Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետ. Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Շնորհակալական Երեկոն

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

torossian_1203162016-ը բազում նախաձեռնութիւններով հարուստ տարի մըն էր Պէյրութի Հայ Աւետ. Թորոսեան վարժարանին համար, որուն ընթացքին յատուկ ստեղծուած յանձնախումբի մը ջանքերով տարբեր առիթներու անդրադարձ եղաւ կրթական օճախի հիմնադրութեան 65-ամեակին: Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին կազմակերպուած շնորհակալական երեկոն կ՛եզրափակէր ձեռնարկներու շարքը:

Երեկոյին ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան, հոգեւոր հովիւներ, Էյպեզի հայրենակցական միութեան կազմը, եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ, Թորոսեանի բարեկամներ, հիւրեր…

Երեկոն կը վարէր Անի Պապօղլանեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ողջունելով ներկաները` տնօրէնը հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց վարժարանին անցած ուղին` յիշելով այն նուիրեալները, որոնց ջանքերով լուսաւոր կենսագրութեամբ օժտուած վարժարանը այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Պատուելի Սեւակ Թրաշեանի աղօթքէն ետք, մինչ պաստառին վրայ անցեալի ու ներկայի դրուագները մէկը միւսը կը յաջորդէին, ընթրիքի ճոխ սեղաններուն շուրջ կը տարածուէին ժպիտները, գաւաթներու զրնգոցը, երախտիքի ու բարեմաղթանքներու ջերմ խօսքերը:

Նժդեհ Պոտրումնեան աշուղական երգերու կատարումով խանդավառեց ներկաները` մթնոլորտը դարձնելով աւելի ջերմ ու հայեցի:

Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան սփիւռքի մէջ դպրոց պահելը նմանցուց ծնողական հոգատարութեան. «Եթէ ծնողը հոգի եւ սիրտ կու տայ իր զաւկին, ապա դպրոցը կը հաւասարակշռէ հաւաքականութեան մէջ գտնուող տարբեր նկարագիրները` դնելով զանոնք ուսումնական առողջ հիմերու վրայ, արմատացնելով աշակերտին մէջ համագործակցութեան ոգին, կերտելով մարդկային նկարագիրը, մղելով զանոնք կարողութիւններու զարգացման: Վերապատուելին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կրթական մշակներուն` իրենց տեսլականին, նուիրումի ու ջանքերուն համար, յաջողութիւն մաղթելով բոլորին հաւասարակշռուած մարդակերտումի իրենց առաքելութեան մէջ, այդ ջանքերու դրամագլուխը համարելով հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ պտուղ պիտի տայ տարիներ վերջ:

Երեկոյի ընթացքին ներկաներուն կողմէ վարժարանին եղած նուիրատուութիւնները շնորհակալութեան իւրօրինակ դրսեւորում մըն էին:

Կարկանդակի հատումէն ետք վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով շնորհակալական երեկոն հասաւ իր աւարտին:

 

 

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը` Միշտ Ղարաբաղի Կողքին

Յաջորդը

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?