամութեան ու քաջութեան:
Երկուքուկէս տարուան նախագահական թափուր դրութեան վերջ տուող քաղաքական այս իրադարձութիւնները արձանագրուեցան շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին եւ երկրին մէջ տարածեցին ընդհանուր լաւատեսութիւն մը, որ հաւանաբար ութուկէս տարուան կեանք ունէր եւ ոչ թէ` երկուքուկէս:
Ռապիէի մէջ եւ ընդհանրապէս մամլոյ ասուլիսներուն պահուն լրագրողներուն համարձակ եւ միաբերան հարցումները չհանդուրժող զօր. Աուն վերջին քանի մը օրերուն դարձաւ հանդուրժող անձնաւորութիւն մը, որուն առաջին հակազդեցութիւնը խորունկ շունչ մը առնել եղաւ եւ ոչ թէ` բռնկիլ:
Հաւանաբար, որովհետեւ զօր. Աունի կեանքին մէջ պատահելիքը արտասովոր էր: Ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ նման դէպքեր յաճախ չեն պատահիր: 13 հոկտեմբեր 1990-ին նախագահական պալատէն դուրս եկած եւ ապա Ֆրանսա աքսորուած բանակի հրամանատար զօր. Միշել Աուն 31 հոկտեմբեր 2016-ին նախագահական պալատին սեմին դիմաւորուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով եւ նախագահական պահակագունդի զինուորական պատիւներով:
Լիբանանեան դրօշակն ու երկրին քայլերգը յուզեցին զայն, բայց զինուորականի քայլուածքով յառաջացաւ կարմիր գորգին վրայէն եւ մուտք գործեց պալատ ու թաց աչքերով բազմեցաւ Ա. իշխանութեան գահին:
26 տարիներ նոյն ձգտումով ու երազով ապրած մարդուն համար այդ մէկը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը նկատուէր եւ անկոտրում կամքի շնորհիւ իրականացած երազի հաճոյք:
Հետեւաբար կարելի է հաստատել, որ խորհրդարանին մէջ երկու դժուար ժամեր ապրած 83-ամեայ զօրավարը հանդուրժած է ընտրութեան ընթացքին երեսփոխաններուն անլրջութիւնը եւ քուէարկութեան խեղկատակութիւնը, որ կարգ մը քաղաքական ճապաղ անձնաւորութիւններու կողմէ խորհրդարանին արժանապատուութիւնը խոցող քայլ մըն էր:
Զօր. Աուն դիմացաւ այդ բոլորին. անոնցմէ առաջ, սակայն, ան 15 տարի շարունակ հանդուրժեց աքսորը` Լիբանան վերադառնալու միակ տեսլականով եւ մնայուն յոյսով: Իսկ Պէյրութ իր վերադարձէն ետք, 11 տարի շարունակ իր դէմ քաղաքական հակառակորդներուն մղած պայքարները հանդուրժած այս ղեկավարը կրցաւ յաղթահարել նաեւ նախագահական նիստին երկու ժամուան երկա՜ր տեւողութիւնը:
Նախագահական ընտրութեան նախօրեակին շշմեցնող եղան հիմնական երեք երեւոյթներ. առաջին` Սաատ Հարիրիի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը, երկրորդ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բուռն ընդդիմութիւնը` Աունի թեկնածութեան, եւ երրորդ` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ իր թեկնածութիւնը յետս չկոչելու քայլը:
Միջազգային եւ շրջանային երաշխիքներ ապահոված Սաատ Հարիրի վերադարձաւ Պէյրութ, ուր ան յայտարարեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ պլոքին ղեկավարը ինքն է եւ իր որոշումներուն է, որ յանձնառու պէտք է մնայ պլոքը: Հարիրիի այս կեցուածքը անշրջանցելի էր նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի համար, որ այս պարագային ոչ մէկ լծակի կրցաւ դիմել երկրին մէջ արձանագրուող յանդուգն այդ քայլը ձախողեցնելու, որովհետեւ Հարիրի իր ունեցած միջազգային եւ շրջանային երաշխիքները մերժած էր անոր դիմաց բացայայտել:
Պըրրի, որ մերժեց զօր. Աունի թեկնածութիւնը, իբրեւ խորհրդարանի նախագահ` կատարեց իր բոլոր պարտականութիւնները եւ արժանացաւ բոլորին ողջոյնին ու դրուատիքին, ինչպէս նաեւ` իսկական պետական անձնաւորութիւն մը ըլլալու հանգամանքին: Հոս սակայն կ՛արժէ պահ մը մտածել, թէ ուրիշ ի՞նչ կրնար կատարել Պըրրի, երբ Հարիրիի ապահոված երաշխիքներուն կողքին, խորհրդարանին մէջ գոյացած էր նախագահական ընտրութիւն կատարելու օրինաթիւ: Աւելի՛ն. խորհրդարանը իր լրիւ կազմով ներկայ էր նախագահական ընտրութեան 46-րդ նիստին` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը: Իսկ երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր խորհրդարանին մէջ` վկայելու ժողովրդավարական այդ գործընթացը:
29-30 հոկտեմբերի կիրիկնամուտին սէուտցի նախարար Սամեր Սապհանի տարածած օրհնութիւնը իր կարգին չէր արտօներ, որ նիստը առանց նախագահի ընտրութեան աւարտի:
Իսկ Ֆրենժիէի կողմէ իր քաղաքական դաշնակիցին` զօր. Աունի դէմ լարուածութիւնը այլ անհաւատալի երեւոյթ մըն է, որ խոցելի է միջմարոնիական իմաստով:
Այդ լարուածութեան կողքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կատարած քարոզչութիւնը, որուն համաձայն, իր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ համագործակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկած է պատկերը, ցաւօք կը հնչէ իբրեւ բաժանում սերմանող կարգախօս, որովհետեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ դաշինքը պատճառ դարձած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն Մարատա հոսանքի հեռացումին` դարձեալ խախտելով միջմարոնիական համախոհութիւնը, որ ըստ սովորականին, դատապարտուած է կարճատեւ ըլլալու:
Այս շրջագիծին մաս կը կազմէ նաեւ այլ իրականութիւն մը, որ վկայեցին բոլոր լիբանանցիները:
Զօր. Աունի Ռապիէի օրերուն իբրեւ վարչապետ Սպիտակ տուն մուտք գործած Սաատ Հարիրի նոյն վայրէն դուրս եկած էր պաշտօնանկ վիճակով, իսկ զօր. Աունի նախագահութեան երկրորդ օրն իսկ ան նշանակուած էր վարչապետ` 112 երեսփոխանի բացայայտ զօրակցութիւնը վայելելով, իսկ մնացեալին` լռելեայն զօրակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ Հարիրիի անունը չառաջադրող երեսփոխանները այլ թեկնածուի անուն չէին առաջադրած, այլ պարզապէս նախընտրած էին անուն չառաջադրել:
Քաղաքացիի շշմածութեան եւ դէպքերու թաւալքի արագութեան զուգահեռ, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ երկրին մէջ կը տիրէ դրական ներուժ, քաղաքացիները համակուած են լաւատեսութեամբ, այն աստիճան, որ զօր. Միշել Աունի ընտրութենէն ետք մինչեւ կէս գիշեր Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուեցան ժողովրդային տօնակատարութիւններ, իսկ Նահատակաց հրապարակին վրայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ կեդրոնական տօնակատարութիւն, ուր կողք կողքի ծածանեցան Հըզպալլայի, Ազգային ազատ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժերու դրօշները: Այլ հրաշք մը պէտք է նկատել նաեւ լիբանանցի ղեկավարներուն ցուցաբերած հանդուրժողականութենէն իսկոյն վարակուելու քաղաքացիին ունակութիւնը:
Նարնջագոյնով ներկուած Լիբանանը երկու օր ետք ներկուեցաւ բաց կապոյտով, երբ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներն ու համակիրները ժամերով տօնեցին իրենց ղեկավարին վարչապետ նշանակումը:
Մուսթաքպալի համակիրներով բնակուած շրջաններուն մէջ հնչեցին իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ամրապնդումին եւ չափաւորականութենէ անշեղ մնալուն անհրաժեշտութիւնը:
Զոյգ օրերուն ընթացքին երկրին տնտեսութիւնը արձանագրեց նկատառելի աճ` թոներով թերթանուշի վաճառքին, ինչպէս նաեւ հրավառութեան համար ծախսուած հսկայական գումարներուն շնորհիւ:
Ընդհանուր լաւատեսութիւնն ու դրական մթնոլորտին գաղտնաբառը պէտք է նկատել նախագահ Աունի երդման ճառը, որ խօսած էր բոլորին սրտին, հակառակորդներէն առաջ` դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր փաստաթուղթ մըն էր վերջ տալու համար քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ գոյացած անվստահութեան վիհին:
Պետութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատելու իմաստով նախագահ Աունի երդումը բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած էր, սակայն այդ խօսքերը իրականութիւն դարձնելու կարելիութիւնները այս շաբթուան ընթացքին կրնան դրսեւորուիլ` վարչապետ Հարիրիի կողմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու փորձերուն ծիրին մէջ:
Իր լայն թիկունքին կրկնապատիկին չափ լայն սրտով կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները կատարած վարչապետը խոստացաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայացնել կառավարութեան մէջ. իսկ յատկանշականը Հարիրիի կողմէ այդ կառավարութիւնը շուտով կազմելու խոստումն է:
Անցեալ շաբթուան ընթացքէն դատելով` կրնանք ըսել, որ ճիշդ երկու շաբաթ ետք, Լիբանանի անկախութեան նախօրեակին Լիբանան կ՛ունենայ իր ազգային միութեան դահլիճը, իսկ օր մը ետք` 22 նոյեմբերին, երկիրը իր իշխանութեան երեք պետերով ըստ արժանուոյն կը նշէ իր անկախութեան տօնը, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին աննշան եւ անշուք տօնի մը վերածուած է:
Հաշուի առած, որ ղեկավարներուն դրական մօտեցումի գրաւը, ամէն պարագայի իրարու հանդուրժելու եւ երկխօսութիւնը չդադրեցնելու կամքը, ուրիշը ընդունելու եւ զիրար ջնջելու արշաւներու չձեռնարկելու կեցուածքը, փոխզիջումներ կատարելու մասին ցուցաբերուած տեսակէտները կրցան ապահովել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ոչինչ կ՛արգիլէ, որ այդ նոյն նախադրեալներուն շնորհիւ կազմուի կառավարութիւնը:
Այս տրամաբանութեամբ հորիզոնին վրայ կարելի է նշմարել կառավարութեան կազմութեան հեզասահ հոլովոյթ մը ունենալու խոստումներուն իրականացումը:
Հիմնական դժուարութիւնը, սակայն, կը մնայ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, որուն պարագային լիբանանցի ղեկավարները կրնան վերադառնալ իրենց բնական վիճակին` անձնական շահերու առաջնահերթութեան եւ դարձեալ տապալեն երկրին ժողովրդավարութեան հիմերը` դարձեալ երեսփոխանական ընտրութիւն չկատարելով:
Ակներեւ է, որ Լիբանանի պատմութեան վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին քաղաքացիին մասին չէ խօսուած, որքան խօսուեցաւ անցեալ շաբթուան ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահի սահմանափակ իրաւասութիւնները չեն արտօներ յոյսերուն նախադուռը բաց տեսնել, սակայն պէտք չէ նաեւ մերժել այն մտածումը, որ արտակարգ կերպով սկսած զօր. Աունի նախագահական նստաշրջանը նոյն թափով կը շարունակէ` շրջելով այն իրականութիւնը, թէ այս երկրին մէջ հանրապետութեան նախագահի գոյութիւնը միայն իբրեւ լուսանկար կը ծառայէ:
Մաղթելով, որ քաղաքացիին անունը միշտ կրկնուի եւ անոր ծառայելու գրաւականը ըլլայ առաջնահերթութիւն եւ վերջապէս գործադրուի նախագահական երդումը` քաղաքացիին ընծայելով ջուր եւ ելեկտրականութիւն, որոնք անոր տարրական իրաւունքներ են, ինչպէս նաեւ բարելաւուին անոր ապրուստի պայմանները` արժանապատիւ կեանք մը ապրելու համար: