Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ատիս Երգի Ճամբով». Հեղինակ Ատիս Հարմանտեան

Նոյեմբեր 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

adis-yerki-jampov_111116Հինգշաբթի, նոյեմբեր 17-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ֆերահեան վարժարանի Աւետիսեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծանուն երգիչ, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեանի կեանքը ցոլացնող «Ատիս երգի ճամբով» հատորին գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ: Այս առթիւ, բացի յաւուր պատշաճի խօսքերէ, պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ապա` հիւրասիրութիւն: Վստահ ենք, որ Ատիսն ու իր երգերը գնահատողներու, սիրողներու բազմութիւն մը ներկայ պիտի գտնուի իր տեսակին մէջ բացառիկ այս գինեձօնին:

Մենք մեծագոյն հաճոյքով, անակնկալօրէն տեսանք մեր շատ սիրելի Ատիսին ինքնակենսագրութիւնը պարփակող վերոյիշեալ հատորը: Հատոր մը, ուր նշուած են, Լիբանանէն սկսեալ  սփիւռքի բազմաթիւ հայագաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ,  անոր ունեցած համերգային ելոյթները` այդ ելոյթներէն վերցուած լուսանկարներու ճոխ հաւաքածոյով մը: Ի հարկէ գիրքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ հանդիպումներու… յուշերու պատառիկներ, որոնք առաւել կշիռ, համ ու հոտ կու տան հատորին:

Մաքուր, հաղորդական հայերէնով ու ոճով գրուած, 330 էջերէ բաղկացած գեղատիպ հատորը շարուած է Լոս Անճելըսի մէջ, գեղեցիկ տպագրութեամբ մը կեանքի կոչուած` Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:

Մենք երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ ենք Ատիսին, մանաւանդ` անոր երգերուն: Գիտէինք, որ ան օտար… հայկական երգերու բառերու հեղինակ է, զանոնք եղանակաւորողը, գործիքաւորողը…, անշուշտ, վարպետ մեկնաբանողը: Այս հատորով մեզի համար անակնկալ մըն էր կարդալ եւ հաղորդուիլ Ատիսի գրելու ոճին հետ: Պարզ ակնարկ մը նետելու համար ձեռք կ՛առնես հատորը եւ անզգալաբար կը տեսնես, որ արդէն մէկ շունչով կարդացած ես կէսը:

Գիրքին որպէս նախաբան` սրտի խօսք մը գրած է համայնքիս ծանօթ մտաւորականներէն, «Նոր Կեանք» եւ «Նոր Հայաստան» թերթերու հիմնադիր-խմբագիր Վահան Վահանեան: Իսկ սրտի խօսք մը ունի գիրքին գրաշարութիւնն ու խմբագրութիւնը կատարած Սարգիս Մաճառեան:

Բայց ամէնէն յուզիչ մասը այս գիրքին էջ 11-ի վրայ հրուած «Ինչո՞ւ այս գիրքը» խորագիրը կրող էջն է, ուր Ատիս Հարմանտեան ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Այս գիրքը կ՛ընդգրկէ իմ կեանքի պատմութիւնը…»:

Այսպէս, հատորին մէջ հեղինակը իր կեանքի պատմութիւնը տալով, իր ապրած տխուր … ուրախ օրերը յիշելով` կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս մուտք գործեց երգի ասպարէզ:

Նախ օտար, ապա վճռական կերպով որոշեց հայ երգի ու յատկապէս էսդրատային երգերու նուիրուիլ: Արդարեւ, նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար, երբ ըսենք, որ Ատիսէն առաջ սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս թրքական կամ եւրոպական, արաբական, պարսկական երգեր կ՛երգէր: Ատիսի երեւումով եւ անոր երգերու ղօղանջներով հիմը դրուեցաւ սփիւռքի հայ երգին, իսկ Ատիս եղաւ այդ երգերուն հիմնադիրը եւ նամակատար աղաւնին, եւ ճամբորդեց, սաւառնեցաւ երկրէ երկիր, ուր որ հայ կայ, հոն եղաւ, անջրպետներ կտրեց, հայ երգը տարաւ հայ երգի ծարաւ սփիւռքահայուն` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն միչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Այս գրքին մէջ կը կարդանք Ատիսին երգած եւ իր խօսքերով երգերու փունջ մը, որոնք սիրոյ, կեանքի, մարդու մասին գրուած խորհրդածութիւններ են: Նմանապէս, այս հատորին մէջ կը տեսնենք այցելուած հայ համայնքներու նկարագրութիւնները, կեանքի փորձառութեամբ հասունցած «խօսքերը», ինչպէս նաեւ` հայ թերթերու մէջ իր ելոյթներուն մասին տրուած տեղեկութիւնները:

Ատիս Հարմանտեանը շուրջ 50 տարի բեմին վրայ հայ երգը հնչեցուց, հայ երգը բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներու սիրցուց: Անոր ֆիզիքական վայելչութիւնը, անոր զուլալ, քաղցր եւ սրտագին ձայնը, զեղուն կարօտով, թախծոտ երանգներով յօրինուած երգերը գերեցին, բոցավառեցին երազող պատանիները, սիրահար հոգիները, սիրոյ կրակով այրած սրտերը:

Արդարեւ, Ատիս Հարմանտեանի տաղանդը զարմանալիօրէն բեղմնաւոր է, ուղղակի` անսպառ: Ան կատարողական բարձր արուեստով գիտէ մատուցել իր երգերը, գրել երգերուն բառերը, դէմքի, մարմնի շարժուձեւերով խորապէս տպաւորել զինք ունկնդրողները:

Ատիս Հարմանտեան 50 երկար տարիներու հմայող երգիչն է: Ատիսը լսելը կեանք կու տայ մարդուն, երջանկութիւն կը պարգեւէ զինք լսողներուն, իսկ սէր չունեցող մարդուն մէջ Ատիս սիրոյ կրակ կը վառէ:

Թող երկար, երկար ժամանակ ու տարիներ հնչեն մեր սիրելի Ատիսին երգերը: Թող իր կերտած հայաշունչ երգերը բնաւ չմոռցուին, բնաւ չխամրին եւ չպակսին մեր ժողովուրդի մտքէն, հոգիէն ու կեանքէն:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր անզուգական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը` մաղթելով իրեն կենսառողջ կեանք, նորանոր երգեր եւ գիրքեր:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայերէն «Էսդրատային» Երգի Ծնունդը (2)

Յաջորդը

Պատմութեան Առեղծուածներէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?