Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազդեցիկ Կապեր. Փոխնախագահ Փենս Կը Հեռաձայնէ Նախագահ Սարգսեանին, Իսկ Էրտողան Եւ Ալիեւ` Նորընտիր Նախագահ Թրամփին

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Նոյեմբերի ընտրութիւններէն շատ չանցած, ես յօդուած մը գրած էի` առաջարկելով ամերիկահայերուն ամէն ջանք գործադրել` կապ հաստատելու համար նորընտիր նախագահ Թրամփին կամ անոր օգնականներուն հետ, մինչեւ յունուար 20-ի նախագահական երդմնակալութիւնը, որմէ ետք շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ կապուիլ նախագահին հետ:

Ուրախ եմ յայտնելու, որ վերջերս նման յաջող կապ ստեղծուեցաւ գլխաւորաբար Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին, եւ Կլէնտէյլի Փրայմ Հիլթ Քէյր-ի նախագահ Մայք Սարեանին համատեղ ջանքերով: Վերջինս սերտ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ:

Ասոր շնորհիւ` նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենս դեկտեմբեր 1-ին հեռաձայնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` շնորհակալութիւն յայտնելով` նորընտիր նախագահ Թրամփի աւելի վաղ ուղղուած անոր շնորհաւորական նամակին համար: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին, Փենս եւ Սարգսեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը: «Անդրադարձ եղած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, որոնց շարքին` տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին»:

Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին, որ Փենս-Սարգսեան «հեռաձայնային զրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ»: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ համապատասխանաբար նոյեմբերի 9-ին եւ 17-ին կատարուած նորընտիր նախագահ Թրամփի հեռաձայնային զանգերուն` նորընտիր փոխնախագահ Փենսի հեռաձայնային զանգը Սարգսեանին համար քաղաքականապէս աւելի արժէքաւոր է… Հնարաւոր է, որ Թրամփ խնդրած է Փենսի` հեռաձայնել Սարգսեանին` Ներկայացուցիչներու տան մէջ անոր 10-ամեայ պաշտօնավարման ընթացքին հայկական հարցերուն ծանօթ ըլլալուն պատճառով: Քոնկրեսական Փենս, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամ, 2005 թուականին քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի օգտին, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է համանման բանաձեւերուն` անհանգստութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու հնարաւոր հետեւանքներու առնչութեամբ:

Էրտողանի եւ Ալիեւի միւս անբարենպաստ կացութիւնը այն էր, որ անոնց հեռաձայնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կազմակերպուած էին միլիոնաւոր տոլարներով վարձակալուած ուաշինկթընեան` hանրային յարաբերութեանց եւ լոպիստական ընկերութիւններու միջոցով, իսկ Հայաստան ոչ մէկ լումայ ծախսած է Փենս-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցին համար: Այս յաջողած կապը Թրամփի նորընտիր վարչամեքենային հետ` կ՛ապացուցէ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային նման կարգադրութիւններու կազմակերպումը աւելի կը դիւրացնէ:

Ասկէ զատ, Թրամփի եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հեռաձայնային զանգերը, ներառեալ` Թայուանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի, արժանացած են ամերիկեան լրատուական միջոցներու խիստ քննադատութեան: Չինաստանի ղեկավարները հիասթափուած են, որ Թրամփ զրուցած է Թայուանի նախագահին հետ: Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ կամ նորընտիր նախագահ նման բան ըրած էր 1979 թուականէն ի վեր` համաձայն Միացեալ Նահանգներու «Մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան, որ Թայուանը կը ճանչնայ իբրեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մաս:

Թուրքիոյ կապուած տարաձայնութիւնը կը ներառէ Իվանքա Թրամփի մասնակցութիւնը նախագահ Էրտողանին հետ իր հօր հեռաձայնային զրոյցին, որ ոմանց կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ շահերու բախում: Իվանքան սերտօրէն կապուած եղած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ թաուըրներ»-ու ծրագրին` թուրք գործարար Մեհմետ Ալի Եալչինտաղի հետ: 2012-ին ան ներկայ գտնուած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ Թաուրներ»-ու բացման արարողութեան: Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Թրամփ ըսած է Էրտողանին, որ ինք եւ Իվանքան հիացած են իրմով եւ Եալչինտաղով: Թրամփի շռայլ խօսքերը նախատեսուած էին մեղմելու աւելի վաղ անոր յայտարարած ծրագիրները` արգիլելու բոլոր մահմետական ներգաղթեալներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ: Այդ ժամանակ, իբրեւ պատասխան, Էրտողան պահանջած էր Թրամփին անունը hանել Պոլսոյ «թաուրներ»-էն:

Նորընտիր նախագահ Թրամփ մէկ այլ հեռաձայնային վիճայարոյց զրոյց մը ունեցած է Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շերիֆին հետ: Յղումներ կ՛ըլլան Թրամփի կողմէ կատարուած շռայլ գովասանքներուն` Փաքիստանի, անոր ժողովուրդին եւ մշակոյթին վերաբերեալ, եւ ասոր կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակից եւ Փաքիստանի ոխերիմ թշնամի Հնդկաստանի շատ կոշտ պատասխանը: Սակայն 2012-ին Թրամփ թուիթըրեան գրառում մը կատարած է. «Լա՛ւ hասկցէք, Փաքիստանը մեր բարեկամը չէ: Մենք անոնց միլիառաւոր ու միլիառաւոր տոլարներ տուած ենք, իսկ ի՞նչ ստացած ենք. դաւաճանութիւն եւ անարգանք եւ շատ աւելի վատ բաներ: #TimeToGetTough (ժամանակն է աւելի խիստ ըլլալ)»:

Վերջապէս, ընթերցողները հաւանաբար կը յիշեն, որ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ ես դրական գնահատած էի Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք արգելք դրած էին Փաքիստանի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքին վրայ, ինչ որ պայմանաւորուած էր Փաքիստանի ազրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայաստանեան ու հակաարցախեան քաղաքականութեամբ: Թրքական լրատուական միջոցները տարածած էին իմ յօդուածս, սակայն սխալմամբ Հայաստանի կառավարութեան վերագրելով իմ չորս առաջարկները` հակազդելու Փաքիստանին ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մէջ եւ աջակցիլ Հնդկաստանին` Փաքիստանի հետ Քաշմիրի հակամարտութեան մէջ:

Ամերիկահայերը պէտք է շարունակեն իրենց ջանքերը` մշակելու լաւ յարաբերութիւններ Թրամփի վարչամեքենային եւ Քոնկրեսի անդամներու հետ` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ուաշինկթընի մէջ անոնց մեծածախս լոպիստական ընկերութիւններու բոլոր հակահայկական փորձերուն հակազդելու համար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Արուեստագէտը Եւ Յանձնառու Արուեստը

Յաջորդը

Հայաստանի Մայր Թերեզան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?