Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Կը Միանան Դաշնակցութեան

November 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

fotorcreated-14

Կիրակի, 6  նոյեմբերին, Արարատի մարզի Քաղցրաշէնի մէջ 14 երիտասարդներ եւս միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Խրախուսիչ իրականութեան վերածուած է հայրենի երիտասարդներու դաշնակցական դառնալու պատրաստակամութիւնը: Հայրենիքի տարածքին, Երեւանէն Շիրակ, Լոռիէն Արագածոտն, Արարատէն Կոտայք, Սիւնիքէն Արցախ` անոնք կու գան քանակական ու որակական նոր աւիւն ներդնելու մեր ժողովուրդի ամէնէն ազգային, արդարամէտ ու խիզախ քաղաքական կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան: Անոնք կու գան իրենց բոլոր ուժերով ծառայելու հայրենիքին ու Հայ դատին:

Բնական է` տակաւին գոյութիւն ունին հակադաշնակցական տրամադրութեամբ եւ թերամիտ տրամաբանութեամբ առաջնորդուող մարդիկ, որոնք անկարող են գնահատելու Դաշնակցութեան շարքերը միանալու հայ մարդուն նախաձեռնութիւնը: Անոնց մօտ կը բացակայի դաշնակցական մարդը ըմբռնելու կարողութիւնը եւ կամեցողութիւնը: Անոնք մինչեւ իսկ ծիծաղելի կը դառնան, երբ դաշնակցական մարդը կը համարեն «հլու, հնազանդ եւ կամակատար»:

Դաշնակցականի մասին նման վերագրումներ ո՛չ միայն խոտոր կը համեմատին Դաշնակցութեան գաղափարական ու կազմակերպական սկզբունքներուն, այլեւ կը նենգափոխեն դաշնակցականի խիզախութեան, յանդգնութեան, արիութեան, համարձակութեան եւ պարկեշտութեան նկարագրային յատկութիւնները: Ափսո՛ս, թերամիտը անկարող է կամ չի կամենար ծանօթանալ դաշնակցականի իսկական կերպարին:

Դաշնակցական մարդուն ծանօթացումը կը սկսի պարզ հարցումով մը` Ո՞Վ Է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ: Այս հարցումին պատասխանը բազմիցս եւ սպառիչ կերպով տուած են դաշնակցական գործիչներ ու մտաւորականներ: Բաւ է թերթատել Նիկոլ Աղբալեանի «Մտածումներ ՀՅԴաշնակցութեան մասին» (1930) գործը, ինչպէս նաեւ` Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» (1975) խորագիրով սքանչելի գրքոյկը:

«ՀՅԴ Կազմակերպական կանոններ»-ու առաջին յօդուածը պարզ ու մեկին կը բնութագրէ դաշնակցական ըլլալու ստորոգելիները: Այսպէս, «ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագիրի տէր եւ 18 տարեկանէն վեր ամէն անհատ` առանց սեռի խտրութեան, որ կ՛ընդունի կուսակցութեան ծրագիրն ու գործելակերպը, կ՛ենթարկուի անոր կանոններուն ու որոշումներուն եւ ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու զանոնք»: Այս յօդուածի տրամադրութեան մէջ խտացուած են դաշնակցականի կազմակերպական, գաղափարական ու բարոյական մարդու թէ՛ յատկութիւնները եւ թէ՛ պայմանները:

Յօդուածը Դաշնակցութեան մէջ ընդունուելու հարց չի դներ, այլ կը տրամադրէ կարենալ անդամ ըլլալու խնդիր: Ընդունուիլը վարչական տնօրինման հարց է. անդամ ըլլալ կարենալը պարտաւորութեան ու պայմանաւորութեան խնդիր է: Արդ, անդամ ըլլալու համար ենթական պէտք է ստանձնէ երեք պարտաւորութիւններ: Առաջին` ան պէտք է ընդունի ՀՅԴ ծրագիրն ու Դաշնակցութեան գործելակերպը: Երկրորդ` ան պէտք է ենթարկուի ՀՅԴ կանոնագիրին եւ որոշումներուն: Երրորդ` ան պէտք է ամէն ճիգ թափէ` Դաշնակցական գործելակերպով հետապնդելու եւ իրականացնելու Դաշնակցութեան ծրագիրը, կանոնագիրը եւ որոշումները: (ՀՅԴ Կազմակերպական կանոններ, յօդուած 1):

Նորագիրը այս պարտաւորութիւններուն ստանձնումն ու իր պայմանաւորութիւնը կ՛երաշխաւորէ հանդիսաւոր ուխտով, ուր երդուելով իր պատուոյն ու հայրենիքին վրայ` ան կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ Դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին ու որոշումներուն, եւ իր բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` կեանքին գնով, ծառայել «Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին» (ՀՅԴ Կազմակերպական կանոններ, յօդուած 3):

Վերոյիշեալ պայմաններու հիմամբ անդամակցելով Դաշնակցութեան` դաշնակցականը կը միանայ իրեն համամիտ ու գործակից շարքայիններու: Այս միացումը տեւական բնոյթ ունի, այնքան ատեն որ դաշնակցականը կը մնայ հաւատարիմ ու հետամուտ` իր կանոնագրային պարտաւորութիւններուն: Այս միացումը նաեւ գործնական հանգամանք ունի` հիմնուած դաշնակցականներու միջեւ փոխադարձ կապի եւ հետապնդելի նպատակներու վրայ: Փոխադարձ կապը կը նախորոշուի ՀՅԴ կանոնագիրով, իսկ հետապնդելի նպատակները կը մեկնին ՀՅԴ ծրագիրէն: Իր կանոնագրային կապով, գաղափարական համամտութեամբ եւ դաշնակցական գործելակերպով դաշնակցականը կը դառնայ ՀՅԴ կազմակերպութեան համահաւասար անդամ:

ՀՅԴ կազմակերպութեան մէջ դաշնակցականը մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու կաշկանդումներու ենթակայ չէ: Ընդհակառակը, կազմակերպութեան մէջ միտքեր առաջադրելու, աշխատանքի նախաձեռնելու, սխալը շտկելու եւ լաւը աւելի լաւ ընելու մօտեցումը դաշնակցականին թէ՛ իրաւունքն է եւ թէ՛ պարտաւորութիւնը: Դաշնակցականին խօսքն ու գործը լսելի ու տեսանելի են մինչեւ կուսակցութեան գերագոյն ժողովը` ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը:

Դաշնակցականը իր խումբին կամ կոմիտէութեան ընդմէջէն իր դիրքորոշումն ու գործը կրնայ հասցնել մինչեւ Շրջանային ժողով եւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողով: Ժողովներուն մէջ դաշնակցականը ազատ է ու անկաշկանդ: Ոչ ոք եւ ոչինչ կարող է արգելք հանդիսանալ դաշնակցականի միտքի ու խղճի ազատութեան, մանաւա՛նդ որոշում կայացնող ժողովներուն կը դադրին մարմիններու իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը: Փոխարէնը` հոն իշխող եւ հեղինակութիւն կը դառնայ ի՛նք` դաշնակցականը, որ որոշում եւ վճիռ կ՛արձակէ ըստ իր հայեցողութեան, կը դատէ ու կը քուէարկէ ըստ իր խիղճին: Երբ ժողովը վճռած ու աւարտած է, նոյն դաշնակցականը կ՛իւրացնէ ժողովին որոշումներն ու վճիռները, ապա ամէն ջանք կը թափէ անոնց իրականացման համար:

Իր մտածումներուն եւ աշխատանքին մէջ դաշնակցականը գիտակցաբար կ՛առաջնորդուի 1892-ի ՀՅԴ Անդրանիկ ծրագիրին մէջ Սիմոն Զաւարեանի բանաձեւած այն սկզբունքով, թէ` դաշնակցական «գործում չի կարող լինել իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ` միմիայն բաւարարութեան եւ բարոյական պարտաւորութեան խնդիր»:

Դաշնակցականը նաեւ կը գիտակցի, որ դաշնակցական մնալն ու գործելը շարունակական գործընթաց է, ուր ան կը ձգտի կատարելագործելու իր դաշնակցականութիւնը` միշտ քիչ մը աւելի «դաշնակցականանալով», ինչպէս Հրաչ Տասնապետեան ջինջ կերպով բացատրած է այս գործընթացը` «Եւ արժանի ըլլալու համար լրիւ ու իրա՛ւ դաշնակցական մարդու դժուար կոչումին` Դաշնակցութեա՛ն համար, անոր հետապնդած նպատակներուն համար, որոնց հաւա՛տքը ունինք, ամէն օր քիչ մը աւելի՛ ՊԻՏԻ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԱՆԱ՛ՆՔ» (Հրաչ Տասնապետեան, «Ո՞վ է դաշնակցականը», էջ 57):

 

 

Նախորդը

Ընչաքաղցութիւն Եւ Փառասիրութիւն Կը Մեռցնեն Ցանկալի Ժողովրդավարութիւնը

Յաջորդը

Բռնատիրութեամբ Եւ Հարստութեամբ Նախապաշարուած Բռնապետը. Էրտողանի 12 Գայթակղութիւնները…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.