Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

November 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khatch-1_110416

Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ կը գործէ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն համալսարանական ուսման արեւելում տուող գրասենեակը: Այս գրասենեակին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին, եւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Բաց Դռներ հանդիպում մը, լիբանանեան 16 համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ վարժարանիս 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ եւ BT դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին աշակերտները լուսաբանութիւններ ստացան եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ քաղեցին, ինչ կը վերաբերի իրենց համալսարանական ուսման: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էին նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորական դպրոցի ներկայացուցիչ սպաներ:

khatch-2_110416

Այս առիթով վարժարանին մէջ տեղի ունեցան երկու կարեւոր միջոցառումներ: Առաջին հերթին, նոյն ուրբաթ համաձայնագիր մը կնքուեցաւ Notre Dame համալսարանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի միջեւ, որուն հիման վրայ «Էն. Տի. Եու.» յաճախող վարժարանիս յառաջադէմ աշակերտները համալսարանական առաջին տարիէն սկսեալ իրաւասութիւն կ՛ունենան թոշակի յատուկ եւ յաւելեալ զեղչեր ստանալու: Այս մէկը վստահաբար աշակերտները պիտի մղէ յաւելեալ ջանք թափելու` արժանանալու համար այս առանձնաշնորհումին:

Երկրորդը, երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին վարժարանս հիւրընկալեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (AUA) ներկայացուցիչները, որոնք տնօրէնութեանս հրաւէրով Հայաստանէն ժամանեցին այս Բաց դռներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի աշակերտներուն մօտէն ծանօթացնելու Երեւանի մէջ գործող ամերիկեան համալսարանը` անոնց տալով հոն ուսանելու հնարաւորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ: Այս մէկը ի հարկէ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մէջ, որոնք առիթ կ՛ունենան լաւագոյն ուսումը ստանալու հայրենիքի հողերուն վրայ:

Նախորդը

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.