ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Եղեռնագործութեան համար սիոնական թուրք Իթթիհատը ունէր «Թեշքիլաթը Մահսուսա» ընդյատակեայ կազմակերպութիւնը, իսկ այսօր` Աթաթուրքակէզ Էրտողանը ունի իր անձնական «Թեշքիլաթը», որ հրապարակային է եւ պաշտօնական-պետական, որուն առաջադրանքն է քանդել հիմքերը աթաթուրքեան պետութեան` անոր աւերակներուն վրայ հիմնելու համար էրտողանեան նորօսմանական ծաւալապաշտ պետութիւնը` Աթաթուրքեան 780 հազար քառ. քմ տարածքին աւելի լայն տարածքի մը վրայ, մերժելով «բանտուիլ» աթաթուրքեան նեղ սահմաններուն մէջ…
Իր այս առաջադրանքը իրագործելու համար ան յաջողեցաւ բեմադրել «վիժած պետական հարուած» մը, որուն «հեղինակները» համարեց իր բոլոր հակառակորդները` երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս… Երկրի բոլոր ժողովրդավարական ուժերէն, լրատուական միջոցներէն, զինուորականներէն, դատաւորներէն, ուսուցիչներէն, ՔԱԿ-էն ու Էյչ.Տի.Փի.-էն մինչեւ Ֆաթհուլլա Կիւլեն եւ… Սի.Այ.Էյ. ձերբակալելով ու բանտարկելով տասնեակ հազարաւորներ, հաստատելով իր միանձնեալ բռնատիրութիւնը, ամբողջովին վերացնելով երկրէն ժողովրդավարական վերջին նշոյլն անգամ, մինչեւ այն աստիճան, որ 2016 թուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պունտեսթակի բեմէն յայտարարեց իր այցելութիւնը նոյեմբեր 15-ին Թուրքիա` «Անոր քաղաքացիական հասարակութեան զօրակցելու համար», քանի որ` «Երբ երկրի մը քաղաքացիական հասարակութիւնը սպառնալիքի ներքեւ գտնուի, այդ երկրի ժողովրդավարութիւնը սպառնալիքի տակ գտնուած կ՛ըլլայ: Այս է մեր պատմական փորձին եզրակացութիւնը», ըսաւ ան` ակնարկելով նացիականութեան փորձին («Անատոլու» մամլոյ գործակալութիւն, 10 նոյեմբեր 2016):
1938 թ. նոյեմբեր 10-ին մահացաւ Աթաթուրք, եւ նոյեմբեր 10-ն դարձաւ Թուրքիոյ մէջ «Աթաթուրքի օր», եւ 2016-ի նոյեմբեր 10-ին Թուրքիա չկրցաւ, ըստ աւանդութեան, այս 78-րդ տարելիցը նշել աւանդական ձեռնարկներով` երկրին մէջ Էրտողանի ստեղծած բռնատիրական, հակաժողովրդավարական ու հակաաթաթուրքական քաոսին պատճառով: Էրտողան առաւելագոյնս չարաշահեց այս իրավիճակը բովանդակազրկելու, աւելի ճիշդ` բովանդակազեղծելու համար «Օր»-ուան աթաթուրքեան կտակին խորհուրդը եւ իրեն վերապահելով այս «Օր»-ը մեկնաբանելու մենաշնորհը եւ իր պաշտօնական ելոյթին մէջ արծարծեց հետեւեալ հինգ հարցերը` անմտօրէն, տխմարօրէն ու անբանօրէն (մէջբերումները կը կատարենք «Հայեաթ» թերթի 11 նոյեմբեր 2016 թուակիր համարէն):
«Այսօրուան առիթով ասպարէզ կը կարդանք բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն մեր պետութեան եւ ազգութեան պատմութիւնը սահմանափակելու միայն 93 տարիներու մէջ` սկսելով 1923 թուի հանրապետութեան հռչակման թուականէն: Հարկ է, որ ձեռնարկենք ամէն տեսակի նախաձեռնութիւններու, ներառեալ` պատմութեան գիրքերու վերատեսութեան, մասնաւորաբար դպրոցական դասագիրքերու, սկսած նախակրթարանէն: Մենք չենք կրնար բանտուած մնալ 780 հազար քառ. քմ սահմաններու մէջ: Մեր բնական (աշխարհագրական) սահմանները բան մըն են, մեր զգացողական սահմանները` ուրիշ բան… Մեր եղբայրները կը գտնուին Խրիմի, Կովկասի, Հալէպի, Մուսուլի մէջ: Անոնք կը գտնուին մեր բնական սահմաններէն դուրս, սակայն ներկայ են միշտ մեր զգացողական սահմաններուն մէջ»:
Շարունակելով`
«Թուրքերը իրենց եղբայր նկատեցին բոլոր անոնք, որոնք կը բնակին իրենց հետ միասին միեւնոյն հողին վրայ, ինչ ծագում կամ դաւանանք որ ալ ունեցած ըլլան անոնք: Մեր նախնիները կառուցողները եղան այն բոլոր վայրերուն, որմէ անցան անոնք: Եթէ այսօր հարցնելու ըլլանք Սուրիոյ, Իրաքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Պալքաններու բնակիչներուն` Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին մասին, անոնցմէ ոչ մէկը մեր հասցէին պիտի գործածէ` գաղութարարներ, բռնագրաւողներ, հալածանքներ կատարողներ կամ ջարդարարներ եզրերուն նման եզրեր, ընդհակառակը, Թուրքիոյ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն` ըսելով, որ թուրքը եկաւ եւ բարօրութիւնը վերադարձուց մեզի»:
Եւ եզրակացնելով`
«Թուրքիոյ պատմութիւնը արատաւորուած չէ Արեւմուտքի տարազով գաղթատիրութեամբ»: Այլ, ըսել կ՛ուզէ, բայց չի շարունակեր, «օսմանասիոնական-թուրքական տարազով, որ բարի տարատեսակն է գաղթատիրութեան… որուն չար տարատեսակն է արեւմտեանը»:
Էրտողանի այս անյաջող փորձը` իրարմէ զատորոշելու «բարի» եւ «չար» գաղութատիրութիւններ, ոչ միայն կրկնութիւնն է դրամատիրութեան «բարի» եւ «նոր-ազատական վայրի տարատեսակներուն, նաեւ` ահաբեկչութեան «չափաւորական-մարդկային» եւ «ՏԱՀԵՇ-ային-հրէշային» տարատեսակներուն, այլեւ բառացիօրէն նմանն է գաղութարարութեան Արեւմուտքի մէկուկէս դար առաջուան քարոզչութեան, թէ` ան ունի քաղաքակրթիչ դերակատարութիւն յետամնաց, աղքատ ու բարբարոս ժողովուրդներուն վրայ…
իսկ անկախաբար քարոզչութեանց յար եւ նմանութենէն` երկու գաղութարարութիւններն ալ արդէն գործած են միեւնոյն ոճիրները` բռնագրաւման, ցեղասպանութեան ու յափշտակութեան (ալան-թալանին)… եւ արդար խօսելու համար ըսենք, որ Էրտողան Արեւմուտքէն չէ գողցած այս քարոզչութիւնը, այլ ատիկա սորված է իր թուրանական «նախնիներուն» սիոնական քարոզիչներէն, փանթուրանիզմի մանկաբարձներէն` Թեքին Ալփ, Մուրատ էֆենտի, Մուսթաֆա Ճելալէտտին փաշա, թրքական ծածկանուններուն տակ թաքնուած հրեայ-սիոնական պատմաշէն պատմաբաններէն, որոնք երիտ-թուրքերը համոզեցին, որ` օսմանեան հորդաները` «Օրթա-տողու Ասիատան Կելտիլեր վէ Մետենիեթլիկի տունիատա եայտըլար»…
Եւ այս տարուան (2016) ընթացքին, վերջապէս, Թուրքիան լուսարձակներու տակ պահող Գերմանիան ոչ միայն իր Պունտեսթակով ու արտաքին գործոց նախարարով խախտած է Էրտողանի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ բթացուցած` անոր միտքը, այլեւ իր արդարադատութեամբ տուգանեց գերմանաբնակ այն թուրք ահաբեկիչները, որոնք Պունտեսթակի ճանաչման բանաձեւը ստորագրող 11 թուրք պատգամաւորներէն երկուքին` Ճեմ Էօզտեմիրի եւ Սեւիմ Տաղտելենի կեանքերուն սպառնացած էին… այս քրէական աքթը համազօր նկատելով` Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումի քրէական յանցագործութեան: Ինչ որ Էրտողանը մատնած էր «գող` սիրտը դող»-ի հոգեմտաւոր վիճակին, եւ ան վերեւ մէջբերուած իր անմիտ, տխմար եւ անբան ելոյթով գործեց ինքզինք հերքող հինգ խոստովանութիւններ.
1.- Երբ կը պնդէ, որ Թուրքիոյ պետութեան պատմութիւնը չէ սկսած 1923 թուականին, նոր պետութիւն չէ, այլ` շարունակութիւնը Օսմանեան կայսրութեան, ուրեմն այլեւս չի կրնար պնդել, որ իր պետութիւնը չի կրեր պատասխանատուութիւնները 1894-1896-ի, 1909-ի 1915-ի ոճիրներուն, եւ պարտաւոր չէ հողային եւ նիւթական հատուցումներու, մանաւանդ որ 1923-ի. Լոզանի դաշնագիրը արդի թուրք հանրապետութիւնը հռչակեց շարունակութիւնը Օսմանեան կայսրութեան միջազգային իրաւական անձնաւորութիւն, եւ հետեւաբար պատասխանատու է օսմանեան ոճիրներուն եւ պարտքերուն:
2.- Երբ կը պնդէ, որ իր պետութիւնը չի կրնար «բանտուիլ» 780 հազար քառ. քմ տարածութեան մէջ ուրեմն խոստովանած կ՛ըլլայ իր ծաւալապաշտական ծրագիրը:
3.- Երբ կ՛ըսէ, որ թուրքերու նախնիները «կառուցեցին» եւ ոչ թէ քանդեցին «այն բոլոր վայրերը, ուրկէ անցան», ուրեմն կը խոստովանի, որ այդ վայրերուն բնիկները չէին… գրաւած էին զանոնք, հետեւաբար պարտի այդ վայրերու բնիկ ժողովուրդներուն վերադարձնել անոնց հայրենիքը…:
4.- Երբ կ՛ըսէ, որ «Եթէ այսօր հարցնելու ըլլանք Սուրիոյ, Իրաքի, Հիւսիս Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Պալքաններու բնակիչներուն կարծիքը` Թուրքիոյ եւ թուրքերուն մասին…», ուրեմն խոստովանած կ՛ըլլայ, որ ոչ միայն գրաւած են այդ երկիրները, այլեւ հոն ապրած են եւ` իշխած:
5.- Երբ կ՛ըսէ, որ` «Թուրքերը իրենց եղբայրներ նկատեցին բոլոր անոնք, որոնք բնակած են իրենց հետ միասին, միեւնոյն հողերուն վրայ, ինչ ծագում եւ ինչ դաւանանք ալ որ ունէին անոնք», ուրեմն խոստովանած կ՛ըլլայ, որ Թուրքիան բազմազգ եւ բազմակրօն պետութիւն մըն է, որուն բնիկները Փոքր Ասիոյ մէջ էին թուրքերու գալէն առաջ, եւ թուրքերը եկան Կեդրոնական Ասիայէն, ինչ որ արդէն հաստատած էին սիոնական պատմաշէն պատմագէտներուն անգամ, ինչպէս տեսանք…: «Օրթա-տողու ասիատան կելտիլեր»
Էրտողան ի զուր կը փորձէ նոր պատմաշինութեամբ վերատեսութեան եւ «յստակացման» ենթարկելու Թուրքիոյ եւ թուրքերու պատմութիւնը, երբ արդէն իրմէ շատ առաջ եւ իր թուրանապաշտութեամբ հռչակաւոր Նիհալ Աթսըզ պատմաբանը 20-րդ դարու 70-ականներուն հրատարակած «Թիւրք Թարիհինտէ Մեսելելեր»- խորագրով իր գիրքին մէջ խոստովանած է` «Մեր ամէն բանին նման տակաւին յստակ չեն մեր պատմութեան ուրկէ սկսիլը, ինչ փուլերէ անցնիլը, ովքե՞ր թուրք են իսկապէս եւ այլն»:
Մուսթաֆա Քեմալի` Աթաթուրքի, թուրքաց հօր… փառքին նկատմամբ այրող նախանձով տառապող Էրտողան այդ փառքը մոռցնել տալու եւ նոր փառք մը իրեն վերագրուած հաստատելու տոչորումին մէջ ստացաւ նաեւ «իսլամներու» (ներառեալ` Էրտողանի կողմէ Գահիրէի դէմ պաշտպանուած Իսլամ եղբայրներու հակառակորդ Տոնալտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու (Կը նշանակէ նաեւ ՕԹԱՆ-ի…) նախագահ ընտրուելուն հարուածը` առաւել կորսնցնելով իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը, որ առաւել եւս խորացաւ, երբ Տ. Թրամփ արտայայտուեցաւ, որ ինք Եգիպտոսը կը նախընտրէր Թուրքիայէն… Սուրիան`ՏԱՀԵՇեան… եւ Փութինը` Եւրոպայէն… Եւ կը սպասուի, որ Էրտողան կարենայ անդրադառնալ վերջապէս, որ աշխարհակարգի փոփոխութիւն մը ընթացքի մէջ է արդէն, միաբեւեռ անհակակշիռ աշխարհակարգէն դէպի հակակշռուած ու հաւասարակշռուած բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, որուն մէջ ժամանակավրէպ դարձած են նոր օսմանական ու սիոնական թուրքական ծաւալապաշտական բոլոր գոյնի եւ տեսակի ծրագրերը…:
Պէյրութ 14 նոյեմբեր 2016
Քաղաքական ինքնատիպ ու այժմէական վերլուծում՝ տպաւորիչ ոճով եւ հիմնաւոր եզրակացութիւններով: Կ’արժէ թարգմանել եւ յղել այն օրկաններուն, որոնք սանկ-նանկ առնչուած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան, կը հետեւին Էրտողանի նախաձեռնութիւններուն, կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ չեն ծածկեր անոր անձին ու գործին կապած իրենց յոյսը …: