Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Ուղեցոյց

November 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախագահական թեկնածուներէն ո՛չ մէկուն իր զօրակցութիւնը շնորհած Հայ դատի յանձնախումբը, այնուհանդերձ, ոգի ի բռին կ՛աշխատի հայ քուէարկողներուն թիւը աւելցնել եւ զանոնք մղել յառաջիկայ երեքշաբթի օր անպայմա՛ն քուէարկելու:

Առաջին հերթին, Հայ դատի յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն համար առաւելագոյն քուէն ապահովելու: Նահանգային նշանակութեան ընտրութիւններուն չափազանց կարեւոր է քուէարկել Արտի Քասախեանի եւ Էնթընի Փորթանթինոյի օգտին:

Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Լոս Անճելըսի գաւառային GC բանաձեւին, որ կը վերաբերի Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին, անոր կրթական ծրագիրներու եւ շէնքային պայմաններու բարելաւման: Այս բանաձեւին շնորհիւ, պարտատոմսերու վաճառքի միջոցաւ, շուրջ 325 միլիոն տոլարի յաւելեալ միջոց պիտի ապահովուի քոլեճին, եւ ասոր նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ` նկատի առնելով, որ համալսարանական ծախսերու աճի լոյսին տակ այսօր մե՛ծ թիւով ուսանողներ կը նախընտրեն իրենց առաջին երկու տարիներու բարձրագոյն ուսումը ստանալ քոլեճի մէջ:

Այս յիշեցումէն ետք օգտակար կը գտնեմ ներկայացնել ուղեցոյց մը` կողմնորոշուելու համար Քալիֆորնիոյ նահանգային 17 առաջարկութիւն-բանաձեւերու քուէարկութեանց ընթացքին: Հայ դատի յանձնախումբը այս բանաձեւերուն հանդէպ կեցուածք չէ ճշդած: Այսուհանդերձ, ընթերցողներու խնդրանքին ընդառաջելով` պիտի փորձենք առաջարկութիւններու այս շփոթեցնող բազմազանութեան մէջ մեր նախընտրութիւնը իբրեւ թելադրանք կատարել:

Առաջարկութիւն թիւ 51-ին համար կ՛առաջարկեմ կողմ քուէարկել: GC բանաձեւի տրամաբանութեան հետեւելով` նահանգային պարտատոմսերու ճամբով 9 միլիառ տոլար կրթութեան եւ կրթական օճախներու շէնքային պայմաններու բարելաւման յատկացնելը օգտակար կը գտնենք նոր սերունդը աւելի լաւ պատրաստելու համար հետագայ մարտահրաւէրներուն:

Մնացեալ 16-ին մասին` յաջորդին:

 

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Բազմաճիւղ Գործունէութեան Մասին Հարցազրոյց` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Մարալ Մխճեանի Հետ

Յաջորդը

«Հայ Պարբերական Մամւոլի Դերն Օտար Միջավայրում Ազգային Եւ Մշակութային Արժէքների Տարածման Գործում»

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.