Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

Նոյեմբեր 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց Տօնը

img_5964

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 27 հոկտեմբեր 2016-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը, որուն առիթով նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին թարգմանչաց խորհուրդը` հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, ասմունքներով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի, շուիի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով եւ գաւառական պարով:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ հիւրեր եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:

Օրուան պատգամը փոխանցելու համար հրաւիրուած էր վարժարանի երկրորդական հոգեւոր դաստիարակ` հայր Սեպուհ վրդ.  Կարապետեանը, որ հաղորդական ոճով վեր առաւ թարգմանչաց տօնին իմաստն ու խորհուրդը` «Հաւատա՛լ, ճանչնալ ու գործել» բնաբանով: Բանախօսը յորդորեց աշակերտները` ամէնօրեայ ապրումի եւ կենցաղի վերածելու թարգմանիչներու սուրբ կտակը, ապա խօսքը ծնողներուն ուղղելով կարեւոր նկատեց հայօրէն ապրելու գիտակցութիւնը` գերադասելով հայկական արժէքներն ու աւանդութիւնները:

img_5945

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն առաքինազարդ քոյր Արմինէ Մարկարոսեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց օրուան բանախօսին, գնահատեց աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը եւ ջերմօրէն շնորհաւորեց վարժարանի հայ լեզուի ուսուցիչները, որոնք բծախնդրութեամբ կ՛ուսուցանեն Մեսրոպեան լեզուն, ապա խօսքը աշակերտներուն ուղղելով թելադրեց միշտ վառ պահել Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներու կանթեղը եւ պատիւ զգալ իրենց պատկանելիութեամբ:

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի
Արդիւնաբեր Հունձքը

img-20161111-wa0025

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 2015-2016  կրթական տարեշրջանի պրէովէի եւ պաքալորէայի պետական քննութեանց արդիւնքները եղան բեղմնալից, ոչ միայն ապահովեցին 100 տոկոսի յաջողութիւն, նախորդ տարիներուն նման, այլ խումբ մը աշակերտներ ձեռք ձգեցին յիշատակութեան արժանի արդիւնքներ: Անոնցմէ Ռոտրիկ Սեփեթճեան` պաքարոլէայի ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքին մէջ գրաւեց Լիբանանի 8-րդ դիրքը, իսկ Լեռնալիբանանի` 5-րդը հանդիսացաւ, ապահովելով 522/570 – 18,316/20 միջին:

Այս առիթով Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի հանդիսութիւն մը, հինգշաբթի, 3 նոյեմբերին յետմիջօրէին, գրասենեակի կեդրոնին մէջ:

Յատկանշական էր այն երեւոյթը, որ առաջին տասը դիրքերը գրաւող աշակերտները ընդհանրապէս կու գային մայրապետներու վարժարաններէն:

Ռոտրիկ Սեփեթճեան, ուրբաթ, 4 նոյեմբերին  հրաւիրուեցաւ նաեւ իր կրթօճախը, ուր յաճախած էր 15 տարիներ` մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարանները եւ ստացած էր իր ուսման սնունդը:

Երկրորդական դասարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան, վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ  գնահատանքի հանդիսութիւն մը, որուն  ընթացքին վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան բարձրօրէն գնահատեց Ռոտրիկին ձեռք բերած արդիւնքներու, ինչպէս նաեւ անոր դպրոցական 15 տարիներու օրինակելի աշակերտի վարքը` մաղթելով, որ Ռոտրիկին օրինակը դառնայ վարակիչ յաջորդող սերունդներուն համար: Ապա քոյր Մարկարոսեան Ռոտրիկին յանձնեց վկայագիր մը, որ փոխանցուած էր կրթական նախարարութեան կողմէ, եւ պատուեց յուշանուէրով մը:

Ապա Ռոտրիկ Սեփեթճեան իր երախտագիութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք մեծ բաժին ունեցած են իր ուսման վերելքին, ան արժեւորեց նաեւ վարժարանին մէջ հոգեմտաւոր կրթութիւնը եւ իր կարգին աշակերտներուն մաղթեց լաւագոյնը:

Ռոտրիկ Սեփեթճեանը այժմ իր ուսումը կը շարունակէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը տիրանալու համար ճարտարագիտութեան տիտղոսին:

 

Կ. Գ.

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

Յաջորդը

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?