Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հայերէն լեզուի դասատու Մարալ Քէհեայեանի առաջնորդութեամբ, կազմակերպուեցաւ ատենամարզանք մը` նուիրուած Թարգմանչաց տօնին:
Յայտագիրին բացումը կատարեց Մարալ Քէհեայեան, որ հակիրճ կերպով փոխանցեց Թարգմանչաց խորհուրդը եւ աւելցուց, թէ այս տօնը Հայաստանի մէջ սահմանուած է 2001-էն ի վեր, որպէս պետական տօն, նուիրուած հայ գիրերու գիւտին, իսկ հայ Առաքելական եկեղեցին առաջին անգամ թարգմանողներուն առանձնայատուկ շնորհով օժտուածները, վաղ միջնադարուն դասած է եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին: Ան յիշեցուց, թէ Երեւանի, Գառնիի եւ այլ վայրերու մէջ կը կազմակերպուին շքեղ տօնախմբութիւններ, եւ սոյն տօնին առիթով լաւագոյն թարգմանիչներուն (հայ թէ օտար) կը տրուի Հայաստանի գրողներու միութեան «Եղիշէ Չարենց»-ի անուան մրցանակ:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան առաջին դասարանի աշակերտները եւ իրենց անդրանիկ մասնակցութիւնը բերին նախակրթարանի ատենամարզանքներուն ներկայացնելով գեղեցիկ պար մը: Ապա Ե. կարգի աղջիկները երգեցին «Մայրենի լեզու» երգը, Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Գէորգ Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը» արձակ բանաստեղծութիւնը, ըստ աշակերտներուն տարբերակին, որպէս կիսաթատրոն ներկայացում:
Բացառիկ ներկայացում մըն էր, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ոճով, համարձակ եւ անսխալ ներկայացումով տպաւորեց ներկաները: Ուշագրաւ էին անոնց տարազները, բեմին վրայ էին մշեցին, սասունցին, տիգրանակերտցին, իրենց հարազատ տարազներով: Ներկայացման ընթացքին մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան նկարներ եւ շարժապատկերներ:
Յայտագրի վերջին բաժինով ցուցադրուեցաւ «Սի. Էն. Էն» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը` Հայաստանի եւ հայութեան մասին:
Աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան շնորհաւորեց եւ բարձր գահատեց յատկապէս վեցերորդ դասարանի աշակերտները, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալ Քէհեայեանին այս հոյակապ յայտագիրին համար: