ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Յորդանանի ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը` Յորդանան-Սուրիա-Իսրայէլ սահմաններու միացման կէտին մօտ գտնուող ամայի շրջանի մը մէջ, յորդանանեան օդուժի գաղտնի խարիսխի մը պատասխանատու սպան էր Սահակը` 6-25 հոկտեմբեր 1973-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի օրերուն (1): Յորդանան իր մասնակցութիւնը չէր յայտարարած այս պատերազմին` Եգիպտոսի ու Սուրիոյ կողքին, սակայն խորհրդանշական օժանդակութիւն ցուցաբերեց, երկրին հիւսիսը` Սուրիոյ հարաւը զօրք կեդրոնացնելով, տալով նաեւ խորհրդանշական 23 զոհ: Ամմանի հիւսիս-արեւմուտքը` Ժըպէյհա բլուրին վրայ գտնուող գործատեղիէս ականատես եղանք հակաօդային հրթիռի մը միջոցով իսրայէլեան ռազմական օդանաւի մը խոցման:
Այս առաջատար դիրքին սննդամթերքը նուազած էր եւ Սահակ իր փոքրաթիւ զինուորները մէկառմէկ ղրկած էր ջուր եւ սնունդ ապահովելու նպատակով, սակայն անոնցմէ ոեւէ մէկը չէր վերադարձած, եւ Սահակ մնացած էր առանձին ու առանց սնունդի… Իրեն տրուած հրահանգով արտօնուած չէր օգտագործել որեւէ հաղորդակցութեան միջոց` թշնամիին կողմէ աննկատ մնալու համար: Ու պատերազմի աւարտէն անտեղեակ, Սահակ շաբաթ մը եւս մնաց այնտեղ` շարունակելով իրեն վստահուած առաքելութիւնը, մինչեւ որ հաւանաբար իր կնոջ` Սիլվայի հետապնդումով հրամանատարութիւնը անդրադարձաւ եղելութեան ու բարձր գնահատականով պարգեւատրեց զայն:
Յորդանան այս պատերազմին չմասնակցելու, ինչպէս նաեւ 31 յուլիս 1988-ին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Յորդանանի Արեւմտեան ափի հոգատարութենէն հրաժարելու եւ զայն Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան` ՊԱԿ-ին յանձնելու որոշումները (2) հաւանաբար նախաքայլերն էին Ամերիկայի հովանաւորութեամբ, Իսրայէլի հետ հաշտութեան հոլովոյթին, որ յանգեցաւ 26 հոկտեմբեր 1994-ի Ուատի Արապայի խաղաղութեան դաշնագիրին (3): Յորդանան այս դաշնագիրով վերջնականապէս կորսնցուց 1967 յունիսէն առաջ իր հողերուն 5655 քառ. քմ.` Յորդանան գետի Արեւմտեան ափը Երուսաղէմով միասին, բռնագրաւուած Իսրայէլի կողմէ եւ յանձնուած ՊԱԿ-ի հոգատարութեան` պաղեստինեան իշխանութեան:
Այս դաշնագիրին ետին կար ամերիկեան տնտեսական «խթան» մը, որմէ սակայն օգտուեցան խումբ մը յորդանանցի գործարարներ, բայց` ոչ յորդանանցի ժողովուրդը: Այսպէս, Իսրայէլ Ամերիկայի հետ ունի ազատ առեւտուրի Համաձայնութիւն (ԱԱՀ) առաջինը` (1 սեպտեմբեր 1985) նմանօրինակ 20 երկիրներու, որոնք առանց որեւէ տուրքի եւ քանակի սահմանափակումի Ամերիկայի հետ առեւտուր կրնան կատարել, սակայն, ենթակայ ամերիկեան որակական չափանիշներու (4):
Մինչ Յորդանանի պարագային, օգտուելու համար այս կարգավիճակէն, կային երեք պայմաններ. արտադրութեան բաղադրիչ նիւթերուն արժէքին 35 տոկոսը պէտք էր ներածել ԱԱՀ-ի երկիրներէն եւ Ամերիկայէն, որուն նուազագոյն 8 տոկոսը` Իսրայէլէն, իսկ նուազագոյն 11,7 տոկոսը պէտք էր ըլլար յորդանանեան մասնակցութիւն ու մնացեալ 65 տոկոսը` որեւէ երկրէ (5): Միեւնոյն ժամանակ պաղեստինեան Արեւմտեան ափը եւ Կազան ներառուեցան այս համաձայնագիրին մէջ` ձեւով մը «պարտադրելով» տնտեսական գործակցութիւն կատարելու Իսրայէլի հետ:
Այս արտադրութեան համալիրները, ազատ առեւտուրի գօտիներու նման, մեկուսացած վայրեր են, որոնք կը կոչուին ամերիկեան չափանիշներու համապատասխանող` «Որակաւորեալ ճարտարարուեստական գօտի»-ներ (ՈՃԳ): Տարբերելով ազատ առեւտուրի գօտիներէն` ՈՃԳ-ները (ա) ունին երկու երկիրներու մէջ գործառնութիւն` Իսրայէլ եւ Յորդանան, (բ) ապրանքներ կ՛արտադրեն միայն Ամերիկա արտածելու համար, եւ (գ) կը գործեն տուեալ երկրի իշխանութեան եւ ամերիկեան տեսչութեան ներքեւ, որ կը սահմանէ պայմանները եւ կ՛արտօնէ տուրքերէ զերծ կացուցել ՈՃԳ-ներէն ներածումը (6):
Յորդանան-Իսրայէլ խաղաղութեան դաշնագիրէն 2 տարի ետք, 1996-ին սկսաւ այս հոլովոյթը` Ամերիկայի Քոնկրեսի վաւերացումով (6) եւ նախագահ Քլինթընի հովանաւորութեամբ: Առաջին ՈՃԳ համալիրը հաստատուեցաւ Յորդանանի հիւսիսը` Իրպիտ քաղաքին մէջ: Այժմ 75 արտադրողական ընկերութիւններ 5 ՈՃԳ համալիրներու մէջ կը գործեն` Ամմանի, Ազրաքի, Քարաքի եւ Աքապա քաղաքներուն մէջ նաեւ: Իւրաքանչիւր ՈՃԳ ունի յորդանանցի ու իսրայէլացի համանախագահ եւ ամերիկացի վերահսկիչ: Արտադրութեան մեծամասնութիւնը հիւսուածեղէն-հագուստեղէն է, որ կը պատրաստուի ամերիկեան «Ուոլմարթ»-ի եւ «Մէյսիզ»-ի նման գերվաճառատուներու ապսպրանքով, քանի որ հիւսուածեղէնի վրայ ամերիկեան ներածումի տուրքը համեմատաբար բարձր Է:
Հակառակ անոր որ այս նախաձեռնութեան նպատակը Յորդանանի ժողովուրդին գործ հայթայթելու կը ծառայէր, սակայն ընչաքաղցութիւնը մղեց գործատէրերը աւելի նուազ աշխատավարձով աշխատաւորներ «ներածել»` Սրի Լանքայէն, Պանկլատեշէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն, Նեփալէն եւ Եգիպտոսէն, որոնք կը կազմեն ՈՃԳ-ներու 60 հազար հաշուող անձնակազմին շուրջ 75-85 տոկոսը(7) թէեւ յորդանանեան օրէնքը կը պարտադրէ նուազագոյնը 20 տոկոս համեմատութեամբ յորդանանցիներու մասնակցութիւնը ՈՃԳ-ներու անձնակազմին մէջ: Վերջերս այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանար 30 տոկոսի…(ինչո՞ւ ոչ` 100 տոկոսի):
Յորդանանցի բանուորները կ՛աշխատին օրական 8 ժամ` $1,02 տոլար ժամական աշխատավարձով, մինչ օտարներուն կ՛աշխատցնեն օրական 12 ժամ եւ ժամական $0,745 տոլար աշխատավարձով(7): Օտար աշխատողները կը բնակին ՈՃԳ-ներուն մէջ կառուցուած յատուկ շրջափակ «գիշերօթիկներու» մէջ, ընդհանրապէս` նեղացուցիչ պայմաններու տակ: Մեծ է թիւը բռնութեան, բռնաբարումի եւ այլ գրկանքներու մասին բողոքներու, որոնց համապատասխան պատիժներ կիրարկուած են: Վերջերս միայն, Իրպիտի գործարաններէն մէկը կառուցած է բանուորներուն համար զբօսավայր` մարզանքի, համակարգիչի եւ այլ զբաղումներու յատուկ:
2015-ի տուեալներով, ՈՃԳ-ները աւելի քան 1,5 միլիառ տոլարի շահ ապահոված են…եւ ընթացիկ տարուան համար կը նախատեսուի աւելի մեծ եկամուտ, մինչ Յորդանանի մէջ անգործութիւնը աճ կ՛արձանագրէ` այժմ հասնելով 15,8 տոկոսի (8), երկրին մէջ օտար աշխատողներուն թիւը հասած է 750.000-ի, բնակչութեան շուրջ 10 տոկոսը, ոչ պաշտօնական տուեալներով 20 տոկոս` որոնց միայն 300 հազարը աշխատանքի արտօնագիր ունի (9):
Ահաւասիկ հեգնական իրավիճակ` տարեկան նուազագոյնը 1,5 միլիառ տոլար եկամուտ խումբ մը յորդանանցի գործարարներու գրպանին մէջ` օտար աշխատողներ օգտագործելով, մինչ երկրին մէջ 15,8 տոկոս եւ տարուէ տարի աճող անգործութիւն եւ 10-20 տոկոս օտար աշխատաւորներ…
1 յունուար 2015-ին գործնապէս ուժի մէջ մտաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան` ԵՏՄ համաձայնագիրը, որուն Հայաստան միացաւ 23 դեկտեմբեր 2014-ին: Մէկ տարի եւ 10 ամիս ետք տակաւին յստակ չէ տնտեսական «խթանիչ» ու Հայաստանի համար շահաւէտ գործօնը այս միութեան անդամակցութեան: Յուսամ` կը սխալիմ:
Ընդհակառակը, նախնական շրջանին դէպի Ռուսիա արտածումը նուազեցաւ, իսկ միայն Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ռազմական օդանաւը խոցելու պատճառով` Ռուսիոյ կողմէ թրքական արտադրութիւններուն դէմ պատժամիջոցներուն պատճառով էր, որ հայկական երկրագործական արտադրութիւններու արտածումը դէպի Ռուսիա աճ արձանագրեց: Հայաստանեան արտադրութիւնները առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ ունի՞ն արդեօք ԵՏՄ միւս երեք անդամ պետութիւններուն մօտ, տուրքերէ զե՞րծ են: Ռուսիա-Թուրքիա վերստին մերձեցման լոյսին տակ կրկի՞ն պիտի նուազի արտածումը դէպի Ռուսիա:
Ամէն պարագայի, տնտեսական միութիւնները միայն շահաւէտ պէտք է ըլլան մասնակից երկիրներուն համար եւ ունենան առաւելութիւն` բաղդատելով չանդամակցող երկիրներուն, անշուշտ` որակաւոր արտադրութիւններով, որուն համար խոստմնալից աշխատանք կը կատարուի արդէն: Յաջողութի՛ւն եւ ժրաջա՛ն աշխատանք:
8 նոյեմբեր 2016
————————————–
(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/Yom_Kippur_War)
(2) (https://en.wikipedia.org/wiki/Jordanian_disengagement_from_the_West_Bank)
(3) (https://en.wikipedia.org/wiki/Israel%E2%80%93Jordan_peace_treaty)
(4) (http://www.state.gov/e/eb/tpp/bta/fta/c26474.htm)
(5) (https://en.wikipedia.org/wiki/Qualifying_Industrial_Zone)
(6) (http://www.au.af.mil/au/awc/awcgate/crs/rs22002.pdf)
(8) ( http://www.tradingeconomics.com/jordan/unemployment-rate)
(9) (http://www.jordantimes.com/news/local/labour-minister-stresses-need-reduce-foreign-labour)