ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Չէի գիտեր, որ երկրորդ անգամ պիտի ապրէի այն բոլոր դառն ու անուշ վայրկեանները, որոնք անցուցի հայրենիքի մէջ ուսանողութեանս տարիներուն: Օրացոյցի թերթիկներ իրարու ետեւէ արագ-արագ վար առի` առանց խղճի խայթի, առանց գիտնալու, թէ կը սպաննեմ զանոնք արագ հարուածով գնդակահարելու պէս: Ինչպէ՞ս սիրտս չպայթեցաւ իր գաղտագողի թրթիռէն, ինչո՞ւ թոյլ տուի, որ դէպի վար սահին անոնք:
Ընտանեկան օճախիս կարօտն էր, որ զիս կ՛ենթարկէր այս անձկութեան, հայրենի հողի կարօտս կը խլէր ինձմէ. փոխարէնը` զգալու մօր մը խնամող ձեռքին ու հօր մը հոգատար հովանիին անմխիթար բացակայութիւնը: Սեփական հայրենիքիս մէջ իսկ պանդուխտ կը զգայի:
Չապրուած օրեր, չապրուած պահեր ու վայրկեաններ` կը նշանակէ սպաննել կեանք մը, ապրումներուդ դահիճը ըլլալ, յետոյ ալ ըրած ոճիրիդ համար նստիլ ու ափսոսալ:
Այդ օրերէն ի՞նչ մնաց: Կիսատ մնացած երազներ` ժամանակի հեռաւոր մշուշին մէջ:
Թախիծը կը պատէ հոգիս, երբ յիշեմ երեւանեան մէն մի փողոց, կը մտածեմ` ինչո՞ւ աճապարեցի անցնիլ անոնցմէ, ինչո՞ւ չդանդաղեցուցի քայլերս` լաւ գիտնալու համար անոնց պատմութիւնը: Գուցէ այդտեղ պատահած ըլլար մեր անցեալի պատմութեան ճակատագրական մէկ դրուագը կամ ալ հանճարի մը տան մօտով անցած ըլլայի: Իւրաքանչիւր քարի ինչպէ՞ս չնայեցայ կոթողի մը նայելու պէս, քայլերս քիչ մըն ալ խորացնէի դէպի անոնց ծալքերը: Ո՛չ մէկ տեսարան իրաւունք ունէի դիտելու պարզ աչքերով: Հիմա անոնք ինծի համար սրբապատկերներ կը թուին ըլլալ, խօսուն վկաներ, մեր արմատներէն, տանջուած հողէն` երկրի վրայի իմ դրախտս:
Այն հողը, որ մեր պատանեկան ու երիտասարդական խոհերուն երազային մեղեդին դարձաւ, առաջին անգամ ըլլալով ճաշակեցի զայն ունենալու հրճուանքը 1985-ի օգոստոսին: Երբ զգացի մեր հողին ջերմութիւնը, այլեւս հայրենիքը դադրեցաւ ինծի համար Արարատի լուսանկար եւ պատմական փոշոտ քարտէս մը ըլլալէ: Գիրքերու ծալքերէն յանկարծ թռիչք առին ու կենդանացան բոլոր կարդացածներս, անիրական ու հեքիաթային Հայաստանը այժմ դարձաւ բաբախուն սիրտ մը եւ ոչ` պատէն կախուած նուրբ աղջկայ դիմագիծով քարտէս մը:
Հանդիպեցայ հայրենիքիս ցաւերուն եւ անոր բնորոշ յատկանիշներուն հետ: Մասնակցեցայ 88-ի արցախեան պահանջատիրական ցոյցերուն եւ հաւաքներուն, մտերմութիւն հաստատեցի իմ արիւնակիցներուն հետ:
Արցախեան շարժման զարթօնքը կը զուգադիպէր իմ Երեւանի պետական համալսարանի մէջ ուսանողութեան 3-րդ տարուան: Դասադուլով սկսանք մեր ուսումնական երկրորդ կիսամեակը: Նստացոյցեր, միթինկներ, մէկ խօսքով` մեր պատմութեան համար անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ականատեսը կ՛ըլլայինք:
Այս ամէնը նախաշաւիղն էր յաջորդող փոթորկոտ պայքարին, այն պայքարը, որ անպայման ծնունդ առնելու էր վաղ կամ ուշ, քանի գոյութիւն ունէր արդար դատ մը:
Երկար գիշերներ լուսցուցինք Անկախութեան հրապարակը` յեղափոխական երգեր մեր շրթներուն. ի՛նչ փոյթ, թէ յաջորդ օր ՍՄԿԿ-ի կամ փիլիսոփայութեան պատմութեան քննութիւնը մեզ կը սպասէր. չէ՞ որ բոլորիս համար նոր յոյս մը կը փայլատակէր: Թուղթէ շերեփներ ալ պէտք չէին, երկաթէ շերեփ ունենալու յոյսն ու հաւատքը կը խանդավառէր բոլորը:
Օրերը կ՛անցնէին: Ուսանողութեան միակ տեսլականը դարձած էր ազատ Արցախի մը ստեղծումը, դէն շպրտած թուղթ ու մատիտ` քայլարշաւներու կը ձեռնարկէինք: Նոյնիսկ համալսարանի դասախօսներ գործի անցած էին: Ռաֆայէլ Իշխանեան կարծէք երկրորդ Թումանեան մը ըլլար, որու ուսերուն դրած էին ազգային մեծ բեռ մը:
Ինչե՜ր կրնայի ընել հայրենիքիս համար, որ չըրի, իսկ հիմա այստեղ նստած` թռիչքս կը սաւառնի այնտեղ, ուր իւրաքանչիւր գիտակից հայ կը պայքարի իր հայրենիքի գոյատեւման համար: Միայն Արցախ գացող ֆետային չէր, որ պայքարեցաւ. Հայաստանի մէջ ապրող ամենայետին հայն անգամ, իր պատուհանները բաց պահելով, իր հողին կառչած մնալով, չլքելով զայն` մարտնչեցաւ թշնամիին դէմ:
Վերջապէս եկաւ ժամանակը խոստովանութեան: Կ՛արթննամ խոր քունէս, բայց ափսո՜ս, որ կ՛անհետանայ երազս, անկրկնելի երազս:
Երեւի ժամանակն ու վայրը իմ յուշերուս միակ թշնամիներն են: Ժամանակը որքան սլանայ, այնքան աւելի իմ յուշերուս վրայ ստուեր կ՛իյնայ, կ՛աղօտին ու կը գունաթափին անոր թերթիկները: Ժամանակի ընթացքին կը խամրի իմ յուշերուս վարդը, կը չորնան անոր թերթիկները, եւ ես կը զետեղեմ զանոնք իմ կեանքի գիրքի էջերուն մէջ:
Այդ թերթիկներէն մին (գրուած` 8 մարտ 1988-ին) այսպէս կը պատմէ:
Այսօր կանանց տօնն էր, բայց հայ ժողովուրդը զայն վերածեց սգատօնի: Սումկայիթի մէջ սպաննուած զոհերու յիշատակին (որ ընդամէնը շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցաւ) ամբողջ Հայաստանը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր թաղուած էին Արցախի նորագոյն նահատակները: Հարիւր հազարաւոր հայորդիներ սեւ շղարշներով ու ծաղիկներով, իրենց բռունցքները պարզած, կ՛ուղղուէին դէպի զոհերու շիրիմը` նոր ուխտի մը համար, որ` այլեւս չեն լռեր: Անոնց սուրբ արիւնը գետին չեն ձգեր, այդ արեան հատուցումը պիտի ըլլար Ղարաբաղի տունդարձը եւ իրենց «խորթ եղբայրներուն» արդար դատաստանի արժանանալը: Այս դէպքը` ոճրային արարքը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ թուրքը նոյն թուրքն էր իր ոճրագործի ու աւազակի բնոյթով, ո՛չ մէկ տարբերութիւն` օսմանցիին եւ ազրպէյճանցիին միջեւ, իսկ հայն ալ իր պահանջատիրական կեցուածքը վերանորոգած` իր հայրենիքին տէրն է: Անոնք ոչ մէկ ժամանակ կրնան եղբայրանալ, նոյնիսկ` դրախտի մէջ: Իսկ մեր ժողովուրդի երակներուն մէջ արիւնը տակաւին չէ սառած:
– Արդէն իսկ Ստեփանակերտի մէջ թռուցիկներով, ինչպէս նաեւ բացայայտօրէն համաժողովրդական ցոյցերու կոչեր կ՛ըլլան, իսկ փետրուար 20-ին որոշում տրուեցաւ ԼՂԻՄ-ի Մարզային խորհուրդին մէջ, 110 հայերու քուէով եւ 18 ազերիներու ձեռնպահութեամբ, ԼՂԻՄ-ը միացնել Հայաստանին: Հադրութի հայ ազգաբնակչութիւնը յարձակումի կ՛ենթարկուի, հայեր կը լքեն իրենց տուները:
Անցեալ շաբաթ ԽՍՀՄ Կենտկոմը մերժեց ղարաբաղցիներուն պահանջը, որուն պատճառով Երեւանի մէջ ցոյցերը թափ առին, իսկ փետրուար 24-ին կազմուեցաւ «Ղարաբաղ կոմիտէ»-ն: Բնականաբար ազերիները չէին կրնար ձեռնածալ մնալ, իրենց միակ ունակութիւնն ու կարողութիւնը, իբրեւ ջարդարար եւ արիւնարբու, արիւնահեղութիւնն էր, «Սումկայիթի ջարդը» ինչ-ինչ հնարքներով յաջողցուցին: Համաձայնած էին այդ գիշեր Սումկայիթ քաղաքի ազերիները` իրենց լոյսերը անջատել, հետեւաբար բոլոր լուսաւոր երդիքները, որոնք հայու տուներ էին, ենթարկուեցան աննախընթաց վայրագութեան:
Մայիս եւ յունիս ամիսները եղան փախուստի եւ աքսորի ամիսներ: 1915-ի ջարդն է կրկնուողը:
12 յուլիս 88.- ԼՂԻՄ-ի Մարզային խորհուրդը ինքնագլուխ հաստատեց իր անջատումը Ազրպէյճանէն: Այս յայտարարութեան պատճառով, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջապատումը սկսաւ:
14 սեպտեմբեր 88-Երեւան
Հազիւ ժամ մը դաս ըրած էինք: Ահազանգ հնչեց համալսարանի ամբողջ տարածքին: Ղարաբաղէն օգնութեան աղերս հասած էր, Երեւանէն աջակցութիւն կը հայցէին, իսկ ուսանողութիւնը ժողովուրդի ռահվիրան պէտք էր ըլլար: Մենք մեր մասնակցութիւնը պիտի բերէինք դասադուլով, որ այնքան ալ համոզիչ չէր թուեր մեզի: Բաւական վիճաբանութիւններէ ետք, մեր տնօրէնութեան հետ յանգեցանք այս եզրակացութեան. նստացոյց` օփերայի հրապարակը, առանց դասադուլի, մեր ազատ ժամերու հաշուոյն…
Թերթիկ 20, սեպտեմբեր 88
Երեկոյեան ժամերուն էր, երբ բոլորս զգուշացուցին, որ ժամուան մը ընթացքին իւրաքանչիւրս իր բարեկամներուն տեղեկացնէ` օփերա հաւաքուիլ անյապաղ: Շատ արագ բարձրացանք հանրակացարան, կոչը փոխանցեցինք, մեր անհրաժեշտ պիտոյքները վերցուցինք, օփերայի հրապարակ (որ հետագային Անկախութեան հրապարակ կոչուեցաւ) հասնելու համար: Ձրի փոխադրակառքեր տրամադրուած էին ժողովուրդը հոն հասցնելու: «Բարդ իրավիճակի» դրութիւն էր, Ղարաբաղէն անընդհատ կը զանգահարէին, որ օգնութեան հասնինք բոլոր միջոցներով… Այնտեղ ջարդ էր, զոհերուն թիւը կ՛աւելնար. Շուշիի մէջ եկեղեցիներ կ՛այրէին: Համայնավար Կ. կոմիտէն որոշում տուած էր Երեւան զօրք իջեցնել: Գործադուլն ու դասադուլը կը շարունակուէին: Հաւաքուածներս խումբերու բաժնուեցանք եւ ցրուեցանք քաղաքի տարբեր մասերը երթի ելլելու համար: Ժամը ուշ էր, 1:00-ը (կէս գիշերուան) կ՛անցնէր, քալեցինք դէպի Կոմիտաս պողոտայ: Երթի ընթացքին կոչ կ՛ուղղէինք բոլորին` իջնել տուներէն, հաւաքուիլ հրապարակները, ճգնաժամ էր: Բարձրաձայն կը կրկնէինք` «Արցախում ջարդ է…». անոնք, որոնք արթուն էին, կը միանային մեր երթին: Ժամեր քալեցինք մտահոգ երկիւղածութեամբ, խոր մութին եւ ամայութեան մէջ մեր գուժկանը կը տարածուէր ծառէ ծառ, պատուհանէ պատուհան:
Մէջտեղ դրուած է անկախութեան հարցը, եռագոյն դրօշակը մեր ռահվիրան է, յեղափոխական երգերը` մեր միակ մխիթարութիւնը: Թէեւ մամուլն ու լրատու գործակալութիւնը որոշ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, բայց այն չէ, ինչ որ պէտք է:
Դասադուլը հանրապետական մակարդակով սկսաւ, գործադուլը կը ծաւալի, իրավիճակը շատ բարդ է…
Մեր ընկերներէն ոմանք հրաժեշտ առին մեզմէ` յաջորդ առաւօտ Արցախ ուղղուելու, իրենց այդ երթալը եղաւ… մեր վերի յարկէն Թաթուլ Կրպէեանը եւս կ՛ուղղուի Արցախ, (Գետաշէն, ԵՊՀ-ի պատմութեան բաժնէն):
Կը փափաքէի այստեղ ամէն բան մանրամասն գրել, բայց մտավախութիւն ունիմ գրաքննութեան ենթարկուելու:
Հոկտեմբեր 88.- Մենք այս տասը օրը դարձեալ դասադուլի մէջ պիտի ըլլանք: Հրապարակը թնդանօթներով եւ զօրքով պաշարուած է: Գիշերները պարետային ժամ է: Քաղաքը լեցուն է Ազրպէյճանէն անօգնական եւ մազապուրծ փախստականներով: Ի հետեւումն Փետրուարեան ցոյցերուն, թէեւ կազմուեցաւ «Ղարաբաղ կոմիտէ»-ն, սակայն արցախցիները անօգնական են:
Թերթիկ 9, դեկտեմբեր 88, Երեւան
Գրիչս չի համարձակիր առաջ երթալ: Ուրկէ որ սկսիմ, մեր ապրած առօրեան թոյլ պիտի չտայ չարաղէտ դէպքէն դուրս բանի մը մասին խօսիլ:
Թէեւ մեզի բախտ վիճակուեցաւ տակաւին շնչել, բայց ինչ որ մեր շուրջը կը տեսնենք, մեզի կը ստիպէ վերածուիլ կենդանի դիակներու:
Վերջին օրերուն ահաւոր բռնութենէն մազապուրծ Ազրպէյճանի հայ գաղթականները արդէն իսկ կը յիշեցնէին Երեւանի յետեղեռնեան տարիները: Հազիւ սկսանք հանգանակութիւններով օգտակար ըլլալ անոնց, վրայ հասաւ ահաւոր աղէտը, որ բոլորս ալ շշմեցուց:
Երկրորդ օրն էր, որ կանոնաւոր դասի կ՛իջնէինք, երբ վերջին ժամերուն գետինը սկսաւ երերալ, սարսափահար վազեցինք դուրս, պատերու անկիւններէն հողը թեթեւակի վար կը սահէր: Մտածեցինք, որ դիւրին ազատեցանք, բայց երբ մեր քայլերը համալսարանէն կը հեռանային, կամաց-կամաց սկսանք տեղեկանալ, որ տեղի ունեցած երկրաշարժին տարողութիւնը ահաւոր էր, լուրերը աղէտալի եւ դաժան էին, հասած` Սպիտակէն, Լենինականէն, Կիրովականէն…
Հայաստանի կարեւորագոյն մէկ հատուածը վերածուեցաւ աւերակներու կոյտի: Եղեռն է…
Դեռ կենդանի` մարդիկ թաղուեցան քարակոյտերու տակ: Քաղաքներ ամբողջութեամբ գերեզման դարձան մէկ վայրկեանի մէջ:
Հիմա, ամէն գիշեր ժամը 2:00-էն ետք, բոլորս մեր անհրաժեշտ պիտոյքները առած, կ՛ելլենք հանրակացարանի դիմացի բացօթեայ դաշտը, չեմ գիտեր, թէ մէյ մըն ալ պիտի վերադառնա՞նք մեր տուները, ո՛չ քուն ունինք, ո՛չ հանգիստ: Արդէն քանի մը գիշեր լուսցուցինք բացօթեայ դաշտին մէջ: Կ՛ըսեն, որ դեկտեմբեր 16-ին հաւանականութիւնը կայ երկրաշարժի կրկնուելուն: Մեր դէմքերուն ժպիտը վաղուց ցամքած է: Աստուած բարիով վերջացնէ: Բնութիւնն անգամ երես դարձուց հայ ժողովուրդէն, չզլացաւ մեր կսկիծը ամբողջացնել:
Կը գրեմ` ականջս սրած շուրջի աղմուկներուն, շուներու կաղկանձին…
11 դեկտեմբեր 88
Հայաստանը վերածուեցաւ ողբի եւ որբի հայրենիքի: Աւերակներու կոյտի: Ծնողը իր զաւակէն, զաւակը ծնողէն զրկուեցան: Այս բոլորին ականատես եղայ երէկ, երբ գացինք «Միքայէլեան» հիւանդանոց` հերթապահելու: Ես, որ կը խրտչիմ արիւնէ եւ սրտակեղեք տեսարաններէ, երէկ ստիպուած էի հաշտուիլ այդ բոլորին հետ` իմ լումաս ձգելու համար մեր տառապեալ ժողովուրդի գանձանակին:
Երեք գիշերներ ի զուր մեր քունը կորսնցուցինք աղէտը կրկին դիմաւորելու մտավախութեամբ, ի յայտ եկաւ, որ թշնամին իր յերիւրանքով, վախի որոմ ցանելով` կ՛ուզէ տկարացնել մեր երկիրը… նոյնիսկ կ՛ըսուի, որ պատահածը արհեստական պայթիւնի մը հետեւանք է:
Լաւագոյն միջոցը մեր մղձաւանջներէն ազատելու` երէկ գիշերուան մեր ծառայութիւնն էր, որ մեր սրտերն ու հոգիները գոհունակութեամբ կը դարմանէ:
Բուժքոյրի մեր սպիտակ տարազները հագած, սպիտակ գլխարկներով, գիշերուան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00-ը կը զբաղինք վիրակապեր պատրաստելով, գործողութեան ձեռնոցներ հականեխելով: Անընդհատ նոր վիրաւորներ կը բերէին զանազան տեղերէ: Քարէ սիրտեր պէտք էին դիմանալու: Ահաւոր տեսարաններ` հաշմանդամներու նոր կոյտեր ամէն երկվայրկեան կը ժամանէին աղէտեալ քաղաքներէն` հիւանդանոցները: Առաւել սրտաճմլիկ պատկերներ` փոքր երեխաներ իրենց վիրաւոր վիճակին մէջ անընդհատ «մամա» կանչելով` աղիողորմ ճիչեր կ՛արձակէին առանց իմանալու, որ իրենց մայրերը առյաւէտ կորսնցուցած էին:
Աստուա՛ծ իմ, միթէ սա չէ՞ աշխարհի վերջը, ասկէ աւելի մեծ դժբախտութիւն գոյութիւն ունի՞: Երկրորդ 1915 մը տեղի ունեցաւ, դարձեալ գաղթականներ, դարձեալ կոտորած: Որբե՜ր, որբե՜ր ամէնուրեք: Երբ վերադառնալու ըլլամ Հալէպ, կը սարսափիմ մտապատկերիս մէջ այսպիսի Հայաստան մը ունենալէ: Յոյսի եւ լոյսի հայրենիք մը դժուար թէ կենդանանայ կրկին: Ո՛չ ոք կ՛ուզէ հաստատուիլ երկրաշարժի վայրերը, բոլորը կը փախչին, դարձեալ կը սկսի արտագաղթի շարանը, դարձեալ կը խեղաթիւրուի նոր սերունդին դիմագիծը, գաղթականի եւ տուժածի հոգեբանութիւնը կ՛արատաւորէ մեր արժանիքներն ու բարքերը, հազիւ պիտի սկսէինք «շնչել»… Թուրքը կը հրճուի այս բոլորին ի տես եւ իր «ալլահին» գոհութիւն կը մատուցէ…
Ժողովուրդը մեր աջակցութեան խիստ կարիքը ունի, Հալէպ գալը դաւաճանութեան համազօր բան մը կը նկատեմ, աննախադէպ բաներ պատահեցան, ո՛չ ոք գիտէ ապագայի մասին: Մեր դասախօսներն ու տնօրէնը (բանասիրականի)` Գառնիկ Անանեան, երթեւեկութեան ոստիկանի դերը ստանձնած են Սպիտակ քաղաքի շրջակայքը, օգտակար ըլլալու համար հոն կը մնան… իսկ մենք գիշերները Սպիտակէն եկած ողջ մնացածներուն պիտի փորձենք ուտելիք հասցնել: Կը հաւատամ, որ կամաց-կամաց ամէն բան իր բնականոն ընթացքը պիտի գտնէ, աշխարհի շատ մը երկիրներէ, մանաւանդ սփիւռքէն` Հալէպէն եկած օդանաւերը դեղերով, ուտեստեղէնով եւ հագուստեղէնով կը լեցնեն այստեղի նիւթական կարիքները, իսկ բարոյականը` Աստուած մեծ է…
Հայաստանը քանիերորդ անգամ կը վերածնի, օգնութեան հասնող օդանաւերու փոխարէն` դարձեալ պանդուխտ հայերով լեցուն օդանաւեր կը ժամանեն քաղաքամայր Երեւան:
Փա՛ռք Երկնաւորին…
Փա՛ռք Արգիշտիին, որ Երեւանի դիրքը քիչ մը դէպի հարաւ ընտրեց եւ փա՛ռք Արագածին, որ կիսուեցաւ Երեւանին կրելիք հարուածը իր վրայ ընդունելուն եւ մեզ կենդանի պահելուն համար:
Հիմա ես ափսոսանքով կը զգամ, որ ո՛չ միայն կը խամրին իմ յուշերու թերթիկները ու կը չորնան, այլ կը դարձնեն իմ մտածողութեանս սլացքը անզօր` բանալու համար իմ հայրենի սուրբ սենեակիս դուռը, թեքելու աջ կամ ձախ, նստելու բազկաթոռին վրայ, ընդարմացած` հայրենի համայնապատկերը դիտելու, ինչպէս որ կ՛ընէի տարիներ շարունակ: Ա՛լ կը դառնամ ուժասպառ, իմ յուշերուս եւ երազներուս աշխարհի սիւները` ժամանակն ու վայրը կը մնան ինձմէ հեռու…
Կը սլանան կեանքի օրերը: Անշուշտ վերջ մը ունի մեր այս ասդենական կեանքը, մեր յուշերը կը մտնեն մայրամուտ, կ՛անհետանան` հորիզոնին վրայ ձգելով աղօտ հետք մը: Գուցէ այդ աղօտ հետքն ալ կարելի պիտի ըլլայ ձգել միմիայն գրի առնելով այդ ապրուած ու շնչուած պահերը…
Թող անցեալի բոլոր ցաւերը վերանան, գալիքը լուսակերպուի յաղթական տարազով… իսկ նոր սերունդը վայելէ միմիայն մեր հայրենիքի պայծառ օրերը…
………………………………………………………..
Քսանհինգ տարիներ առաջ ծնունդ առած արցախեան պահանջատիրութիւնը պսակուած է յաղթանակով, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, կը շարունակուի` իր յաղթական երթը հասցնելու մինչեւ Ջաւախք եւ Արեւմտահայաստան:
Բիւր օրհնութիւն, խունկ ու աղօթք մեր բիւրաւոր հերոսներու անմահ շիրիմներուն…
1992
« Լոյսի ճամբորդներ»