Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թռիր Ու Ասա՛ Ստրուկ Աշխարհին, Թէ Ի՛նչն Է Թանկը Կեանքից Աւելի…»

December 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱՐՍԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեսուչ` Զմմառեան Միաբանութեան
Ս. Միքայէլ Ընծայարանի
եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

Այս տարի ողջ հայութիւնը համազգային մակարդակով նշեց Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակը:

1920-ին Հայաստանը այլընտրանք չունենալով` ընդելուզուեցաւ խորհրդային երկիրներու համակարգին մէջ, իրեն պարտադրուեցաւ դաւանիլ անաստուածութիւնը: Եւ որովհետեւ սոյն սկզբունքը խորթ էր հայուն էութեանը եւ որպէս գաղափարախօսութիւն խախուտ հիմերու վրայ դրուած էր ու կ՛երերար, շուտով խորտակեցաւ այդ նաւը` իրեն հետ փուլ բերելով ամբողջ Համայնավար կուսակցութեան հիմքերը: Իսկ քրիստոնէութիւնը, որովհետեւ աշխարհի ամենավսեմ վարդապետութիւնն է, կը գոյատեւէ եւ պիտի շարունակէ իր ծիլերը արձակել, մինչեւ այն ատեն որ մարդ արարածին սիրտը կը բաբախէ:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի` հայերուս համար այդքան մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունի հայոց վերանկախացած հանրապետութիւնը, քանզի 21 սեպտեմբեր 1991-ին, հայը «Ոչ» անաստուածութեան, «Այո» քրիստոնէական լոյսին ի նպաստ քուէարկեց:

Լուսաւորչեան տոհմը չէր կրնար աւելի երկար հանդուրժել` պոկուելու իր էութեանը բաղկացուցիչ եւ իր նկարագրային խառնուածքին համահունչ քրիստոնէական կրօնէն: Այսպէս, 25 տարի առաջ, նախախնամութեան միջամտութեամբ, հայը գտաւ ինքզինք ու իր երբեմնի պապենական հաւատքին վերամիաւորուեցաւ:

Գումարած` 1920-ին հայ ժողովուրդին պարտադրուեցաւ ապազգայնացման քաղաքականութիւնը որդեգրել, այնուամենայնիւ այս մէկը ոչինչ փոխեց իրավիճակէն, հայը մնաց իր ազգային արժէքներուն կառչած ժողովուրդ, եւ ոչ մէկ ուժ կարողացաւ մեզ մեր աւանդութենէն եւ սովորութենէն հրաժարեցնել` դարձնելով ապազգային:

Անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ այլասերման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները Լենինին ու իր համախոհներուն կողմէ հասան այն ծաւալի, որ անոնք նոյնիսկ փորձեցին հայոց ազգային ժառանգութեան ամենաէական յենասիւներէն մին համարուող հայոց լեզուն վերացնել` փոխարինելով զայն ռուսատառ հայերէնով, բայց օրուան մեր խոհեմ ղեկավարութիւնը շուտով զգալով հայուն սպառնացող կանխահաս աղէտը` արտակարգ նիստ մը գումարեց, որու օրակարգին  թեման` փրկել հայոց լեզուն նուազագոյն վնասը հասցնելով անոր: Առ այդ,  Քրեմլինը համոզեցին` ըսելով, որ մենք կը հրաժարինք մեսրոպեան ուղղագրութենէն, որ ազգային է, զայն աղաւաղելով` կը փոխարինենք ապազգային ուղղագրութեամբ: Եւ այսպէս, երկընտրանքի առաջ գտնուող մեր շրջահայեաց ղեկավարները նախընտրեցին երկու չարեաց փոքրագոյնը` զիջիլ մեսրոպեան ուղղագրութենէն, քան` մեսրոպեան լեզուէն:

1920-էն մինչեւ 1988-ը Հայաստանի տարածքին անհատնում բրտութիւններ կը կիրարկուէին ընդդէմ հայ ազգայնականներու, որ իր գագաթնակէտին հասաւ 1937-ի ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնութիւններուն օրօք: Ան կալանաւորելով ի Սիպիր աքսորեց հայ ազգին խղճի ձայնը հանդիսացող մտաւորականութիւնը, ինչպէս` Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Գուրգէն Մահարին եւ այլք, որոնցմէ շատերու ճակատագիրը առ այսօր անյայտ կը մնայ: Այսպիսով, անոնք մէկ անգամ ընդ միշտ խեղդեցին ժողովրդական ընդվզումէն գալիք սպառնալիքը:

Հայաստանի համար անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող տարեթիւ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը` 1965-ը, երբ Հայաստանի բնակչութիւնը զարթօնքի շրջան մը ապրեցաւ: Այդ օրը` ապրիլ 24-ին, հայեր ի լուր աշխարհին եւ ի տես Քրեմլինի, որ ապազգային քաղաքականութիւն կը պարտադրէր իր բռնատիրութեան տակ գտնուող բոլոր ժողովուրդներուն, այդ շարքին` հայերուն: Ականատեսը եղան հայուն համազգային ցասումին:

70 ձիգ տարիներ երկաթեայ վանդակի ճաղերուն ետին արգելափակուած հայուն համար կորպաչովեան փերեսթրոյքային ընձեռած ազատութիւնը պատեհ առիթ էր ազգիս վերընձիւղուելու իր իսկ հողին վրայ: Յայնժամ հայը փշրելով զինք կաշկանդող բոլոր կապանքներն ու ճեղքելով ճաղերը` գոչեց Աւետիք Իսահակեանի մարգարէաշունչ խօսքերը` «Թռիր ու ասա՛ ստրուկ աշխարհին, թէ ի՛նչն է թանկը կեանքից աւելի…». Ազատութիւնը, ազատութիւնը եւ ազատութիւնը:

Շնորհաւոր բոլորիս Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի վերամիաւորումը մայր հայրենիքին: Սակայն ես կ՛ուզէի աւելցնել` ըսելով հայ Մեծանուն բանաստեղծներէն մէկուն խօսքը Արցախին` «Մենակ դու չես, որ դիմանամ,  եօթը դրախտ ունիմ խլուած` Վանը, Մուշը, Կարսը, Անին, Արտահանը, Կարինը, Սասունն ու Ալաշկերտը»:

Մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, որ Հայաստանին բաբախող սիրտը հանդիսացող Արցախը չմնայ միամօրիկ եւ իրեն միանան հայկական բռնագրաւեալ բոլոր գաւառները. ա՛յն ատեն լիակատար կ՛ըլլայ հայուն իտէալական երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ` ծովից ծով Հայաստանի տեսլականը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբի «Արքա՛յ, Արթնցի՛ր» Ներկայացումը

Յաջորդը

Ֆանարի Ս. Մատրան Մէջ Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.