ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
«Միայն Կալկաթայի մէջ չէ, որ Մայր Թերեզա կայ,
Հայաստանն ալ ունի Մայր Թերեզաներ»
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ
Ահա այս յայտարարութեամբ բաժնուեցաւ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանէն` տեսնելէ ետք Գիւմրիի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան կատարած մարդասիրական անհաւատալի ծառայութիւնները, որոնք աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր կը ծաւալին:
Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը քանի մը օրուան համար գաղութս այցելեց Հայաստանի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Գիւմրիի կեդրոնի պատասխանատու քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը, եւ այդ կարճ ժամանակամիջոցին, առաւօտ մը տրամադրեց Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանին` հանդիպելով աշակերտներուն եւ պաշտօնէութեան հետ: Ան յորդորեց աշակերտները հայրենասիրութեամբ լիցքաւորուիլ, ազգային գիտակցութեամբ զինուիլ եւ միաժամանակ հպարտ զգալ մեր անցեալով եւ ներկայ երիտասարդ հայրենիքի գոյութեամբ:
Քոյր Արուսեակ Լոս Անճելըս կը գտնուէր Գրիգոր եւ Մերլին Երեւանեաններուն յատուկ հրաւէրով, ներկայ ըլլալու համար տասը տարիէ ի վեր կայացող եւ Մերլին Երեւանեանի կազմակերպած դրամահաւաքին, որուն նպատակն էր քոյր Արուսեակի «որբերուն» օգնել:
«Տասը տարի առաջ Երեւանեանները Գիւմրի եկան, եւ երբ տեսան այդտեղ կատարուած աշխատանքը, հիացան. այդ ժամանակէն ի վեր ամոլը ամէն տարի իր տան մէջ կը հիւրընկալէ հանգանակային ձեռարկներ` ապահովելով տարեկան մնայուն գումար մը Գիւմրիի կեդրոնին. Երեւանեանները դարձան մեր մնայուն նուիրատուները», այսպէս բացատրեց քոյր Արուսեակ Քալիֆորնիա իր այցին պատճառը` դրուատելով Երեւանեան ամոլը եւ անոր կատարած լուռ ու աստուածահաճոյ ծառայութիւնը:
Առիթը յարմար էր նաեւ մեր հանրութեան ծանօթացնելու քոյր Արուսեակ Սաճոնեանն ու իր նուիրումը` հայրենիքին ու հայրենի մանուկներուն: Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան ծնած ու հասակ առած է մայր գաղութ Հալէպի մէջ, կիլիկեցի վերապրած բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Ուսումը ստացած է Հալէպի Անարատ յղութեան վարժարանին մէջ, ուր մայրապետներու կրօնական դաստիարակութիւնը միանալով իր ընտանիքի հայաբոյր ու քրիստոնէական մթնոլորտին` յատուկ դրոշմ մը ձգած էր անոր մանուկ հոգիին վրայ, իր մէջ արմատաւորելով հաւատքը` հանդէպ Աստուծոյ, եւ հաւատարմութիւնը` հանդէպ ազգին:
Ուսումնառութեան շրջանին անոր մէջ արթնցած էր հիացմունքի զգացում` պատանիներու դաստիարակութեան ոլորտին մէջ միանձնուհիներու նուիրումին հանդէպ: Իմ հարցումիս, թէ ինչպէ՞ս կոչում ունեցաւ, ան պատասխանեց. «Օր մը իմ դաստիարակ քոյրերէս` քոյր Ֆելիսիթէն, ինծի Սրբուհի Թերեզային գիրքը տուաւ կարդալու. գիրքը աւարտելէս ետք ես ինծի ըսի` ես ալ կրնամ այսպէս ըլլալ, նուիրուիլ Աստուծոյ եւ անոր ընդմէջէն դաստիարակել պատանիները. սակայն ես հայ եմ եւ պէտք է միանամ հայ մայրապետներու միաբանութեան…»: Այսպիսով, ան 19 տարեկանին կը միանայ Հռոմի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, կ՛աւարտէ անոր 3 տարուան կրօնական դաստիարակութեան շրջանը եւ իր ուխտը կատարելով` կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու, միաժամանակ կ՛ուսումնասիրէ շրջանի կարելիութիւնները ու հայկական համայնքին պատրաստուածութիւնը` հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու գծով:
Քոյր Արուսեակի ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ, միաբանութիւնը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներու առաջին վարժարանը հիմնել, եւ այդպիսով, իր դպրոցներուն ոսկեշղթան կ՛երկարէ Ամերիկա, ուր կազմաւորուելու սկսած էին արդէն նոր հայկական գաղութներ:
1967-ին քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, քոյրեր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի եւ Վալանթինի հետ, մեծ զոհողութիւններով եւ միացեալ ջանքերով կը հիմնէ Ֆիլատելֆիոյ Հայ քոյրերու վարժարանը: Հո՛ն է, որ քոյր Արուսեակ կը սկսի իր առաջին առաքելութեան` իր շուրջ հաւաքելով հայկական մեծ համայնք մը: Քոյր Արուսեակ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ եւ յարատեւ աշխատանքով վարժարանը հասցուցած է յաջող ընթացքի, սակայն տակաւին ան երազ մը ունէր անկատար. ան կ՛ուզէր հասնիլ իր սիրեցեալ հայրենիքին եւ ծառայել անոր…Քանիցս փորձած էր, սակայն իր առաջարկները հանդիպած էին մեծաւորուհիներու մերժումին` մեկնելով այնտեղ տիրող խորհրդային կարգերու իրավիճակէն: Թէեւ քոյր Արուսեակ յաջողեցաւ 3 անգամ աշակերտներու հետ միասին այցելել Խորհրդային Հայաստան ու ծանօթանալ հայրենիքին, սակայն հոն ծառայելու երազը կը մնար անկատար եւ` վառ:
Վերջապէս, տարիներ ետք, 1988-ի ահաւոր երկրաշարժը առիթ ընծայեց անոր: Քոյր Արուսեակ առաջիններէն էր, որ 1990-ին հրաժարելով Հռոմի միաբանութեան իր փոխանորդի պաշտօնէն` հասաւ Հայաստան եւ քոյր Արշակուհիին հետ հաստատուեցաւ Գիւմրի: Ան այդ մթին օրերը այսպէս կը յիշէ.
«1990-ին գացի նախ Սպիտակ, ապա Հայաստանի հիւսիսային գիւղերը` Արեւիկ, Փանիկ, Լանջիկ…անոնց գիւղապետները մեզ հրաւիրեցին` իբրեւ դպրոցներու կրօնի ուսուցչուհիներ, ապա կրթութեան նախարարութեան կողմէ մենք պաշտօնապէս ընդունուեցանք իբրեւ կրօնի դասատուներ` գիւղերու մէջ: Գիւմրին եղաւ մեր կեդրոնը, որովհետեւ այդտեղ կը գտնուէր հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը»:
Այսպիսով, քանի մը քոյրերով անոնք այդ դժուարին պայմաններուն մէջ մասնակից դարձան Հայաստանի վերանկախացման գործընթացին, սակայն իրենց նպատակը տկարութիւն չէր ճանչնար…Քոյր Արուսեակին Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքը կը զօրացնէր իր յոյսը` սրբելու դժբախտի մը արցունքը եւ ժպիտ դնելու երկրաշարժի որբուկներու դէմքին վրայ: Ան յաջողեցաւ 1992-ին պաշտօնապէս ԱՅՀՔ միաբանութեան մասնաճիւղ մը հաստատել Գիւմրիի մէջ: Որբերու հետ աշխատիլն ու անոնց ծառայելը որքա՛ն բաւարարութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառէր քոյր Արուսեակին, նոյնքան ալ մեծ պարտաւորութիւն եւ նոր պատասխանատուութիւններ կը դնէր անոր ծառայասէր անձին վրայ:
«Յաճախ դասի պահուն ականատես կ՛ըլլայի անօթութենէն գետին ինկող պատանիներու կամ մանուկներու. այդ մէկը ինծի մտածել տուաւ նոր լուծումներ գտնելու մասին», կը պատմէ ան…Եւ ահա՛, 1994-ին կեանքի կը կոչուի Գիւմրիի` «Վանաձորի ամառնային ճամբար»-ը: 1996-ին Պօղոսեան կ՛առաջարկէ մնայուն որբանոցի մը գաղափարը, որուն համար հող կը նուիրէ եւ կը ստանձնէ շէնքի կառուցման եւ տարեկան ապրուստի ապահովման ծախսերը: Այսպիսով, 1996-ին կը կառուցուի «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթական կեդրոն» որբերու տունը, իսկ 1998-ին տեղի կ՛ունենայ անոր պաշտօնական բացումը` հիւրընկալելով 65 որբեր, որոնք Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներ էին®
Տարիներու ընթացքին անոնց մայր եղաւ քոյր Արուսեակը. իր ապահոված բարերարներուն շնորհիւ` որբերը մեծցան, գործի տէր դարձան, ոմանք ուսանեցան, իսկ շատեր ալ ամուսնացան: Քոյր Արուսեակ ուրախութեամբ կը յայտարարէ. «Արդէն որքա՜ն թոռներ ունիմ…»:
Այսօր կեդրոնը ունի մնայուն 37 երեխաներ, որոնցմէ տասն իսկական որբեր են, իսկ մնացեալը` լքուած, դժբախտ կամ բաժնուած ընտանիքներու զաւակներ: Կեդրոնը նաեւ կը կազմակերպէ ամառնային ճամբար մը եւ կը հիւրընկալէ տարեկան աւելի քան 800 երեխայ` երեք շաբթուան դրութեամբ. անոնք կը ստանան հոգեկան եւ ֆիզիքական սնունդ, կը խաղան, կը կազդուրուին, կը զարգացնեն իրենց ընկերային կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը զարգացնեն դրական մօտեցում` հանդէպ կեանքին ու մարդկութեան:
Քոյր Արուսեակ, ապահովելու համար յարատեւութիւնը իր սկսած աշխատանքին, Գիւմրիի մէջ հիմնեց նաեւ երիտասարդական կեդրոն մը` ապահովելով երիտասարդներուն համար առողջ մթնոլորտ, եւ` տարեցներու խնամքի կեդրոն, նաեւ կարգաւորեց հերթական դրութեամբ կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի հայթայթում:
Քոյր Արուսեակ նաեւ հպարտութեամբ կը խօսի կեդրոնի երգչախումբին մասին. կեդրոնը առաջին օրէն իսկ ունեցած է իր մնայուն երգչախումբը, որուն ղեկավարն է Հայաստանի Սենեկային պետական երգչախումբի ղեկավար Ռոբերթ Մլքէեանը, որ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցներու լաւագոյն ձայներով կեանքի կոչած է սոյն երգչախումբը. անդամները կը սորվին կրօնական, ժողովրդային ու ազգագրական երգեր եւ հանդէս կու գան տարեկան ելոյթներով:
Հիացած եւ միաժամանակ զարմացած եմ քոյր Արուսեակի խանդավառութենէն ու եռանդէն. հարց կու տամ կեդրոնի եկամուտին մասին…ան այնքա՛ն հանգիստ կը պատասխանէ. «Մեր նուիրատուներն են մեր եկամուտի աղբիւրը. անոնցմէ շատեր մնայուն բարերարներ են, ինչպէս` Ժընեւէն Պօղոսեանը, Ամերիկայի բոլոր բարեկամներս, Քալիֆորնիայէն` Երեւանեան ընտանիքը, եւ տակաւին` օտար անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ: Կեդրոնը հանրածանօթ է բոլորին. անոնք կու գան, կ՛այցելեն, աշխատանքը կը տեսնեն եւ…կրկի՛ն կու գան: Մեզի համար մեծ անակնկալ եւ օրհնութիւն էր այս տարի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութիւնը` Գիւմրիի կաթողիկէ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ պատարագէն ետք: Ան որբերը, տարեցները եւ կեդրոնի աշխատանքները տեսնելու համար այցելեց մեզի, իսկ մենք հիացած էինք` ի տես այդ այցելութեան»:
Կեդրոնին աշխատանքը, նիւթականին կողքին, կը կեդրոնանայ նաեւ ընկերային պայմաններէ եւ զրկանքէ տուժած որբերուն` կեանքի հանդէպ ունեցած ժխտական կեցուածքը դրականով փոխարինելու վրայ` զօրացնելով անոնց հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ եւ մարդուն: «Աստուած բոլորս ստեղծած է սիրով եւ Ան կը սիրէ մեզ, իսկ մենք պէտք է փոխանցենք այդ սէրը իրարու, որպէսզի սիրոյ մթնոլորտին մէջ ապրին այդ մանուկները եւ կարենան ստեղծագործել», կ՛ըսէ քոյր Արուսեակ:
Իբրեւ վերջին պատգամ` քոյր Արուսեակ կը յայտնէ. «Երկու փափաք ունիմ. առաջին` Հայաստանի ապագան մեր այսօրուան երիտասարդներն են, հետեւաբար մենք պէտք է մեծ սիրով գուրգուրանք անոնց վրայ, դաստիարակենք եւ գիտութեամբ զինենք զանոնք, որպէսզի կարենանք հայրենիքի ապագան ապահովել: Երկրորդ` իմ խնդրանքս է, որ Հայաստանի երիտասարդները, որոնք առիթ կ՛ունենան արտասահմանի մէջ պատրաստուելու` զանազան ճիւղերու մէջ, վերադառնան հայրենիք, որպէսզի իրենց գիտելիքներով զարգացնեն հայրենիքը եւ հզօրացնեն անոր տնտեսութիւնը»:
Քոյր Արուսեակի խօսակցութեան մէջ կայ այնքա՛ն շատ վճռակամութիւն, հանդարտութիւն եւ հաստատամտութիւն: Իր գործին հանդէպ ունեցած հաւատքը վերածուած է հայրենիքին ու հայ պատանիին հանդէպ պաշտամունքի, որ զինք կը մղէ ստեղծագործելու եւ քարը տուն դարձնելու, իսկ տունը հայրենի երդիք` հայ որբուկին ու պատանիին համար:
Կը խոնարհինք խոնարհութեանդ եւ աշխատանքիդ մեծութեան առաջ, սիրելի՛ քոյր Արուսեակ, Հայաստանի որբուկներու Մա՛յր…Դաստիարակած սաներդ` վաղուան հայրերն ու մայրերը, պիտի քալեն ուղիովդ` դաստիարակելով նորանոր սերունդներ, որոնք հայրենիքը պիտի կառուցեն հաստատ հիմերու վրայ, քրիստոնէական հաւատքով ու հայրենիքի սիրով:
Օրինակելի Աստուածային սիրոյ անձնաւորութիւն, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներէն՝ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի կատարած սուրբ առաքելութիւնը որբերու եւ լքուածներու նկատմամբ։ Ի խորոց սրտի կը գնահատեմ բոլոր քոյրերուն եւ բարերարներուն նուիրումները եւ աշխատանքները։ Տէր Յիսուս Քրիստոսը ընդմիշտ Օրհնէ եւ Օգնէ ձեր բոլորին։Ամէն։