10 նոյեմբեր 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան բաժնի տնօրէն Արինա Զոհրապեան եւ շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Սերգէյ Թանթուշեան:
ՀԱՄ-ի պատասխանատուները «Ֆարաճեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն:
Մեսրոպեանի հիւրերը ապա տեսակցեցան տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներու արեւելումին նպաստող այս այցելութեան համար եւ շեշտեց տեղեկատուութեան փոխանակման ընդլայնումին կարեւորութիւնը` Հայաստանի եւ լիբանանահայ կրթական կառոյցներուն միջեւ: