Նախ` խոստովանութիւն մը. անձնական յարաբերութիւններու մակարդակի վրայ ձեզմէ շատերու չափ չեմ ճանչցած զինք: Իմ յարաբերութիւններս իրեն հետ եղած են հազիւ թէ պարագայական եւ միա՛յն նեղ, կուսակցական-կազմակերպական խնդիրներու շուրջ: Ո՛չ աշակերտած եմ իրեն, ո՛չ ալ իր մտերմութիւնը վայելած:
Թերեւս աւելի լաւ է, որ այդպէս է, որովհետեւ մտերմութիւնն ու բարեկամութինը աղուոր բաներ են անշուշտ, բայց այս պարագային ապահով ու անաչառ խորհրդատուներ չեն, արգե՛լք են անոնք, որ անձը անկողմնակալ ներկայացուի, էապէ՛ս իր իսկութեան մէջ պատկերացուի, զերծ` աշակերտական ակնածանքէ, բարեկամութեան ջերմութենէ կամ անձնական համակրանքի թէ հակակրանքի ազդեցութենէ: Յայտնեմ սակայն, որ պարագայական այդ հանդիպումներն իսկ նոր փորձառութիւն մը կը կազմէին հանդիպողին համար եւ բաւարար էին անոնք, որ զգայիր իր շուքն ու հեղինակութիւնը:
Ըսենք անմիջապէս, որ մտաւորականը անկարելի է անջատել իր գործէն ու գործադաշտէն: Անոնց ընդմէջէն է արդէն, որ կը ցոլան անձին յատկանիշները: Ուրեմն, խօսիլ Հրաչ Տասնապետեան մտաւորականին մասին, կը նշանակէ անպայման խօսիլ նաեւ անոր գործերուն մասին:
Բայց յստակացնենք. ո՞վ է մտաւորականը: Չկայ որեւէ արժեչափ, որ ճշդէ մտաւորական անձը. տեսակարար ո՞ր հանգամանքին ու մտածումի ի՞նչ խորութեան մէջ մարդ մը մտաւորական կը համարուի: Այդ տեսակ արժեչափ չկայ: Սակայն արժեւորման ձեւ մըն է` նկատի առնել որոշ յատկանիշներ, եւ, ատոնց համաձայն, բնորոշել մտաւորական մարդը: Ուրեմն, քանի մը կէտերու մէջ խտացնենք յատկանիշներ եւ փորձենք ատոնց հիմամբ յոբելեարը ուրուագծել` իր գործերուն ընդմէջէն:
Ա. Մտաւորականը գաղափարի ծառայող մա՛րդն է եւ վճռականօրէն պայքարողը` իր գաղափարին ու հաւատացած արժէքներու պաշտպանութեան համար:
Երիտասարդական տարիներուս ինծի ու տարեկից ընկերներուս համար անուն մըն էր Հրաչ Տասնապետեանը. չէինք ճանչնար զինք, բայց այդ անունը քաշողական էր մեզի համար: Ըսեմ, թէ ինչո՛ւ:
1958-ին, լիբանանեան առաջին քաղաքացիական կռիւներու թոհուբոհին մէջ եւ ներազգային կուսակցական արիւնալի հակամարտութեանց թէժ տարիներու ընթացքին, ինչպէս ամբողջ երկրի տարածքին, նոյնպէս հայ կեանքին մէջ յառաջացած էին փողոցի, զայիմներու հեղինակութիւններ, որոնք հետզհետէ սողոսկած-թափանցած էին նաեւ կուսակցութիւններու կեանքէն ներս եւ հոն ալ հովանաւորներ գտած: Որքան մեծ էր կուսակցութիւնը , այնքան մեծ էր նաեւ վտանգը: Աքցանուած կացութիւն մը, անյարիր` կուսակցութիւններու նկարագրին, անոնց պանծալի անցեալին ու ապագայ հեռանկարներուն: Խաթարումի վտանգին առաջքը պէտք է առնուէր անպայման, որպէսզի գահավիժումի չհասնէր կացութիւնը: 1960-ականի կէսերուն, զէնքի-ատրճանակի ու զորպայութեան վրայ յենած այդ հեղինակութիւնները եւ անոնց հովանաւորները ներկուսակցական ընտրութիւններու ճամբով չէզոքացնելու վճռական պայքարին առաջամարտիկ մտաւորականներէն մէկը, թերեւս այդ պայքարը գլխաւորողը եղաւ Հրաչ Տասնապետեանը, թիկունքին ունենալով նեցուկն ու քաջալերանքը այդ օրերու Բիւրոյի երիտասարդ անդամին, ապա իր գործակիցին` Հրայր Մարուխեանին:
Գիրի ու գրականութեան նուիրուած բոլորին ծանօթ հանդարտաբարոյ Տասնապետեանը չէր այդ օրերուն, այլ իր կուսակցութեան սպառնացող խաթարումի վտանգին դէմ թեւերը սոթտած ու հրապարակ իջած աննկուն պայքարողը:
Անշուշտ ինք առանձին չէր, բայց այդ պայքարը իր անուան կապուեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ իր անունը քաշողական էր մեզի համար: Հասկցանք անշուշտ, որ խօսքը Դաշնակցութեան մասին է:
Հայկական սփիւռքի եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքի ելեւէջները մանրամասն ուսումնասիրողը պիտի եզրակացնէ, թէ այդ պայքարին բերած վերափոխութեան բարերար շունչովն էր, որ հետագայ տարիներուն ո՛չ միայն չքացաւ հայկական կուսակցութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող ատելախառն մոլուցքը, այլ նաեւ հնարաւոր դարձաւ` գործակցաբար Հայ դատ հետապնդելու անոնց համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ այս երկրին քաղաքացիական ահաւոր պատերազմին մէջ չմխրճուելու, դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը որդեգրելու եւ ամէն գնով անիկա պահելու միասնական որոշումը, որ ըստ ամենայնի բարիք մը եղաւ հայ համայնքին համար, եւ գործակցութեան բարիքը տարածուեցաւ միւս բոլոր հայօճախներուն վրայ:
Պայքարող մարդու պերճախօս ցուցանիշ մըն էր նաեւ այն հաստատակամութիւնը, զոր ցոյց տուաւ ան` այս երկրի ներքին պատերազմի ամբողջ տեւողութեան: Յօրինակ այլոց` մնաց պատնէշին վրայ, խթանեց ինքզինք ու գործակիցները` ամէն գնով ապահովելու համար իր տնօրէնութեան յանձնուած օճախին` Ճեմարանի կրթական գործին անխափան շարունակակութիւնը, նման այն նաւապետին, որ փոթորկոտ ծովուն վրայ չի լքեր իր նաւը, ալիքներուն դէմ կը թիավարէ, այսինքն աննպաստ կացութեան դէմ կը պայքարի եւ նաւը կ՛առաջնորդէ ապահով նաւահանգիստ: Այս երկու օրինակները, ենթադրելի է, թէ բաւարար են, որ յստակացնեն պայքարունակ նկարագիրը մարդու մը, որուն ամբողջ կեանքը մտաւորականի բազմերես ու հանրանպաստ պայքար մը եղաւ, եւ այդ պայքարը մշտանորոգ կենսունակութիւն տուաւ գործելու, արտադրելու իր եռանդին ըլլալուն:
Բ. Տեսլական ունեցողն է մտաւորականը եւ հանրային կեանքին մէջ հակակշռողի դերակատարութիւն ստանձնողը: Իշխանութեան, այսինքն հանրային կեանքը տնօրինողներու որոշումները միշտ վիճարկումի ենթարկողը, անոնց չհամակերպողը եւ նորարար տեսակէտներ պարզողն է ան:
Խնդիրը կը փոխուի սակայն ու քիչ մը կը բարդանայ, երբ պատահի, որ մտաւորականը մաս կը կազմէ տնօրինողներու խումբին, ուր հարկադրաբար կայացուած որոշումները պաշտպանողի դերը կ՛առնէ, ինչ որ Հրաչ
Տասնապետեանի պարագան եղաւ, ՀՅԴ Բիւրոյի հաւաքական ղեկավարութեան անդամներէն մէկը:
Նման պարագաներու, մտաւորականը կ՛առնուի հաւաքական ղեկավարութեան շրջանակին մէջ եւ այդ ղեկավարութեան ծաւալած գործունէութենէն կը ճշդուի, թէ հանրային կեանքը բարեշրջումով հակակշռուա՞ծ է արդեօք, նախաձեռնութիւնները տեսլական ունեցա՞ծ են, թէ՞ չեն ունեցած:
Այդ ղեկավարութեան օրերուն չկային այլեւս երկրի ու ազատագրական պայքարի համն ու բոյրը ներկայացնող հիները, որոնք իրենց պատկառելի անունին հմայքով զանգուածներ կը ներշնչէին: Նորերը պիտի գործէին նոր շունչով ու նորացուած տեսլականով:
Անաչառ հետազօտողը անպայման պիտի հաստատէ, որ այդ ղեկավարութիւնը իր տեսադաշտին մէջ ընդգրկեց նոր հորիզոններ: Ազգային միեւնոյն նպատակով միաւորուած սփիւռք մը ունենալու եւ այդ սփիւռքը քաղաքական ազդակի վերածելու հեռանկարով` կուսակցական սահմանափակ շրջանակի գործունէութիւնը ընդարձակեց ու տարածեց բոլոր գաղթօճախներուն վրայ, ջանալով զանոնք համասփիւռքեան կառոյցներով կազմակերպել:
Զուգահեռ գործընթացով, գաղթօճախներու մէջ գործող Դաշնակցութեան ուղեկից միաւորները (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային) համասփիւռքեան կառոյցներու վերածեց, կեդրոնական գրասենեակով վերահսկեց երիտասարդականներուն, զանոնք քով-քովի բերաւ պարբերական համագումարներով եւ համասփիւռքեան բանակումներով: Հիմնեց հայագիտական ու մամլոյ դիւան, որոնք ուսուցիչներու ու յօդուածագիրնեդրու հոյլերով օժտեցին հայ կեանքը: Հայ դատի նպատակը ժողովրդականացաւ, զանգուածներ մասնակից դարձան այդ նպատակի հետապնդումին, կեդրոնական մարմիններ կամ գրասենեակներ ստեղծուեցան, եւ անոնց հովանիին տակ համադրուեցան ու թափ առին Հայ դատի հետապնդումները:
Եթէ պահ մը պատկերացնենք հայկական սփիւռքի ընդարձակութիւնը, անոր տարբեր, երբեմն նաեւ իրարու հակադիր ընկերային, մշակութային, քաղաքական ու վարչակարգային ազդեցութիւններու ենթակայ գաղթօճախներու խայտաբղէտութիւնը, եւ այդ խայտաբղէտութիւնը նպատակի մը շուրջ միաձուլելու-զօրաշարժելու եւ զայն քաղաքական ազդակի վերածելու աշխատանքը, այն ատեն միայն պիտի կարենանք կշռել ծաւալն ու տարողութիւնը կատարուած գործին:
Գաղթօճախներու հոգեփոխութեան, անոնց կարողականութիւնը պեղելու, յայտնաբերելու եւ կենսագործելու աշխատանքին մէջ յաջորդական տարիներու ընթացքին այդ ղեկավարութեան դերին հարեւանցի անդրադարձն իսկ շատ երկար ժամանակ պիտի խլէ: Կ՛արժէ սակայն միայն աւելցնել, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման տիտանեան հետապնդումներու յաջողութիւնը այդ Բիւրոյէն սկիզբ առած արշաւին արդիւնք է: Եթէ կ՛ուզէք, երբե՛ք չդադրած նոյն արշաւին տրամաբանական յանգումն էր անցեալ տարուան 100-ամեակի համահայկական զօրաշարժը:
Այս մատնանշումներէն կը հետեւի ուրեմն, որ այո՛, հաւաքական այդ ղեկավարութիւնը գործած է տեսլականով եւ բարերար արդիւնաւորութեամբ հակակշռած` հանրային կեանքը:
Գիտէ՞ք, հանրային որեւէ գործ կը յաջողի, եթէ այդ գործին գաղափարը յստակ բանաձեւումով կը ներկայացուի հասարակութեան, եւ հասարակութիւնը կ՛ընկալէ, կ՛ընդունի ատիկա: Այս տեսակէտէն, անվիճելի է Հրաչ Տասնապետեանին ներդրումը` ըլլալով Բիւրոյի երկարամեայ քարտուղարը: Եզակի հմտութեամբ մը` տարբեր, նոյնիսկ իրարու հակադրուած տեսակէտներն ու վերլուծումները կը համադրէր, կը բիւրեղացնէր, զանոնք հասարակ յայտարարի բերելով իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ իբրեւ կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը, վճիտ ոճով ու համոզիչ բովանդակութեամբ կը բանաձեւէր, շրջաբերականներու կը վերածէր: Քարտուղարի պաշտօնին վրայ` իր գրիչին պատկանող ատենագրութիւններու, տեղեկագիրներու, շրջաբերականներու, անհամար նամակներու, զեկուցագրութիւններու, վերլուծական գրութիւններու, քարոզչական գրքոյկներու, մամլոյ ուղեցոյցերու, նախագիծերու, յօդուածներու եւ այլ գրութիւններու հանրագումարը պատկառելի ժառանգ է, որ քանակով ու որակով կը հարստացնէ Դաշնակցական գրականութիւնը:
Բոլոր տեսակի իր գրական գործերէն, ինչպէս նաեւ բեմասացութիւններէն յստակօրէն կը ցոլար համադրումի վարպետութեան եւ տասնապետեանական վճիտ ոճի գերազանցութիւնը:
Գ. Իբրեւ հանրային գործիչ եւ յօգուտ հաւաքականութեան` ինքզինք մշտատեւ մշակող եւ գիտելիքներու պաշարը հարստացնող մարդն է մտաւորականը:
Հրաչ Տասնապետեան մասնագիտութեամբ բնագէտ էր կամ քիմիագէտ: Եթէ չեմ սխալիր, երիտասարդութեան` հայերէնով իրագիտութեան դասագիրքեր ալ պատրաստած էր: Հետագայ տարիներուն, անօրինակ ջանասիրութեամբ, իր ուսումնասիրութիւնները ընդգրկեցին տարբեր բնագաւառներ` շշմեցնող տարածքով ու խորացումով:
Հարեւանցի քաղուածք մը միայն կատարելու համար`
- Գեղարուեստական գրականութեան մարզին մէջ տարուէ-տարի հրատարակուող Ճեմարանի օրացուցային հատորները: Լայն բացուածքով հոն կ՛ամփոփուէին բանաստեղծական հատընտիրներ, գրական երկերէ գոհար հատուածներ, ինչպէս նաեւ պատմական կարեւոր թուականներու, հերոսական դէմքերու ու դէպքերու մասին արձանագրութիւններ, որոնց շնորհիւ ուսանողները ամէնօրեայ շփումի մէջ կը պահուէին հայ գեղարուեստական գրականութեան, պատմական դէմքերու եւ իրադարձութեանց հետ:
- Ճեմարանի ուսանողներուն համար իր պատրաստած ազգային ու քաղաքացիական կրթութեան խմորատիպ դասագիրք մը` ոճով պարզ ու բովանդակութեամբ խորունկ, որուն նմանին գէթ անձս չէ հանդիպած որեւէ ուրիշ գիրքի մէջ: Չեմ գիտեր, ատիկա հրատարակուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
- Ուսումնասիրութիւն մը հայկական ճարտարապետութեան վերաբերեալ, որ կը թուի, թէ իր թաքուն սէրը եղած է:
- «Յեղափոխութիւն» յղացքին մասին ուսումնասիրութիւն:
- Դաշնակցական տիպարի իր պատկերացումը ցոլացնող գրքոյկ:
- Հայկական ազատագրական պայքարի ծագման, յեղափոխական կուսակցութեանց կազմութեան, եւ այդ շրջագիծին մէջ, որոշ շրջանի (1890-էն մինչեւ 1924) ՀՅԴ-ի պատմութեան ու ծաւալած գործունէութեան մասին բաւական ընդարձակ աշխատասիրութիւն մը` լուրջ ու անաչառ մօտեցումով գրուած:
- Յանդուգն նախաձեռնութեամբ մը սկիզբ դրաւ Դաշնակցութեան արխիւները դասաւորելու, զանոնք մեծածաւալ հատորներու մէջ մէկտեղելու եւ իր կողմէ վերլուծական նօթերով ու ծանօթագրութիւններով հրատարակելու գործին:
- Հայկական հարցին մասին մենագրութիւն մը: Ու տակաւին չնշուածները նկատի չառնելով, ներկայացուած այս քաղուա՛ծքը միայն աչքի առաջ ունենալով, կարելի է պատկերացնել, չէ՞, թէ անոնց համար ինչպիսի տիտանեան աշխատանքի պէտք է լծուած ըլլայ ան, եւ որքան ժամանակ տրամադրած` քարտուղարական ապերախտ ու մաշեցնող պարտականութիւններուն առընթեր:
Այո՛, Հրաչ Տասնապետեանի ամբողջ կեանքը ինքնամշակումի, գիտութիւն ամբարելու եւ ամբարածը հասարակութեան բաշխելու ճգնութիւն մը եղաւ:
Դ. Սկզբունքի մէջ անշեղ մա՛րդն է մտաւորականը:
Հարցական է, թէ ոեւէ անձ, իրեն պէս բիւրոյական մակարդակով վարչական բարձր պաշտօնի վրայ, կրնա՞յ սկզբունքային մնալ:
Հանրային կեանքը եւ վարչարարական ստիպողութիւնները յաճախ կը պարտադրեն, որ սկզբունքներէն շեղումներ կատարես, երբեմն գիտակցաբար ու ակամայ նպատակը անտեսես ու միջոցը կարեւորես: Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՛ըսէ արդէն, չէ՞, «հարկը օրէնքը կը լուծէ»: Այս կէտին, ինծի համար գէթ, դժուար է ըսելիք գտնել` իրեն հետ յարաբերութիւններս սահմանափակ ըլլալուն: Բայց այս ուղղութեամբ ունիմ մէկ վկայութիւն.
1990-ական թուականներուն էր, թէժ մարտեր էին Ղարաբաղի ճակատին վրայ, ուր Դաշնակցութիւնը ունէր իր ջոկատը: Զինուորական գործողութիւններուն համար անհրաժեշտ սարքեր հասցնելու տենդոտ աշխատանքին լծուած էր կուսակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով եւ ուղեկից միութիւններով: Հրայր Մարուխեան օրն ի բուն հեռախօսով հոս-հոն կը դիմէր` գումարներ ապահովելու համար: Օրահրաման գերխնդիրը դրամահաւաքն էր: Ահա այդ օրերուն, պատահեցաւ, որ առիթով մը ըլլամ Հրայր Մարուխեանի գրասենեակը: Գրասեղանին վրայ պատկառելի գումարով անձնական վճարագիր մը, չէք մը կայ, որ հաշիւի մը պիտի փոխանցուի: Որմէ՞ ստորագրուած, ուրկէ՞ ուղարկուած, չեմ գիտեր: Գումարը կը խանդավառէ զիս եւ «պռաւօ» մը կ՛ըսեմ նուիրատուին համար: Հրայր Մարուխեանն է. «Հրաչը եթէ իմանայ այս չէքին որմէ ըլլալը, ահագին խնդիր պիտի հանէ` մինչեւ իսկ մերժելու առաջարկով, գիտեմ», կ՛ըսէ: Դիւրին էր կռահել, թէ ինչո՛ւ…:
Զինք լաւ ճանչցող երկարամեայ գործակցին այս արտայայտութիւնը բարացուցական է արդէն եւ բաւարար` Հրաչ Տասնապետեանի սկզբունքայնութիւնը հաստատող:
Ե. Կենցաղով ու բարքով մտաւորականը կ՛անձնաւորէ այն կերպարը, որուն քարոզութիւնը կ՛ընէ ինք, պահանջելով ուրիշներէն, որ այդպիսին ըլլան:
Վստահաբար զինք ճանչցողները պիտի համաձայնին, որ Հրաչ Տասնապետեան իր էութեան մինչեւ յետին բջիջները կուսակցական էր, բայց ոչ` կուսակցամոլ: Դաշնակցական մը: Իր կուսակցութեան ժառանգին նուիրեալ եւ այդ ժառանգը հարստացնող յանձնառու գործիչ մը, որ հօրը` կրթական ջերմեռանդ մշակ Եդուարդ Տասնապետեանի եւ հօրեղբօր` կուսակցական ներհուն քարոզիչ Յակոբ Սիմոնիի շունչին տակ հասակ առնելով, չէր ալ կրնար տարբեր եղած ըլլալ: Ընտանեկան միջավայրէն եւ հետագայ տարիներու ընթերցումներէն ներշնչուած, անոր ներաշխարհին մէջ կազմուած էր եւ հոգիին խորը ամրօրէն դրոշմուած դաշնակցականի մտապատկերային տիպար մը` սկզբունքային ու հաւատաւոր: Ինք այդ տիպարը ապրեցուց իր մէջ, անոր վայել կենցաղով ապրեցաւ ու գործեց ողջ կեանքին տեւողութեան, որուն համար ալ ան անվերապահ յարգանքը ունեցաւ ո՛չ միայն իր անմիջական շրջապատին ու կուսակցական շարքերուն, այլ նաեւ հասարակութեան լայն շերտերուն: Ճիշդ է, որ կուսակցական մտաւորականի մը արգասիքէն առաջին ու անմիջական օգտուողը կուսակցութիւնը կ՛ըլլայ, բայց անիկա երբեք ատով չի սահմանափակուիր, նոյնպէս ազգը կ՛օգտուի անկէ: Ի վերջոյ կուսակցութիւնները կան ու կը գործեն ազգին համար: Ըսուածը աւելի տարողունակ կը դառնայ, երբ կուսակցական գործիչի հանգամանքին կը միանայ դժուար պայմաններու տակ կրթական կարեւոր հաստատութեան մը տնօրէնութիւնը վարելու, այսինքն սերունդներու դաստիարակութիւնը հունաւորելու-ղեկավարելու նուիրական պարտականութիւն մը, ինչ որ պարագան էր Հրաչ Տասնապետեան մտաւորականին:
Գիտէ՞ք ինչ.
Կազմակերպութեան մը ուժը նուազ չափով իր կառոյցին մէջն է, կամ ծրագիրին ու կանոնագիրին, որոնք մնայուն ալ չեն, կը մաշին ժամանակի ու պայմաններու բերումով եւ կը վերամշակուին, կը փոխուին: Կազմակերպութեան մը իսկական ուժը, տեւելու կենսունակութիւնը կը գտնուին անոր բարոյական արժէքներուն մէջ, որոնք կը պահպանուին, կը հարստանան ու կը կուտակուին ընդհանրապէս շարքերուն եւ յատկապէս ղեկավար ու մտաւորական տարրին վարք ու բարքով: Մշտատեւ ձգտումով` ըլլալու համեստ, ընկերասէր, սկզբունքային, անկաշառ, ազնիւ ու հաւատաւոր, նուիրաբերող:
Յոբելեարը կը գործէր այս առաքինութիւնները իրացնելու ձգտումով:
Վերջաբան.
Սիրելի՛ ներկաներ,
Կը պատահէր, որ իր աշակերտներուն հետ, այլեւս հասուն ու պատասխանատու անձնաւորութիւններ, միասին ժողովի գտնուին: Կը պատահէր նաեւ, որ ընթացքին անոնք ակնածանքով «պարո՛ն» կոչականով դիմէին իրեն: Ինք, ժպիտը դէմքին, «այլեւս ձեր պարոնը չեմ, այլ ձեր ընկե՛րն եմ», կ՛ըսէր:
Նկատած պիտի ըլլաք, որ իմ խօսքիս ընթացքին իր անունին առջեւ երբեք չգործածեցի «ընկեր» վերադիրը: Ինչո՞ւ:
Շա՜տ, շա՜տ անոյշ կը հնչէ «ընկեր» բառը եւ ցոյց կու տայ գաղափարակցութիւն, բայց նաեւ անձը կը տեղադրէ կուսակցական շրջանակի մէջ: Մեր զէնքի ու մտքի բոլոր հերոսները գործեցին ու պայքարեցան այս կամ այն կուսակցութեան դրօշին տակ, բայց յետ մահու անոնք պատկանեցան ազգին: Նոյնպէս յոբելեարը, իր կենդանութեան գործեց ու պայքարեցաւ Դաշնակցութեան դրօշին տակ, բայց իբրեւ երկարամեայ կրթական մշակ, իբրեւ մտաւորական գործիչ ու բազմավաստակ հեղինակ, յետ մահու դուրս կու գայ կուսակցական շրջանակէն եւ համահայկական ընդգրկումի կ՛արժանանայ:
Հիմա այլեւս, այս անցաւոր կեանքի սայթաքումներէն ու փորձութիւններէն ամբողջովին թօթափուած, ինչպէս բոլոր երախտաւորները, Հրաչ Տասնապետեան իր հանրանուէր ծառայութեան կշիռով եւ մտաւոր աշխատանքի պատկառելի արգասիքով կ՛ապրի մահէն ալ անդին եւ պարբերաբար, ինչպէս ոգեկոչումի սա պահուն է, անոր ոգեղէն ներկայութիւնը մեզի կու գայ աւելի պայծառ դիմագիծով ու վաստակին լիարժէք վեհութեամբ:
Այդ պայծառ դիմագիծը ընդմիշտ պիտի ճառագայթէ իր հեղինակած գործերուն ընդմէջէն: