Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայկական ազատամարտի ոսկեմատեանին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի յեղափոխական հայուհիի բացառիկ կերպար մը մարմնաւորող Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը, որուն մահուան 86-րդ տարելիցը կը լրանայ դեկտեմբեր 12-ին:
19-րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման յառաջապահներէն եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան ծնունդը նախապատրաստած երիտասարդ հայորդիներու թիֆլիսեան` «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակի ամէնէն աշխուժ անդամներէն էր Սաթենիկ Մատինեան:
Ընդհանրապէս Մատինեանները, ընտանիքով – մայրով ու երեք զաւակներով` Սաթենիկ, Նատալիա եւ Նիկոլ, եւ իրենց բնակարանով, եղած են ե՛ւ հաւաքատեղին, ե՛ւ հիւրընկալը, ե՛ւ աշխուժ մասնակիցը Թիֆլիսի հայ յեղափոխականներուն:
Յատկապէս Նիկոլ Մատինեան հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ: Մատինեաններու յարկին տակ իրենց ժողովները գումարեցին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի օրինակով հայ յեղափոխական հայորդիները, որոնք Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարով տոգորուած` պարզած էին յեղափոխական բոլոր ուժերն ու խմբակները ի մի բերելու, ազգային-յեղափոխական ոգիով սերունդ թրծելու, «Դէպի Երկիր» պայքարի գացող խումբեր կազմակերպելու եւ նոյնինքն Երկրի հայութեան սկսած կռուին մեծ թափ տալու սրբազան գործին:
Սաթենիկ Մատինեան հազիւ 14-15 տարեկան պարմանուհի էր 1880-ականներու վերջերուն, երբ արդէն իբրեւ համակ կրակ ու բոց յեղափոխական` իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Դաշնակցութեան ստեղծման ճիգերուն: Սաթենիկի յեղափոխական առաջին քայլերուն վրայ մեծ եղաւ գաղափարական ազդեցութիւնը Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, որուն հանդէպ առաջին իսկ հանդիպումներէն մեծ սէր տածեց հայ պարմանուհին եւ հետագայ իր ողջ կեանքը կապեց Իշխանին ու հայոց յեղափոխութեան:
Սիմոն Վրացեանի խիտ բնութագրումով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի այս անմոռանալի դէմքը` «Սաթենիկը ծնուել էր Ղարաբաղում, 1874թ. սեպտ. 25-ին: 9 տարեկան հասակին մտել էր Թիֆլիսի առաջին իգական գիմնազիոնը, բայց հիւանդութեան պատճառով, առանց աւարտելու, դուրս էր եկել 6-րդ դասարանից: Յետոյ ձեռք էր բերել ժողովրդական դպրոցների վարժուհու վկայական: Իր ժամանակը եւ եռանդը, սակայն, նա նուիրել էր յեղափոխական գործին` հայրենասիրական խմբակների մէջ:
«1892-ին Արղութեանի, Յոնան Դաւթեանի, Դումանի եւ միւս ընկերների հետ անցաւ Թաւրիզ` ուսուցչութեան պաշտօնով, միաժամանակ կանանց խմբերի կազմակերպիչ էր եւ դաշնակցական կոմիտէի անդամ: Մինչեւ 1897 թ. մնաց Ատրպատականում եւ եռանդուն գործունէութիւն ունեցաւ Թաւրիզի ու Սալմաստի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ: Խանասորի արշաւանքից յետոյ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց աշխատել Դաշնակցութեան մէջ: 1899-ին Մոսկուայում ամուսնացաւ Յովսէփ Արղութեանի հետ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ մահ բաժնեց ամուսնու կեանքն ու գործը: Մեռաւ Փարիզում, 1930թ. դեկտ. 12-ին»:
Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անձն ու գործը, կեանքն ու նուիրաբերումը հայկական յեղափոխութեան` հանդիսացան ներշնչման վարակիչ օրինակ մը 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս յեղափոխական հայուհիներուն համար:
Ինչպէս Սերոբ Աղբիւրի կինը` Սօսէն, Ռոստոմի կինը` Եղիսաբէթը կամ Համօ Օհանջանեանի կինը` Ռուբինան, միայն ներկայացուցչական դէմքեր յիշատակելու կարգով, Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան լաւագոյնս մարմնաւորեց հայ կնոջ իւրայատուկ մասնակցութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարին:
Ոչ միայն անձամբ նախաձեռնողն ու մասնակիցը եղաւ ամէնէն յանդուգն յեղափոխական գործողութեանց, այլեւ գաղափարի եւ զէնքի իր ընկերոջ մէջ փնտռեց ու գտաւ նաեւ կեանքի իր ընկերը. ընտանիք պահեց ու եռանդ եւ անսակարկ անձնազոհութիւն ներշնչեց իր կեանքի ընկերոջ:
Անոնք ամուսնացան 1899-ին, երբ Իշխան Արղութեան Թիֆլիսի Մետեխի բանտէն դուրս հանուեցաւ` Ռուսիա աքսորուելու համար: Սաթենիկ իր ամուսնոյն ընկերացաւ աքսորի մէջ, ուր ունեցան իրենց միակ զաւակը` Արփիկը:
Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան յեղափոխական իր կեանքին ու գործունէութեան առաջին իսկ քայլերէն արժանացաւ «Ծաղիկ» յեղափոխական ծածկանունին, որովհետեւ իսկապէս պայքարունակութեան եւ անձնուիրումի անզուգական ծաղիկ մը եղաւ:
Շուրջ քառասուն տարուան յեղափոխական պայքարի եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան օրինակելի վաստակ մը կապուած է Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անունին:
1892-1897 երկարող իր գործունէութեան առաջին շրջանը, որ կեդրոնացաւ Թաւրիզի մէջ, յատկանշուեցաւ յեղափոխական գաղափարներու տարածումով, մարտունակ սերունդ պատրաստելով եւ հայկական ազատամարտին զօրակից կնոջական կազմակերպութեանց ստեղծումով:
Բայց միայն վարժուհի եւ հասարակական գործիչ չեղաւ Սաթենիկ: Նաեւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գործին եւ այդ ճամբուն վրայ դաշնակցական խումբերու մղած կռիւներուն:
Առաջին այդ շրջանի գործունէութեան բարձրակէտը եղաւ Խանասորի արշաւանքին կազմակերպումը, որուն գլխաւոր դէմքերէն եղաւ Իշխան Արղութեան` նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ միշտ իր կողքին ունենալով Սաթենիկը:
Խանասորի արշաւանքէն ետք, երբ Իշխան ձերբակալուեցաւ պարսիկներուն կողմէ, որոնք ռուսական կողմին յանձնեցին ռուսական անցագիր կրող հայ յեղափոխականին, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, որպէսզի մօտ ըլլայ եւ օգնէ Մետեխի բանտը նետուած զէնքի ու գաղափարի իր ընկերոջ: Այնուհետեւ, երբ Իշխանը աքսորեցին Ռուսիա, Սաթենիկ արդէն իբրեւ կողակից միացաւ իր կեանքի ընկերոջ աքսորական կեանքին:
1903-ին անոնք արդէն վերադարձած էին աքսորէն եւ երկուքով աշխուժ մասնակցութիւն ունեցան հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած հայկական համաժողովրդային շարժման կազմակերպումին մէջ:
Սաթենիկ Արղութեան պատնէշի վրայ էր նաեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ժամանակ, երբ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու հարկադրանքը առաջացաւ եւ մարտական ուժերու թիկունքը պահելու հրամայականը շեշտուեցաւ:
Վրայ հասաւ 1907-1909 թուականներուն ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքը ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս դաշնակցական գործիչներու դէմ` զանգուածային ձերբակալութիւններու հիման վրայ Դաշնակցութեան դատավարութիւնը կազմակերպելով: Իշխան ձերբակալեալներու շարքին էր, իսկ Սաթենիկ դրօշակիրներէն էր ցարական հալածանքին դէմ թափ առած համաժողովրդային բողոքի շարժումին: Իշխան դարձեալ աքսորուեցաւ Ռուսիոյ խորերը եւ Սաթենիկ ու Արփիկ ընկերացան անոր:
1914-ին ցարական իշխանութիւնը ներում շնորհեց բոլոր աքսորեալ դաշնակցականներուն, որոնց շարքին` Արղութեանները, որոնք վերադարձան Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցան հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան: Իշխանին վստահուեցաւ կամաւորական գունդերէն մէկուն հրամանատարութիւնը:
Սաթենիկ գործի վրայ էր նաեւ այնուհետեւ, երբ Իշխան Արղութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը եղաւ նորաստեղծ Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդին եւ իբրեւ այդպիսին` գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումի 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Իշխան ընտրուեցաւ նախ Հայաստանի խորհուրդին, ապա Հայաստանի խորհրդարանին անդամ: Իսկ 1919-էն ետք, երբ Իշխան նշանակուեցաւ Պարսկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, Սաթենիկ նորովի թափով լծուեցաւ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս նորաստեղծ հայոց պետականութեան արտաքին օժանդակութիւն հասցնելու գործին:
1921-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Արղութեանները իրենց կարգին ընտրեցին տարագրութիւնը եւ հաստատուեցան Փարիզ, ուր Իշխան Յովսէփ Արղութեան մահացաւ 1925-ին: Իսկ հինգ տարի ետք` 12 դեկտեմբեր 1930-ին, նոյնպէս շիջեցաւ հայկական յեղափոխութեան աներեր Ծաղիկը` Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը: Ինչպէս որ հայկական յեղափոխութեան պատմավէպին վարպետը` Մալխաս կը վկայէ` Իշխան Յովսէփ Արղութեանի մահէն ետք, «մինակութեան մէջ, թեւաթափ արծիւի մը նման, հետզհետէ թառամեցաւ եւ Դաշնակցութեան Ծաղիկը, որը որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ` մեր պատմութեան մէջ եզակի դիրք մը ունի»: