ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Երկու շաբաթ առաջ մանկութեան եւ դպրոցական ընկերս` Լոս Անճելըս բնակող Վարդան Գազանճեանը, Դիմատետրի միջոցով «Արեւելք» լրատուական կայքին վրայ լոյս տեսած գրութիւն մը ուղարկեց ինծի: Գրութիւնը Հալէպէն փախած եւ Պէյրութ հասած սուրիահայ ընտանիքի մը մասին էր: Պապայեան ընտանիքը Հալէպ մնացած ու դիմացած էր բոլոր դժուարութիւններուն, բայց վերջին դէպքերէն ետք պատերազմի արհաւիրքէն փախած ու հասած էր Պէյրութ: Պապայեանները իրենց աչքերով տեսած էին, թէ ինչպէ՛ս «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մօտ գտնուղ խանութին վրայ ինկած կազի տակառին պատճառով չորս հայորդիներ այրեցան: «Այդ ահ ու սարսափի տեսարանը մինչեւ հիմա աչքերուս առջեւ է: Բան մըն ալ չկրցանք ընել` փրկելու համար զիրենք, իսկ պայթումի ցնցումէն մեր շէնքը «երկրաշարժ»-ի ենթարկուեցաւ: Զաւակներս սկսան լալու, իսկ աղջիկս կ՛ըսէր` «Մամա՛, պիտի մեռնինք», գրութեան մէջ կը պատմէր ընտանիքի մայրը` Նորման, եւ կը շարունակէր. «Այդ դէպքէն ետք մենք որոշեցինք Հալէպէն հեռանալ: Հինգ տարուան պատերազմէն ետք, ամուսնոյս անգործ ըլլալուն պատճառով յայտնուած էինք նիւթական շատ դժուար կացութեան մը մէջ: Ատոր համար ալ ստիպուեցանք մեր տան իրերը ծախելու եւ դէպի Պէյրութ հանրակառքի տոմսեր գնելու»:
Պապայեան ընտանիքը կը փափաքէր Հայաստան տեղափոխուիլ, քանի որ Պէյրութն ալ անհիւրընկալ էր, ապրուստը սուղ եւ դժուար, եւ կեանքը հետզհետէ անտանելի կը դառնար: Նոյնիսկ ազգականները այլեւս չէին ուզեր տուն-տեղ տրամադրել իրենց: «Ապրուստի խնդիր ունինք, եւ ամուսնոյս աշխատածով անհնար է ապրիլ: Մեր միակ երազը Հայաստան երթալն է, եւ ձեր կայքին միջոցով կը դիմենք մեր հայրենակիցներու օգնութեան: Հոս մենք թափառական դարձանք, եւ վստահ եմ, որ Հայաստան երթալու պարագային, մեզ ոչ ոք տունէն պիտի վտարէ: Մեր միակ երազը Հայաստան հասնիլն է», կ՛ըսէր Նորման:
Ընթերցումը տակաւին աւարտած չէի, երբ Դիմատետրով նոր պատգամ մը ստացայ Վարդանէն.
«Րաֆֆի՛, եթէ ձեւ մը ունիս այս ընտանիքը Հայաստան հասցնելու, զիս տեղեակ պահէ: Պատրաստ եմ վճարելու իրենց տոմսակներուն գումարը: Միայն թէ այս ընտանիքը հայրենիք թող հասնի»:
Անմիջապէս կապուեցայ «Արեւելք»-ի խմբագրութեան հետ եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստացայ Պապայեան ընտանիքին մասին: Տեղեկացայ, որ «Հալէպ» կազմակերպութիւնը արդէն իսկ ստանձնած է տոմսերուն ծախսը, եւ թէ Պապայեանները` հայր, մայր եւ երկու երեխայ, կը պատրաստուին տեղափոխուելու Հայաստան, բայց նախ պէտք է լուծեն Լիբանանի մէջ ապօրինի կեցութեան եւ վիզայի հարցերը:
Վարդանին տեղեկացուցի այս մասին: «Աւելի՛ լաւ, իմ տրամադրած գումարով թող տուն վարձեն կամ այլ ծախսեր հոգան: Ըսէ՛` ինչպէ՞ս փոխանցեմ», եղաւ պատասխանը:
Քանի մը օր չանցած` գումարը արդէն իսկ հասած էր ինծի Հայաստան այցելող ընկերոջ մը միջոցով: Այս դէպքին մասին պատմեցի այլ ընկերներու, որոնք եւս անմիջապէս օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին` վարակուելով Վարդանի օրինակէն:
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 1-ին, Պապայեանները հասան Երեւան, եւ յաջորդ օրն իսկ անոնց հանդիպեցայ «Հալէպ» կազմակերպութեան գրասենեակը ու յանձնեցի Վարդանի եւ միւս ընկերներուս տուած գումարին մէկ մասը, որպէսզի անոնք հոգան առաջին երկու ամսուան վարձքն ու ապրուստի ծախսերը: Խոստացայ ամէն ամիս տալ տան վարձքի գումարը, եւ առաջարկեցի, որ անոնք անմիջապէս կապ հաստատեն սուրիահայերուն աջակցող կազմակերպութիւններու եւ պետական կառոյցներու հետ, որպէսզի կարենան լուծել նաեւ այլ հարցեր:
Հայր ու մայր Պապայեանները հազար անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցին` մտածելով հաւանաբար, որ ես եմ իրենց բարերարը: «Ձեր շնորհակալութիւնը կը փոխանցեմ ընկերներուս` Վարդանին, Արթինին, Սեւակին», ըսի ես:
– Ի՜նչ լաւ է, որ այսպէս ընկերներ դեռ կան աշխարհի երեսին,- ըսաւ հայր Պապայեանը:
– Այո՛, այո՛,- պատասխանեցի,- բարեբախտաբար դեռ կան նման ընկերներ:
Գրեցէ՛ք ինծի: